Համազասպ Սրուանձտեան

Համազասպ Սրուանձտեան (5 Յունիս 1873(1873-06-05), Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն - 18 Փետրուար 1921(1921-02-18), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն), ազատագրական պայքարի մարտիկ, Հ.

Յ. Դաշնակցութեան անդամ։

Համազասպ Սրուանձտեան
Համազասպ Սրուանձտեան
Ծնած է 5 Յունիս 1873(1873-06-05)
Ծննդավայր Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 18 Փետրուար 1921(1921-02-18) (47 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն Համազասպ Սրուանձտեան Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն ֆետայի
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Արմենական Կուսակցութիւն

Կենսագրութիւն

Համազասպ Սրուանձտեան ծնած է 1873-ին, Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք սորված է ոսկերչութիւն եւ ժամագործութիւն: Կանուխ տարիքէն ներգրաւուած է յեղափոխական շարժումին մէջ: Եղած է արմենական, ապա` ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Խուսափելով թուրք իշխանութիւններու հետապնդումներէն` հեռացած է Վանէն, անցած է Երեւան, Շուշի:

Համազասպ 1894-ին ամուսնացած է Շուշանիկ Վանեանցին հետ եւ ունենցած է չորս զաւակ` Գարեգին, Ալմաստ, Հրանդ եւ Վանազատ:

Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմ

Մասնակցած է 1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական կռիւներուն: Քաջութեամբ աչքի կը զարնէ յատկապէս 22 Օգոստոս 1905-ին Ասկերանի կիրճին մէջ մղուած մարտին, երբ 200 հոգիէ բաղկացած թրքական ջարդարարներու ամբոխէն ողջ մնացած է միայն 6-ը:

1906-ին կազմակերպած է Գանձակի հայութեան պաշտպանութիւնը` թաթարական ոտնձգութիւններէ: 1908-ին ՀՅ Դաշնակցական գործիչներու հետ ձերբակալուած է ցարական կառավարութեան կողմէ, դատապարտուած` մահուան, սակայն մահապատիժը փոխարինուած է 15 տարուան տաժանակրութեամբ (Սիպերիա):

1913-ին փախած է բանտէն, անցած` Եւրոպա. եղած է Հռոմ, Մարսէյ, Փարիզ եւ Պոլիս, իսկ 1914-ի սկիզբը բնակութիւն հաստատած է Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ: Նոյն տարին կը փոխադրուի Կ. Պոլիս:

1914-ի ամրան Համազասպ Թիֆլիս կը փոխադրուի: Նոյն թուականին Կարնոյ մէջ կայացած ՀՅԴ կուսակցութեան Ը. Ընդհանուր ժողովին մէջ կտրականապէս դէմ արտայայտուած է երիտթուրքերու հետ որեւէ համագործակցութեան:

Համազասպ Սրուանձտեան 
Համազասպ Սրուանձտեանցը՝ Հայկական Երրորդ կամաւորական գումարտակի, հետագաին՝ զօրագունդի, հրամանատարը, Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմ

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մասնակցած է հայկական կամաւորական շարժումին, նշանակուած է կամաւորական 3-րդ գունդի հրամանատար:

Մասնակցած է բազմաթիւ ճակատամարտերու: Ապահոված է Բասէնի եւ Ալաշկերտի շրջանէն հայ բնակչութեան անվտանգ գաղթը:

Եղած է 1915 մայիսին Վանը ազատագրող հայ կամաւորներէն, կռուած է Պիթլիսի ուղղութեամբ (Յուլիսին), Հոկտեմբերին յաջող արշաւանք ձեռնարկած է դէպի Խիզան:

Համազասպ այնուհետեւ փոխադրուած է Թիֆլիս, ընտանիքին մօտ: Ռուսական 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք ձեւաւորուած է հայկական զօրամասը, որմէ ետք Համազասպ Ալաշկերտի շրջանի պաշտպանութեան ղեկավար նշանակուած է:

