Թերմոփիլեսի Ճակատամարտ

Թերմոփիլեսի ճակատամարտ (յուն․՝ Μάχη των Θερμοπυλών)․ յոյներուն եւ պարսիկներուն միջեւ տեղի ունեցած ճակատամարտ, Ք․Ա․ 480-ին, պարսիկներու Յունաստան երկրորդ արշաւանքին ընթացքին։

Թերմոփիլեսի ճակատամարտ
Պարսիկներու Յունաստան երկրորդ արշաւանքի ընթացքին սփարթացիներու գլխաւորութեամբ յոյներու եւ պարսիկներու միջեւ կռիւ
Թերմոփիլեսի Ճակատամարտ
Թերմոփիլեսի ճակատամարտի դաշտը, շրջանակի մէջ Թերմոփիլեսի անցքը, Էվիա կղզին, որուն հիւսիսը տեղի ունեցաւ Արթեմիսիուի նաւամարտը, Ատիկէն եւ Սալամինա կղզին
Թուական Ք․Ա․480
Վայր Թերմոփիլեսի անցքը,Կեդրոնական Յունաստան
Արդիւնք պարսիկներու յաղթանակ
Հակառակորդներ
յունական միացեալ ուժեր Պարսկական Կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Լէոնիտաս, Տիմոֆիլոս Թեսփիացին Քսերքսես, Մարտոնիոս, Իտարնիս
Կողմերու ուժեր
5 200+ ըստ Իրոտոթոսի, 7 400+ ւստ Տիոտորսի, 11 200 ըստ Փաֆսանիասի 3 000 000 600 ըստ Իրոտոթոսի,800 000 ըստ Քթիսիասի,70 000 - 300 000 ժամանակակից աղբիւրներ

Աղբիւրներ

Յունապարսկական պատերազմներուն մասին գլխաւոր աղբիւրը Իրոտոթոս պատմաբանն է՝ «Իսթորիէ» գործ (Ιστορίαι պատմութիւններ), Ք․Ա․ 440-430։ Թուքիտիտիս (Ք․Ա․460 - Ք․Ա․399) եւ Փլութարհոս (45-120) կասկածի տակ առած են Իրոտոթոսի գործը, սակայն հնաբանական յայտնաբերումները, կը վկայեն, կը փաստեն անոր գործը, ինչպէս օրինակ՝ Կոստանդնուպոլսոյ ձիարձակարանի տելֆեան Սթիլի թոն Օֆէոն (Օձերու սիւնը)։ Յետագային Թուքիտիտիս կը խոստովանի թէ «պատմութեան հայր»ին՝ Իրոտոթոսին, գործը հարկ չկայ վերագրել կամ սրբագրել, որովհետեւ իրական եղելութիւններու վրայ յենուած է։ Իսկ ժամանակակից պատմաբանները անոր գործը արժանահաւատ կը համարեն։

Տիոտորոս Սիչիլեացին Ք․Ա․ 1-ին դարուն գրած է «Պատմական Գրադարան» գործը, Քսերսես Ա․-ի արշաւանքին վերաբերեալ։ Կը կարծուի թէ անոր աղբիւրները Իրոտոթոսի եւ Էֆորոս Քիմեցիին գործերը եղած են։

Պատմական ակնարկ

Արշաւանքին դրդապատճառները

Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերուն յունական քաղաքները կ՛ապստամբին Պարսկական Կայսրութեան բռնիշխանութեան դէմ (Յոնիական Ապստամբութիւն, Ք․Ա․500/499 - Ք․Ա․494)։ Քաղաքները Ք․Ա․ 547/6-ին պարսիկներուն հպատակած էին։ Բնակիչները դժգոհ էին նշանակուած բռնակալներու՝ ղեկավարութենէն եւ անոնցմէ երկուքին անհատական գործողութիւններէն (Միլիթոսի բռնակալներ՝ Իսթիեոս եւ Արիսթաղորաս)։ Յոնիական Ապստամբութիւնը կը վերջանայ պարսկական նաւատորմիղի յաղթանակով (Ք․Ա․ 493)։

Թերմոփիլեսի Ճակատամարտ 
Քարտէս․ կը ցուցնէ յունական (կապոյտով) եւ պարսկական (կարմիրով) գործողութիւնները

