Բժշկական Զբօսաշրջութիւն

Բժշկական զբօսաշրջութիւնը կամ առողջապահական զբօսաշրջութիւնը կ'իրականացուի որեւէ երկիրի մէջ բուժում ստանալու նպատակով,

Բժշկական Զբօսաշրջութիւն
Թայլանտի Պամրունկրատ հիւանդանոցը բժշկական զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոն է:

Անցեալին, նուազ յառաջացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդէին դէպի բժշկական մեծ կեդրոններ, որոնք կը գտնուէին յառաջացած երկիրներու մէջ, ստանալու այն բժշկական օգնութիւնը, որ անհասանելի էր իրենց երկիրներուն մէջ։

Վերջերս, զարգացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդեն նուազ յառաջացած երկիրներ, բժշկական նպատակներով, ուր ծախսերը համեմատաբար աւելի նուազ են. թէեւ աւանդական ձեւը դեռ կը կիրարկուի։

Պատմութիւն

Հազարաւոր տարիներ առաջ, յոյն ուխտաւորներ ճամբորդած են Միջերկրական ծովէն մինչեւ Սարոնիքոս ծոց, որ կը համարուէր բժշկութեան աստուած Ասքլիպիոսի սրբավայրը։

Առողջարանային քաղաքները եւ առողջարանները կարելի է համարել բժշկական ճամբորդութեան հին ձեւեր։

ԺԸ. դարուն, Անգլիոյ մէջ հիւանդները կ'այցելէին առողջարանային կենդրոններ, ուր հանքային ջուրերով լուծում կը գտնէին արեան թանձրացման եւ թոքատապի կամ թոքախտի հետ կապուած հարցերու։

Նկարագրութիւն

  • Կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր բժշկական որոշ ծառայութիւններ արգիլուած են, մարդիկ ստիպուած կը դիմեն այլ երկիրներու: Առողջապահական, ներառեալ հոգեբուժական, ապաքինման շրջանի եւ նոյնիսկ թաղման արարողութեան հետ կապուած ծառայութիւնները հասանելի են այս ծիրին մէջ։
  • Կարգ մը գործօններ դանդաղեցուցած են բժշկական զբօսաշրջութեան մակարդակին աճը, ինչպէս՝ առողջապահութեան ոլորտին մէջ գիներու բարձրացումը, որոշ գործընթացներու համար երկար սպասումը, բուժման յառաջդիմութիւնը եւ չափորոշիչներու բարելաւումը կարգ մը երկիրներու մէջ։
  • Լեարդի փոխպատուաստումը ԱՄՆ-ի մէջ կ'արժէ 300,000 Ամն տոլար, իսկ Թայուանի մէջ՝ 91,000 Ամն տոլար։
  • Քանատայի մէջ, մօտաւորապէս 782,936 քանատացի, 2005-ին իրենց ժամանակը վատնած են բժշկական սպասարկումներէ օգտուելու համար երկարատեւ հերթ սպասելէ՝ մօտաւորապէս 9,5 շաբաթ։
  • Բժշկական զբօսաշրջիկներ կու գան տարբեր վայրերէ՝ Եւրոպայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, Ճափոնէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն։ Զարգացած այս երկիրներուն մէջ դէպի արտասահման բժշկական ծառայութիւններէ օգտուելու պահանջը կը յառաջանայ բնակչութեան աճին, համեմատաբար բարեկեցիկ կեանքին եւ ապահովագրական ընկերութիւններու պահանջած բարձր գիներուն պատճառով։
  • Բժշկական զբօսաշրջութեան նշանաւոր ուղղութիւններ են՝ Արժանթինը, Պրունէյը, Քուպան, Քոլումպիան, Քոսթա Ռիքան, Հոնկ Քոնկը, Հունգարիան, Հնդկաստանը, Յորդանանը, Լաթուիան, Մալեզիան, ֆիլիփինները, Սինկափուրը, Հարաւային Ափրիկէն, Թայլանտը եւ վերջերս նաեւ ցանկին աւելացած են Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Հարաւային Քորիան, Թունուզը, Ուքրանիան եւ Նոր Զելանտան։
  • Գեղագիտական վիրաբուժութեան նշանաւոր կեդրոններ են՝ Արժանթինը, Պոլիվիան, Պրազիլը, Քոլումպիան, Քոսդա Ռիքան, Քուպան, Մեքսիքօն, Թուրքիան, Թայլանտը եւ Ուքրանիան։
  • Զարգացած երկիրները, ինչպիսին է Միացեալ Նահանգները, բժշկական զբօսաշրջութեան մեծ աճի հեռանկարներ ունի, որ ամերիկացի առողջապահական ծառայութիւններ մատուցողներուն կ'արժէ միլիառաւոր տոլարներ։
  • 2007-ին, շուրջ 750,000 ամերիկացի, իսկ 2008-ին՝ 1,5 միլիոն, արտասահման մեկնած են առողջապահական հարցերով։
  • Հարվըրտի Առեւտրական Դպրոցին ղեկավարները նշած են, որ բժշկական զբoսաշրջութիւնը աւելի շատ զարգացած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, քան՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
  • Զարգացած երկիրներու կարգ մը հիւանդներ կը նկատեն, որ առողջապահական ապահովագրութիւնը չի փոխհատուցեր ծունկի կամ ազդրերու փոխպատուաստելու պարագաները կամ ալ կը սահմանափակէ բժշկական հաստատութեան, բժիշկի կամ կիրարկուող փրոթեզի (Prothèse) ընտրութիւնը։
  • Ըստ "Sociedad Boliviana de Cirugia Plastica y Reconstructiva"-ի միջին եւ բարձր խաւի կիներուն 70%-ը Պոլիվիոյ մէջ կատարած է զանազան գեղագիտական վիրաբուժութիւններ։ Պոլիվիոյ կը յաջորդէ Պելճիքան, Լեհաստանը, Սլովաքիան, Ուքրանիան եւ Հարաւային Ափրիկէն։
  • Շատեր կը ճամբորդեն արհեստական բեղմնաւորում իրականացնելու նպատակով։
  • Այնուամենայնիւ, բժշկական զբօսաշրջութեան արդիւնքները միշտ ալ դրական չեն։ ԱՄՆ-ի նման երկիրներու մէջ, որ բարձրորակ չափորոշիչներ ունի, բժշկական զբօսաշրջութիւնը կը ներկայանայ վտանգուած պատկերով։
  • Այն ընկերութիւնները, որոնց մասնագիտութիւնը բժշկական զբօսաշրջութիւն ապահովելն է, բուժքոյրեր եւ օգնականներ կը տրամադրեն, որոնք կ'աջակցին հիւանդներուն ճամբորդութենէն առաջ եւ ետք։