Հայոց ազգային խորհուրդին որոշումով Համազասպ մեկնած է Հիւսիսային Կովկաս, արեւմտեան ռազմաճակատներէն վերադարձող հայ զինուորներ հաւաքագրելու, ջոկատներ կազմակերպելու եւ Հայաստան ուղարկելու համար:

Համազասպ 1918-ին մեկնած է Պաքու եւ գործօն մասնակցութիւն բերած քաղաքի պաշտպանութեան կռիւներու ընթացքին:

Պաքուի անկումէն ետք Համազասպ մեկնած է Թիֆլիս եւ այնուհետեւ Երեւան փոխադրուած:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակին մէջ ան 1919 Յուլիսին ստանձնած է նոր Պայազիտի  զօրամասերու հրամանատարութիւնը: Ան արդէն ունեցած է գնդապետի աստիճան:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 Դեկտեմբերին Համազասպ այլ գործիչներու հետ ձերբակալուած է եւ 68 օր ետք, այլ բախտակիցներու հետ Երեւանի Կեդրոնական բանտին մէջ 18 փետրուար 1921-ին արեւածագէն առաջ կացինահարուած:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 20 Փետրուարին, Մլեր գերեզմանատան (ներկայիս` Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն) մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

-1"> Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 246. — ISBN 978-2-905686-93-0
  • «Փետրուարի 18. Ողբերգական Վերջ՝ Խոստումնալից Սկզբի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-26 
  • Աղբիւրներ

    Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ Համազասպ Սրուանձտեան 

    Tags:

    Համազասպ Սրուանձտեան ԿենսագրութիւնՀամազասպ Սրուանձտեան ԾանօթագրութիւններՀամազասպ Սրուանձտեան ԱղբիւրներՀամազասպ Սրուանձտեան18 Փետրուար1873 թուական1921 թուական5 Յունիսd:Q132856ԵրեւանՎանՕսմանեան Կայսրութիւն

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Աւարայրի Ճակատամարտ12 ՄարտԱրամ ԱնտոնեանՆաֆթԱմերիկաՌուբէն ՍեւակՀայոց ՑեղասպանութիւնՍասնոյ Բ. ԱպստամբութիւնԻնքնիշխան պետութիւնԼացի ՊատԱրա ՇիրազՅովհաննէս ԹումանեանՀայկական Հարց9 ՅունիսՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըԼոնտոն19 ՄարտԺաքլին Քենետի ՕնասիսՊարսից ԾոցԷղինա20 ՍեպտեմբերԱրաբական ԹիւերՄարք ՌոթքօԹուրքիաՀիւսիսափայլ (ամսագիր)Նահապետ ՔուչակԱպրահամ ԼինքըլնԱսլամազեան Քոյրերու ՊատկերասրահԾրագրաւորողի ՕրՔլէոփաթրա1887 թուականԵրկաթէ ԴարՍմբատ եպիսկոպոս ՍաատեթեանՀայաստանի ԴրօշակներըՍեւրի ԴաշնագիրԼորիս ՃգնաւորեանԽորէն Արք. ՏողրամաճեանՄարին ԼութերԴրօԽորհրդանիշՓոլոնիաԼուսինՊարոյր ՍկայորդիՓեքինԱնդրանիկ ՕզանեանԽամսայի ՄելիքութիւններըԼուվրԿանանց Միջազգային ՕրԻսլամ ԵղբայրներԽոսրովի ԱնտառՉինաստանԿիկերոնՍեւ ԾովՔաղաքավարութեան ՎնասներըՆանէԱնահիտ (շարժանկար)ԿապարՆոր ԶելանտաԳերմանիաԻսիոդոսՋրածինՀայկական ՉամանԱյրուձիՓորթուկալՄանկօԱստրախանԱրցախի ՀանրապետութիւնՆայիրի ԶարեանԵրուանդ Օտեան10 ՅուլիսՇուշիի Ազատագրումը (1992)1931 թուական🡆 More