Զատիկ կղզի, Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Չիլիի ծովափէն հեռու, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ: Կղզին ծանօթ է նաեւ «Ռափա Նուի» (ռապ.
Rapa Nui) թահիթիական անունով, որ կը համապատասխանէ տեղաբնիկներուն լեզուին։ Տարածութիւնը 163,6 Քմ² է։
Կղզին կազմաւորուած է շարք մը հրաբխային զանգուածային ժայթքումներու հետեւանքով եւ միլիոնաւոր տարիներ շարունակ չէ բնակուած. հոն ապրած են միայն ծովային թռչուններ։ Կղզիին զառիթափ լանջերը, այնուամենայնիւ, փարոսն են փոլինեզեան ծովագնացներու։
Լաւայի խողովակները եւ իրարու զարնուող ալիքները կազմաւորած են հարիւրաւոր քարանձաւներ եւ վտանգաւոր ծովածոց մը։ Միայն քանի մը անվտանգ վայրեր կան, ուր կարելի է խարիսխ իջեցնել։
Կղզիին մայրաքաղաքն ու անոր միակ քաղաքը Անգա Ռոան է։ Անիկա աշխարհի ամէնէն նշանաւոր կղզին է, յատկապէս մոայներու՝ հրաբխային փոշիէն կառուցուած քարէ արձաններուն շնորհիւ, որոնց մէջ, ըստ տեղաբնիկներուն, կեդրոնացած է Զատիկ Կղզիին առաջին թագաւոր Հոտու-Մատուի նախնիներուն գերբնական ուժը։ Նորաբնիկները կղզին վերանուանած են «Te Pito O Te Henua», որ կը նշանակէ Երկիր մոլորակին «պորտը»։
Կղզին ունի շուրջ 5000 բնակիչ (2020)։
1888-ին կղզին կցուած է Չիլիին։ 1995-ին Ռապանուի ազգային այգին (Զատիկ կղզին) ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
1722-ին, Կիրակի օր մը Հոլանտացի նաւարար Ճաքոպ Ռոկըվիին կը փորձէր հասնիլ Աւստրալիա, սակայն ան սխալմամբ կը հասնի այս փոքր կղզին: Այդ օրը Եւրոպայի մէջ Զատիկ կը տօնուէր: Այս պատճառով ալ կղզին կը կոչուի Զատիկ կղզի:
Իր երկիրը վերադառնալէ ետք հոլանտացի հետախոյզը կը պատմէ, թէ ինք տեսած է հազարաւոր անձեր Զատիկ կղզիին վրայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ հողերուն վրայ կ'ապրէին մարդիկ եւ` շատ հին ժամանակներէն: Հնագիտական պեղումներու շնորհիւ` մասնագէտները կ'ենթադրեն, թէ կղզի հասած առաջին մարդիկը եկած են Փոլինեզիայէն` Խաղաղական ովկիանոսին մէջ արշիպեղագոսէ մը: Աշխարհէն կտրուած` անոնք ստեղծած են իրենց յատուկ քաղաքակրթութիւնը եւ սովորութիւնները: Այդ աւանդութիւններուն կարգին է հսկայական արձաններու` մոայներու շինութիւնը:
Այս արձանները շինելու համար կղզիին բնակիչները հանած են Ռանօ-Ռարաքու մեծ հրաբուխէն ժայռի կտորներ: Կ'ենթադրուի, որ անոնք այս աշխատանքները սկսած են Ժ. դարուն (այս արձանները մեծ մասամբ քանդակուած եւ տեղադրուած են 1000-1650 թուականներուն): Շատ դժուար աշխատանքներ, որոնք տեւած են հարիւրաւոր տարիներ (մօտաւորապէս վեց դար): Այս մեծ ճիգերէն մէջտեղ եկած են մօտաւորապէս հարիւր մոայ: Անոնք տարածուած են կղզիին չորս կողմերը: Միջին հաշուով 20 մ բարձրութիւն եւ 14 թոն ծանրութիւն ունին: Ասիկա կը համապատասխանէ երկու ափրիկեան փիղերու ծանրութեան: Անոնք համարուած են քաղաքական հեղինակութեան եւ իշխանութեան խորհրդանիշները։
Մինչեւ օրս Զատիկ կղզիին քարէ հսկաները բազմաթիւ գաղտնիքներ կը պահեն: Անկարելի է գիտնալ, թէ ճիշդ ե՛րբ անոնք տաշուած են, եւ մարդիկ տակաւին հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս այդ հին ժամանակներուն մարդիկ կրցած են այդքան մեծ արձաններ քանդակել: Կղզիին վրայ գոյութիւն ունին աւելի ծանր արձաններ նաեւ: Սակայն յայտնի չէ, թէ կղզիին բնակիչները ինչո՛ւ որոշած են ստեղծել այս հսկաները: Հաւանաբար` ներկայացնելու համար իրենց կրօնքին աստուածները: Այս պատճառով է, որ բոլոր արձաններուն շինութիւնը չէ վերջացած, հաւանաբար կղզիին բնակիչները դադրած են այս արձանները շինելէ, երբ անոնց հաւատքը փոխուած է:
Կարգ մը արձաններու դրած կարմիր գլխարկը կը կոչուի փուքաօ:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Զատիկ Կղզի, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.