Գործընթաց

  • Այն անձը, որ արտասահմանի մէջ բժշկական ծառայութիւններ կ'որոնէ, կապ կը հաստատէ բժշկական զբօսաշրջութիւն ապահովողին հետ։ Վերջինս հիւանդէն բժշկական տեղեկագիր մը կը պահանջէ, ներառեալ՝ տեղական բժիշկին կարծիքը, եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ։ Մասնագէտ բժիշկներ կամ խորհրդատուներ այնուհետեւ խորհուրդներ կու տան ամբողջ գործընթացին վերաբերեալ։ Կը քննարկեն հաւանական ծախսերը, հիւանդանոցին ընտրութիւնը, զբօսաշրջութեան ուղղութիւնը, կեցութեան տեւողութիւնը եւ այլն։
  • Համաձայնագիրի մը ստորագրութենէն ետք, հիւանդին կը տրուի երաշխաւորագիր մը՝ բժշկական վիզային համար։
  • Հիւանդը կը ճամբորդէ տուեալ երկիր, ուր բժշկական զբօսաշրջութիւն ապահովողը կը նշանակէ գործի ղեկավար մը, որ հոգ տանի հիւանդին ապաքինման, բնակարանին եւ այլ պահանջներուն։
  • Ապաքինումէն ետք, հիւանդը կրնայ մնալ եւ վայելել իր հանգիստը կամ վերադառնալ տուն։

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրներ

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրը գործընթաց մըն է, որուն ընթացքին կ'արժեւորուին բուժաշխատողները եւ առողջապահական տարբեր ծրագիրները՝ զանազան երկիրներու մէջ։

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրներ կը շնորհուին մեծ թիւով առողջապահական ծրագիրներու, ինչպիսիք են՝ հիւանդանոցները, խնամքի կենդրոնները, բժշկական փոխադրամիջոցները եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւնները։

