Ամազոնի Անտառներ

Ամազոնի անտառներ, խոնաւ արեւադարձային մշտադալար լայնատերեւ անտառներու հսկայական տարածք, աշխարհի մեծագոյն արեւադարձային անտառները: Կը գտնուին Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Անտառները ունին 5,5 միլիոն քառ.

Քմ. տարածութիւն, որ հաւասար է մոլորակին միւս արեւադարձային անտառներուն ընդհանուր մակերեսին կէսին: Անտառները կ'ընդգրկեն ինը երկիրներ (Պրազիլ, Փերու, Քոլումպիա, Վենեզուելլա, Էքուատոր, Պոլիվիա, Գայանա, Սուրինամ եւ Ֆրանսական Գվիանա): Ամազոնի անտառներուն մէջ կը գտնուի ամենաջրառատ եւ ամենամեծ գետը, որ կը կոչուի Ամազոն։ Անիկա յառաջացած է Մարանոն (Maranon) եւ Ուքայալի (Ucayali) գետերու միախառնումէն։ Ամազոն գետին մեծ մասը կը հոսի Պրազիլ։

Ամազոնի Անտառներ

Ամազոնի անտառները կը համարուին աշխարհի ամենագեղեցիկ անտառներէն։ Ամազոնի անտառները կը համարուին Երկիր մոլորակին թոքերը:

Ամազոնի բնակիչները

Ամազոնի Անտառներ 
Ամազոնի մէջ գետ մը

Պրազիլի մէջ հնդիկները մօտաւորապէս մէկ միլիոն են, եւ անոնցմէ մաս մը կ'ապրի Ամազոնի անտառին մէջ, աշխարհէն հեռու: Ամազոնի անտառը կը ծածկէ Պրազիլի մեծ մասը: Ամազոնի անտառին մէջ գոյութիւն ունին նաեւ բազմաթիւ ցեղախումբեր: Այդ ցեղախումբերէն մէկը եանոմամիներու ցեղախումբն է: Անոնց թիւը կը հասնի 19 հազարի, եւ անոնք կ'ապրին 19 միլիոն քառակուսի քմ. տարածութեան մը վրայ, հիւսիսի լեռներուն եւ անտառին մէջ:Անոնք կը շինեն բոլորաձեւ մեծ տուներ, ուր երբեմն կ'ապրին մինչեւ 400 անձեր:Անոնք կ'ապրին որսորդութեամբ եւ բոյսեր կը քաղեն սնանելու եւ բուժուելու համար:Կ'ենթադրուի, որ շուրջ հարիւր մեկուսացած ցեղախումբեր գոյութիւն ունին Ամազոնի մէջ: 2017-ին անօդաչու սարք մը թռցնելով Պրազիլի վայրի անտառին վրայ, գիտնականները գտած են մեկուսացած ցեղախումբի մը անդամները, որոնք անտառին խորերը կ'ապրին եւ բնաւ հաղորդակցութեան մէջ չեն մտած քաղաքակրթութեան հետ: Անոնք մեկուսացած ցեղախումբ մըն են: Անոր անդամները կ'ապրին Ժաւարիի հովիտին մէջ, որ Պրազիլի Ամազոնաս նահանգին հարաւ-արեւելքը գտնուող շրջան մըն է:

Կենսաբազմազանութիւն

Հարաւային Ամերիկայի խոնաւ արեւադարձային անտառները (Սելվա) կ'առանձնանան ամենամեծ կենսաբազմազանութեամբ: Անասուններու եւ բոյսերու բազմազանութիւնը հոն շատ աւելի է, քան Ափրիկէի եւ Ասիոյ արեւադարձային անտառներուն մէջ: Կան առնուազն 40.000 բոյսերու տեսակներ, 3000 տեսակ ձուկ, 1.294 տեսակի թռչուններ, 427 տեսակի կաթնասուններ, 428 տեսակի երկկենցաղներ, 378 տեսակի սողուններ եւ 96.660-ից մինչեւ 128.843 տեսակի տարբեր անողնաշարներ:

Երկրի վրայ Ամազոնի խոնաւ անտառներուն մէջ կան 16.000 ծառատեսակներ.

