Միրէյ Մաթիէօ (ֆր.՝ Mireille Mathieu, 22 Յուլիս 1946, Ավինիօն, Ֆրանսա), ֆրանսացի երգչուհի։ Ձայնագրած է 1200 երգ 11 լեզուներով։ Աշխարհի մէջ վաճառուած է Միրէյ Մաթիէոյի երգերու 122 միլիոն ալպոմ։
Միրէյ Մաթիէօ |
---|
Միրէյ Մաթիէօ ծնած է 1946-ին- ֆրանսական Ավինիօն քաղաքին մէջ։ Ընտանիքի 14 զաւակներէն առաջինն էր, ամենափոքր եղբայրը ծնաւ, երբ ան արդէն տեղափոխուած էր Փարիզ։ Հայրը՝ Ռոժէն, բնիկ Ավինիօնէն էր, իսկ մայրը՝ Մարսէլ-Սոֆին (ծնած Պուարէի մէջ), Դունկիրկէն էր եւ Ավինիօն եկած էր իբրեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի փախստական, 1944-ին իր մեծ մօր մահէն ու իր մօր անյետացումէն ետք։ Ռոժէն իր հօր հետ կ՛աշխատէր Սան Վերան գերեզմանատան մուտքին գտնուող քարի արհեստանոցին մէջ։ Մաթիէօ ընտանիքին 5 սերունդները եղած են որմնադիրներ։ Այսօր այդ խանութը կը կոչուի « La Marbrerie Mathieu-Mardoyan» եւ կը շարունակէ պատկանիլ նոյն ընտանիքին։ Մաթիէօ ընտանիքը կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ։ 1954-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի գերեզմանատան շրջակայքի Մալպէյնէ բնակավայրը։ 1961-ին կը տեղափոխուի քաղաքի հարաւարեւելեան հատուածին Croix des Oiseaux շրջանին մէջ աւելի մեծ բնակարան։
Ռոժէն կ՛երազէր դառնալ երգիչ, սակայն հայրը՝ Արկատը, դէմ էր եւ զաւակին խորհուրդ կու տար իր զաւակներէն մէկուն հետ եկեղեցւոյ մէջ երգել։
Միրէյը իր օփերային կատարումը ներառած է 1968-ի Սուրբ Ծննդեան ալպոմին մէջ։ Միրէյը առաջին անգամ հանդիսատեսին համար վճարովի հանդէս եկած է Սուրբ Ծննդեան գիշերը 1950-ին՝ որպէս մրցանակ ստանալով սառնաշաքար։ Երգչուհիին կեանքին մէջ ճակատագրական էրայն պահը, երբ ան տեսաւ Էտիթ Պիաֆին հեռուստացոյցով ելոյթը:
Երգի դասերուն պատճառով դպրոցը լաւ չէր սորվէր եւ լրացուցիչ մէկ տարի եւս պահանջուեցաւ զայն աւարտելու համար։ Ի ծնէ ձախլիկ էր, եւ ուսուցիչները յաճախ քանոնով կը յանդիմանէին, երբ կը նկատէին, որ ձախով կը գրէ։ Միրէյ դարձաւ աջլիկ, թէեւ անոր ձախ ձեռքը մնաց բաւական շարժուն՝ նոյնիսկ երգելու ժամանակ։ Ունէր բացառիկ յիշողութիւն եւ երբեք չէ օգտուած յուշարարէ։
1960-ին՝ 14 տարեկանին կը ձգէ ուսումը եւ կը սկսի աշխատիլ արուարձանի հարաւարեւելեան հատուածին գործարաններէն մէկուն մէջ՝ միաժամանակ օգնելով ընտանիքին եւ վճարելով իր երգի դասերուն համար։ Աշխատավայրին մէջ յայտնի դարձած էր ընդմիջումներուն կամ աշխատանքի ընթացքին երգելով։ Ծնողներուն նման ան ցածրահասակ է՝ 1.52 սմ։ Քոյրը՝ Մոնիքան, (ծնած 1947) անոր հետ կ՛աշխատէր նոյն գործարանին մէջ։ Գործարանին փակուելէն ետք, քոյրերուն՝ Մոնիքայի եւ Քրիսթինայի հետ Միրէյ ամառային ճամբարին կ՛աշխատէր որպէս երիտասարդներու խորհրդատու, մինչեւ իր փառքին հասնիլը։ Այդ ճամբարին մէջ էր, որ գնչու մը գուշակեց անոր ճակատագիրը։
Միրէյ կաթողիկէ է եւ անոր բարեխօսը Սուրբ Ռիթան է։ Ան կը վախնար բեմէն եւ յաճախ կարելի էր տեսնել, թէ ինչպէս կը խաչակնքէ նախքան բեմ բարձրանալը։
Միրէյ երգչուհիի իր ասպարէզը սկսած է՝ մասնակցելով Ավինիօնի ամէնամեայ երգի մրցումին “On Chante dans mon Quartier” («Կ՛երգենք իմ թաղիս մէջ»). Արխիւային լուսանկարները կը ներկայացնեն այդ մրցոյթը. աժան վարագոյրներ, ընդամէնը մէկ լուսարձակ, երեք մեթր տարածքով բեմ, ուր տեղաւորուած էին երգիչը, մեծ դաշնամուրը եւ երաժիշտները։ Հանդիսատեսները առաւելաբար երիտասարդներ էին, իսկ դատական կազմը նստած էր բեմին դիմաց։ Երգել կը թոյլատրէին միայն անոնց, որոնք պայմանագիրը ստորագրած էին ներկայացումէն շաբաթներ առաջ։