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրներ շնորհող ամէնէն հին կառոյցը «Աքրետիթէյշըն Քանատա»ն է, որ 1968-ին հաւատարմագիր մը շնորհած է «Պերմուտեան հիւանդանոց»ի խորհուրդին (Bermuda Hospital Board) (Accreditation Canada): Այդ օրէն ի վեր, անիկա հաւատարմագիրներ շնորհած է հիւանդանոցներու եւ առողջապահական կազմակերպութիւններու՝ 10 այլ երկիրներու մէջ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ նման ընկերութիւն մը հիմնուած է 1994-ին, որ կը կոչուի «Ճոյնթ Քըմիշն Ինթըրնէշընլ» (Joint Commission International (JCI))։ Ան կը միտի միջազգային յաճախորդներուն տրամադրել խորհրդատուական ծառայութիւններ։

Կարգ մը միջազգային հիւանդանոցներ այսօր հաւատարմագիր ձեռք բերելը կը նկատեն ամերիկացի հիւանդները գրաւելու ձեւ։

«Ճոյնթ Քըմիշն Ինթըրնէշընլ»ը կապուած է «Ճոյնթ Քըմիշն»ի հետ՝ ԱՄՆ։ Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրները կը տարբերին իրենց որակով, չափերով, արժէքով, նպատակով եւ իրենց առեւտրական հմտութեամբ։

Կարգ մը հիւանդանոցներ կը ձգտին երկակի միջազգային հաւատարմագիրներ ձեռք բերել։

Բարդութիւններ

Բժշկական զբօսաշրջութիւնը ենթակայ է բարդութիւններու։

Կարգ մը երկիրներու, ինչպէս՝ Հնդկաստանի, Հարաւային Ափրիկէի կամ Թայլանտի մէջ զանազան վարակիչ հիւանդութիւններ տարածուած են, որոնք համաճարակի բնոյթ ունին։ Հիւանդութիւններէն չպաշտպանուիլը կրնայ վնասակար ըլլալ յատկապէս ստամոքսի եւ աղիքի հիւանդութիւններէ տառապողներուն համար։

Վիրահատութենէն ետք, խնամքին որակը նոյնպէս զգալիօրէն կը տարբերի ըստ հիւանդանոցին եւ երկիրին։

Երկարաժամկէտ ուղեւորութիւնները եւս կրնան բարդութիւններ յառաջացնել։ Երկար թռիչքները եւ շարժման պակասը կրնան նախապայման հանդիսանալ զարգացող երակային եւ թոքային հարցերու։

Աշխարհի տարածքին, բուժաշխատողներու չափանիշները համահաւասար են եւ վաւերացուած՝ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան կողմէ, իսկ 2004-ին մեկնարկած է Համաշխարհային դաշինք մը՝ հիւանդներու անվտանգութեան համար։ Այս կառոյցը կ'աջակցի հիւանդանոցներուն եւ կառավարութեան ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ հիւանդներու ապահովութեան քաղաքականութեան մշակման համար։

Եթէ արտերկրի մէջ բարդութիւններ ծագին, հիւանդը հոն կը մնայ նախատեսուած ժամկէտէն աւելի երկար, իսկ եթէ վերադառնայ, հարկ եղած խնամքին չ'արժանանար։

Իրաւական հարցեր

Բժշկական խնամք ստանալը հիւանդները կրնայ ենթարկել իրաւական որոշ հարցերու։

Տարբեր երկիրներու մէջ դատավէճերու սահմանափակ բնոյթը կը հանդիսանայ խնամքի ցած գիներու հիմնահարցերէն մէկը։ Մինչդեռ կարգ մը երկիրներ ներկայիս կը ներկայանան իբրեւ գրաւիչ բժշկական զբօսաշրջութեան ուղղութիւններ, որոնք կը տրամադրեն օրինական դեղամիջոցներ՝ հակաօրինական գործողութիւններու համար, ինչ որ կրնայ անհաճոյ թուիլ զբօսաշրջիկներուն համար։ Խնդիրներու ծագման պարագային, համապատասխան անձնական ապահովագրութիւնը հիւանդներուն փոխհատուցում չի կատարեր կամ հիւանդը փոխհատուցում չի ստանար հակաօրինական գործողութիւններու դէմ ուղղուած դատավճիռի միջոցով։ Հիւանդանոցները կամ բժիշկները կարգ մը երկիրներու մէջ չեն կրնար նիւթական վնասները հատուցել, որոնք կը սահմանուին դատարանին կողմէ։

