Ժայռապատկեր, «վրախողրաֆիա» (յունարէն՝ βράχος - ժայռ եւ γραφή - գիր)։ Ժայռերու, քարանձաւներուն պատերուն, քարերու մակերեսներուն վրայ զանազան նիւթերով պատկերացուած տեսարաներ․ մարդոց կեանքէն, բնաշխարհէն, բնութեան երեւոյթներէն, տուեալ ժամանակաշրջանի եղելութիւններէն։ Աշխարհի երկիրներուն մեծամասնութեան մէջ գտնուած են եւ կամ կը յայտնուին ժայռապատկերներ։ Եւրոպայի հնագոյն ժայռապատկերները գտնուեցան Հարաւային Ֆրանսայի՝ Abri Castanet քարայրին մէջ․ կը պատկանին Աւագ Հնադարեան շրջանին եւ գործ են Homo Sapiens-ի տեսակ՝ մարդ Cro-Magnon եւ մարդ Grimaldi, որոնք ապրած են այդ ժամանակաշրջանին, մեզմէ մօտաւորապէս 37․000 տարի առաջ։
Ժայռապատկերներուն տեսակները բազմազան են։ Անոնք զարգացան դարաշրջաններուն ընթացքին։ Անոնց պատկերացումներուն համար հնագոյն ժամանակներէն մարդիկ օգտագործած են զանազան գործիքներ, իրեր, ձեւեր։ Դարաշրջաններուն ընթացքին, անոնց որակը զարգացաւ՝ ուրուագծային, հարթաքանդակներ, խորաքանդակներ․․․։
Ժայռապատկերներով հարուստ հնագիտական վայրերու կը հանդիպինք աշխարհին չորս կողմերը։ Որոշակի են Ֆրանսայի, Սպանիայի, Իտալիոյ, Սկանտինաւեան թերակղզիին, Հայաստանի, Վրաստանի, Ասիոյ, Աւստրալիոյ եւ Ափրիկեան ցամաքամասներուն ժայռապատկերները։ Անոնք բնիկ կենդանիներուն եւ մարդոց անհատական կամ հաւաքական կեանքին հետ առնջուած պատկերներ (որսի, մարտի, ձկնորսութեան, ծեսեր եւ ուրիշ տեսարաններ) են։
Նախնադարի եւ Նոր Քարէն մինչեւ Երկաթէ Քար երկարող ժամանակաշրջանի մարդուն համար, պատմութիւնը պատմելու եւ կամ կենցաղէն պատկերներ փոխանցելու միջոցը եղած է Ժայռերու, քարանձաւներուն պատերուն, քարերու մակերեսներուն վրայ պատկերներ փորագրելով։ Ժայռապատկերները արտայայտութեան եւ պատմութիւն պատմելու միջոց եղած են։ Կ՛արտայատեն գաղափառներ, հաւատքներ, համոզումներ։
Հայաստանի մէջ առաջին ժայռապատկերները յայտնաբերուած են 1902 թուականին։ Իսկ 1913 թուականին Գրիգոր Ղափանցեանը ատոնց մասին մանրամասն յօդուած գրած է «Արարատ» ամսագրին մէջ (թիւ 1)։
Հայկական լեռնաշխարհին (Արագած, , Ոսկեհատ, Գեղամա լեռներ, Սիւնիքի Ուղտասարի եւ Իշխանասարի լանջեր) մէջ յայտնաբերուած են Նոր Քարի դարաշրջանէն ժայռապատկերներ։ Քարերուն եւ ժայռերուն վրայ պատկերացուած հարուստ եւ բազմազան տեսարանները ծանրակշիռ նշանակութիւն ունին, որովհետեւ մեզի կը փոխանցեն կարեւոր տեղեկութիւններ բնիկներուն կենցաղին մասին․ հաւաքական, հոգեւոր (պաշտամունք), արուեստ․․․։ Պատմական սկզբնաղբիւր մըն են․ գիտնականները ասոնք ապացուցած են։ Նաեւ կ՛ենթադրեն թէ նախնադարեան մարդը երկնային մարմիններուն մասին իւրօրինակ հասկացողութիւն ունէր։
Ժայռապատկերները, թիւով կ՛ անցնին 20․000ը։ Անոնցմէ 6․000-էն աւելին կը գտնուին Սիւնիքի շրջանը։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Ժայռապատկեր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.