Փետրուարեան Ապստամբութիւն

Փետրուարեան ապստամբութիւն, 1921, Փետրուար 13-ին սկիզբ առած հակախորհրդային շարժում Խորհրդային Հայաստանի մէջ, Ճնշուած է 1921, Ապրիլ 2-ին՝ պոլշեւիկներու կողմէն։ Խորհրդային մամուլին մէջ, կը յիշատակուէր որպէս Փետրուարեան խռովութիւն։

Ապստամբութեան Սկիզբ

Չկրնալով դիմադրել թրքական յարձակման եւ տեղի տալով պոլշեւիկեան Ռուսիոյ ճնշման՝ 1920 թուականի Դեկտեմբերին դաշնակցականները Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարումը կը յանձնեն համայնավարներուն։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ձերբակալուեցան շուրջ 1000 դաշնակցականներ, որոնցմէ շատերը սպանուեցան, միւսներն ալ ղրկուեցան Պաքուի եւ Ռուսիոյ բանտերը։

Փետրուարեան Ապստամբութիւն 
Պոլշեւիկեան ուժերու կողմէն սպաննուած Երեւանի բանտարկեալները

1921, Փետրուար 13-ին, դաշնակցականներու գլխաւորութեամբ Հայաստանի մէջ, բռնկեցաւ քաղաքացիական ապստամբութիւնը, որուն ազդանշանը տուին Արագածի ստորոտը՝ վերաբնակուած սասունցիները։ Անոնք օգտուած էին այն հանգամանքէն, որ Կարմիր բանակի զօրամասերը դուրս ելած էին Հայաստանէն՝ Վրաստանը խորհրդայնացնելու նպատակով։ Ժողովրդական ապստամբութիւնը եւ քաղաքացիական կռիւները սկսան տարերայնօրէն եւ ընդգրկեցին քանի մը շրջաններ։ Փետրուար 16-18-ը, ապստամբները նախկին խմբապետներու գլխաւորութեամբ իշխանութեան գլուխ անցան։ Փետրուար 18-ին, Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ ապստամբները մտան Երեւան, ուր ստեղծուեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»՝ նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ:

Փետրուարեան Ապստամբութիւն  Պոլշեւիկեան իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ վերացած էր։ Մինչեւ կառավարութեան կազմուիլը ամբողջ իշխանութիւնը կը գտնուի Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ձեռքին։ Փետրուարեան Ապստամբութիւն 

Մինչեւ ետ քաշուիլը՝ պոլշեւիկները մէկ գիշերուան ընթացքին, կացնահարեցին Երեւանի բանտին մէջ պահուող գրեթէ բոլոր բանտարկեալները։ Անոնց մեծ մասը նախկին պաշտօնեաներ ու ռազմական գործիչներ էին, որոնց պոլշեւիկները ձերբակալած էին իշխանութեան գլուխ անցնելէն անմիջապէս ետք։ Սպանուածներու թուին կային Համազասպ Սրուանձտեանը, գնդապետ Ղորղանեանը, ֆետայիներ Սերգօն, Մարկեդոնը, Գրիգորը եւ այլեր։

Խորհրդային Հայաստանի պետական եւ պոլշեւիկեան կուսակցութեան ղեկավար մարմինները Հայաստանի բանակի իրենց հաւատարիմ ուժերով եւ 2 զրահագնացքով հեռացան Երեւանէն։ Անոնք կեդրոնացան Ղամարլիի (Արտաշատ) - Վեդի-Բասար (Արարատ) շրջանին մէջ, իյնալով ապստամբներու շրջապատման մէջ։ Խորհրդային իշխանութիւնը պահպանուեցաւ հիմնականօրէն Համամլու (Սպիտակ) - Ղարաքիլիսէ (Վանաձոր) - Դիլիջան - Շամշադին (Տաւուշ) գօտիին մէջ։