Բարոյական հարցեր

Բժշկական զբօսաշրջութեան ընթացքին բարոյական հարցեր կրնան ծագիլ։ Օրինակ՝

  • Փոխպատուաստման համար գործարաններու անօրինական ձեռքբերումը հաստատուած է այնպիսի երկիրներու, ինչպէս՝ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ։
  • Հնդկաստանի մէջ, բժշկական զբօսաշրջութիւնը աւելի կը խորացնէ անհաւասարութեան հարցերը, որոնք արդէն իսկ գոյութիւն ունին առողջապահութեան համակարգին մէջ։
  • Թայլանտի մէջ, 2008-ին հաստատուած է, որ տեղական բժիշկները այնքան տարուած են արտասահմանէն ժամանած հիւանդներով, որ բնիկ հիւանդներուն պէտք եղած ձեւով թեն խնամեր։

Գործատուի կողմէ հովանաւորուող առողջական խնամք՝ ԱՄՆ-ի մէջ

Միացեալ Նահանգներու մէջ կարգ մը գործատուներ սկսած են քաջալերել բժշկական զբօսաշրջութիւնը՝ կրճատելով իրենց աշխատողին առողջական խնամքին համար տրամադրուող գումարը։ Այսպիսի առաջարկներ բուռն բանավէճերու առիթ դարձած են գործատուներու եւ աշխատողներուն ներկայացնող առեւտրային միութիւններու միջեւ. միութիւնները կը պնդեն, որ դատապարտելի է նոր ապշեցուցիչ մօտեցումը, որ կ'առաջարկէ աշխատողներուն արտասահմանի մէջ բուժում ստանալ՝ յօգուտ ընկերութեան խնայողութիւններուն։

Գործատուները իրենց պաշտօնեաներուն կ'առաջարկեն օդային ճամբորդութիւններու համար վճարուող գումարներ։ Օրինակ, Յունուար 2008-ին «Հաննաֆորտ» հանրախանութներու ցանցը, իր աշխատակիցներուն հոգացած է բժշկական ամբողջական ծախսերը՝ Սինկափուրի մէջ իրականացնելու ազդրերու եւ ծունկի փոխպատուաստում: Գումարը կը ներառէր նաեւ հիւանդին ուղեկցողին համար նախատեսուած ծախսերը։

2000-ին «Քալիֆորնիոյ Պլու Շիլտը» հիմք կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու առաջին տարածաշրջանային առողջապահական նախագիծին։ «Քալիֆորնիոյ Պլու Շիլտ» կազմին մէջ գտնուող քալիֆորնիացի հիւանդները կրնային ընտրել Մեքսիքոյի մէջ գտնուող երեք հաւաստագրուած հիւանդանոցներէն մէկը։

2007-ին «Հարաւային Գարոլայնայի ՊլիւՔրոսս ՊլիւՇիլտ» կազմակերպութեան դուստր ձեռնարկութիւնը կը սկսի համագործակցիլ Թայլանտի, Սինկափուրի, Թուրքիոյ, Իրլանտայի, Քոսթա Ռիքայի եւ Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն հետ։

2008-ին լոյս տեսած «Ֆասթ ընկերութեան» յօդուածի մը մէջ կը քննարկուի առողջապահութեան համաշխարհայնացումը եւ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ԱՄՆ-ի առողջապահական շուկային մէջ «խաղացողներ» սկսած են ուսումնասիրել այս ոլորտը։

Ուղղութիւններ

Ափրիկէ եւ Մերձաւոր Արեւելք

Յորդանան

2012-ին, Յորդանան «Փրայվեթ Հոսփիթըլզ Ըսոսյէյշըն»ի (Private Hospitals Association) միջոցով կը յաջողի հրապուրել 250.000 միջազգային հիւանդներ, համագործակցելով աւելի քան 500.000 ընկերութիւններու հետ:

Եկամուտը կը կազմէ աւելի քան 1 միլիառ ԱՄՆ տոլար։

Յորդանան 2014-ին կը ստանայ տարուան բժշկական ճամբորդութեան մրցանակը՝ «IMTJ» բժշկական մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։

Իսրայէլ

Իսրայէլը նշանաւոր ուղղութիւն է բժշկական զբօսաշրջութեան համար։

2010-ին, Իսրայէլի մէջ կը բուժուէին 30.000 բժշկական զբօսաշրջիկներ, որոնց մեծ մասը Խորհրդային Միութենէն կու գային։

