Սինկափուր, պաշտօնապէս` Սինկափուրի Հանրապետութիւն (անգլերէն՝ Republic of Singapore, չին.՝ 新加坡共和國, մալայ.՝ Republik Singapura, չինարեն՝ 新加坡共和國, փինյին՝ Xīnjiāpō Gònghéguó, թամ.՝ சிங்கப்பூர் குடியரசு Ciŋakappūr Kudiyarasu), ինքնիշխան քաղաք-պետութիւն եւ կղզիներ Հարաւ-Արևելեան Ասիոյ մէջ։ Կը գտնուի Մալայեան թերակղզու ծայրամասը, անորմէ անջատուած է Ճոհորի նեղուցով: Հարաւէն սահմանակից է Ինտոնեզիայի Ռիաու կղզիներուն, իսկ հիւսիսէն` Արևմտեան Մալեզիային: Սինկափուրի տարածքը կը կազմեն մէկ գլխաւոր կղզին եւ 62 մանր կղզեակները: Անկախութիւն ձեռք բերելէն ի վեր հողի մելիորացման շնորհիւ կղզիի տարածքը մեծցուցած են 23 %-ով (130 քմ²):
Սինկափուրը առեւտրաֆինանսական ու փոխադրային համապարփակ հանգոյց է: Արդի աշխարհի միակ կղզային քաղաք-պետութիւնն է։
Բրիտանացի գաղութարար Սթեմֆորտ Ռաֆլզը 1819 թուականին հիմնադրեր է գաղութային Սինկափուրը` որպէս Բրիտանական արևելահնդկական ընկերութիւն առեւտրական կէտ: 1858 թուականին անոր լուծարումէն յետոյ կղզիները կը փոխանցուին Բրիտանական Հնդկաստանին որպէս թագաւորական գաղութ: Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ Սինկափուրը բռնագաղթուեր է Ճափոնի կողմէն: Այն Բրիտանիայէն անկախութիւն ձեռք բերած 1963 թուականին` միաւորուելով բրիտանական նախկին գաղութներու հետ, սակայն գաղափարական տարբերութիւններէն ելնելով` երկու տարի անց սինկափուրցիները կը զատուին անոնցմէ` 1965 թուականին ձեւաւորուելով որպէս ինքնիշխան ազգ: Չունենալով բնական աղբիւրներ` Սինկափուրը իր տնտեսութեամբ կը դառնայ «ասիական չորս վագրերէն» (Հարաւային Քորէա, Հոնկքոնկ, Թայուան, Սինկափուր) մէկը` հիմնուած արտաքին առեւտուրի եւ աշխատուժի վրայ։ Այն ունի «հանդիպումներու միջազգային գլխաւոր քաղաքի», «ներդրումային լաւագոյն կարողական քաղաքի», ազգը` «գիտարուեստական ազգի» համբաւ: Սինկափուրը երրորդն է օտար ներդրումներու, ամենամեծ ֆինանսական կեդրոն, նաւթամշակման եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալու ցուցանիշով, եւ երկրորդը` ծովային պահեստներու առումով: Երկիրը բնորոշուեր է նաեւ որպէս «հարկային ծովախորշ»:
Սինկափուրը ՄԱԿ-ի` մարդկային զարգացման ցուցանիշով կը զբաղեցնէ 5-րդ, իսկ մէկ շնչին բաժին ընկնող ՀՆԱ-ի ցուցանիշով` երրորդ տեղը: Երկիրը բարձր դիրք կը զբաղեցնէ կրթութեան, առողջապահութեան, կեանքի որակի սպասելի բարելաւման, անձնական անվտանգութեան ու բնակարանային ապահովուածութեան ոլորտներու մէջ։ Հակառակ անոր, որ եկամտային տարբերութիւններն անհաւասար բաշխուած են, բնակարաններու 90 %-ը անձնական սեփականութիւն կը համարուի: Սինկափուրի 5.6 միլիոն բնակչութիւնէն 38 %-ը կը համարուի օտարերկրեայ քաղաքացի: Երկրի մէջ ընդունուած է պաշտօնական 4 լեզու` անգլերէն (առաջինն է ընդհանուր տարածուածութեամբ), մալայերէն, նախնական չինարէն (մանտարին) եւ թամիլերէն: Գրեթէ բոլոր սինկափուրցիները երկու լեզու կրող են:
Սինկափուրը մենական Unitarian խորհրդարանական երկիր է` միապալատ խորհրդարանական կառավարութեան Վեսթմինիսթրեան համակարգով: «Ժողովրդական գործողութիւն» կուսակցութիւնը 1959 թուականէն ի վեր յաղթեր է բոլոր ընտրութիւններուն մէջ։ ՀՆԱ-ի եւ մամուլի ազատութեան ցուցանիշով ունի մեծ ժողովրդավարութիւն: Սինկափուրը Հարաւարևելեան Ասիայի պետութիւններու միութեանյի հինգ անդամներէն մէկն է: Այն նաեւ կ'անդամակցի Ասիական և խաղաղովկիանոսեան տնտեսական խորհուրդին (APEC), Արեւելեան Ասիայի երկիրներու գագաթնաժողովին (EAS), Չմիացած երկիրներու շարժմանը, Ազգերի համագործակցութեանը:
Սինկափուրի անուանման անգլերէն տարբերակը երկրի հարազատ մալայերէն անուանման անգլիականացուած տարբերակն է, որը ծագում առած է սանսկր.՝ (सिंहपुर, Siṃhapura բառից. siṃha` «առյուծ», pura` «քաղաք», հետեւաբար` «առիւծի քաղաք»: Առիւծը ներառուած է ազգային շատ խորհրդանիշերուն, օրինակ` զինանշանի մէջ։ Սակայն քիչ հաւանական է, որ երկրի մէջ երբեւէ ապրեր են առիւծներ: Մալայեական Շրիվիճայա թագաւորութեան արքայազն Սանկ Նիլա Ութաման (Sang Nila Utama, 1299-1347) ըսած է, որ կղզին ի սկզբանէ կառուցուեր եւ անուանուաեր է «Սինկափուր», հաւանական է, մալայեական վագրի անունով: Կեդոնական կղզին տակաւին Ք.Ա. 3-րդ դարուն կոչուեր է նաեւ «Փուլաու Ուճոնկ», որ մալայերէնով կը նշանակէ «կղզի վերջը»:
Սինկափուրը յիշատակուած է նաեւ որպէս Քաղաք-այգի, քանի որ փողոցները շրջապատուած են տնկուած ծառերով, եւ անկախացումէն յետոյ կանաչապատումը մեծ թափ առած է, ինչպէս նաեւ Փոքրիկ կարմիր կէտ, քանի որ կղզի-պետութիւնն աշխարհի ու Ասիոյ շատ քարտէզներուն մէջ կարմիր կէտի տեսքով է ներկայացուած:
Յոյն աշխարհագրագէտ Պտղոմէոսը (90-168) 2-րդ դարուն տեղը նշեր է «Սապանա» անունով, իսկ 3-րդ դարուն վերաբերող ամենավաղ աղբիւրներուն մէջ այն յիշատակուած է Փու Լո Չունկ (蒲 罗 中) անունով, որը իր հերթին մալայեական «Փուլաու Ուճոնկ» («կղզիի վերջաւորւթիւն») անուան թարգմանութիւնն է: Հին Եավայական «Նակարակրեթակամա» էփիքական բանաստեղծութիւնը (1365) յղում կատարած է Թումասիք (հաւանական է, կը նշանակէ «ծովային քաղաք») անունով կղզիի բնակչութեանը: 1299 թուականին, համաձայն մալայական գրական-պատմական յուշարձանի (Sejarah Melayu), Սինկափուրի թագաւորութիւնը կղզիին մէջ հիմնադրուեր է Սանկ Նիլա Ութամա արքայի կողմէն: Մալայեական գրական վերոնշեալ յուշարձանը ակադեմիական բանավէճերու առիթ հանդիսացեր է, սակայն այն յայտնի է որպէս 14-րդ դարու սինկափուրեան աղբիւր, հետագային` Թեմասիք', որմէ կ'իմանանք, որ Սինկափուրը առեւտրական նաւահանգիստ եղեր է` գտնուելով Մաճապահիթայի եւ Սիամական թագաւորութեան տիրապետութեան ներքոյ, որոնք ալ իրենց կարգին եղեր են Մեծ Հնդկաստանի ազդեցութեան գօտիի մէջ։ Հնդկական այս թագաւորութիւնները բնութագրուեր են զարմանալի դիմացկունութեամբ, քաղաքական ամբողջութեամբ եւ վարչական կայունութեամբ: Պատմական աղբիւրները նաեւ կը վկայեն, որ մօտաւորապէս 14-րդ դարու վերջաւորութեան անոր կառավարիչ արքայազն Փարամեշվարան յարձակման կ'ենթարկուի Մաճափահիթայի կամ սիամցիներու կողմէն եւ կը հիմնէ Մալաքայի սուլթանութիւնը: Հնագիտական պեղումները ցոյց կու տան, որ հիմնական բնակչութիւնը կեդրոնացած է Ֆորթ Քանինկ լեռան շուրջ, եւ բնակավայրը աւերուած է այս ժամանակաշրջանին, հակառական անոր, որ ոչ մեծ թիւով առեւտրականներ շարունակեր են որոշ ժամանակ այդտեղ մնալ: 1613 թուականին Փորթուկալացի նուաճողները ոչնչացրեր են բնակավայրը, եւ հետագայ երկու դարերուն կղզին ամայի մնացեր է: Ատկից ետք Սինկապուրը կազմեր է Ճոհորի սուլթանութեան մաս: Ծովային շրջանը եւ առեւտրական հատուածի մեծ մասը գտնուեր են վերահսկողութեան տակ:
Բրիտանացի գաղութարար Սթեմֆորտ Ռաֆլզը 1819 թուականի 28 Յունուար-ին ժամաներ է Սինկափուր եւ կղզին յարմար համարեր նոր նաւահանգստի համար: Կղզին կը կառավարէր Ճոհորի սուլթան, որուն կը վերահսկէին հոլանտացիներն ու պուկիսների էթնիք խումբը: Սակայն սուլթանութիւնը թուլացեր էր, իսկ Թենկհու Ապտուր Ռահմանը եւ անոր պաշտօնական այլ անձինք հաւատարիմ էին Թենկհու Ռահմանի աւագ եղբօրը` Թենկու Լոնկին, որ աքսորի մեջ էր Ռիաու կղզիին մէջ։ Թեմենկոնկը (մալայեական հին կոչում) Ռաֆլզի օգնութեամբ Թենկհու Լոնկին կը տեղափոխուի Սինկափուր: Ան կ'առաջարկէ Թենկհու Լոնկին Ճոհորի օրինական սուլթան համարել` տալով սուլթան Հուսէյն տիտղոսը եւ տրամադրելով տարեկան 5.000 տոլար աշխատավարձ, եւս 3.000 տոլար ալ` թեմենկոնկին: Իր կարգին, սուլթան Հուսէյնը պէտք է բրիտանացիներուն յանձներ Սինկափուրի մէջ առեւտրական նաւահանգիստ ստեղծելու իրաւունքը: 1819 թուականի 6 փետրուար-ին կը ստորագրուի պաշտօնական համաձայնագիր, որու շնորհիւ ալ հիմք կը դրուի ժամանակակից Սինկափուրին:
Սուլթանի հետ պայմանագիր կնքելէն յետոյ 1824 թուականին ամբողջ կղզին, ինչպէս նաեւ թեմենկոնկը կ'անցնին Բրիտանիոյ ազդեցութեան տակ: 1826 թուականին Սինկափուրը կը դառնայ բրիտանական Սթրեյթս Սեթլմենթս գաղութի մաս, որը կը գտնուէր Բրիտանական Հնդկաստանի իրաւասութեան տակ, իսկ 1836 թուականին կը դառնայ նահանգի մայրաքաղաքը: Մինչեւ Ռաֆլզի գալուստը, կղզում բնակվում էր մոտ 1.000 մարդ, որի կեսից ավելին չինացիներ էին: Այս վաղ ներգաղթեալներէն շատերը կ'աշխատէին տաքդեղի ու Կամպիրի տնկարկաստաններուն մէջ: Ավելի ուշ` 1890-ական թուականներին, երբ Մալայեան կղզիներու ու Սինկափուրի մէջ կը հիմնուի ռեզինի արտադրութիւնը, կղզին կը դառնայ ռեզինի տեսակաւորման ու արտահանման խոշոր կեդրոն:
Սինկափուրը չէ տուժեր Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, քանի որ ընդհարումին մէջ չէ ընդգրկուեր Հարաւարեւելեան Ասիան: Պատերազմի ընթացքին նշանակալից միակ իրադարձութիւնը 1915 թուականին իսլամ սիփահիների խռովութիւնն էր Բրիտանական Հնդկաստանի դէմ, որոնք կայազօր ունէին Սինկափուրն մէջ. անոնց կը փափաքէին ուղարկել Օսմանեան Թուրքիա, սակայն զինուորները կ'ընդվզին եւ կը սպանեն իրենց սպաներուն ու բրիտանացի քաղաքացիական քանի մը անձանց, մինչեւ որ խռովութիւնը կը ճնշուի ոչ իսլամական զօրքերու կողմէն (ատոնք ժամաներ էին Եոհորէն ու Պիրմայէն):
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ բրիտանական ռազմածովային պազան կը հանդիսանայ Սինկափուրի պաշտպանութեան ռազմավարական մաս: Առաջին անգամ այն ընդունուելով 1923 թուականին` կառոյցը սկսեր է զարգանալ մինչեւ 1931 թուականին ճաբոնացիներու` Մանչժուրիո ներխուժումը: Երբ նաւամատույցը կը ձեւաւորուի 1939 թուականին 500 միլիոն տոլարով, այդ պահուն կը հանդիսանայ աշխարհի ամենամեծ չոր տոքը (նաւ կառուցելու վայր), երրորդ ամենամեծ լողացող տոքը` ունենալով վառելիքի բազմաթիւ բակեր, որը վեց ամիս կը բաւարարէր բրիտանական ծովուժին: Այն պաշտպանուած էր Սիլոսո, Քանինկ եւ Լապրատոր ամրութիւնների 15-տիույմանոց ծանր ռազմածովային զէնքերով: Ուինսթոն Չերչիլն այն համարեր է «Արևելքի Ճիբրալթար» եւ «Արևելքի Սուեզ»: Սակայն այդ եղեր է պազա` առանց օդուժի: Բրիտանական օդուժը հաստատուեր էր Եւրոպայի մէջ, եւ անգլիացիները չէին կարող իրենց թոյլ տալ երկրորդ օդուժը հիմնելու: Ծրագիրն այն էր, որ օդուժը կարողանար արագ տեղաշարժուիլ Սինկափուրէն անհրաժեշտ վայրը: Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ, որը սկսաւ 1939 թուականին, օդուժն ամբողջութեամբ զբաղուած էր Բրիտանիայի պաշտպանութեամբ:
Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ կայսերական ճաբոնական բանակը ներխուժեր է բրիտանական Մալայներ, որու գագաթնակէտը դարձեր է Սինկափուրի համար ճակատամարտը: Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Ուինսթոն Չերչիլը պարտութիւնն անուաներ է «բրիտանական պատմութեան վատթարագոյն աղէտը և մեծագոյն աձնատուութիւնը»: Բրիտանացիները կորսնցուցին Սինկափուրի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, որու հետեւանքով 1942 թուականի 15 Փետրուար-ին յանձնուեր են մօտ 40.000 զինծառայողներ: Անոնցմէ մօտ 5.000-ը, որուն մեծամասնութիւնը աւստրալացիներ էին, սպանուեր կամ վիրաւորուեր են: Ճաբոնական կորուստները Սինկափուրի ռազմական գործողութիւններու ժամանակ կազմեր են 1.714 սպանուածներն ու 3.778 վիրաւորները: Գրաւումը բեկումնային նշանակութիւն ունեցեր է քանի մը երկիրներու, ներառեալ` Ճաբոնիայի, Մեծ Բրիտանիայի եւ այն ժամանակ գաղութային Սինկափուրի համար: Սինկափուրը վերանուանուեր է Սյոնան թո (昭南島 Shōnan-tō), որ կը նշանակէ Արևելքի լոյս: 5.000-25.000 էթնիք չինացի սպանուեր է Սուքա Չինկի սպանդի ժամանակ:
Բրիտանական զօրքերը կը ծրագրէին Սինկափուրը ազատել 1945 թուականին, սակայն պատերազմը կ'աւարտի, նախքան այդ գործողութիւնները կ'իրականացնէին: Այնուհետեւ այն կրկին գրաւուած է բրիտանական, հնդկական ու աւստրալական ուժերու կողմէն Սեպտեմբերին ճաբոնական զօրքերու կողմէն իրականացուած գրաւումէն յետոյ: Այս ընթացքին Թոմոյուքի Եամաշիտան Սինկափուրի եւ Մալայներու մէջ իրականացրած ռազմական յանցանքի մեղադրանքով կը դատուի ԱՄՆ-ի ռազմական դատարանի կողմէն. ան դատապարտուեր մահապատիժի եւ 1946 թուականի 23 փետրուարին կախաղան բարձրացուեր է Ֆիլիփիններու մէջ:
Դաշնակիցներու կողմէն ճաբոնական գրաւումէն յետոյ 1945 թուականի 15 Օգոստոսին Սինկափուրը կ'ենթարկուի կարճաժամկէտ բռնութիւններու ու անկարգութիւններու. լայն տարածում կը գտնէ թալանն ու սպանութիւնները: Բրիտանական զօրքերը դաշնակիցներու զօրքերու` հարաւարեւելեան Ասիայի զօրքերու գլխաւոր հրամանատար լորտ Լուի Մաունթպաթենի գլխաւորութեամբ կը վերադառնան Սինկափուր, որպէսզի ստանան ճաբոնական զօրքերու պաշտոնական գրաւումը Կեներալ Իթակակի Սեյշիրոյի կողմէն 1945 թուականի 12 Սեպտեմբերին: Ենթակառուցուածքներու մեծ մասը աւերակ դարձեր էր պատերազմի ժամանակ, ներառեալ Սինկափուրի նաւահանգստային կառոյցները: Կար նաեւ արտադրանքի, սնունդի սղութիւն, տարածուած էին հիւանդութիւնները,յանցագործութիւնն ու բռնութիւնները: Մեծ թիւ կը կազմէր գործազրկութիւնը, իսկ աշխատաւորներու դժգոհութիւնները 1947 թուականին հասցուցին ծառայութիւններու ու հասարակական փոխադրական աշխատողներու գործադուլին: 1947 թուականի վերջին տնտեսութիւնն աստիճանաբար կը սկսի վերականգնուիլ, սակայն կը պահանջուէր քանի մը տարի, մինչեւ տնտեսութիւնը կը վերադառնար մինչպատերազմեան մակարդակին:
Բրիտանացիներու պարտութիւնը Սինկափուրի պաշտպանութեան ժամանակ իրենց հեղինակութեան անկման պատճառ կը դառնայ սինկափուրցիներու շրջանը: Պատերազմէն տասնամեակ անց տեղի բնակչութեան շրջանին մէջ կը նկատուին քաղաքական զարթօնք եւ հակագաղութային ու ազգայնական տրամադրութիւններ, որոնք կը մարմնաւոր են «Մերտեքա» լոզունգով. այն մալայերէնով կը նշանակէ «անկախութիւն»: Բրիտանացիներն աստիճանաբար կը մեծացնեն Սինկափուրի ու Մալայան կղզիներու ինքնակառավարումը: 1946 թուականի Ապրիլի 1-ին կը լուծարուի Սթրեյթս Սեթլմենթսը, իսկ Սինկափուրը կը դառնայ առանձին գաղութ, որ կը ղեկավարուէր նահանգապետի կողմէն: 1947 թուականի Յուլիսին կը ստեղծուին օրենսդիր եւ գործադիր առանձին խորհուրդներ, իսկ յաջորդ տարի կ'ընտրուին խորհուրդներու վեց անդամներ:
1950-ական թուականներուն չինացի կոմունիստները սերտ կապեր կը պահէին արհմիութիւններու հետ, իսկ չինական դպրոցները փարթիզանական կռիւ կը մղէին կառավարութեան դէմ, որուն հետեւանքով Մալայան կղզիներուն մէջ հասցուց արտակարգ իրադրութեան: 1954 թուականի ազգային ծառայութիւններու, հանրակառքային ցանցի ու դպրոցներու խռովութիւնները Սինկափուրին մէջ կապուած էին այս իրադարձութիուններուն հետ: Առաջին համընդհանուր ընտրութիւններու շնրոհիւ 1955 թուականին առաջնորդ կը դառնայ լեյպորիսթական թեւի ներկայացուցիչ Տեւիտ Մարշալը: Ան կը գլխաւորէ Լոնտոն ուղեւորուած պատուիրակութիւնը, սակայն Մեծ Բրիտանիան կը մերժէ լիարժէք անկախութեան անոր պահանջը: Մարշալը կը հեռացուի, եւ 1956 թուականին անոր կը փոխարինէ Լիմ Եե Հոքը, որուն վարած քաղաքականութիւնը կը ստիպէ Բրիտանիային Սինգապուրին տրամադրել ինքնիշխանութիւն արտաքին եւ ներքին գործերուն մէջ:
1959 թուականի մայիսին կայացած ընտրութիւններուն Ժողովրդական կուսակցութիւնը ցնցող յաղթանակ կը տանի: Սինկափուրը կը դառնայ ներքին ինքնակառավարում ունեցող պետութիւն, իսկ Լի Քուան Եուն կը դառնայ անոր առաջին վարչապետը: 1959 թուականին համազգային քուէարկութեան շնորհիւ Սինկափուրը անկախ կը դառնայ բրիտանական իշխանութիւններէն, սակայն այն դեռ ձեռք չէր բերած լիարժէք անկախութիւն. բրիտանացիները նախկինի պէս կը կառավարէին արտաքին քաղաքականութիւնը: Նահանգապետ սըր Ուիլեամ Ալմոնտ Քոտրինկթոն Կուտը կը դառնայ նահանգի առաջին ղեկավարը (մալայերէն` Եանկ տի փերթուան նեկարա), որ կը նշանակէ նախագահ Եուսոֆ պին Իսհաքի կողմէն:
Հակառակ Սինկափուրը ղեկավարողներու յաջողութիւններուն` PAP առաջնորդները կը հաւատային, որ Սինկափուրի ապագան Մալայներու հետ է, քանի որ երկու երկիրները սերտ առնչութիւններ ունէին: կը համարուի, որ միաձուլումը օգուտ կը բերէր տնտեսութեանը` ստեղծելով ընդհանուր շուկայ. ատոր շնորհիւ կը լուծուէին գործազրկութեան հարցերը Սինկափուրի մէջ։ Սակայն PAP-ի կոմունիստամետ թեւը սկզբունքայնօրէն դէմ էր միաւորմանը` վախնալով ազդեցութեան կորուստէն, քանի որ Մալայներու կառավարող Միաւորուած մալեզիական ազգային կազմակերպութիւն (United Malays National Organisation, UMNO) կուսակցութիւնը հակակոմունիստական էր եւ կ'աջակցէր PAP-ի ոչ կոմունիստական թեւին: UMNO-ն, որն ի սկզբանէ կասկածանքով կը վերաբերէր միաւորմանը, քանի որ չէր վստահեր PAP-ի ղեկավարութեանը եւ անհանգստացած էր այն հարցով, որ Սինկափուրի չինացի բնակչութիւնը փոխեր էր ցեղերու հաւասարակշռութիւնը, որմէ կախուած էր անոնց քաղաքական ուժը, փոխեր է իր կարծիքը միաւորման մասին: Մայիսի 27-ին Մալայներու վարչապետ Թունքու Ապտուլ Ռահմանը առաջ կը քաշէ Մալայական Դաշնութեան գաղափարը, որը իր մէջ կը ներառէր Սինկափուրը, Պրունեյը, Բրիտանական Պորնէոյի տարածք հանդիսացող հիւսիսային Հիւսիսային Պորնէոն եւ Սարավաքը: UMNO-ի առաջնոդները կ'ենթադրեն, որ Պորնէոյի մալայեական բնակչութիւնը փոխհատուցում է Սինկափուրի չինական բնակչութեանը: Բրիտանական կառավարութիւնը իր կարգին կը կարծէր, որ միաւորումը թոյլ կու տայ Սինկափուրին դառնալ կոմունիզմի թաքստոց:
1962 թուականի 16 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած միաւորման հանրաքուէի շնորհիւ Սինկափուրը միաւորուեցաւ Մալեզիայի Դաշնութեանը եւ Սարավաքի ու Հիւսիսային Պորէոյի հետ ձեւաւորեց Մալեզեան` համաձայն Մալեզիայի համաձայնագրի դրոյթներու: Հաշուի առնելով բնական սահմանափակ աղբիւրները` նշուած էր, որ Մալայներու հետ միաւորումը կ'ապահովէ Սինկափուրի աւելի աշխոյժ տնտեսական զարգացումը: Միաւորումը նաեւ կ'ապահովէր PAP-ի օրինաւոր ըլլալը` ապահովելով Սինկափուրը կոմունիստական ազդեցութիւնէն: Սակայն միաւորումէն քիչ անց Սինկափուրի կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը չի արտահայտեր քաղաքական ու տնտեսական շատ հարցերու վերաբերեալ, իսկ հասարակական պայքարը կ'աւարտուի 1964 թուականին զանգուածային անկարգութիւններով:
1965 թուականի 10 Մարտին ինտոնեզացի հրահրիչներու դրած ռումբը կը պայթի ՄաքՏոնալտ հաստատութեան մէջ, որու հետեւանքով կը սպանուին 3 եւ կը վիրաւորուին 33 մարդ:Այդ ամենէն մեծ մահերով միջադէպն էր 42 ռումբերու պայթիւններու մէջ, որոնք տեղի ունեցեր են առճակատման ընթացքին: Որուն հետեւանքով, Ինտոնեզական բանակային խումբի ծովային զօրամասի երկու անդամներ` Օսման բին Հաջի Մոհամեդ Ալին եւ Հարուն բին Սաիդը վերջնականապէս մեղադրուեր ու գնդակահարուեր են յանցանքի համար, իսկ ՄաքՏոնալտը վնասի փոխհատուցում ստացեր է 250.000 տոլարի չափով:
Երկու կառավարութիւններու միջեւ գաղափարական բազմաթիւ կոնֆլիկտներ են եղել նոյնիսկ տնտեսական ճակատին վրայ։ Հակառակ ընդհանուր շուկայի մասին աւելի վաղ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեանը` Սինկափուրը նախկինի պէս կ'առնչուէր Մալեզիայի մնացած հատուածի հետ առեւտուրի սահմանափակումներուն: Ի պատասխան` Սինկափուրը չի տարածէր Սապահի ու Սարավաքի վրայ պարտքով ձեռք բերուած ողջ գումարը` արեւելեան այդ երկու նահանգներու հետ ձեռք բերուած տնտեսական համագործակցութեան համաձայն: Իրադրութիւնը կը սրուի այն աստիճան, որ բանակցութիւնները շուտով կը խզուին եւ երկու կողմերէն ալ կը տարածուին սպառնալիքներ: Ստեղծուած իրադրութրան պատճառով 1965 թուականի Օգոստոսի 7-ին Մալեզիայի այն ժամանակուայ վարչապետ Թունքու Ապտուլ Ռահմանը, հնարաւոր արիւնահեղութիւնը կանխելու այլընտրանք չտեսնելով, Մալեզիայի խորհրդարանին կ'առաջարկէ Սինկափուրին հեռացնել Մալեզիայի Դաշնութեան կազմէն: 1965 թուականի Օգոստոսի 9-ին Մալեզիայի խորհրդարանը 123 կողմ ձայնով (Սինկափուրի պատուիրակները չէին մասնակցեր նիստին) կ'ընդունին սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու օրինագիծը, որու համաձայն Սինկափուրը կարող էր առանձնացուեր Մալեզիայի Դաշնութիւնէն:
Սինկափուրը իր անկախութիւնը ստացեր է 1965 թուականի Օգոստոսի 9-ին որպէս Սինկափուրի Հանրապետութիւն (երբ կը շարունակէր մնալ Ազգերի համագործակցութեան կազմի մէջ): Երկրի նախագահը Եուսոֆ պին Իշաքն էր, իսկ վարչապետը` Լի Քուան Եուն: 1969 թուականին դարձեալ սկիզբ կ'առնէ ցեղական խժդժութիւններ: 1967 թուականին երկիրը կը դառնայ Հարաւարևելեան Ասիոյ պետութիւններու միութեան (Association of Southeast Asian Nations, ASEAN) համահիմնադիր երկիր: Լի Քուան Եուն կը դառնայ վարչապետ, եւ երկիրը կը դառնայ Առաջին աշխարհի երկրներէն մէկը: Լի Քուան Եունի առանձնայատուկ ուշադրութիունը տնտեսական արագ աճին, ձեռնարկատիրական գործունէութեան հովանաւորութեանը եւ ներքին դեմոկրատական սահմանափակմանը ձեւաւորուեցաւ Սինկափուրի հետագայ կէս դարու քաղաքականութիւնը: Հետագայ տնտեսական աճը շարունակուեցաւ 1980-ական թուականներուն, երբ գործազրկութեան մակարդակը նուազեցաւ մինչեւ 3 %, իսկ ՀՆԱ-ի աճը` միջինը 8 % մինչեւ 1999 թուականը: 1980-ական թուականներուն Սինկափուրը անցում կատարեց արդիւնաբերութեան` բարձր գիտարուեստականներու ճիւղին, որպէսզի մրցունակութիւն ապահովէ դրացի երկիրներու հետ, որոնք ունէին աւելի աժան աշխատուժ: 1981 թուականին բացուեր է Սինկափուրի Չանգի օդանաւակայանը, եւ ստեղծուեր է Singapore Airlines օդանաւային ընկերութիւնը: Սինկափուրի նաւահանգիստը դարձաւ ամենածանրաբեռնուած նաւահանգիստներէն մէկը աշխարհի վրայ, զգալի աճ են արձանագրեց նաեւ ծառայութիւններու ու զբօսաշրջութեան ոլորտները: Սինկափուրը կը դառնայ փոխադրական կարեւոր հանգոյց եւ զբօսաշրջային կարեւոր ուղղութիւն:
Որոշ գործօն քաղաքական ջատագովներ եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ PAP-ի կառավարումը անուաներ են ինքնավար, քանի որ երկրի ղեկավարութեան կողմէն քաղաքական ու լրատուական գործունէութիւնը համարած են քաղաքական իրաւունքի խախտում: Ի պատասխան` Սինկափուրի կառավարութիււնը բաւական փոփոխութիւններ կատարած է: «Խորհրդարանի ոչ սահմանադրական անդամներ» (Non-constituency Member of Parliament, NCMP) ընդդիմադիր ուժը կազմաւրուեր է 1984 թուականին ընդդիմադիր կուսակցութիւններու` ընտրութիուններուն չհաղթած երեք անդամներու կողմէն: 1988 թուականին ձեւաւորուեր է Խորհրդարանական ներկայացուցչական խումբը (Group Representation Constituency, GRC) ընտրողներու բազմանդամ ենթակառուցուածքներու ստեղծման համար, որոնց նպատակն էր խորհրդարանին մէջ ներկայացնել փոքրամասնութիւնը: 1991 թուականի Սինկափուրի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուած են, որոնցմով կը նախատեսուի երկրի նախագահի ընտրութիւնը, որ ունի վեթոյի իրաւունք ազգային պահեստներու օգտագործման եւ պետական պաշտօնեաներու նշանակման գործին մէջ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները բողոքեր են, որ GRC-ի համակարգը դժուարացուցած է նախագահական ընտրութիւններուն հաստատուիլը, իսկ քուէարկման համակարգը միտում ունի բացառելու փոքրամասնութիւններու կուսակցութիւնները:
1990 թուականին Կո Չոք Թոնկը փոխարիներ է Լի Քուանին` դառնալով Սինկափուրի 2-րդ վարչապետը: Թոնկի կառավարման ընթացքին երկրի մէջ որոշակի ճգնաժամ կը նկատուի, օրինակ` 1997 թուականի ասիական ֆինանսական ճգնաժամը եւ 2003 թուականին սուր անակնկալ շնչառական համախտանիշի տարածումը:
2004 թուականին Լի Սյանլունը` Լի Քուան Եուի աւագ որդին, կը դառնայ երկրի երրորդ վարչապետը: Անոր կառավարման ժամանակը կ'առանձնանանայ 2008 թուականի տնտեսական ճգնաժամով, մալայեական երկաթուղիի շուրջ վէճերով և համարկուած առողջարաններու ներմուծումով: Հակառակ տնտեսական բացառիկ աճին` Ժողովրդական գործողութիւն կուսակցութիւնը (ԺԳԿ) 2011 թուականի ընտրութիւններուն ամենավատ ցուցանիշը կ'արձանագրէ` ձայներու 60 %-ը: Ամենաքննարկուող հարցերէն էին օտար երկրացիներու աշխատուժի մեծ ներհոսքը եւ կենսամակարդակը: 2015 թուականի Մարտի 23-ին կը մահանայ Լի Քուան Եուն անկախութեան 50-րդ տարին. կը յայտարարուի հասարակական մէկ շաբաթեայ սուգ: ԺԳԿ-ն սեպտեմբերեան համընդհանուր ընտրութիւններուն կը հաստատէ իր գերակայութիւնը` ստանալով ընտրողներու ձայներու 69.9 %-ը, որ երկրորդ արդիւնքն էր 2001 թուականի ընտրութիւնների 75.3 % ցուցանիշէն յետոյ:
Սինկափուրը խորհրդարանական հանրապետութիւն է` միապալատ խորհրդարանային կառավարման Վեստմինսթերեան համակարգով: Երկրի սահմանադրութիւնը կը հռչակէ ներկայացուցչական դեմոկրատիան որպէս քաղաքական համակարգ: Գործադիր իշխանութիւնը կը պատկանի կառավարութեանը, որ կը գլխաւոր է վարչապետը եւ աւելի քիչ` նախագահը: Նախագահը կ'ընտրուի համաժողովրդական քուէարկութեամբ եւ ունի վեթոյի իրաւունք գործադիր որոշ որոշումներու վրայ, ինչպիսիք են ազգային պահեստի օգտագործումը, դատերու նշանակումը, սակայն գլխաւորապէս ներկայացուցչական գործառոյթ ունի:
Օրենսդիր մարմինը խորհրդարանն է: Անոր անդամները` պատգամաւորները, կ'ընտրուին խորհրդարան համեմատական մեծամասնութեան սկզբունքով եւ ընտրական տեղամասը կը ներկայացնեն մէկ ներկայացուցիչով կամ խումբերով: Ժողովրդական գործողութիւն կուսակցութիւնը զբաղեցուցած է խորհրդարանի մեծամասնութիւնը բոլոր ընտրութիւններուն 1959 թուականին ինքնակառավարում ստանալէն յետոյ:
Հակառակ ընտրութիւնները արդար կ'անցնին, սակայն չկայ ընտրական անկախ իշխանութիւն, եւ կառավարութիւնը խիստ ազդեցութիւն կ'ունենայ Զանգուածային Լրատուական ԶԼՄ-ներու վրայ։ Freedom House ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը «Ազատութիւնն աշխարհի մէջ» զեկոյցի մէջ Սինկափուրը յայտարարեր է մասամբ ազատ երկիր, իսկ The Economist շաբաթաթերթը Սինկափուրը կը համարէ վատ դեմոկրատիայով երկիր` դեմոկրատիայի ցուցանիշով չորս միաւորանոց համակարգին դասելով երկրորդ տեղը: Վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցեր են 2015 թուականին, ուր ԺԳԿ-ը 89 տեղերէն զբաղեցուցած է 83-ը` շահելով ընտրողներու ձայնի 70 %-ը:
Սինկափուրի իրաւական համակարգը հիմնուած է անգլիական իրաւունքի վրայ որոշակի տարբերութիւններով` պայմանաւորուած տեղական բնոյթով: Երդվյալների դատարանի կառոյցը փոփոխուած է 1970 թուականին` դատական որոշումներն ամբողջովին թողնելով դատարաններու իրաւասութեանը: Սինկափուրի մէջ կան պատիժի տեսակներ, որոնք ֆիզիքական, մարմնական բնոյթ կը կրեն. ատոնք կը սահմանուին այնպիսի օրինախախտումներու համար, ինչպիսիք են բռնաբարութիւնը, անկարգութիւնը, բարբարոսութիւնը (վանտալութիւնը) եւ որոշ այլ յանցատեսակներ: Սինկափուրի մէջ կը գործէ մահապատիժ սպանութեան, նաեւ թմրանիւթերու ու զէնքի ապօրինի շրջանառութեան համար:
Amnesty International միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեր է, որ սինկափուրեան համակարգի իրաւական որոշ դրոյթներ կը հակասեն անմեղսունակութեան սկզբունքին, քանի դեռ չի ապացուցուեր մեղքը, եւ Սինկափուրը «հնարաւոր է, կատարման ամենաբարձր մակարդակը ունի բնակչութեան թիւի ցուցանիշով»: Կառավարութիւնը համաձայն չէ կազմակերպութեան ներկայացրած տուեալներուն: Սինկափուրի դատական համակարգը ամէնէն յուսալիներէն մէկն է ամբողջ Ասիոյ մէջ:
Սինկափուրը Transparency International միջազգային ոչ կառավարական կազմակերութեան տուեալներով ամենէն քիչ փտածութեան երկիրներէն մէկն է ամբողջ աշխարհի վրայ: Երկրի ուժեղ, գրեթէ Ինքնավար կառավարութիւնը մտաւորական բնակչութեան շեշտադրումով եւ լաւ կառավարմամբ ճանչցուած է որպէս «Սինկափուրեան մոտել օրինակ» եւ կը համարուի երկրի քաղաքական կայունութեան, տնտեսական աճի ու հասարակակամ ներդաշնակ կառավարման գլխաւոր բանալին: 2011 թուականին World Justice Project անկախ կազմակերպութիւնը իրաւական ցուցիչի աստիճանով Սինկափուրը դասեր է աշխարհի լաւագոյն երկիրներու շարքին «կարգ ու կանոնի և անվտանգութեան», «փտածութեան բացակայութեան», «արդիւնաւէտ արդարադատութեան» չափանիշներով: Սակայն երկիրը աւելի ցածր հեղինակութիւն ունի «խօսքի ազատութիւն» եւ «երկրի ազատութիւն» ցուցանիշներով: Հինգ կամ աւելի մարդկանց հրապարակային հանդիպումը կը պահանջէ ոստիկանութեան արտօնութիւնը, իսկ բողոքները կարելի է կազմակերպել միայն յատուկ ձեւաւորուած Խօսնակներու անկիւններուն մէջ:
2017 թուականին Հալիմա Յակոբը եղեր է Սինկափուրի առաջին կին նախագահը: Նա յաղթեր է ընտրութիւններուն, քանի որ մնացած բոլոր թեկնածուները ճանչցուեր են ընտրուելու իրաւունքէն զուրկ:
Սինկափուրի արտաքին քաղաքականութիւնն ուղղուած է Հարաւարևելեան Ասիոյ եւ հարակից տարածքներու անվտանգութեանը: Գլխաւոր սկզբունքը քաղաքական ու տնտեսական կայունութիւնն է տարածաշրջանին մէջ: Այն դիվանագիտական յարաբերութիւններ ունի աւելի քան 180 ինքնիշխան պետութիւններու հետ:
Որպէս Հարաւարևելեան Ասիոյ պետութիւններու միութիւն (ՀԱՊԱ) հիմնադիր հինգ երկիրներէն մէկը` այն կը համարուի ազատ տնտեսական գօտիի կողմնակից, քանի որ Սինկափուրի տնտեսութիւնն ընդհանուր առմամբ սերտօրէն կապուած է տարածաշրջանի տնտեսութեանը: Նախկին վարչապետ Կո Չոք Թոնկը առաջարկեր է ստեղծել ՀԱՊԱ-ի տնտեսական համաձայնութիւնը` այն միացնելով ընդհանուր շուկային: Այդ համաձայնացուեր է 2007 թուականին 2015 թուականին իրագործելու նպատակով: Տարածքային ուրիշ կազմակերպութիւններ կարեւոր են Սինկափուրի համար, եւ ան կը հանդիսանայ ՀԱՊԱ-ի քարտուղարութեան առաջատարը: Սինկափուրը կ'անդամակցի տարածաշրջանային այլ կազմակերպութիւններուն եւս, ինչպիսիք են Ասիական-եւրոպական խորհուրդը, Արեւելեան Ասիոյ եւ Լատինական Ամերիկայի համագործակցութեան երկիրներու ֆորումը, Հնդկական ովկիանոսի աւազանի միութեան: Այն կը հանդիսանայ նաեւ Միաւորման ու համագործակցութեան շարժման անդամ: Հակառակ Սինկափուրը պաշտօնապէս չի հանդիսանար Մեծ 20-եակի անդամ, այն 2010 թուականէն կը հրաւիրուի մասնակցելու անոր գործընթացին:
Ընդհանուր առմամբ, ՀԱՊԱ-ի անդամ այլ երկիրների հետ երկկողմ յարաբերութիւններն ուժեղ են, սակայն տարաձայնութիւններ են առաջացեր դրացի Մալեզիայի եւ Ինտոնեզիայի մէջ, որոնք երբեմն բաւական լարուեր են: Մալեզիան եւ Սինկափուրը առճակատուեր են Սինկափուրին խմելու ջուր մատակարարելու եւ Սինկափուրեան զինուած ուժերու` Մալեզիայի տարածքով անցնելու հարցերուն: Սահմանային հարցեր են առկայ Մալեզիայի ու Ինտոնեզիայի մէջ, որոնք երկուքն ալ հրաժարուեր են Սինկափուրին ծովային աւազ վաճառելէն` կապուած հողային տարածներու վէճերու հետ: Նախկին որոշ վէճեր, ինչպիսին, օրինակ, Փետրա Պրանքա կղզիի շուրջ եղած բանավէճն է, լուծուեր են միջազգային դատարանով: Մալակայի ծոցի մէջ ծովահենութիւնը կը մտահոգէ երկու կողմերուն ալ: Պրունեյի հետ առկայ են տնտեսական ամուր կապեր, եւ անոնք բաժնեկից են դրամանիշի արժէքը երկու երկիրներու միջեւ կնքված արժոյթի մասին համաձայնութեամբ, որմով Պրունեյի տոլարն ու Սինկափուրի տոլարը կը գործարկուին երկու երկիրներուն ալ:
Չինաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու առաջին փորձերը տեղի ունեցեր են 1970-ական թուականներուն, իսկ լիարժէք յարաբերութիւնները ձեւաւորուեր են 1990-ական թուականներուն: Այդ ժամանակէն ի վեր երկու երկիրները դարձեր են Հարաւարևելեան Ասիոյ պետութիւններու միութիւն եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութեան հիմնական դերակատարները` պահպանելով սերտ յարաբերութիւնները, ինչ որ պայմանաւորուած է նաեւ ասիական-խաղաղ ովկիանեան շրջանում Չինաստանի զգալի ազդեցութեամբ: Սինկափուրի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ Չինաստանի հետ իրենց հետաքրքրուածութիւնն աւելի մեծ է, քան տարաձայնութիւնները: Բացի այդ, Սինկափուր ը Չինաստանի կառուցողական մասնակցութեան ու խաղաղ զարգացման վճռական կողմնակիցն է շրջանի մէջ։ Չինաստանը դարձեր է Սինկափուրի ամենախոշոր առեւտրական համագործակցողը 2013 թուականէն` գերազանցելով Մալեզիային:
Սինկափուրն ու ԱՄՆ-ը հինէն ունին սերտ յարաբերութիւններ, մասնաւորապէս պաշտպանութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն: Սինկափուրը աշխուժացուցեր է տարածաշրջանի մէջ իր գործունէութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործին մէջ` երկրի ներսում վճռական պայքարելով ատոր դէմ: Այս նպատակով երկիրը աշխուժացուցեր է իր համագործակցութիւնը ՀԱՊԱ-ի անդամ երկիրներու եւ Չինաստանի հետ` ամրացնելու համար տարածքային անվտանգութիւնը: Երկիրը մասնակցեր է ծովային առաջին համատեղ զինավարժութիւններուն մէջ։ Ան սատարած է ԱՄՆ-ի ձեւաւորած առժամեայ միութեան` յանուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, զէնքի տարածման եւ համատեղ զօրավարժութիւններու կազմակերպման հարցերուն:
Սինկափուրեան զինուած ուժերը, հաւանական է, Հարաւարևելեան Ասիոյ մէջ արուեստագիտականօրէն առաւել զարգացածներէն են: Անոր կազմի մեջ կը մտնեն Սինգապուրի Հանրապետութեան բանակը, ռազմածովային եւ ռազմաօդային ուժերը: Երկրի ռազմական ուժերը կը հանդիսանան երկրի անկախութեան երաշխաւորը: Այս սկզբունքը վերաճեր է մշակոյթի. երկրի պաշտպանութեան գործում ընդգրկուած են երկրի բոլոր քաղաքացիները: Երկրի կառավարութիւնը ՀՆԱ-ի 4.9 %-ը կը ծախսէ ռազմական նպատակներով. պետական ծախսերու իւրաքանչիւր 4-րդ տոլարը կը ծախսուի պաշտպանութեան վրայ:
Սինկափուրի անկախացումէն ետք երկրին մէջ եղեր է հետեւակային երկու գունդ` բրիտանական սպաներու հսկողութեամբ: Այդ ուժը բաւական փոքր էր նոր երկրի անվտանգութիւնն ապահովելու համար, այդ իսկ պատճառով զինուած ուժերու զարգացմանն առաջնահերթութիւն է տրվել: Բրիտանիան իր զօրքերը Սինկափուրէն դուրս բերեր է 1971 թուականի սեպտեմբերին` թողնելով միայն բրիտանական, աւստրալիական եւ նորզելանտական ոչ մեծ բանակ` որպէս ռազմական ներկայութեան խորհրդանշան: Բրիտանական վերջին զինուորը Սինկափուրը լքած է 1976 թուականի Մարտին, Նոր Զելանտիայի զօրքերը հեռացեր են 1989 թուականին:
Նախնական աջակցութիւնը Սինկափուրը ստացեր է Իսրայելէն` մի երկրէն, որը ճանչցուած չէ դրացի իսլամ պետութիւններու` Մալեզիայի, Ինտոնեզիայի եւ Պրունեյի կողմէն: Երկրի անկախացումէն ետք սպառնացող մեծագոյն վտանգը Մալեզիայի ներխուժումը եղեր է: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներուն յանձնարարուած եղեր է զերօյէն ստեղծել Սինկափուրեան զինուած ուժեր, իսկ իսրայէլեան մասնագէտները ուսումնական փորձը փոխանցեր են Սինկափուրի զինուորներուն: Ռազմական դասընթացքները կազմակերպուեր են իսրայէլեան մոտելի հիմքով: Սինկափուրը նախկինի պէս կը ահպանէ ռազմական ուժեղ կապերը Իսրայէլի հետ եւ կը համարուի իսրայէլական զէնքի խոշոր գնորդներէն մէկը: Հակաթանքային «Մաթատոր» զէնքը սինկափուր-իսրայէլեան նոր համագործակցութեան օրինակ է:
Սինկափուրի օդային ուժերը կը մշակէ հարցերու լայն շրջանակ ինչպէս աւանդական, այնպես ալ ոչ աւանդական պատերազմներու հարցերով: Պաշտպանական գիտարուեստի ու գիտութեան գործակալութիւնը պատասխանատուութիւն կը կրէ ռազմական աղբիւրներու գնման մասով: Սինգապուրի աշխարհագրական սահմանափակ հնարաւորութիւնները կը նշանակեն, որ անոր օդային ուժերը պէտք է նախատեսեն յարձակման հնարաւորութիւնը այն պարագային, երբ իրենք չեն կարող նահանջել եւ վերախմբաւորուիլ: Բնակչութեան սահմանափակ թիւը, ուր աշխուժ ուժերը քիչ են, իսկ պահեստայինը` շատ, նոյնպես նպաստեր է ռազմավարական ծրագիրներու մշակմանը:
Սինկափուրի մէջ կը զորակոչուին ծառայութեանը պիտանի բոլոր տղամարդիկ, որոնց 18-ը լրացեր է` բացառութեամբ այն մարդկանց, որոնք ունին դատուածութիւն, եւ ովքեր կարող են ապացուցել, որ իրենց բացակայութիւնը դժուարութիւններ կը յարուցէ ընտանիքի մէջ։ Այն տղաները, ովքեր դեռ չեն վերջացուցեր նախաբուհական կրթութիւնը կամ քաղծառայութեան թոշակ կը ստանան, կարող են հրաժարուիլ ծրագիրէն: Թէեւ կանանց ծառայութիւնը պարտադիր չէ, բայց Սինգապուրի զինուած ուժերուն մէջ անոնց թիւը կ'աւելնայ. 1989 թուականէն անոնց արտօնուած է ռազմական մասնագիտութեամբ զբաղուիլ: Մինչեւ զինուորական ծառայութեան անցնիլը նորակոչիկը 9 շաբաթ կը վերապատրաստուի զինուորական պատրաստութեան պազայի մէջ:
Գլխաւոր կղզիի բաց հողատարածքներու սակաւութեան պատճառով զինավարժութիւնները յաճախ տեղի կ'ունենան ոչ մեծ կղզիներու մէջ, որոնք արգիլուած են քաղաքացիական մուտքի համար: Այդ կ'օգնէ նաեւ խուսափիլ գլխաւոր կղզիի ու քաղաքի նկատմամբ եղած ռիսկերէն: Սակայն վտանգաւոր կը համարուի մեծածաւալ զինավարժութիւններու կատարումը շրջանին մէջ. ատոնք 1975 թուականէն ի վեր կը կատարուին Թայուանի մէջ։ Զօրավարժութիւններ կը կատարուին նաեւ տասնեակ այլ երկիրներու մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, օտար ուժերու հետ զինավարժութիւններ տեղի կ'ունենան շաբաթը 1-2 անգամ:
Կղզիի սահմանափակ տարածքի պատճառով Սինկափուրի ռազմաօդային ուժերն ունին շարք մը պազաներ Աւստրալիայի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի մէջ։ Ռազմաօդային ուժերու 130 էսքատրիլիաներ տեղակայուած են Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ, իսկ 126 էսքատրիլիաներ` Քվինսլենտի մէջ: Սինկափուրն ունի մէկ էսքատրիլիա Ֆրանսայի հարաւը, ինչպէս նաեւ քանի մը ջոկատներ ԱՄՆ-ում` Սան Տիեկոյի մէջ, Գալիֆորնիոյ, Արիզոնայի, Կրանդ Փրերիի, Թեքսասի եւ այլ վայրերու մէջ:
Սինկափուրի զինուած ուժերը օգնութեան մեկներ են այլ երկիրներու գործողութիւններուն, օրինակ` Իրաքի եւ Աֆղանիստան մէջ։ Տարածաշրջանը Սինկափուրը օգներ է կայունացնելու իրավիճակը Արևելեան Թիմորում. օգներ է 2004 թուականին երկրաշարժէն ու ցունամիէն տուժած Ինտոնեզիայի Աչեհ նահանգին: 2014 թուականին Սինկափուրի զինուած ուժերը երկու նաւ մտցուցեր են Ատենի ծոց, որպէսզի օգնեն ծովահեններու դէմ պայքարին: Օգնութիւն ցուցաբերեր են նաեւ Քաթրինա եւ Հայյան թայֆուն փոթորիկներէն տուժածներուն: Սինկափուրը հինգ երկիրներու պաշտպանութեան համաձայնագրի անդամ է Աւստրալիայի, Մալեզիայի, Նոր Զելանտիայի, Միացեալ Թագաւորութեան հետ:
Սինկափուրը բաղկացած է 63 կղզիներէն՝ ներառեալ գլխաւոր կղզին՝ Փուլաու Ուճոնկը: Կան երկու խոշոր միաւորումներ Ճոհորի ու Մալեզիայի հետ՝ Ճոհոր-Սինկափուրեան Քաուզվէյը հիւսիսը եւ Թուասա երկրորդ ջրանցքը արեւմուտքին: Ճուրոնգ կղզին, Փուլաու Թեքոնկը, Փուլաու Ուպինը եւ Սենթոսան Սինկափուրի փոքր կղզիներէն ամենամեծերն են: Բնական ամենէն մեծ բարձունքը Պուքիթ Թիմահ բլուրն է` 163.63 մ բարձրութեամբ:
Սինկափուրի մակերեսը ընդարձակուեր է 581.5 կմ²-ուց 1960-ական թուականներին դառնալով 721.5 կմ², իսկ 2018 թուականին` 23 %-ով (130 կմ²): Կանխատեսումներու համաձայն` 2030 թուականին երկրի տարածքը կը հասնի 766 կմ²-ի: Որոշ նախագիծեր կ'ենթադրեն ոչ մեծ կղզիներու օգտագործումը՝ հողերու բարուեքելու միջոցով. նմանատիպ աշխատանքները աւարտած են Եուրոունկ կղզիին մէջ:
Սինկափուրի քաղաքայնացումը կը նշանակէ, որ այն կորսնցուցած է իր պատմական անտառներու 95 %-ը: Ներկայիս անոր բնաշխարհի կենդանատեսակներու ու բուսատեսակներու կէսէն աւելին առկայ են բնական արգելոցներու մէջ, ինչպիսիք են Պուքիթ Թիման եւ Արեւային Պուլոթի արգելոցները, որոնք կը կազմեն Սինկափուրի տարածքի 0.25 %-ը միայն: Որպէսզի պայքարին նման անկման դէմ, 1967 թուականին կառավարութիւնը ներադրած է Սինկափուրը քաղաք-այգու վերածելու ծրագիրը, որը ուղղուած է քաղաքայնացման խստութիւնը մեղմացնելուն եւ կեանքի որակի բարձրացմանը: Այդ ժամանակէն ի վեր Սինկափուրի տարածքի 10 %-ը յատկացուեր է արգելոցներու ու արգելանոցներու համար: Կառավարութիւնը կը ծրագրէ նաեւ պահպանել չխաթարուած վայրի բնութիւնը:
Սինկափուրի նշանաւոր այգիները կը ներառեն Սինկափուրի բուսաբանական այգին, 150-ամեայ արեւադարձային անտառը, որը Սինկափուրի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան առաջին վայրը կը հանդիսանայ, ծովածոցի այգիները, որոնք զբօսաշրջային կարեւոր ուղղութիւն են:
Սինկափուրն ունի արեւադարձային կլիմայ` առանց յատուկ ընդգծուած եղանակներու, հաւասարաչափ ջերմաստիճանով եւ ճնշմամբ, բարձր խոնաւութեամբ եւ յորդառատ անձրեւներով: Ջերմաստիճանը սովորաբար կը կազմէ 22-35 °C: Հակառակ ջերմաստիճանը տարուայ ընթացքին շատ չի տարբերիր, Նոյեմբեր-Յունուար ամիսներուն առկայ է վեցամսեայ հով՝ Հնդկաց Ովկիանոսի աւելի խոնաւ եղանակ:
Յուլիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն յաճախ մշուշ կը տիրէ, որ հետեւանքն է դրացի Ինտոնեզիայի թփուտներու հրդեհներով, այն որ շատ յաճախ կը նկատուիՍումաթրա կղզի մէջ: Թէեւ Սինկափուրի մէջ չի նկատուիր ամառային ժամանակ, բայց այն կը համընկնի ժամսլաքի ուղղութեամբ GMT+8 ժամանակային գօտիով մէկ ժամով աւելի շուտ, քան բնորոշ աշխարհագրական անձրեւին:
Սինկափուրը ունի զարգացած շուկայական տնտեսութիւն, որը պատմականօրէն հիմնուած է ընդլայնուած առեւտուրի վրայ։ Հոնկքոնկի, Հարաւային Քորէայի եւ Թայուանի հետ Սինկափուրը կը համարուի ասիական 4 վագրերէն մէկը, սակայն կը գերազանցէ անոնց մէկ բնակիչին բաժին ինկնող ՀՆԱ-ով: 1965-1995 թուականներին աճի թեմփը կազմեր է տարեկան 6 %, ինչ որ համապատասխաներ է բնակչութեան կեանքի մակարդակին.: Սինկափուրեան տնտեսութիւնը կը համարուի ամենատինամիք, պիզնեսի համար ամենէն յարմարաւէտ, ամենէն որարական, ամէնէն -ազատական, ամէնէն մրցունակ տնտեսութիւններէն մէկը: Տնտեսական ազատության գործակցով 2015 թուականին Սինկափուրի տնտեսութիւնը երկրորդ ամենէն մեծ տնտեսութիւնը եղեր է աշխարհի վրայ, իսկ պիզնես սկսելու պարզութեամբ վերջին տասնամեակին ամէնէն պարզ տեղը համարուեր է Սինկափուրը: Համաձայն փտածութեան ընդունման գործակիցի` Սինկափուրը բարձր կը գնահատուի` որպէս աշխարհի ամէնէն քիչ փտածութեան ունեցող երկրներէն մէկը Նոր Զելանտիայի եւ սքանտինաւեան երկիրներու հետ: 2016 թուականին Սինկափուրը Economist Intelligence Unit ընկերութեան հետազօտութիւններով երրորդ անգամ անընդմէջ համարուեր է աշխարհի ամէնէն թանկ քաղաքը:
Քանի մը տարի շարունակ Սինկափուրը եղեր է այն քիչ երկրներէն մէկը, որ վարկային հեղինակութեամբ մտեր է մեծ եռեակի մէջ, եւ ասիական միակ երկիրը, որ հասեր է այդ վարկանշին: Սինկափուրը դէպի իրեն կը գրաւէ մեծ չափով օտար ներդրումներ` շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքի, ցածր հարկերու, մասնագիտացուած աշխատուժի, զարգացած ենթակառուցուածքներու եւ փտածութեան զերօ մակարդակին: Սինկափուրը ունի նաւթի` աշխարհի մէջ ամենէն մեծ պահեստը եւ մէկ բնակիչին բաժին ինկնող ամենէն մեծ օտար ներդրումը: Սինկափուրի մէջ կան մօտ 7.000 ազգային ընկերութիուն ԱՄՆ-էն, Ճաբոնյէն եւ Եւրոպայէն: Կան մօտաւորապէս 1.500 ընկերութիւններ Չինաստանէն եւ մօտ այդքան ալ Հնդկաստանէն: Սինկափուրեան աշխատուժի մօտ 44 %-ը կը կազմեն ոչ Սինկափուրցիները: Ստորագրուեր է ազատ առեւտուրի մասին մօտ 10 համաձայնագիր այլ երկիրներու ու շրջաններու հետ: Հակառակ շուկայի ազատութեանը` Սինկափուրի կառավարութեան գործողութիւնները մեծ բաժին ունին Սինկափուրի տնտեսութեան մէջ, ինչ որ կը կազմէ ՀՆԱ-ի 22 %-ը:
Սինկափուրը Հնդկաստանի մեծութեամբ երկրորդ ներդրողն է: Այն խոշորագոյն 14-րդ ներմուծողն է եւ 15-րդ խոշորագոյն արտահանողը աշխարհի վրայ:
Year | GDP Nominal (Billion) | GDP Nominal Per Capita | GDP Real (Billion) | GNI Nominal (Billion) | GNI Nominal Per Capita | Foreign Reserves (Billion) | Avg. Exchange Rate (1 US$ to S$]] |
---|---|---|---|---|---|---|---|
2011 | S$ 346.353 | S$ 66,816 | S$ 342.371 | S$ 338.452 | S$ 65,292 | S$ 373.960 | S$ 1.2573 |
2012 | S$ 362.332 | S$ 68,205 | S$ 354.061 | S$ 351.765 | S$ 66,216 | S$ 324.081 | S$ 1.2498 |
2013 | S$ 378.200 | S$ 70,047 | S$ 324.592 | S$ 366.618 | S$ 67,902 | S$ 344.729 | S$ 1.2513 |
2014 | S$ 390.089 | S$ 71,318 | S$ 380.585 | S$ 378.329 | S$ 69,168 | S$ 340.438 | S$ 1.2671 |
Սինկափուրի արժոյթը սինկափուրեան տոլարն է (S$), որ կը թողարկէ Սինկափուրի արժոյթի վարչութիւնը (ՍԱՎ): Այն փոխադարձ փոխարինելի է Պրունէյի տոլարի հետ արժեքային արտայայտութեամբ 1967 թուականէն` պատմական սերտ յարաբերութիւններով պայմանաւորուած: ՍԱՎ-ի վարած դրամավարկային քաղաքականութիւնը կը տարբերուի կեդրոնական շատ դամատուներու վարած քաղաքականութիւնէն, որոնք կ'օգտագործեն տոկոսադրոյքները քաղաքականութիւնը կառավարելու համար:
Վերջին տարիներուն երկիրը կը նոյնականացուի օֆշորային գօտիներու հետ, քանի որ կը մեծնան օտար ներդրումները: Աւստրալացի միլիոնատէր Պրեթ Պլանտին եւ Ֆեյսպուքի համահիմնադիր միլիարտատէր Էտուարտո Սավերինը օրինակներ են հարուստ մարդկանց, որոնք հաստատուեր են Սինկափուրի մէջ (Պլանտին` 2013 թուականին, Սավերինը` 2012 թուականին): 2009 թուականին Սինկափուրը վերցուեր է հարկային «ստուերային ցուցակէն», բայց զբաղեցուցած է չորրորդ տեղը ֆինանսական գաղտնիութեան գործակիցով հարկային իրաւաբանական ցանցի համաշխարհային օֆշորային ֆինանսական ծառայութիւններուն մէջ: 2016 թուականի Օգոստոսին The Straits Times ամսագիրը հաղորդեր է, որ Ինտոնեզիան որոշեր է հարկային փախստարան ստեղծել Սինկափուրի հարեւանութեամբ գտնուող երկու կղզիներու մէջ,որպէսզի ինտոնեզական դրամագլուխը վերադարձուի հարկային դաշտ: 2016 թուականի Հոկտեմբերին Սինկափուրի արժւյթի վարչութիւնը բացահայտեր ու տուգաներ է UBS եւ DBS ընկերութիւններուն եւ դրամատնային արտօնագրէն զրկել Falcon Private բանկին` Մալեզիայի ինքնիշխան հիմնադրամի գայթաղկութեան մէջ անոնց ենթադրեալ մասնակցութեան համար:
Միլիոնատէրերու թիւով Սինկափուրը ունի ամենէն բարձր տոկոսը աշխարհի վրայ, ընդ որում վեց տնատէրերէն մէկը ամենափոքր հաշիւով ունի մէկ միլիոն ԱՄՆ տոլար: Այդ ցուցանիշի մէջ ներառուած չեն գոյքը, ձեռնարկութիւնները, պերճանքի առարկաները: Սինկափուրի մէջ սահմանուած չէ նուազագոյն աշխատավարձ` ակնածելով, որ այդ կ'ազդէ մրցունակութեան վրայ։ Երկիրը եկամուտներու ամենէն մեծ անհաւասարութիւնը ունի զարգացած երկիրներու շրջանակին մէջ:
Սինկափուրն աւանդաբար գործազրկութեան ամենացածր մակարդակն ունեցող երկիրներու թիւին կը պատկանի. այդ մակարդակը 2005-2014 թուականներու ընթացքին չի գերազանցերլ 4 %-ը` առաւելագոյն ցուցանիշին հասնելով 2005 թուականին (3.1 %), իսկ 2009 թուականի համընդհանուր ֆինանսական ճգնաժամի ժամանակ` 3 %: 2015 թուականի առաջին եռամսեակին գործազրկութիւնն իջեր է` հասնելով 1.8 %-ի:
Կառավարութիւնն տուն չունեցողներուն ու կարիքաւորներին օգնելու բազմաթիւ ծրագիրներ կը ներկայացնէ ընտանիքի ու հասարակական զարգացման նախարարութեան միջոցով, այդ պատճառով աղքատութիւնը ցածր է: Որոշ ծրագիրներ կը ներառեն տնային տնտեսութեամբ զբաղուողներու ապահովում, բժշկական անվճար ծառայութիւն պետական հիվանդանոցներու մէջ եւ երեխաներու կրթութեան վճարում, երեխաներու նպաստի վճարում մինչեւ 166.000 տոլար ծնուած իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, Բնակավայրի տնտեսութեանը յատուկ՝ վերաբերող վճարներու մուծում եւ այլն:
Հակառակ որ ընդունուած է, որ այս գործընթացն ընդհանուր առմամբ որոշիչ դեր ունի երկրի համար, կառավարութիւնը կը դիտարկէ այս աշխատողներու սահմանափակման հարցը, քանի որ օտարերկրեայ աշխատուժը կը կազմէ 80 % շինարարութեան ոլորտի եւ 50 % ծառայութիւններու ոլորտի մէջ: Արտագաղթածներու վարչութիւնը եւ հսկիչ անցակէտերը շարք մը պահանջներ կը ներկայացնեն մշտական բնակութեան իրաւունք ստանալու համար:
Ամբողջ աշխարհի մէջ Սինկափուրը կը համարուի տնտեսական հատուածի առաջատար` ունենալով մեծութեամբ երրորդ արժութային կեդրոնը, առաջատար երրորդ ֆինանսական կեդրոնը, Գազինոներու ու ազարթային խաղերու` մեծութեամբ երկրորդ կեդրոնը շուկայի: Այն առեւտուրի ու նաւթավերամշակման` մեծութեամբ երրորդ կեդրոնն է, աշխարհի վրայ առաջատարն է հորատող սարքերու արտադրութեամբ եւ նաւավերանորոգման կայաններով, կարեւորագոյն գործողութիւններու կեդրոն է:
Սինկափուրի տնտեսութիւնը բազմազանութիւն է. անոր կարեւոր ուղղութիւններէն են ֆինանսական ծառայութիւնները, արտադրութիւնը, նաւթավերամշակումը: Կարեւորագոյն ուղղութիւն է համակարգիչներու, համակրուած ծրագիրներու կատարելագործումը, որոնք 2010 թուականին կազմեր են երկրի ՀՆԱ-ի 27 %-ը եւ կը ներառեն էլեքթրոնիքայի, նաւթավերամշակման, քիմիքաթներու, մեքենաշինութեան եւ բժշկական գիտութիւններու ոլորտները: 2006 թուականին Սինկափուրի մէջ արտադրուեր է կիսահաղորդչային սարքերի կիսաֆապրիքաթ հանդիսացող սկաւառակներու 10 %-ը:
Սինկափուրին մէջ կը գործեն հեռահաղորդակցութեան, դրամատնային ոլորտի, փոխադրական (թրանսփորթային) ու արտադրական խոշոր ընկերութիւններ: Ատոնցմէ են Սինկափուրեան հեռահաղորդակցութիւն (Singapore Telecommunications), ST Engineering, Keppel Corporation, OCBC Bank, DBS Bank, United Overseas Bank ընկերությունները: 2011 թուականին ֆինանսական համընդհանուր ճգնաժամի պայմաններու մէջ Bloomberg-ի հարցումներով OCBC, DBS եւ UOB դրամատուները համարուեր են 1-ին, 5-րդ եւ 6-րդ ամենաուժեղ դրամատուները աշխարհի մէջ:
«Սինկափուրեան օդանաւային ուղիներ» ընկերութիւնը, Չանկի օդանաւակայանը եւ Սինգապուրի նաւահանգիստը արդյունաբերութեան համապատասխան ճիւղի առաջատարներն են: «Սինկափուրեան օդանաւային ուղիներ» ընկերութիւնը ամենահանրաճանաչ ընկերութիւնն է Ասիոյ մէջ Fortune ամսագրի` 2015 թուականին տրուած հարցումներու համաձայն: Այն աշխարհի մէջ ամենայայտնի օդանաւային ընկերութիւնն է` 20 տարի շարունակ ամերիկեան Travel + Leisure-ի կատարած հարցումների համաձայն: Չանկի օդանաւակայանը կը միացնէ 100 օդանաւային ընկերութիւններ, աւելի քան 300 քաղաքներ: Ռազմավարական նշանակութեան միջազգային օդանաւային այդ կեդրոնը ամենանշանաւոր օդանաւակայանն է աշխարհի մէջ:
Զբօսաշրջութիւնը երկրի տնտեսութեան մէջ նշանակալից դեր ունի. 2014 թուականին աւելի քան 15 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելեր է քաղաք-պետություն: Որպէսզի ընդլայնեն ճիւղը, 2005 թուականին օրինացուած է քազինոների գործունէութիւնը, սակայն «համալիր հանգստավայրերու» ընդամէնը երկու արտօնագիր տրուած է դրամի լուացման ու թմրամոլութեան դէմ պայքարի նկատառումներով: Տարեկան մօտ 200.000 զբօսաշրջիկ է այցելում Սինկափուր բժշկական ծառայութիւններէն օգտուելու համար: Այստեղ բժշկական ծառայութիւնները միտուած են ցուցանիշի մը, որու համաձայն տարեկան պէտք է սպասարկեն մօտ 1 միլիոն օտար հիւանդի` ապահովելով տարեկան մօտ 3 միլիարտ տոլար եկամուտ: 2015 թուականին Lonely Planet եւ The New York Times ամսագրերը Սինկափուրը համարեր է աշխարհի մէջ լաւագոյն 6-րդ երկիրը բժշկական սպասարկման ոլորտի մէջ:
Սինկափուրը կրթական կեդրոն է, ուր 2006 թուականին կրթութիւն ստացեր է մօտ 80.000 օտարերկրացի ուսանող: Օրական 5.000 մալեզիացի ուսանող կ'օգտագործէ Ճոհոր-Սինկափուրի երկաթգիծը, որը կ'անցնի ջրային տարածքով, Սինկափուրի դպրոցներուն մէջ կրթութիւն ստանալու նպատակով: 2009 թուականին Սինկափուրի ուսանողներու մօտ 20 %-ը եղեր է օտարերկրացի, որու հիմնական մասը եղեր են չինացիներ, հնդիկներ:
Տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ոլորտը Սինգապուրի տնտեսական հաջողության հենասյուներից է: Սինգապուրի կառավարությունը ղեկավարում է զանգվածային հաղորդակցության ցանցը Սինգապուրում` ներառյալ հեռուստատեսային ու հեռախոսային ցանցերը: Երբ Սինգապուրն առաջին անգամ ծածկույթ է ձեռք բերել, սինգապուրցիները կարող էին կիրառել հեռակապը իրար հետ շփվելու նպատակով, սակայն այն չէին կարող կիրառել քաղաք-պետության տարածքից դուրս գտնվողների հետ շփվելու նպատակով. այդ առիթով The Wall Street Journal-ի որոշ հրատարակումներ ենթարկվել են գրաքննության:
«Ինտելիգենտ կղզի» արտահայտությունը կիրառվել է 1990-ական թվականներին` բնութագելու համար կղզու բնակչության վերաբերմունքը համացանցին: Այս եզրը հիշատակված է Ուիլյամ Գիբսոնի «Դիսնեյլենդը մահավճռի հետ» էսսեում:
Համաշխարհային տնտեսական համաժողովում (2015) «Գլոբալ տեխնոլոգիական հաշվետվություն» զեկույցում նշվել է, որ սինգապուրցիները ամենից տեխնոլոգիական ազգն են: Դա պատկերացում է տալիս երկրում ցանցի տարածվածության մասին շուկայական, քաղաքական ու կառավարվող ենթակառուցվածքների տեսանկյունից: Սինգապուրը 2009-2013, 2015 թվականներին գլխավորել է Վասեդայի համալսարանի միջազգային էլեկտրոնային կառավարման վարկանիշը:
Սինգապուրը Deloitte եւ Google Consumer Barometer ընկերությունների` 2014 թվականին հրապարակած տվյալներով սմարթֆոնների տարածվածության ամենաբարձր ցուցանիշն ունի աշխարհում` 85-89 %: Բջջային հեռախոսների տարածվածության առումով յուրաքանչյուր 100 բնակչին բաժին է ընկնում 148 բաժնետեր:
Համացանցը Սինգապուրում տրամադրում են պետական Singtel, մասամբ պետական Starhub եւ M1 Limited ընկերությունները:
Equinix եւ նրա կրտսեր համագործակից Singapore Internet Exchange ընկերությունները համարվում են համացանցի բաշխման կետերը, որտեղ նրանք ծառայություններ են տրամադրում իրենց բաժանորդներին համացանցի միջոցով:
Քանի որ Սինկափուրը տարածքով փոքր կղզի է` բնակչութեան մեծ խտութեամբ, մասնաւոր մեքենաներու քանակը ճանապարհներուն սահմանափակուած է կեղտոտուածութիւնէն ու խցանումներէն խուսափելու նպատակով: Ինքնաշարժ գնողները պէտք է վճարեն մեքենայի շուկայական արժէքէն 1.5 անգամ աւելի գումար եւ իրաւունքի արտօնագիր, որը կ'արտօնէ ճանապարհներուն աշխատել մէկ տասնամեակ: Արտօնագրի իրաւունք ստանալու Սինկափուրեան արժէքով ԱՄՆ-ի մէջ կարելի է գնել Porsche Boxster մեքենայ: ինքնաշարժներու գիները Սինկափուրի մէջ էականօրէն բարձր են անգլիախօս երկիրներու մէջ առկայ գիներէն: Երկրի մէջ Փոխադրամիջոցները, ինչպէս նաեւ հետիոտները, ձախ երթեւեկութեանը կը հետեւին:
Սինկափուրի բնակիչները կ'երթեւեկեն նաեւ հեծանիւներով, հանրակառքերով, թաքսիներով, երկութողագիծով (գնացքով): Երկաթուղային փոխադրամիջոցը կը ղեկավարեն երկու ընկերութիւններ` SBS Transit եւ SMRT Corporation: Չորս ընկերութիւններ` Go-Ahead, Tower-Transit, SBS Transit եւ SMRT Corporation կը ղեկավարեն հասարակական Փոխադրամիջոցը «հանրակառքերու կայացման մոտելով», որու համաձայն վարորդները իրենք կ'առաջարկեն երթուղիներ: Կը գործէ թաքսիներու 6 ընկերութիւն, որոնք միասին ճանապարհ կը ձգեն մօտ 28.000 թաքսի: Տաքսին հասարակական երթեւեկության տարածված միջոց է:
Սինկափուրի մէջ ճանապարհների ընդհանուր ձգուածութիւնը կը կազմէ մօտ 3.356 քմ, որ կը ներառէէ նաեւ 161 քմ երկարութեամբ արագընթաց ինքնավար մայրուղիները: Սինկափուրի մէջ արտօնագրման մեքենականութիւնը ներդրուած է 1975 թուականին` դառնալով գնագոյացման կուտակման առաջին մեքենականացումը աշխարհի մէջ, որ կը ներառէ լրացուցիչ այլ չափանիշներ: Այն վերամշակուեր է 1998 թուականին, երբ ներդրուեր է էլեկտրոնային համակարգը, տեսահսկման գիտարուեստը:
Սինկափուրը միջազգային Փոխադրամիջոցային խոշոր հանգոյց է Ասիոյ մէջ, որ կը սպասարկէ ծովային ու օդային ամենաբանուկ առեւտրական ճանապարհները: Չանկի օդանաւակայանը օդանաւային խոշոր կեդրոն է Հարաւարևելեան Ասիոյմէջ եւ տարանցիկ կէտ Սիտնի-Լոնտոն ճանապարհին:
Երկրի մէջ կը գործեն հետեւեալ օդանաւակայաններ.
Սինկափուրի Չանկի օդանաւակայանը կը սպասարկէ աւելի քան 100 օդանաւային ընկերութիւններ, որոնք կը կապեն Սինկափուրը 70 երկիրներու 300 քաղաքներու հետ ամբողջ աշխարհի մէջ: Skytrax ընկերութեան տուեալներով այն 2006 թուականին լաւագոյնն է եղեր աշխարհի մէջ: Ազգային փոխադրողը «Սինկափուրեան օդանաւային ուղիներ» ընկերութիւնն է:
Սինկափուրի նաւահանգիստը կը կառավարէ PSA International եւ Jurong Port ընկերութիւններու կողմէն: 2005 թուականին այն եղեր է ամենածանրաբեռնուած երկրորդ նաւահանգիստը աշխարհի մէջ սպասարկուող թոննաներու քանակով` 1.15 միլիարթ թոն, որմէ 23.2 թոնը բաժին կ'իյնայ բեռնախցիկներուն: Այն աշխարհի ամենաբանուկ երկրորդ նաւահանգիստն է` այս ցուցանիշով զիջելով միայն Շանհայի նաւահանգստին: Այն աշխարհի մէջ բեռնատար փոխադրամիջոցով ամենածանրաբեռնուած նաւահանգիստն է եւ վառելիքով վերալիցքաւորման խոշորագոյն կեդրոնը:
Ջրամատակարարումը հասանելի է, արդիւնաւէտ եւ բարձրորակ: Ներդրուած է ջուրի օգտագործման արդիւնաւէտ մեքենականութիւնը, որը կը ներառէ ջուրի կրկնակի օգտագործում, քաղաքային անձրեւաջուրերու կիրառում, ծովի ջուրի քաղցրահամ դարձնելը աղազրկումով` փոքրացնելով իր ջրային կախուածութիւնը դրացի երկրներէն, մասնաւորապէս Մալեզիայից:
Սինկափուրեան մօտեցումը չի ենթադրեր բացառապէս ֆիզիքական ենթակառուցուածք. այն ամրագրուած է օրենսդրութեամբ եւ օրինաչափութիւններով, ջուրի գնագոյացմամբ, պետական կրթական հետազօտութիւններով եւ ծրագիրներու մշակմամբ:
2015 թուականի տուեալներով Սինկափուրի բնակչութիւնը կազմեր է 5.535.000 մարդ, որմէ 3.375.000-ը (60.98 %) եղեր են երկրի քաղաքացիներ, իսկ 3.375.000-ը (39.02 %)` մշտական բնակիչներ` օտար քաղաքացիներ, որոնք ուսանող եւ աշխատաւորներ եղեր են: Համաձայն 2010 թուականի մարդահամարի` Սինկափուրի բնակիչներու մօտ 23 %-ը եղեր են օտարերկրացիներ (քաղաքացիներ ու մշտական բնակիչներ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Սինկափուրի քաղաքացիների մօտ 10 %-ը եղեր են երկրի սահմաններէն դուրս ծնուած քաղաքացիներ), ոչ հպատակներ. բնակչութեան ընդհանուր թիւի մօտ 43 %-ը եղեր է օտարերկրացի:
Բնակիչներու 74.1 %-ը չինական ծագման է, 13.4 %-ը` մալայեական, 9.2 %-ը` հնդկական եւ 3.3 %-ը` այլ ծագման` ներառեալ եւրասիական: Մինչեւ 2010 թուականի մարդահամարը ամէն մարդ կարող էր արձանագրուեր որպէս մէկ ցեղի կամ հօրական ցեղի կրող: 2010 թուականէն ետք մարդիկ կարող են արձանագրուիլ բազմացեղ դասակարգմամբ, որու շնորհիւ կարող են ընտրել մէկ հիմնական եւ մէկ երկրորդական ցեղ, բայց ոչ երկու ցեղէն աւելիլ:
Քաղաքացիներու 90.3 %-ը կը բնակի իր սեփական տան մէջ, որու անդամներու միջին քանակը կը կազմէէ 3.43 մարդ (ներառեալ այն մարդիկ, ովքեր քաղաքացի կամ մշտական բնակիչ չեն համարուիր): Սակայն սակաւ հողատարածքի պատճառով բնակիչներու 80.4 %-ն կ'ապրի Սինկափուր օժանդակուած պետական բազմաբնակարան շէնքերուն մէջ, որոնք կը կոչուին HDB բնակարաններ (Housing and Development Board), քանի որ կը գտնուին կառավարութեան ենթակայութեան տակ, որ պատասխանատու է երկրի մէջ պետական բնակարաններու համար: Բացի այդ, HDB բնակարաններուն մէջ տնտեսվարող բնակիչներու 75.9 %-ն ունի մօտ 4 սենյակ (3 ննջասենեակ եւ 1 հիւրասենյակ): Սինկափուրի մէջ յաճախ կը հանդիպին օտարերկրացի տնային աշխատողներ. 2013 թուականի Դեկտեմբերի տուեալներով հաշուարկուած է մօտ 224.500 օտարերկրեայ տնային աշխատակից:
Սինկափուրի բնակչութեան միջին տարիքը կը կազմէ 40.5 տարեկան (2017), ծնելութեան մակարդակը մէկ կնոջ հաշիւով` 0.8 երեխայ (2014), ինչ որ ամենացածր ցուցանիշն է աշխարհի վրայ. բնակչութեան վերատադրման համար անհրաժեշտ է 2.1 երեխայ: Որպէսզի յաղթահարեն այդ խնդիրը, Սինկափուրի կառավարութիւնը վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին կը խրախուսէ օտարերկրացիներու ներգաղթը: Եւ անոնցց հաշուին ալ կրճատուեր է Սինկափուրի բնակչութեան թիւի անկումը:
Սինկափուր մէջ ամենէն տարածուած կրօնը պուտտայականութիւնն է. այդպէս յայտարարեր է բնակչութեան 33 %-ը վերջին մարդահամարի ժամանակ: Յաջորդ ամենէն տարածուած կրօնը քրիստոնէութիւնն է, որուն կը յաջորդեն իսլամը, տաոսականութիւնը եւ հինտուիզմը: Բնակչութեան 17 %-ը կրօնական որեւէ դաւանության չի հետեւիր: 2000-2010 թուականներուն մեծցեր է քրիստոնեաներու, տաոսականներու եւ կրօնական որեւէ դաւանութեան չհետեւողներու թիւը մօտ 3-ական տոկոսով, իսկ պուտտայականութեան հետեւորդներու թիւն անկում ապրած է: Pew հետազօտական կեդրոնի տուեալներու համաձայն` Սինկափուրի բնակչութիւնը աշխարհի ամենակրօնացուած ազգութիւնն է:
Սինկափուրի մէջ կան վանքեր եւ Տհարմա կեդրոններ, որոնցմէ երեքը աւանդաբար պուտտիսթական կեդրոններ են` Թերավատա, Մահայանա եւ Վայրայանա: Պուտտայականութեան հետեւորդներու մեծ մասը ծագումով չինացիներ են, որոնք կը հետեւին Մահայանայի աւանդոյթներուն. այդ հետեւանքն է այն հանգամանքով, որ քանի մը տասնամեակ միսիոներները երկիր մտեր են Թայուանէն ու Չինաստանէն: Թայլանտական Թհերավատա պուտտայականութիւնը վերջին տասնամեակին տարածուած է բնակչութեան (ոչ միայն չինացիներու) շրջանակներու մէջ։ Պուտտայական միջազգային Soka Gakkai International կազմակերպութիւնը, որ ճաբոնական կազմակերպութիւն է, կը համագործակցի Սինկափուրի շատ մարդկանց հետ, որոնք գլխաւորապէս չինական ծագում ունին: Վերջին տարիներուն թիպեթական պուտտայականութիւնը դանդաղօրէն զարգացում ապրած է երկրին մէջ: Այսպիսով, դաւանանքը Սինկափուրի մէջ 2015 թուականի տուեալներով հետեւեալ պատկերը ունեցեր է.