Յոնիական Ապստամբութիւնը վտանգած ըլլալով Պարսկական Կայսրութեան կայունութիւնը, Դարեհ Ա․ կ՛որոշէ պատժել յունական քաղաքները, ինչպէս օրինակ՝ Աթէնք եւ Էրեթրիա, որոնք մասնակցած եւ նեցուկ կանգնած էին այդ ապստամբութեան, ինչպէս նաեւ յարմար առիթ մըն էր Պարսկական Կայսրութիւնը դէպի արեւմուտք ընդարձակուի։ Կը պահանջէ յունական քաղաք-պետութիւններուն անմիջական յանձնումը։ Յունական քաղաք-պետութիւնները, Աթէնքի եւ Սփարթիի գլխաւորութեամբ կը մերժեն։ Էղինա սակայն կը յանձնուի, ինչ որ Սփարթացիներուն զայրոյթը կը պատճառէ եւ Էղինան դաւաճանութեամբ կ՛ամբաստանեն։ Ք․Ա․ 490-ին Դարեհ Ա․-ին հսկայ բանակով Յունաստան կ՛արշաւէ։ Կը յաջողի գրաւել Քիքլատես եւ Էրեթրիա։ Սակայն Մարաթոնի ճակատամարտին կը պարտուի աթենացիներու եւ փլաթէեսներու փոքրաթիւ բանակէն եւ կը ստիպուի Ասիա վերադառնալ։

Պարսկական երկրորդ արշաւանքը

Դարեհ Ա․ Պարսկաստան վերադարձին, կը վերակազմէ իր բանակը, որպէսզի կրկին Յունաստան արշաւէ։ Սակայն այս ծրագիրը կը յետաձգուի, որովհետեւ Եգիպտոսի մէջ ապստամբութիւնը կը ծագի։ Դարեհ կը մահանայ եւ զաւակը Քսերքսես Ա․ գահ կը բարձրանայ։ Ան կը վերագրաւէ Եգիպտոսը եւ կը պատրաստուի Յունաստան արշաւել։ Ք․Ա․480-ին Սարտիս (արեւմտեան Փոքր Ասիա, Մանիսա գաւառ․ պարսիկներուն տուած անունը Սպարտա էր) պարսկական երկրորդ արշաւանքին պատրաստութիւնները կը վերջանան եւ պարսիկները Էլիսփոնտոս (Տարտանելի նեղուց) կ՛անցնին, շնորհիւ իրենց կառուցած երկու արուեստական կամուրջներուն։

Յոյներուն պատրաստութիւնները

Ք․Ա․485-ական թուականներուն, աթենացիները կը սկսին պատրաստուիլ դիմադրելու համար պարսկական նոր ներխուժում մը։ Թեմիսթոքլիս, Ք․Ա․ 482-ին աթենացիներուն կը համոզէ ստեղծել եռակարգ ցռկանաւերու նաւատորմիղ մը։ Աթէնք կ՛ուղղուի մնացեալ յունական քաղաք-պետութիւններուն պարսիկներուն դէմ դաշնութիւն մը կազմելու նպատքակով։

Ք․Ա․481-ին Քսերքսես յունական քաղաք-պետութիւններուն՝ բացի Աթէնք եւ Սփարթի, դեսպաններ կը ղրկէ պահանջելով անոնց յանձնումը։ Կորնթոսի մէջ կը կայանայ յունական քաղաք-պետութիւններուն ժողովը, ուր կը հիմնուի յունական դաշնութիւնը։ Ք․Ա․480-ին նոր ժողով մը կը գումարուի։ Յոյները երբ կ՛իմանան թէ Քսերքսես Տարտանելէն անցած է, կ՛որոշեն փակել Թերմոփիլեսի անցքը․ պարսիկները, որպէսզի հարաւային Յունաստան հասնին, պարտաւոր էին այդ անցքէն անցնիլ։ Ծրագիրին անյաջողութեան պարագային, Պելոպոնեսի քաղաք-պետութիւնները կը ծրագրեն պարսիկներուն դիմադրել Կորնթոսի Նեղուցը եւ աթենացիները կը մտադրեն անզէն բնակչութիւնը՝ կիներ եւ երեխաներ, հաւաքաբար Թրիզինա ղրկել։

Լէոնիտաս

Թերմոփիլեսի Ճակատամարտ 
Ք․Ա․5-րդ դարու արձան, Լէոնիտաս․ Սփարթիի Հնաբանական թանգարան