Ըստ կարգ մը զրոյցներու, բժշկական զբօսաշրջիկները կը ստանան արտօնեալ բուժումը՝ ի վնաս տեղի հիւանդներուն։

Իսրայէլի մէջ, շատեր կը գնեն Մեռեալ ծովուն շուրջ գտնուող առողջարանները՝ Կիներետ գետը այցելելու նպատակով։

Իրան

Ամէն տարի Իրան կ'այցելէ 30.000 այցելու՝ բուժում ստանալու նպատակով։

Հարաւային Ափրիկէ

Հարաւային Ափրիկէն Ափրիկէի առաջին պետութիւնն է, որ ծանօթ է իբրեւ բժշկական զբօսաշրջութեան ուղղութիւն։ Այստեղ կ'առաջարկեն բժշկական եւ ատամնաբուժական ծառայութիւններ։

Ամերիկա

Պրազիլ

Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ գտնուող Ալպերթ Այնըշթայն հիւանդանոցը առաջին «Ճոյնթ Քըմիշն Ինթըրնեշընըլ»ի կողմէ հաւատարմագրուած կառոյցն է, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն դուրս, որմէ ետք, Պրազիլի մէջ գտնուող տասնեակ նման հիւանդանոցներ ստացած են նման հաւատարմագիրներ։

Միացեալ Նահանգներու բնակիչները վիզայի կարիք ունին Պրազիլ այցելելու համար, որ հիմնուած է երկկողմանի համաձայնութեան վրայ։

Քանատա

Քանատան նոյնպէս կը գտնուի բժշկական զբօսաշրջութեան ոլոտրին մէջ։ Ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու առողջապահական գիներուն, բժշկական զբօսաշրջիկները կրնան խնայել 30-էն 60% առողջապահական ծախսեր։

Քոսթա Ռիքա

Քոսթա Ռիքայի մէջ գոյութիւն ունի «Ճոյնթ Քըմիշն»ի կողմէ հաւատարմագրուած երեք հիւանդանոց։ Երեքն ալ կը գտնուին Սեն Ժոզէի մէջ։

2000-ին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը դասակարգած է համաշխարհային առողջապահական համակարգը, ուր Քոսթա Ռիքան գրաւած է 36-րդ դիրքը, ինչոր Միացեալ Նահանգներէն աւելի բարձր է։

Քուպա

Մինչ այժմ Քուպան չէ ստացած հաւատարմագիր մը։

Մեքսիքօ

Միացեալ Նահանգներու բժիշկները նշած են, որ մեքսիքական օրինական համակարգը հակաօրինական գործողութիւններու համար չի դատապարտեր մեքսիքացի բժիշկները:

Կարգ մը հիւանդանոցներ կ'առաջարկեն նաեւ այլընտրանքային բժշկական բուժումներ, որոնք արդիւնաւէտ չեն կամ արգիլուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Վերջին շրջանին, Մեքսիքոյի պետութիւնը կարգ մը բուժումներ արգիլած է։

Միացեալ Նահանգներ

«Ը ՄըքՔինսի էնտ Քօ»ն (A McKinsey and Co.) կը զեկուցէ, որ 2008-էն սկսեալ 60.000-էն 85.000 բժշկական զբօսաշրջիկներ կը ճամբորդէին Միացեալ Նահանգներ՝ մշտական բուժում ստանալու նպատակով։ Նոյն զեկոյցը կը փաստէ, որ 2007-ին 750.000 ամերիկացի ճամբորդած է Միացեալ Նահանգներէն այլ երկիրներ։

Յառաջադէմ բժշկական միջոցներու հասանելիութիւնը եւ բժիշկներու վերապատրաստումը խթան կը հանդիսանան օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւի աճի։

Կարգ մը բժշկական մեծ կեդրոններ եւ հիւանդանոցներ միջազգային հիւանդներու համար կեդրոններ կ'առաջարկեն, որոնք կը սպասարկեն օտարերկրեայ այն հիւանդներուն, որոնք կը փափաքին բուժուիլ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Այս կազմակերպութիւններէն ոմանք կ'առաջարկեն այնպիսի ծառայութիւններ, որոնք կ'աջակցին միջազգային հիւանդներուն բուժման, բնակարանային պայմաններու, նիւթական եւ երթեւեկի հարցերուն, ներառեալ՝ օդային կարմիր խաչի ծառայութիւններ։