Սինկափուրը ունի պաշտօնական չորս լեզու` անգլերեն, մալայերեն, չինական մանդարին եւ թամիլերեն: Անգլերէնը ընդհանուր լեզու է. այն պիզնեսի եւ դպրոցներուն մէջ ուսումնառութեան լեզուն է: Սինկափուրի պետական մարմինները, պետական ծառայութիւնները, իրենց գրագրութիւնը կը վարեն անգլերէնով, եւ նոյնիսկ պետական այլ լեզուներով գրուած փաստաթղթերը, որպէս կանոն, պէտք է թարգմանուին անգլերէն:
Սինկափուրի Սահմանադրութիւնը եւ մնացած բոլոր օրէնքները գրուած են անգլերէնով, իսկ թարգմանիչներն անհրաժեշտ են, եթէ Սինկափուրի դատարան կը դիմեն այլ լեզուով: Անգլերէնը մայրենի լեզու է բնակչութեան միայն մէկ երրորդի համար. ընդ որում, Սինկափուրեան մալայեացիներու մօտ մեկ քառորդը, սինկափուրեան չինացիներու մէկ երրորդը եւ սինկափուրեան հնդիկներու կէսը անգլերէնը կը համարեն մայրենի լեզու: Սինկափուրցիներու 20 %-ը չի կրնար գրել կամ կարդալ անգլերէնով:
Սինկափուրցիները հիմնականին երկու լեզու կրող են, ընդ որում անգլերէնը կը համարուի ընդհանուր լեզու եւ որպէս երկրորդ լեզու մայրենի լեզու կը համարուի, որմով կը դասաւանդուին դպրոցներու մէջ` ամէն մարդու էթնիք ինքնաբաւութիւնն ու արժեհամակարքը պահպանելու համար: Սինկափուրցիներու շրջանակի պաշտօնական լեզուներ են անգլերէնը (80 % գրագիտություն), չինական մանտարինը (65 % գրագիտութիւն), մալայերէնը (17 % գրագիտութիւն) եւ թամիլերէնը (4 % գրագիտութիւն): Սինկափուրեան անգլերէնը հենուած է բրիտանական անգլերէնի վրայ, որ կը դրսեւորուի թէ՛ նախնական ձեւով եւ թէ՛ խօսակցական ձեւով, որ յայտնի է սինկլիշ (Singlish) անունով:
ԱնգլերԷնԸ այն լեզուն է, որմով Սինկափուրցիներու մեծամասնութիւնը կը խօսի տան մէջ `36.9 %` այդ ցուցանիշով գերազանցելով նոյնիսկ չինարէնին: Մօտ կէս միլիոն մարդ կը խօսի չինարէնի տարբերակներով` չաոշ, քանթոն, հոքիեն, թէեւ ատոնց կիրառումը կը նուազի ի հաշիւ մանտարինի եւ անգլերէնի: Սինկափուրեան հիերոկլիֆները չինական հիերոկլիֆներու պարզեցուած տարբերակն են: Սինկափուրի ընտանիքներուն մէջ կիրառուող լեզուներու վիճակագրութիւնը հետեւեալն է.
Սինկափուր ի կառավարութիւնը մալայերէնը պետական լեզու ընդուներ է 1960-ական թուականներին` Բրիտանիայէն անկախութիւ ստանալէն ետք, որպէսզի խուսափի դրացի մալայախօս երկիրներու` Ինտոնեզիայի ու Մալեզիայի միջեւ անջրպետի առաջացումէն: Այն ավելի շատ ունի խորհրդանշական, ոչ թե գործառական բնույթ: Մալայերէնը օգտագործուած է ազգային օրհներգին մէջ (Majulah Singapura): Ընդհանուր առմամբ, մալայերէն կը խօսին սինկափուրեան մալայեական համայնքին մէջ, ընդ որում Սինկափուրցիներու միայն 17 %-ն կը տիրապետէ այդ լեզուին, եւ 12 %-ն է այն կը կիրառուի որպէս մայրենի լեզու: Թէեւ Սինկափուրեան մալայերէնը պաշտոնապէս կը գրուի լատինատառ (Rumi script), շատ Սինկափուրցիներ կ'ուսումնասիրեն արաբերէնի վրայ հիմնուած տարբերակը (Jawi script):
Մօտ 100.000 Սինկափուրցիներ կամ բնակչութեան 3 %-ը կը խօսի թամիլերէով, որպէս իր մայրենի լեզուով: Թամիլերէնը Սինկափուրի մէջ պաշտօնական կարգավիճակ ունի, եւ փորձ չի եղեր խոչընդոտել հնդկական այլ լեզուներու կիրառումը:
Նախնական, միջնակարգ եւ բարձրագոյն կրթությիւնը հիմնականին հոգ կը տանի պետութիւնը: Բոլոր հաստատութիւնները` պետական եւ մասնաւոր, պէտք է արձանագրուին կրթութեան նախարարութեան մէջ: Անգլերէնը կը համարուի պետական բոլոր դպրոցներու ուսումնառութեան լեզուն. բոլոր նիւթերը կ'ուսուցանուին անգլերէնով` բացի մայրենի լեզուէն: Հակառակ մայրենի լեզու հասկացութիւնը ընդհանուր առմամբ կը վերաբերի միջազգային առաջին լեզուին, սակայն այն կը կիրառուի երկրորդ լեզուն մատնանշելու համար, քանի որ առաջին լեզուն անգլերէնն է: Այն ուսանողները, որոնք որոշ ժամանակ եղեր են օտար երկիր, կամ որոնք կը պայքարին իրենց մայրենի լեզուի համար, կարող են ընտրել աւելի պարզ ուսումնական ծրագիր կամ հրաժարուիլ դասաւանդուած նիւթէն:
Ուսումնառութիւնը կը կատարուի երեք փուլով` նախնական, միջին, մինչ բուհական: Պարտադիր է միայն առաջին փուլը: Նախնական դպրոց կ'նդունուին վեց տարեկանէն, որ բաղկացած է հիմնական քառամեայ դասընթացք է եւ երկամեայ նախընտրութիւնէն: Կրթական ծրագիրները միտուած են անգլերէնի, մայրենի լեզուի, ուսողութեան (մաթեմաթիկայի) ու բնական գիտութիւններու զարգացմանը: Միջին դպրոցին մէջ ուսումնառութիւնը կը տեւէ 4-5 տարի եւ կը բաժնուի յատուկ, չփոփոխուող, արագ (ակադեմիական) եւ օրինաչափական (արուեստագիտական) հոսքերու ամէն դպրոցի մէջ` կախուած ուսանողի ընդունակութիւններէն: դասընթացքի բաղադրիչները գրեթէ այնպիսին են, ինչպէս նախնական դպրոցին մէջ, հակառակ դասարանները աւելի մասնագիտացուած են: Մինչդեռ բուհական կրթութիւնը կը տեւէ 2-3 տարի աւագ դպրոցներու մէջ, որոնք մեծաւ մասամբ կը կոչուին կրտսեր քոլէճներ:
Պետական քննութիւնները նոյնականացուած են բոլոր դպրոցներու մէջ, ընդ որում քննութիւն տեղի կ'ունենայ ամէն փուլէն յետոյ: Կրթութիւն ստանալու առաջին վեց տարիներէն յետոյ սովորողները քննութիւն կ'անցնեն սկզբնական մակարդակէն, որը կ'որոշէ անոնց ընդգրկումը միջին դպրոցին մէջ։ Երկրորդ փուլի վերջը կը յանձնեն GCE «O» կամ «N» մակարդակի քննութիւնները, իսկ յաջորդ մինչ բարձրագոյն ուսումնական կրթութեան վերջը` GCE «A» մակարդակի քննութիւնները: Որոշ դպրոցներ ունին իրենց ուսումնական ծրագիրներու որոշակի ազատութիւն եւ յայտնի են որպէս ինքնավար դպրոցներ:
Միջնակարգ կրթութիւնէն յետոյ ուսումը կը ներառեն ճարտարագիտական 5 հիմնարկներ, հասարակական վեց համալսարան, որոնցմէ են Սինկափուրի Ազգային համալսարանը եւ Նանյանիի Գիտարուեստական համալսարանը մտնում են աշխարհի լաւագոյն 20 համալսարաններու մեջ:
Սինկափուրի ուսանողները բարձր առաջադիմութիւն են ցույց կու տան ուսուղութիւն (mathematic), գիտութեան ու ընթերցանութեան կրթական միջազգային քննութիւններուն: 2015 թուականին ինչպէս նախնական, այնպէս ալ միջին դպրոցներու աշակերտները բարձր վարկանիշ դրսեւորեր են Տնտեսական համագործակցութեան և զարգացման կազմակերպութեան 76 երկիրներու մեջ: 2016 թուականին Սինկափուրի ուսանողները գլխաւորած են Ուսանողներու կրթական ձեռքբերումներու գնահատման միջազգային ծրագիրը (PISA) եւ Ուսողական (Մաթեմաթիկական) ու բնագիտական կրթութեան միջազգային հսկողութեան (TIMSS):
2015 թուականին 107 երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած քննութիւններուն մէջ Սինկափուրի ուսանողները ամէնէն լաւ արդիւնքը դրսեւորած են: Անգլերէնի իմացութեան գործակիցով, որ 2016 թուականին ստուգուած է 72 երկիրներու մէջ, Սինկափուրը զբաղեցուցած է 6-րդ տեղը` դառնալով ասիական միակ երկիրը, որ տեղ զբաղեցուցած է լաւագոյն տասնեակին մէջ: Սինկափուրի` գրականութեան ոլորտի ուսանողները սկսած 1987 թուականէն (բացի` 2000 թուականէն) ամէն տարի Քեմպրիճի կազմակերպած քննութիւններուն մէջ կը շահին Անկուս Ռոսի մրցանակը, որ կը տրուի անգլիական գրականութեան` Բրիտանիայի սահմաններէն դուրս գտնուող լաւագոյն գիտակին: Մրցոյթին կը մասնակցին մօտ 12.000 մասնակից` տարբեր ազգութիւններու:
Սինկափուրը ընդհանուր առմամբ ունի առողջապահական արդիւնաւէտ համակարգ, հակառակ այդ ոլորտին մէջ անոր ծախսերը համեմատաբար ցածր են զարգացած երկիրներու համեմատութեամբ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնն աշխարհի առողջապահութեան մասին իր զեկոյցի մէջ նշեր է, որ Սինկափուրի առողջապահական համակարգը չորրորդ տեղը կը զբաղեցէ աշխարհի վրայ: Ընդհանուր առմամբ, վերջին երկու տասնամեակներուն Սինկափուրը մանկան մահացութեան ամենացածր ցուցանիշը ունի աշխարհի վրայ: Կեանքի տեւողութիւնը կը կազմէ 80 տարի տղամարդկանց եւ 85 տարի կանանց համար, ինչ որ կեանքի տեւողութեան առումով չորրորդ ցուցանիշն է աշխարհի վրայ։ Գրեթէ ողջ բնակչութեանը հասանելի են բարելաւուած ջրամատակարարումը եւ Առողջապահական պայմանները: 100.000 բնակիչին բաժին կ'իյնայ ՄԻԱՎ-ով 10 վարակակիր: Ճարպակալումը տարէցներու մօտ ցածր է 10 %-ից: Economist Intelligence Unit ընկերութիւնը 2013 թուականի ծնելիութեան ցուցանիշի գործակցով Սինկափուրը կեանքի որակով կը համարուի լաւագոյնը Ասիոյ մէջ եւ վեցերորդը աշխարհի վրայ:
Կառավարութեան առողջապահական համակարգը հիմնուած է 3M ձեւաչափի վրայ.