Կենդանական աշխարհ

Ամազոնի մէջ կան բազմաթիւ անասուններ, որոնք կրնան լուրջ վտանգ ներկայացնել մարդոց համար: Մեծ գիշատիչներէն է յովազը: Կան նաեւ թունաւոր օձեր, ինչպէս նաեւ «շագանակագոյն սարդեր» Loxosceles: Գետերուն մէջ կան ելեկտրական կատուաձուկեր, որոնք կրնան մարդը սպաննել, ինչպէս նաեւ քաղցրահամ ջուրերու դլփիններ:

Մարդոց մէկ մասը կ'ըսէ, որ Ամազոնի անտառներուն մէջ ապրիլը շատ վտանգաւոր է, քանի որ այս անտառներուն մէջ կ'ապրին վտանգաւոր անասուններ եւ միջատներ։

Ամազոնի ամենավտանգաւոր անասունը կը համարուի Փիրանհա (Piranha) անունով ձուկը, որ կ'ապրի Ամազոն գետին մէջ։ Այս ձուկը կրնայ մէկ վայրկեանուան ընթացքին մարդը յօշոտել։

Բացի փիրանհաներէն Ամազոնի գետին մէջ կ'ապրին կոկորդիլոսներ։

Ամազոնի Անտառներ 

Ծառերուն վրայ կ'ապրին զանազան տեսակի երկկենցաղներ՝ ծառամագլցողներու ընտանիքէն, որոնց մաշկը թոյն կ'արտադրէ: Հոս կը բնակին նաեւ տարբեր մակաբոյծներ եւ վարակիչ հիւանդութիւններ տարածողներ, ինչպէս՝ չղջիկներու որոշ տեսակներ: Խոնաւ տաք միջավայրը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ մալարիայի, արեւադարձային տապի եւ այլ վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման:

Խոնաւ անտառներուն մէջ կան միջատներ: Անոնց բազմաթիւ ներկայացուցիչներն են մրջիւնները ։ Ծառերուն վրայ կարելի է հանդիպիլ բզէզներու եւ թիթեռնիկներու:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Փիրանհա ձուկը

Tags:

Ամազոնի Անտառներ Ամազոնի բնակիչներըԱմազոնի Անտառներ ԿենսաբազմազանութիւնԱմազոնի Անտառներ Կենդանական աշխարհԱմազոնի Անտառներ ԾանօթագրութիւններԱմազոնի Անտառներ Արտաքին յղումներԱմազոնի ԱնտառներՊոլիվիաՊրազիլՔոլումպիա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Վաղարշ Բ.ԻրանԿեդրոնական Հետախուզական ՎարչութիւնՀաւանաԱփրիկէՊելճիքաՃոան ՌոուլինկՍանսկրիտՄուշեղ ԻշխանՄայամիԱրեւմտահայերէնՎանԳետաձիերԱթէնքՁուկերԱզրպէյճանՓարասեթամոլԽաչիկ ՏէտէեանԱլզայմըրի ՀիւանդութիւնԼենկ-ԹիմուրՅովհաննէս ՈսկեբերանՄիշիկընԻնսթակրամԳարեգին ՆժդեհՃոն ԼենընԵպիսկոպոսԱգաթանգեղոսԿաղանդ պապաԼաստիվերՎրոցլավԿատուներՍ. Յակոբ ՄծբնացիՀիւսիսային ՔորէաՔիմոլոսՍեն ՓեթերսպուրկՎեզուվիօԴեղաբոյսերՀամաս12 ՅուլիսՍանահինի ՎանքՄոլտովաՄայքըլ ՃորտընՎրաստանՎարակիչ ԿակղամորթախտՔաղցկեղՄտքի ԱզատութիւնԵրկիրՓիոթըր ՉայքովսքիԱպու ՏապիՀամպուրկՊասուց ՏոլմաԶրադաշտականութիւնՆորա ԱրմանիԿարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի Միջազգային Շարժում1984 (Վէպ)Կաթոլիկ եկեղեցիԱւագ ՀինգշաբթիՌուսերէնՅունաստանՔալիֆորնիաՄարաթոնի ճակատամարտԻնքնիշխան պետութիւնԳիտութիւնՊիթլսԷմանուէլ ՄաքրոնԾովից ծով ՀայաստանՃափոնՉիլէՈրկորԼոձԳահիրէՔրոնոսՎահէ (անձնանուն)Աւստրալիա🡆 More