Ասիա, Խաղաղական ովկիանոսեան տարածաշրջան

Հոնկ Քոնկ

Հոնկ Քոնկի բոլոր 12 յատուկ հիւանդանոցները ուսումնասիրուած են եւ 2001-էն ի վեր հաւատարմագրուած՝ Միացեալ Թագաւորութեան «Թրենտ Աքրետիթէյշըն Սքիմ»ի կողմէ։

Հարաւային Քորիա

«Քորիա Թայմզը» կը զեկուցէ, որ Քորիական հիւանդանոցները որդեգրած են սակերու խտրականութեան քաղաքականութիւն մը՝ օտարներէն գանձելով երկու կամ երեք անգամ աւելի բարձր գումարներ՝ համեմատած տեղի բնակչութեան հետ։

Ան կը պնդէ, որ ըստ քորիական օրէնքին, պետութիւնը կ'անտեսէ բժշկական բարձրացող գիները օտարերկրացի հիւանդներուն համար, որոնք չեն պաշտպանուած հակաօրինական գործողութիւններէն, խտրական գիներէն եւ հիւանդին անձնական իրաւունքներու ոտնահարումէն:

Եւրոպա

Միացեալ Թագաւորութիւն

Ազգային Առողջապահական Ծառայութիւնը (Անգլիա) հասարակական է, սակայն կարգ մը հիւանդանոցներ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ բժշկական զբօսաշրջութեան ուղղութիւնը որդեգրած են, յատկապէս՝ Լոնտոնը։ Այնուամենայնիւ, ներկայիս Միացեալ Թագաւորութեան մէջ շատ քիչ հիւանդանոցներ հաւատարմագիրներ ստացած են։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Բժշկական Զբօսաշրջութիւն ՊատմութիւնԲժշկական Զբօսաշրջութիւն ՆկարագրութիւնԲժշկական Զբօսաշրջութիւն ԳործընթացԲժշկական Զբօսաշրջութիւն Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրներԲժշկական Զբօսաշրջութիւն ԲարդութիւններԲժշկական Զբօսաշրջութիւն Իրաւական հարցերԲժշկական Զբօսաշրջութիւն Բարոյական հարցերԲժշկական Զբօսաշրջութիւն Գործատուի կողմէ հովանաւորուող առողջական խնամք՝ ԱՄՆ-ի մէջԲժշկական Զբօսաշրջութիւն ՈւղղութիւններԲժշկական Զբօսաշրջութիւն ԾանօթագրութիւններԲժշկական Զբօսաշրջութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՄինսքՆաւասարդԶուիցերիաՆանթABBA1993 թուականՍերկէյ ՌախմանինովՅովհաննէս ՈսկեբերանՍեխԱյբուբենՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Ռուբէն ՍեւակՉինաստանԱգաթանգեղոսՆոպէլեան ՄրցանակՂասախիստանԿտանսքՍօնիՀինտուիզմՇնաձուկԱլպեան լեռներՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըԱնդրանիկ ՕզանեանԾիր ԿաթինՈդիսեւսՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՀիւսիսային Քորէա12 ՅուլիսԿատովիցեՀաւանաՆիքիթա ԽրուշչովՔրիսթիանօ ՌոնալտօՔեմպրիճԱմազոնՊիլ ԿէյթսՏանթէ ԱլիկիէրիԱնդրանիկ ԾառուկեանՎլատիմիր ՓութինԱրլինկթընի Ազգային ԳերեզմանատունՍիերա ԼէոնԷլիզապէթ Բ.Վիքթոր ՕրպանՅունարէնԱ․ Համաշխարհային ՊատերազմՈւղեղՄիշիկընՄարդկային ԾիներըԸնկեր ՓանջունիՇարլ Ազնաւուր1918 թուականՄԱԿ-ի Ապահովութեան ԽորհուրդNvidiaՄարթին Լուտըր ՔինկՇաղիկՈւքրանիաՀին Հալէպ20 ՓետրուարԻսրայէլՏիգրանակերտ (Արցախ)ՎանՑուլ (կենդանակերպ)Տէյվիտ ՇուիմըրՃորճ ՈւաշինկթընԱյֆոնԱզրպէյճանՓիոթր ՏոսթոյեւսքիԻսթանպուլՉաք ՖինիԲարբարոսա (ռազմական գործողութիւն)ՊելճիքաԿաղնիԲաբելոն1836 թուականՄեսրոպ ՄաշտոցՀրայր ԴժոխքԾովից ծով ՀայաստանՀայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն🡆 More