Ապստամբութիւնը կը հենէր ժողովրդական զանգուածներու, առաջին հերթին արեւմտահայ գաղթական բնակչութեան աջակցութեան վրայ։ Նախ ռազմական գործողութիւնները կ'ընթանային փոփոխակի յաջողութեամբ, իսկ ռուսական զօրամասերու վերադարձէն ետք, ոյժերու յարաբերակցութիւնը դասաւորուեցաւ ի վնաս ապստամբներուն։ Ռուսական 11-րդ բանակի ոյժերով, կազմաւորուեցաւ Երեւանի ուղղութեան զօրքերու խումբ, որ ապստամբութիւնը ճնշելու եւ Երեւանը գրաւելու գործունէութիւնը ստանձնեց։ Երեւանի վրայ յարձակումը կը կատարուէր Սեւանի եւ Համամլուի (Սպիտակ) ուղղութիւններէն։

1921, Մարտ 16-ին, Մոսկուայի մէջ, Պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ Քեմալական Թուրքիոյ միջեւ կը կնքուի բարեկամութեան եւ եղբայրութեան պայմանագիր։ Մարտ 20-ին ռուսական բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ՝ Գէորգի Օրջոնիկիձեն վերջնագիր կը ներկայացնէ Հայաստանին։ Վերջնագիրը Թիֆլիսէն Երեւան կը բերէ բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը։ Սակայն Թումանեանին չի յաջողիր համոզել Վրացեանին եւ վերջնագիրը կը մնայ անպատասխան։

Պարտութիւն

Զոհերէն խուսափելու համար 11-րդ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ Գէորգի Օրջոնիկիձեն Մարտ 20-ին վերջնագիր ներկայացուց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին։ Նոյն օրը Թիֆլիսէն, Երեւան ժամանեց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը։ Ան հանդէս եկած էր յօդուածներով եւ ներազգային պայքարն ու մարդկային զոհեր տալը կը համարէր բախտախնդիրներու գործ։ Ազգային մեծ գործիչը ցաւ կ'ապրէր ժողովուրդի արիւնը թափելուն համար։ Անոր համար գլխաւորը համազգային շահերն էին, հաշտութիւնը, ուստի Կարմիր բանակին եւս կոչ կ'ընէր դադրեցնելու անիմաստ պատերազմը։ Խորհրդային զօրքերը Ապրիլ 2-ին մտան Երեւան, ուր վերահաստատուեցաւ խորհրդային իշխանութիւնը։

Փետրուարեան Ապստամբութիւն 
Նիւ Յորք Թայմս (17 Մարտ, 1921 թուական).
«Հայ ապստամբները տապալած են
խորհրդային իշխանութիւնը»

Ապստամբները, հաշուի առնելով ուժերու խիստ անհաւասարութիւնը եւ խուսափելով նոր զոհերէն, այլեւս դիմադրութիւն ցոյց չտուին։ Անոնք Բաշ-Գիառնիի վրայով նահանջեցին Զանգեզուր, ուր կը շարունակէին Գարեգին Նժդեհի ղեկավարած ինքնապաշտպանական մարտերը։ Հայաստանի մէջ, խորհրդային իշխանութեան յաղթանակը անխուսափելի էր, որովհետեւ այդ իշխանութեան թիկունքին կանգնած էր Խորհրդային Ռուսիան։

Ապստամբներու սկզբնական խնդիրը ընկերներուն բանտարկութենէն ազատելն էր, որ լուծուեցաւ։ Այնուհետեւ իշխանութեան գրաւումը, ոյժերու գոյութիւն ունեցող յարաբերակցութեան պայմաններուն մէջ, հեռանկար չունէր։ Դաշնակցութեան կողմէն, քաղաքացիական պատերազմի բորբոքումը իզուր արիւն թափել ու զոհուիլ կը նշանակէր եւ չէր բխեր ազգային շահերէն։

Ապստամբութիւնը բացասականօրէն ազդեց Հայաստանի ոչ միայն ներքին կեանքին, այլեւ՝ արտաքին յարաբերութիւններուն։ Ապստամբութեան օրերուն Մոսկուայի մէջ ընթացող Խորհրդային Ռուսիա-Թուրքիա բանակցութիւնները հանգեցուցին Հայաստանի համար ոչ ձեռնտու պայմանագիրի կնքման։