Ք․Ա․480 Սեպտեմբերի սկիզբները, պարսիկները Թերմոփիլես կը հասնին։ Այդ շրջանին Սփարթացիները կը տօնէին Քարնէա (Սփարթիի կրօնական տօն, կը տօնուէր նաեւ Արղոս, Սանթորինի, Քոս եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ), ինչպէս նաեւ Ողիմպիական Խաղերուն ժամանակն էր, եւ ռազմական ընդհարում մը սրբապղծութիւն կը համարուէր։ Սակայն, Սփարթացիները կացութիւնը քննելով, կ՛որոշեն բանակ ղրկել Լէոնիտասի (Սփարթիի թագաւոր) ղեկավարութեամբ։ Ըստ Իրոտոթոսի, Տելֆիի պատգամախօս Փիթիայի վճիռը կ՛ըսէ թէ՝ «կամ Սփարթին պիտի կորսուի եւ կամ ալ թագաւոր մը պիտի կորսնցնէ» ([7.220.4] ὑμῖν δ᾽, ὦ Σπάρτης οἰκήτορες εὐρυχόροιο, ἢ μέγα ἄστυ ἐρικυδὲς ὑπ᾽ ἀνδράσι Περσεΐδῃσι πέρθεται, ἢ τὸ μὲν οὐχί, ἀφ᾽ Ἡρακλέους δὲ γενέθλης πενθήσει βασιλῆ φθίμενον Λακεδαίμονος οὖρος. οὐ γὰρ τὸν ταύρων σχήσει μένος οὐδὲ λεόντων ἀντιβίην· Ζηνὸς γὰρ ἔχει μένος· οὐδέ ἑ φημίσχήσεσθαι, πρὶν τῶνδ᾽ ἕτερον διὰ πάντα δάσηται )։

Լէոնիտաս կը հաւատար թէ ինք պէտք էր մահանար, որպէսզի Սփարթին փրկուի։ Հետը կ՛առնէ 300 Սփարթացի զինեալներ, որոնք մանչ զաւակ ունէին։ Դէպի Թերմոփիլես ճամբուն ընթացքին սփարթացիներուն բանակը կը հարստանայ ուրիշ 5 000 զինեալներով։

Թերմոփիլես

Յոյները Թերմոփիլեսի անցքը որոշեցին փակել, յուսալով թէ Քսերքսեսին հսկայ բանակը պիտի դժուարանայ յառաջանալ։ Լէոնիտաս կ՛որոշէ Սփարթացիները անցքին կեդրոնը դիրք գրաւեն՝ ամենանեղ մասը, իսկ Ֆոքիսները (Ֆոքիս յունական ֆիլի, որ հաստաուած էր հիւսիսային էվոյիքոս ծոցէն մինչեւ Կորսթոսի ծոցը երկարող տարածութեան մէջ) յանձն կ՛առնեն ըլլալ պաշտպանողական պատը՝ 1 000 ֆոքիս զինեալներ Թրահինան պիտի պաշտպանէին, որովհետեւ այդտեղէն պարսիկները կրնային յոյներուն շրջապատել։

Քսերքսես դեսպանի մը միջոցով կը փորձէ Լէոնիտաս համոզէ զէնքերը լքել ու նահանջել։ Լէոնիտասի պատասխանը կ՝ըլլայ «Մոլոն լաւէ՛» (Μολὼν λαβέ եթէ գաս/երբ գաս, ա՛ռ

Կռիւը անխուսափելի էր, սակայն Քսերքսես 4 օր կը համբերէ, յուսալով յոյները ցրուին։

Ուժեր

Ուժերը անհաւասար են․ պարսկական հսկայ բանակին դէմ յունական փոքրաթիւ բանակ մը։

Պարսկական բանակը

  • Ըստ Իրոտոթոսին՝ 2 600 000 զինեալներ առաւել օգնական ուժեր,
  • Ըստ Սիմոնիտիս Քիացիին (ան ապրած է ճակատամարտին ժամանակ)՝ 4 000 000 զինեալներ,
  • Ըստ Քթիսիասի՝ 800 000 զինեալներ։
  • Ժամանակակից պատմաբաններ կը համարեն թէ պարսիկներուն ուժերը 70 000 - 300 000 պէտք է եղած ըլլան։

