Երուանդ Օտեան (19 Սեպտեմբեր 1869(1869-09-19), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 3 Հոկտեմբեր 1926(1926-10-03), Գահիրէ, Եգիպտոսի թագավորություն), նշանաւոր երգիծաբան, վիպասան, թատերագիր եւ հրապարագիր։
Երուանդ Օտեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 19 Սեպտեմբեր 1869 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 3 Հոկտեմբեր 1926[1][2] (57 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Գահիրէ, Եգիպտոսի թագավորություն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր | Պէրպէրեան Վարժարան |
Տեսակ | Երգիծանք |
Մասնագիտութիւն | լեզուաբան, թարգմանիչ, վիպասան, Խմբագիր, լրագրող, գրագէտ |
Աշխատավայր | Հայրենիք Հայրենիք Ազատ խոսք «Ազատ Բեմ» |
Ծնած է Պոլիս՝ Օտեաններու նշանաւոր գերդաստանին մէջ, կրթութիւնը ստացած է տան մէջ՝ մասնաւոր դասերով, ապա՝ իր հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի շունչին տակ, տիրացած է զարգացման բարձր աստիճանի, շնորհիւ իր հետեւողական ընթերցասիրութեան։ 1879 թուականին հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի նախաձեռնութեամբ, իննամսեայ ուղեւորութիւն մը կը կատարէ Եւրոպայի մէջ՝ Փարիզ, Հռոմ, , Նիաբոլի, եւ այլ քաղաքներ։ Օտեանի անունը թուրքական իշխանութիւններուն համար եղած է «անբարեյոյս անձանց» ցուցակին մէջ։ 1896 թուականի Օգոստոսին, երբ Կ․ Պոլսոյ մէջ կը սկսին հայկական ջարդերը, ան գաղտնի կը հեռանայ այնտեղէն։ Օտեան հեռանալով դէպքերէն եւ Կ.Պոլիսէն, տասներկու տարի կ'ապրի թափառական կեանք մը, շրջելով՝ Աթէնք, Փարիզ, Գահիրէ, Վիէննա, Լոնտոն, Պոմպէյ։
1909 թուականին կը վերադառնայ Պոլիս, կ'աշխատակցի զանազան թերթերու ու կ'արտադրէ մեծ թիւով գործեր։ 1915–ին կ'աքսորուի ու կը հասնի մինչեւ Տէյր-Զօր, բայց հրաշքով կ'ազատի. 1925 թուականին կը հաստատուի Եգիպտոս, ուր կը մահանայ։
Երուանդ Օտեան հայ երգիծանքին կը բանայ նոր հորիզոններ՝ այնքան սիրուած ու փնտռուած գրական այս սեռին անվիճելի հիմնադիրին, հանճարեղ Յակոբ Պարոնեանի իւրօրինակ, այլեւ արժանաւոր յաջորդը դառնալով։ Օտեան ունէր կեանքն ու մարդիկը աւելի լայն ընդգրկումով ճանչնալու, երգիծանքը գեղարուեստական բարձրորակ մշակումի արժանացնելու եւ ազգային հասարակական ամէն կարգի թերութիւններն ու յոռի բարքերը անխնայ ձաղկելու բնատուր տաղանդը։ Երուանդ Օտեանի կերտած «Ընկեր Փանջունի»ի կերպարը առանձինն բաւարար է, որպէսզի հայկական երգիծագրութեան այս մեծատաղանդ վարպետը իր արժանի տեղը գրաւէ հայ ժողովուրդի վաւերական մեծերու եւ անմահներու համաստեղութեան մէջ։ «Ընկեր Փանջունի»ի եռահատոր շարքը, որ ծաղրանկարի կը վերածէ «հայ ընկերվարական յեղափոխական»ի այն կերպարը, որ հայ իրականութենէն կտրուած ու գաղափարական բարոյական սրբութիւններէ զուրկ՝ այլանդակ արարած մըն է։ «Ընկեր Փանջունի»ն քաղաքական երգիծանքի գլուխ-գործոցը կը դառնայ հայ գրականութեան մէջ։