Կոմունիստական Վարչակարգի Հաստատում

Փետրուարեան Ապստամբութիւն 
Ալեքսանդր Միասնիկեան

Ապստամբութեան ճնշումէն ետք, Հայաստանի Ռազմհեղկոմը վերակառուցուեցաւ Ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի (ԺողԿոմԽորհ) կողմէ, որուն նախագահ նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Միասնիկեանը (1886-1925)։ Ան Հայաստան եկաւ ՌԿ(բ) Կենտկոմի որոշումով։ Մինչ այդ, ան արդէն ճանչցուած գործիչ էր եւ Պելառուսի ու Ռուսիոյ մէջ, ձեռք բերած էր ղեկավարելու մեծ փորձառութիւն։ Չնայած իր կարճատեւ (շուրջ մէկ տարի) գործունէութեան, ան մեծ դեր խաղաց Հայաստանի քաղաքական լարուածութեան մեղմացման, հայ մտաւորականութեան Հայաստանի մէջ համախմբելու, երկիրը խաղաղ շինարարութեան ուղի փոխադրելու գործին մէջ։ Այնուհետեւ Ալեքսանդր Միասնիկեանը տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս (Անդրկովկասեան Դաշնութիւն)։ 1925 թուականին ան զոհուեցաւ ինքնաթիռի վթարէն։

Պարտութեան Պատճառները

Միջազգային հանրութիւնը չաջակցեցաւ ապստամբութեան, որովհետեւ նոր կ'ապաքինուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմի վէրքերէն։ Ապստամբութեան ժամանակ՝ Մարտ 16-ին Քեմալական Թուրքիան եւ Պոլշեւիկեան Ռուսիան Մոսկուայի մէջ, ստորագրեցին ռուս-թուրքական եղբայրութեան պայմանագիրը, որմով ՌուսիաՌուսիան եւ Թուրքիան պայմանաւորուեցան կիսել Հայաստանը։ Ռուսիան 4 օր անց վերջնագիր ներկայացուց Հայաստանին, եւս 5 օր ետք զօրք մտցուց Հայաստան, միաժամանակ Թուրքիան զօրքը մօտեցուց Հայաստանի սահմաններուն։ Չունենալով բաւարար միջոցներ ռուս-թուրքական հակամարտութեան դիմակայելու համար, Հայաստանի ղեկավարութիւնը, զինուորականները, հարիւրաւոր հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ սպաներ հեռացան Հայաստանէն։

Ապստամբութեան Ձեռքբերումները

Ապստամբութեան շնորհիւ, բանտերէն եւ վերահաս հալածանքներէն ազատեցան Յովհաննէս Քաջազնունին, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, պետական գործիչներ, հայ հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ սպաներ։ Գարեգին Նժդեհի պայքարի, ինչպէս նաեւ ապստամբութեան ազդեցութեան շնորհիւ Զանգեզուրը չտրուեցաւ Ազրպէյճանին, այլ մնաց Հայաստանի կազմին մէջ։ Ապստամբութեան պատմութիւնը խորհրդային բռնազաւթման տարիներուն ոգեշնչած է Ազգային միացեալ կուսակցութենէն անդամներուն եւ անկախութեան պայքարի միւս նուիրեալներուն։