Յունական բանակը

  • Ըստ Իրոտոթոսին՝ 5 200 - 6 000 (300 սփարթացիներ, 80 Միկինացիներ, 400 Կորնթոսցիներ, Սփարթիի մնացեալ շրջաններէն 900, Սփարթիի ցած դասակարգերէն 900, Պելոպոնեսի մնացեալ շրջաններէն մօտաւորապէս 2 000, կեդրոնական Յունաստանէն՝ Թեսփիցիներ, Մալիցիներ, Թիվեցիներ, Ֆոքիսցիներ եւ Լոքրիցիներ 2 100)։
  • Ըստ Տիոտորոս Սիչիլեացիին՝ 7 400 4 000 Սփարթացի եւ Պելոպոնեսի մնացեալ շրջաններէն, 3 000 - 3400 կեդրոնական Յունաստանէն։
  • Ըստ Փաֆսանիասի՝ 11 200։ Ան համակարծիք է Իրոտոթոսին տուած թիւերուն հետ, սակայն կ՛աւելցնէ Կեդրոնական Յունաստանի Լոքրիտա շրջանի զինեալներուն թիւը, լոքրիցիներ՝ 6 000։

Ճակատամարտը

Առաջին օրը

Կռիւին առաջին օրը, շնորհիւ Լէոնիտասի ռազմավարութեան, յոյներուն կողմէ կը զոհուին 2-3 զինեալներ, իսկ պարսիկները կը կորսնցնեն զինուորներու լուրջ թիւ մը։

Երկրորդ օրը

Երկրորդ օրը, կրկին յոյները կը յաջողին կասեցնել պարսիկներուն յարձակումները։ Սակայն կէսօրէն ետք, Քսերքսեսին կ՛այցելէ Էֆեալթին (յոյն տեղացի հողագործ մը) եւ պարսիկներուն կը ցուցնէ գաղտնի արահետ մը, ուրկէ պարսիկները անցնելով կրնային շրջապատել յոյներուն։

Երրորդ օրը

Թերմոփիլեսի Ճակատամարտ 
Պերլինի թանգարան․ պարսկական բանակի անմահները

Երրորդ օրը, Ֆոքիսները ինքզինքնին պարսիկներէն շրջապատուած կը գտնեն եւ մօտակայ բլուրի մը վրայ կը նահանջեն։ Մնացեալ յոյները կը կարծեն թէ անոնք մեկնած են եւ մեծամասնութիւնը կ՛որոշէ նահանջել, սակայն Լէոնիտաս կը վճռէ իր 300 սփարթացիներուն հետ մնալ ու կռուիլ։ Կռիւի դաշտ կը մնան նաեւ 700 Թեսփիիս եւ 400 Թիվացի։

Վճռորոշիչ կռիւը եւ Լէոնիտասի մահը

Թերմոփիլեսի Ճակատամարտ 
Թերմոփիլեսի ճակատամարտ․ յայտնաբերուած նիզակներ եւ նետեր

Պարսիկները յարձակողականի կ՛անցնին եւ յոյները յառաջանալով Թերմոփիլեսի անցքին նեղ տեղը դիրք կը գրաւեն։ Յոյները նախ իրենց նիզակներով կը կռուին, ապա սուրերով։ Կը սպաննուին Քսերքսեսին երկու եղբայրները եւ աւելի ուշ Լէոնիտաս՝ պարսկական նիզակներէն։ Յոյները շրջապատելով թագաւորին մարմինը կը կռուին եւ կը յաղթեն։ Սակայն երբ վրայ կը հասնին պարսկական բանակին «անմահները» կռիւը այլեւս վերջաւորութեան կը հասնի։

Պարսիկները կը կորսնցնեն 20 000 զինուորներ, իսկ յոյները՝ 4 000։

Արդիւնքները

Թերմոփիլեսի ճակատամարտին զուգահեռ, տեղի կ՛ունենայ Արթեմիսիուի նաւամարտը, ուր ոեւէ կողմ չի յաղթեր։ Քսերքսես Թերմոփիլեսի յաղթանակէն ետք, քար ու քանդ կ՛ընէ կեդրոնական Յունաստանը՝ Վիոթիա, Փլաթէես եւ Թեսփիես։ Կ՛առաջանայ դէպի Աթէնք։