Օտեան երգիծանքի հզօր զէնքով կը ծաղրէ եւ ձաղկէ ազգային այն գործիչները, որոնք երեւութապէս «յեղափոխական», «հայրենասէր», «ազգային հերոս» են, մինչդեռ գործնականօրէն կ'ոտնահարեն, կ'արատաւորեն իւրաքանչիւր սուրբ գաղափար: Որպէս իրապաշտ, կը ստեղծէ երգիծական տիպարներու եւ բնաւորութիւններու ամբողջ պանկերասրահ մը, կը ծաղրէ աշխարհիկ եւ հոգեւոր հարստահարիչները, յղփացած դրամատէրերը եւ կեղծ բարերարները, ազգային անփառունակ գործիչները, նորաձեւութեան հետեւող մաերահոգի կիները: Ընտանիքի կենցաղէն զաւեշտական պատկեր մըն է» Արագ դարմանում մը «երգիծական պատմուածքը, ուր կը ծաղրուի քաղքենի կինը, որուն գլխաւոր մտահոգութիւնը վայելքն է: Հնղինակը կը հեգնէ նաեւ Սերովբէ աղային կակուղ բնաւորութիւնը, թուլամորթութիւնը: «Ընկեր Փանջունի» երգիծավէպը ծաղրի կ'ենթարկէ Փանջունին, որ նախաեղեռնեան շրջանին Արեւմտեան Հայաստանին մէջ վխտացող կեղծ յեղափոխական մակաբոյծներու իսկական տիպարն է: Օտեան ծիծաղելի դրութիւններ եւ բանաձեւ ունէր, ստեղծելու մեծ վարպետ է եւ զանազան ծիծաղաշարժ եւ ողբերգական պարագաներու մէջ կը ներկայացնէ իր հերոսը: Ճանաչողական եւ գեղարուեստական արժանիքներ ունին անոր» թերթօնային« վէպերը եւ վէպ ժամանակագրութիւնները, ինչպէս՝ «Նոր հարուստներ», «Կաւէ հերոսներ կամ մեր ազգայիններու», «Կանաչ հովանոցով կինը», «Հայ Տիասբորան»: Ականատես եւ դէպքերու մասնակից գրողը անդրադարձած է առաջին աշխարհամարտի եւ Հայոց Ցնղասպանութեան տարիներու իրադարձութեան, հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագրին, իսկ նորաստեղծ հայ Սփիւռքին նուիրած «Հայ Տիասբորան» վէպին մէջ գեղարուեստօրէն կը համոզէ, որ հայապահպանութեան երաշխիքը հայրենադարձութիւնն է դէպի վերածնուած Մայր Հայրենիքը: Վ.Թոթովենց իրաւամբ կը նկատէ, թէ Օտեան ունի երգիծանքի ամենամեծ տուեալը՝ ճշմարտախօսութիւն: Այս մարզին մէջ ան արժանի յաջորդը կ'ըլլայ մնծահռչակ Պարոնեանի: Օտեանի «Մեր երեսփոխանները» շարքը տեսակ մը շարունակութիւնը կը կազմէ «Ազգային Ջոջեր»ուն: Սեղմ ու ծաղրական դիպուկ բնութագրութիւններով հարուստ են իր կենսագրականները, որոնք կը ներկայացնեն հնղինակին ժամանակակից ազգային գործիչները:
Օտեան արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն առատ արտադրող գրողներէն մէկն է։ Իր երգիծական վէպերն են՝
Ինքն է հիմնադիրը արկածային վէպին՝ մեր գրականութեան մէջ, մնալով անգերազանցելի․ «Ապտիւլ Համիտ Եւ Շերլոք Հոլմս», «Ես Դրսեցի Չեմ Առներ», «Թիւ 17 Խաֆիէն», եւ այլն։ Իր երգիծական գլուխ գործոցը՝ «Առաքելութիւն Մը Ի Ծապըլվար»՝ «Ընկեր Փանջունի» հերոսով, ո՛չ միայն հայ, այլեւ՝ համաշխարհային երգիծական գրականութեան արժէքներէն կը նկատուի։
Գրիգոր Օտեան «Զարթօնք»ի շրջանի մեծագոյն դէմքերէն է։ Յառաջդիմական գաղափարներու տէր, ազգային եւ քաղաքական մեծ գործիչ։ Իր հօրեղբայրը հիմնադիրներէն է մեր ազգային սահմանադրութեան։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Երուանդ Օտեան, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.