Եզնիկ Կողբացի (380, Կողբ, Մեծ Հայք - 450), հայ փիլիսոփայ, թարգմանիչ, հասարակական–եկեղեցական գործիչ։ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն։ Մասնակցած է Աստուածաշունչի եւ այլ երկերի թարգմանութեանը։ Եզնիկի մասին կը հիշատակեն Կորիւնը, Եղիշէն, Մովսէս Խորենացին։ Եզնիկ Կողբացի աշխատութիւններէն պահպանուած են «Եղծ աղանդոց»–ը՝ հայ փիլիսոփայութեան կարեւոր սկզբնաղբիւրներէն մէկը (յայտնի է նաեւ «Վասն Աստուծոյ» անուամբ)։
Եզնիկ Կողբացի | |
---|---|
| |
Ծնած է | 380[1][2] |
Ծննդավայր | Կողբ, Մեծ Հայք[1][2] |
Մահացած է | 450[1] |
Ազգութիւն | Հայ[1][2] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Եղծ աղանդոց? |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, թարգմանիչ, աստուածաբան |
Վարած պաշտօններ | եպիսկոպոս[1] |
Եզնիկ Կողբացին հայ փիլիսոփայութեան մէջ զարկ տուած է պատրիստիկական–ջատագովական ուղղութեանը։ Հիմնականին հետաքրքրուած է գոյաբանական հարցերով, մշակած մոնիստական փիլիսոփայական, աստուածաբանական ուսմունք։ Ըստ անոր, միակ եւ իրական սուբստանցը Աստուածն է՝ մշտնջենական, ոչնչով չպայմանաւորուած, բայց ամէն ինչի պատճառ հանդիսացող էակը։ Այս դիրքերէն ան սուր պայքար մղած է քրիստոնէական գաղափարախօսութիւնը հակադրող փիլիսոփայական եւ կրօնա–աղանդաւորական ուսմունքներու դէմ, հերքած է հեթանոսական աշխարհայացքը, անտիկ փիլիսոփաներու ուսմունքները եւ հատկապէս պարսից զրվանականութիւնը։ Աղանդներու հերքման եւ քրիստոնէութեան փիլիսոփայական հիմնաւորման առնչութեամբ Եզնիկ Կողբացին կ'արտայայտէ նաեւ անտիկ փիլիսոփայական ուսմունքներու՝ հունական բոլիթէիզմի, ստորկեան բանթէիզմի, էպիկուրեան աթէիզմի դէմ, կը քննադատէ զգայական աշխարհի առաջացման մասին Բլադոնի ուսմունքը։ Ռացիոնալիզմի դիրքերէն ան կը ժխտէ սնահաւատութիւնը, ճակատագրապաշտութիւնը, աստղագուշակութիւնը, հեթանոսութիւնէն հաւատալիքները։ Ըստ անոր աշխարհը կը ճանաչէ զգայութեան ու բանականութեան միջոցով։ Զգայութեամբ մարդն կ'ընկալէ նիւթական աշխարհը, բանականութեամբ կը սահմանէ այն եւ կը որոշէ իր գործողութիւնները, վարուելակերպը։ Հետեւաբար, բանականութիւնը, զգայութեան համեմատութեամբ ճանաչողութեան բարձր ձեւն է։ Սակայն, զգայութիւնէն եւ բանականութիւնէն բացի, մարդուն հատուկ է նաեւ բնազդը։ Մտածելու ունակութիւնը կորցնելու դեպքին մէջ մարդը բացառապէս կը գործէ բնազդով։ Եզնիկ Կողբացին պաշտպանած է չորս տարրի ուսմունքը. ըստ անոր, բնութիւնը կազմուած է աստուծոյ ստեղծած չորս տարրերէն՝ կրակէն, օդէն, ջուրէն եւ հողէն։ Գիտութեան պատմութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունին Եզնիկ Կողբացի արտայայտած միտքերը բնագիտութեան (ֆիզիքայի, բժշկութեան եւ կենսաբանութեան) մասին։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Եզնիկ Կողբացի, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.