Դրմբոն

Դրմբոն, գիւղ Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ` կեդրոնէն 30 Քմ հարաւ-արեւմուտք` Թարթառ գետի վերին հոսանքի աջ ափին, 750 մեթր բարձրութեան վրայ, տարածութիւնը՝ 1267 հեկտար, բնակչութիւնը՝ 447 (1989), 327 (2003)։ Կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ երկրագործութեամբ։ Ունի միջնակարգ դպրոց մը, ակումբ մը, դարմանատուն մը եւ այլն։ 2002-էն Դրմբոնի մէջ կառուցուած է ոսկիի հարստացուցիչ գործարան մը՝ Մեհմանայի բազմամետաղներու հանքանիւթերու հիման վրայ։

Գիւղ
Դրմբոն
ազրպ.՝ Heyvalı
Դրմբոն
Երկիր Արցախ
Շրջան Մարտակերտի
ԲԾՄ 826 մեթր
Բնակչութիւն 327 մարդ (2003)
Ժամային գօտի UTC+4։00

Գիւղին շրջակայքը կան Մանդուռի եկեղեցին (ԺԲ. դար), Մաչախ շինատեղը, Թխկուտ գոմեր, Ճոխտակ խաչ, Մուքին խաչ սրբավայրերն ու Ղլբենին խաչքարերու խումբը։

Դրմբոն
Դրմբոնը՝ ուղղաթիռէն դիտուած

Դրմբոնի ոսկիի բազմամետաղային հանքավայրը

Հանքավայր ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ Դրմբոն հրաբխային լեռնազանգուածին կեդրոնական մասին մէջ։ Հանքադաշտին տարածութիւնը 20 Քմ է։ Ոսկի եւ պղինձհանքայնացումը պարփակուած է 3 տարանջատ հանքայնացմամբ եւ ոսկեբերութեամբ տարբեր հանքամարմիններու մէջ։ Հանքանիւթին պաշարները 3,3 միլիոն թոն են (ոսկիի միջին պարունակութիւնը՝ 4 գ/տ)։ Հանքավայրը կ'օգտագործէ «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութիւնը։

Դրմբոնը Արցախեան ազատամարտին

Դրմբոնը կազմաւորուած է աշխարհազօրայիններէ (1989) եւ կամաւորական (1992, հրամանատար՝ Ս. Ասլանեան) ջոկատներէ, որոնք առանձին, ապա Սեպտեմբեր 1992-էն Մարտակերտի պաշտպանական շրջանի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ մասնակցած են Մարտակերտի, Ասկերանի շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Դրմբոնէն հրամանատար եղած է Ս. Ասլանեանը։ Գիւղէն զոհուած է 6 ազատամարտիկ։

Դրմբոնի ազատագրումէն ետք (12 Փետրուար 1993) այստեղ տեղակայուած են Մարտակերտի պաշտպանական շրջանի շտաբը՝ իր ստորաբաժանումներով, եւ ՊՊԿ-ի լիազօր ներկայացուցչութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Արցախի ՀանրապետութիւնԹարթառ գետՄարտակերտ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Բաշ Ապարանի ՃակատամարտՂեւոնդ (պատմիչ)11 ԱպրիլՀրաբուխԱյհան ԸշըքԱնգլերէնՊղինձԹորոս ՌոսլինՄետաղԼեռնային ՂարաբաղԺիրայր (անձնանուն)ՔեսապՄեր ՀայրենիքԱնթիլիասԱյծքաղՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնԳրիգոր ԳուրզադեանԲաղէշԱրմէն ԳարօՀաագաՈւիլիըմ ՇէյքսփիրԿարինՄեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան - Գանձասար Գիտամշակութային ԿեդրոնԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանՍ. Գէորգ զօրավարԳեղարդՏիգրիս (գետ)ԹուրքիաՔրիստոսի տասներկու առաքեալները1674 թուականՅունիսԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՀայկական ՏոմարԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԿարօ ՔահքէճեանՉինաստանԽօսնակ (ամսագիր)ՈչխարԱծուխԼեւոն ԱրոնեանԱւարայրի ՃակատամարտԱւստրիաԳերմաներէնՆուռՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՎազգէն Ա.ՄագաղաթՄԱԿ1616 թուականՓիլիսոփայութիւնԵպիսկոպոսՎազգէն ՇուշանեանՊօղոս ՃէլալեանԳուրգէն ԵանիգեանԿարսի ՊայմանագիրԱրմէն ՍարգսեանՎլատիմիր ԼենինԽորէն Աշըգեան16 ՀոկտեմբերՕձերՄեծն ՏիգրանՑուլ (կենդանակերպ)Պասուց ՏոլմաՏոտեքանիսաՔանատա17 ՓետրուարՄովսէս ՄարգարէԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԵլեկտրականութիւն1951 թուականԱրա Տարզի Թերզեան🡆 More