Սինկափուրի մէջ պետական հիվանդանոցները ունին ինքնավարութիւն իրենց կառավարման որոշումներուն մէջ եւ կը մրցակցին իրարու հետ: Գոյութիւն ունի օժանդակութեան ծրագիր ցածր եկամուտ ունեցողներու համար: 2008 թուականին առողջապահութեան 32 %-ը վճարուեր է կառավարութեան կողմէն: Այդ կը կազմէ Սինկափուրի ՀՆԱ-ի մօտաւորապէս 3.5 %-ը:
Հակառակ ոչ մեծ տարածքին` Սինկափուրի մէջ առկայ են տարբեր մշակոյթներ, լեզուներ, կրօնական դավանանքas a diversity of languages, religions, and cultures.: Սինկափուր ի նախկին վարչապետներ Լի Քուան Եուն եւ Կո Չոք Թոնկը յայտարարեր են, որ Սինկափուրի ազգը չի համապատասխաներ ազգի մասին աւանդական պատկերացումներուն` մատնանշելով, որ Սինկափուրցիները չեն խօսիր մէկ լեզուով, չունին նոյն դաւանանքը եւ սովորոյթները: Հակառակ այն բանին, որ անգլերէնը կը համարուի ազգութեան առաջին լեզուն, 2010 թուականի մարդահամարի տուեալներով Սինկափուրցիներու 20 %-ն անգրագէտ է անգլերենէն: Սակայն այդ ցուցանիշը բարելաւուած է, քանի որ 1990 թուականին Սինկափուրցիներու 40 %-ը անգրագէտ է եղեր անգլերենէն:
1819 թուականէն Սինկափուրը եղեր է բրիտանական նաւերու առեւտրական նաւահանգիստը Հնդկաստան երթալու ճանապարհին: Ըլլալով հիմնականին առեւտրական կեդրոն եւ անմիջապէս սահմանակից ըլլալով Մալեզիային` Սինկափուրը ենթարկուեր է օտար բազմաթիւ ազդեցութիւններու ինչպէս Մեծ Բրիտանիայի, այնպէս ալ ասիական երկիրներու կողմէն: Չինացի եւ հնդիկ աշխատաւորները Սինկափուր տեղափոխուեր են ծովածոցի մէջ աշխատելու նպատակով: Երկիրը Բրիտանիայի գաղութը եղեր է մինչեւ 1942 թուականը:
Երբ Սինկափուրը 1963 թուականին անկախութիւն ձեռք բերաւ Բրիտանիայէն, Սինկափուրի քաղաքացիներէն շատերը եղեր են անգրագէտ մարդիկ, որ Սինկափուր հաստատուեր են Մալեզիայէն, Չինաստանէն եւ Հնդկաստանից` ցանկանալով գումար աշխատել և մտադրված չլինելով այնտեղ երկար մնալ: Տեղի բնակիչներէն միջին խաւի մարդիկ բաւական քիչ եղեր են, որոնք յայտնի են եղեր որպէս փերանականներ կամ պապա-նիոնյեներ` 15-16-րդ դարու չինական ներգաղթեալներ: Բացի փերանականներէն, որոնք խոստացեր էին հաւատարիմ մնալ Սինկափուրին, աշխատաւորներու մեծ մասը կ'ենթարկուէր հարազատ Մալեզիային, Չինաստանին եւ Հնդկաստանին: Անկախութիւն նուաճելէն ետք կառավարութիւնը կը սկսի սինկափուրեան մշակոյթի ստեղծմանը միտուած գործունէութիւն ծաւալել:
Սինկափուրեան ամէն ազգութեան վարք ու բարքի ու կեցութեան վրայ, այլ հանգամանքներէն բացի, կ'ազդեն լեզուին ու դաւանանքին: Անգլերէնը որպէս մայրենի կրող Սինկափուրցիները հակուած են արեւմտեան մշակոյթին, մինչդեռ չինարէնը որպէս մայրենի կրողները` չինական մշակոյթին ու Confucianism կոնփուկիոսեանութեան: Մալայերէնով խօսող Սինկափուրցիները հակուած են մալայեական մշակոյթին, որը սերտօրէն առնչութիւն ունի իսլամական մշակոյթին:
Ցեղային ու կրօնական ներդաշնակութիւնը Սինկափուրցիներու յաջողութեան գրաւականն է, Սինկափուրի յաջողութեան մասը, որ որոշակի դեր ունեցեր է Սինկափուրցիի ձեւաւորման վրայ:
Սինկափուրի ազգային ծաղիկը հիպրիտային խոլորձն է` Վանտա միսս Ճոակիմը, որն այդպէս անուանուեր է ի պատիւ Սինկափուրի մէջ ծնուած ծագումով հայ կնոջ, որ 1893 թուականին Թանճոնկ Փակարի իր այգիին մէջ խաչասերման միջոցով ստացեր է ծաղիկը: Ազգային շատ մը խորհրդանիշերերուն մէջ, ինչպէս են Սինկափուրի զինանշանը եւ Մերլայընը, տեղ գտեր է առիւծը, քանի որ Սինկափուրը յայտնի է որպէս «Առիւծի քաղաք»: Կրօնական հիմնական տօները տօնական օրեր են:
Սինկափուրը տայաք-պետութեան հեղինակութիւն ունի (քաղաքականութիւնը կամ կառավարութիւնը չափազանց կը պաշտպանէ կամ կը խառնուի անհատներւ ընտրութեանը), սակայն ամէն դեպքի մէջ, կառավարութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ մերիթոքրաթիային, որու համաձայն ամէն մէկը իր տեղը կը գտնէ իր ունակութիւններուն համապատասխան` անկախ հասարակական ծագումէն ու ֆինանսական վիճակէն:
Երկրի բազմազան սնունդը կը գովազդուի որպէս երկրի այցեքարտերէն մէկը, իսկ սննդամթերքի բազմազանութիւնը, որ կը կիրառեն էթնիքական տարբեր խումբերը, երկրի կառավարութիւնը կը դիտարկէ որպէս բազմամշակոյթի խորհրդանիշ:
Հանրամատչելի մշակոյթի մէջ սննդամթերքի տարբեր տեսակները կը վերաբերին էթնիքական որոշակի խումբերի` վառ ընդգծուած չինական, մալայեական եւ հնդկական խոհանոցներով: Խոհանոցի բազմազանութիւնն աւելի է մեծցեր` շնորհիւ տարբեր խոհանոցներու աւադոյթների հիպրիտացման, օրինակ` փերենաքա խոհանոցը չինական ու մալայեական խոհանոցներու խառնուրդն է:
1990-ական թուականներէն կառավարութիւնը կը զարգացնէ Սինկափուրը որպէս արուեստի ու մշակոյթի կեդրոն: Ուշադրութիւն կը դարձուի կատարողական արուեստին: Սինկափուրը համաշխարհայնական երկիր է, «արևելքի ու արևմուտքի միջև ինկած դարպաս»: Մշակութային կարեւոր կեդրոններէն ու միջոցառումներէն են.
Սինկափուրցի նաւավարները որոշակի յաջողութիւններու հասեր են միջազգային մրցասպարէզներուն, իսկ անոնց «Օփթիմիսթ» թիմը լավագոյններէն մէկը կը համարուի աշխարհի վրայ։ Նշանաւոր նավավարներէնեն Քոլին Չենկը եւ Քելի Չանը:
Սինկափուրի ֆութպոլի լիկան մեկնարկեր է 1996 թուականին եւ ներկայիս բաղկացած է 9 թիմերէն, ներառեալ` երկու օտարերկրեայ: Պրոֆեսիոնալ բասկետբոլի Singapore Slingers թիմը հանդէս կու գայ Աւստրալիայի պասքէթպոլի ազգային լիկայի մէջ եւ առաջատարներէն մէկն է պասքէթպոլի Ասիական լիկայի մէջ, որ հիմնադրուերէ 2009 թուականի Հոկտեմբերին:
Սինկափուրը 2008 թուականին սկսեր է մասնակցիլ Ֆորմուլա 1 մրցաշարքերուն եւ կազմակերպել Սինկափուրի Կրան պրի: Մրցաշարքը կը կայանայ Մարինա Պէյ Սթրիթ մրցուղիի մէջ. այն եղեր է Ֆորմուլա 1-ի` Ասիոյ մէջ կայացած առաջին մրցաշարքը: Ըստ կնքուած պայմանագիրի` Սինկափուրը մրցաշարքին մէջ կը մնայ մինչեւ 2021 թուականը, նախորդ պայմանագիրը ստորագրուեր էր 2012 թուականին` ընդգրկելով մինչեւ 2017 թուականը:
2010 թուականին Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցեր են առաջին պատանեկան Ողլիմպիական խաղերը:
Սինկափուրի մէջ կը կազմակերպուին Ասիոյ մէջ խոշորագոյն ընդհանուր մենամարտերը` ONE Championship անունով: Գովազդային գործերու ցանկին մէջ նշանաւոր այնպիսի մարտիկներ են, ինչպէս Պեն Ասքրենը, Ռոճըր Կրեյսին, Պրենտոն Վերան և Սինիա Աոքին:
Կառավարութեան հետ կապ ունեցող ընկերութիւնները կը հսկեն հայրենական ԶԼՄ-ները Սինկափուրի մէջ: MediaCorp ընկերութիւնը կը ղեկավարէ անվճար հեռուստաընկերութիւններու և ռադիոկայաններու մեծամասնութիւնը երկրի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, այն կը տրամադրուի անվճար եօթ հեռուստաալիք: Starhub Cable Vision ընկերութիւնը կը տրամադրէ քապելային հեռուստաալիքներ ողջ աշխարհէն, իսկ Mio TV ընկերությունը մատուցում է թվային ծառայություններ and Singtel's Mio TV provides an IPTV service.: Singapore Press Holdings կազմակերպութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է կառավարութեանը, կը վերահսկէ մամուլի մեծ մասը Սինկափուրի մէջ:
ԶԼՄ-ները Սինկափուրի մէջ յաճախ կ'ենթարկուին քննադատութեան չափէն դուրս կառավարուելու և իրաւապաշտպան խումբերու ազատութեան բացակայութեան համար: կ'ըսեն, որ ինքնաքննադատութիւնը լրագրողներու շրջանակին մէջ համընդհանուր բնոյթ կը կրէ: Սինկափուրը 2014 թուականին, ֆրանսւացի լրագրողներու ուսումնասիրութիւններու համաձայն, ամենացածր վարկանիշը ունեցեր է մամուլի ազատութեան չափանիշով: ԶԼՄ-ների զարգացման վարչությունը վերահսկում է սինգապուրյան ԶԼՄ-ները` պահանջելով հեռացնել վնասաբեր նյութերը:
Արգիլուած է արբանեակային ալեհաւաքներու մասնաւոր սեփականութիւնը: 2016 թուականին Սինկափուրի մէջ կար համացանցի մօտ 4.7 միլիոն օգտատէր, որ կը կազմէ բնակչութեան ընդհանուր թիւի 82.5 %-ը: Սինգապուրի կառավարությունը չի մասնակցում համացանցային կայքերի գրաքննութեանը, սակայն մօտ 100 կայք արգելափակուած է «որպէս Սինկափուրեան հասարակութեան համար անցանկալի և վնասակար բովանդակութիւն ունեցող կայքեր»: Քանի որ արգելուած կայքերը անհասանելի են միայն տնային պայմաններով, օգտատէրերը նախկինի պէս կարող են ատոցն այցելել իրենց գրասենեակային համակարգիչներէն:
Ուիքիպահեստ նախագիծի Սինկափուր ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |
Կաղապար:Ասիական երկիրներ Կաղապար:Ասիական երկիրներու մայրաքաղաքներ
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Սինկափուր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.