Տե՛ս նաեւ

Աղբիւրներ

Գրականութիւն

  • Աբրահամեան Մարտիրոս խմբապետ, Իմ յիշելի յուշերը, գիրք Ա., Թեհրան, 1978, 482 էջ, Երեւան, 2016: 
  • Իշխանեան Բախշի, Երկու ամիս բոլշեւիկեան բանտում, Գահիրէ, 1924:
  • Լազեան Գաբրիէլ, Հայաստան եւ հայ դատը հայ եւ ռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ, Երեւան, , , Ադանա’’ հրատ., 1991:
  • Հ. Յ. Դաշնակցությունը և Խորհրդային իշխանությունը (փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու), կազմող` Վլ. Ղազախեցյան, Երևան, 1999:
  • Վրացեան Սիմոն, Կեանքի ուղիներով, հատ. Զ, Պէյրութ, 1967, 348 էջ, Պէյրութ, 2007, 341 էջ:
  • Փետրուարեան ապստամբութիւնը (բաշգեառնեցի խմբապետ Մարտիրոսի յուշերը), գրի առաւ Եր. Հայրապետեան, , , Հայրենիք՚’ ամսագիր, Բոստոն, 1956, թիւ 7, էջ 32-40, թիւ 8, էջ 52-59, թիւ 9, էջ 49-57:
  • Գալոյան Գալուստ, Հայաստանը և մեծ տերությունները 1917-1923 թթ., Երևան, 1999:
  • Գևորգյան Էդիկ, Կարապետյան Մհեր, Խորհրդային Հայաստանը 1920-1991 թվականներին, Երևան, 2007:
  • Եափուճեան Աւետիս, Ով կազմակերպեց Փետրուարեան արկածախնդրութիւնը եւ ինչ եղաւ անոր հետեւանքը, Գահիրէ, 1969, 136 էջ:
  • Խատիսեան Ալեքսանդր, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը, Պէյրութ, 1968:
  • Հայ ժողովրդի պատմություն (ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչություն), հատ. VII, Երևան, 1967:
  • Հարությունյան Կլիմենտ, Հայկական ազգային զորամիավորումները 1918-1945 թթ., Երևան, 2002:
  • Ղազախեցյան Վլադիմիր, Հայաստանը 1920-1940 թվականներին, Երևան, 2006:
  • Սասունի Կարօ, Փետրուարեան ապստամբութիւնը (1921 թ.), Պէյրութ, 1970, 263 էջ:
  • Սիմոնյան Արամ, Զանգեզուրի գոյամարտը 1920-1921 թթ., Երևան, 2000:
  • Վրացեան Սիմոն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, Թեհրան, 1982, Երեւան, 1993:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Փետրուարեան Ապստամբութիւն Ապստամբութեան ՍկիզբՓետրուարեան Ապստամբութիւն ՊարտութիւնՓետրուարեան Ապստամբութիւն Կոմունիստական Վարչակարգի ՀաստատումՓետրուարեան Ապստամբութիւն Պարտութեան ՊատճառներըՓետրուարեան Ապստամբութիւն Ապստամբութեան ՁեռքբերումներըՓետրուարեան Ապստամբութիւն Տե՛ս նաեւՓետրուարեան Ապստամբութիւն ԱղբիւրներՓետրուարեան Ապստամբութիւն ԳրականութիւնՓետրուարեան Ապստամբութիւն ԾանօթագրութիւններՓետրուարեան Ապստամբութիւն13 Փետրուար1921

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ամասիա (անձնանուն)1951 թուական15 ՄարտԴրօ1958 թուականՍպանիաՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Արմենակ ԵղիայեանԱրամ ՍարգիսեանՄագաղաթՀամշէնցիներՍպիտակ ԱրջԹովմա ԱրծրունիԶենոբ ԳլակԱկնԶապէլ ԵսայեանՏաթեւի ՎանքՀարոլտ ՓինթըրՄիսաք ՄեծարենցԻսկուհի ՊալճեանՀալէպԱլպեան լեռներClube Náutico CapibaribeՏրդատ Գ.Լեւոն Զաւէն ՍիւրմէլեանԻնքնաթիռՍուէզի ՋրանցքըՔիոլնի ՏաճարՍանթուրԼուսնթագ1938 թուականԼենկ-ԹիմուրՈւտիքՀայերը Եգիպտոսի մէջՆորա ԱրիսեանԻսրայէլ ՕրիՄանուէլ ՄենենկիչեանԼեւոն Շանթ19 ՅուլիսՈսկիՄոլտովաՆաթալի ՂուսելԵփրատ գետՉինարէնՇուէտՍիմոն ՍիմոնեանԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)ԱւստրալիաԱղթամար կղզի7 ԴեկտեմբերՍտեփան ԶօրեանԼիոնել ՄեսսիԱրցախի ՀանրապետութիւնՄերի-Ճին Օ'ՏոհըրթիՊասթիլ բանտ-ամրոցըՀանրի ՎերնէօյՓարիզ300 (թիւ)Պօղոս Ապաճեան1930ՔարահունջՈւիքիփետիաԱսորիքՍողոմոն ԹեհլիրեանԿարմիր ԾովԱտրպատականՎաղարշապատՍարդարապատի ՀերոսամարտՆշենիՄովսէս ՄարգարէՄասլենիցաԱյհան ԸշըքԲանջարեղէնՔիքլատեան մշակոյթ🡆 More