Պելոպոնեսցիները կ՛առաջարկեն պաշտպանել Կորնթոսի նեղուցը, սակայն Թեմիսթոքլիս յոյներուն կը համոզէ Սալամինա մնալ։ Սալամինայի նաւամարտին յոյները պարսիկներուն կը յաղթեն։

Քսերքսես, յոյներու յաղթանակով կը վախնայ թէ անոնք պիտի քանդեն Տարտանելի արուեստական կամուրջները եւ կ՛որոշէ բանակին մեծ մասով նահանջէ եւ Ասիա վերադառնայ։ Ետ կը ձգէ Մարտոնիոս սպարապետը։

Մարտոնիոս յաջորդ տարին Աթէնքը կը գրաւէ, սակայն Սփարթացիները դէպի Ատիկէ կ՛առաջանան եւ Մարտոնիոս կը նահանջէ դէպի հիւսիս՝ Վիոթիա, ստիպելով յոյներուն կռուին Փլաթէեսի շրջանը։ Յոյները կը յաղթեն, ինչպէս նաեւ Միքալիի ճակատամարտը։

Ազդեցութիւն արդի աշխարհին

Թերմոփիլեսի ճակատամարտը ներծրչած է բանատեղծներ, յօրինողներ, վիպագիրներ («Gates of Fire» 1998-ի վէպ, Սթիվըն Փրոսֆիլտ), ֆիլմ-արտադրիչներ («300», «The 300 Spartans»), եւայլն։ Յոյն բանաստեղծ Կոստանդինոս Քաւաֆիս գրած է «Թերմոփիլես» բանաստեղծութիւնը, ի պատիւ յոյն զինեալներուն ուրոնք ճակատամարտին մասնակցեցան։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  1. Թերմոփիլես բանաստեղծութիւն, Կ․ Քաւաֆիս(յունարէն)

Tags:

Թերմոփիլեսի Ճակատամարտ ԱղբիւրներԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ Պատմական ակնարկԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ ԼէոնիտասԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ ՈւժերԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ ՃակատամարտըԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ ԱրդիւնքներըԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ Ազդեցութիւն արդի աշխարհինԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ ԾանօթագրութիւններԹերմոփիլեսի Ճակատամարտ Արտաքին յղումներԹերմոփիլեսի ՃակատամարտՅունաստանՅունարէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Մաշկաբորբ (Էկզեմա)Եուրի ՆաւոյեանՏօնածառ (Ս. Ծննդեան Ծառ)1981 թուականՍտեփան ԾաղիկեանBelieve (ալպոմ)ՓղոսկրԱրարատ (Լեռ)ԼիլիթԹովմաս Աճէմեան«Աշոտ Երկաթ» Պատմավէպ1837 թուականThe Diary of a Young GirlՌուբէն (անձնանուն)ՊաալպէքՎիեննաԱշոտ Բ․ ԵրկաթԼոնտոնԴանիաՎարդան ԱյգեկցիՏիթրոյթՍոթք2015Աշոտ Գրիգորեան (ճարտարապետ)6 ՆոյեմբերՆիքոլա ԹեսլաԽանումաՍլովաքիա1813 թուականԿորնթոսի ՋրանցքըԻնտոնեզիաՀայաստանեայց Առաքելական Ս. ԵկեղեցիՍարի ԱղջիկՎարդերես ԳարակէօզեանՎահան (անձնանուն)Ասպետներու ամրոց (Հոմս)ԲզնունիներԱգաթանգեղոսՅունական ԱղցանՄեծն ՏիգրանԼորիս ՃգնաւորեանՀաուըրտ Գարակէօզեան ՀաստատութիւնՍայտաՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումՈւղեղՀրատ մոլորակ (Մարս)ՄիհրԱսալ լիճՍ. Ղազար կղզիԽոր ՎիրապՏանիէլ ՍթիլԱշոտ ԳրաշիՎաղարշապատՊարոյր ՍեւակԶեւսԾաղիկ (թերթ)ԶահրատԼիբանանՎահան ԳարտաշեանԵւրոպաԾաղկաձորՀունգարիաՔանատաԲարդ բառերՃիմի ՈւէյլզԿեդրոնական Հետախուզական ՎարչութիւնՍայքս-Փիքոյի համաձայնագիր (1916)Մենուայի ջրանցքըՎատիկանՄուհամմատ ՔուճճահԿատուներ🡆 More