Միրէյ յատուկ երգի դասերու կը յաճախէր Ավինիօնի մէջ դաշնամուրի ուսուցիչ Լաուր Քլիերի մօտ, ով յամառօրէն կը գրէր երգեր, որոնք անհամապատասխան էին երիտասարդ աղջկայ համար։ 1962-ին, իր առաջին մրցումին երգելով "Les cloches de Lisbonne" («Լիզպոնի զանգերը») եւ 1963-ին, երգելով Էտիթ Փիաֆի "L'Hymne à l'amour" («Սիրոյ քայլերգ»), Միրէյ կը պարտուի։ 1964-ին ան կը յաղթէ մրցումին Փիաֆի մէկ այլ երգով՝ La Vie en rose" («Կեանքը վարդերու մէջ»)` շահելով անվճար ուղեւորութիւն դէպի Փարիզ եւ հեռուստատեսային հաղորդման մասնակցութեան հրաւէր: Անոր մասնակցութեան եւ շոգեկառքի տոմսակին ծախսը հոգացած էր Ավինիօնի փոխքաղաքապետը: Անոր կ՛ուղեկցէր մէկ դաշնակահար: Հագած էր Փիաֆի նման սեւ զգեստ ու երգեց Փիաֆէն երկու երգ:
21 Նոյեմբեր 1965-ին Միրէյ դարձեալ կը ներկայանայ ֆրանսացի հեռուստադիտողներուն «Jezebel» երգով, որ մեծ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ երգչուհիին վրայ։ Միէյի ձայնը այնքան նման էր Փիաֆի ձայնին, որ շատեր կը կարծեն, որ բեմին վրայ կրկին հանդէս կու գայ 1963-ին մահացած Փիաֆը։ 1965-ի համերգին ընթացքին Միրէյ կը հանդիպի իր ապագայ տնօրէնին՝ Ճոնի Սթարքին:
1966-ի Սուրբ Ծննդեան երեկոյին, Միրէյ բարձրացաւ Ֆրանսայի Օլիմպիա հանդիսասրահին բեմը։ Համերգին ներկայ էին ֆրանսական բազմաթիւ աստղեր։ Միրէյ հանդիսատեսին բաժնեց հարցաթերթիկ՝ հետեւեալ հարցերով.
Շատերը Միրէյին հաւնած էին, սակայն նշած էին, որ անոր նմանութիւնը Փիաֆի հետ կը նեղացնէր զիրենք։ Ճոն Սթարք արգիլեց Միրէյին լսել Փիաֆի ձայնագրութիւնները՝ անոր բացատրելով, որ այդպիսով ան միայն մեծ երգչուհիին ստուերը կ՛ըլլայ։ Միրէյը եւ իր տնօրէնը սկսան փնտռել այն ոճը, որով երգչուհին իր ինքնուրոյն տեղը կ՛ունենայ էսդրատայինի մէջ։ Միրէյի առաջին սկաւառակը երգահան Փոլ Մորիայի «Mon credo» երգով կէս տարուան ընթացքին մէկ միլիոն շրջանառութիւն ունեցաւ։
Իր ասպարէզին սկիզբը Միրէյ ունէր շեշտադրուած հարաւային աւինիօնեան շեշտադրում, կը շփոթէր հնչիւնները, չէր գիտեր նոթաները։ Բեմին վրայ չէր գիտեր ինչպէս շարժիլ եւ կը ծիծաղէր իր տնօրէնին խորհուրդով։ Առոգանութիւնը բարելաւելու համար սկսաւ լեզուի դասընթացներու յաճախել, զբաղուիլ շնչառական մարզանքներով, ուղղեց քայլուածքը, սորվեցաւ ըտար լեզուներ եւ բարձր հասարակութեան մէջ պահելաձեւ։ Աւելի դիւրին սորվեցաւ գերմաներէն, քան՝ անգլերէն։ Իր առոգանութիւնը ամբողջութեամբ շտկել չկրցաւ, ինչի մասին ան հանդիսատեսին կը պատմէ իր երգով. J’Ai Gardé L’Accent («Ես պահպանեցի իմ առոգանութիւնս»)։
2005-ին Միրէյ Փարիզի Օլիմպիա հանդիսասրահին մէջ տուաւ շարք մը համերգներ՝ նուիրուած իր քառասնամեայ գործունէութեան։ Այս համերգին հիման վրայ ալ նկարահանուեցաւ երգչուհիին առաջին տեսախտասկաւառակը (DVD)։ 2014-ին, նոյն հանդիսասրահին մէջ ան նշեց իր գործունէութեան յիսնամեակը:
Միրէյ ծանօթ է իր բարեգործական աշխատանքներով։ Ան կ՛այցելէ գիշերօթիկներ, կը զբաղի փոքրիկներու հետ, համերգներ կու տայ անոնց համար, կը պտտի շնորհալի փոքրիկներու հետ։ Սուրբ Ծննդեան եւ Զատիկի տօներուն նուէրներ կ՛ուղարկէ գիշերօթիկներու փոքրիկներուն։ «Ես զաւակ չունիմ, բայց շատ փոքրիկներ իմ խնամքիս կարիքը ունին», ըսած է ան:
Միրէյ չէ ամուսնացած եւ զաւակներ չունի։ Անոր կատակով կ՛անուանեն «Աւինիօնի կոյս», քանի որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է երգին՝ մոռնալով անձնական կեանքի մասին: Շրջապատուած է մտերիմ ընկերներով եւ հարազատներով։ Հանրային միջոցառումներուն կը ներկայանայ իր մօր՝ Մարսէլի, տնօրէնին՝ Մոնիքայի եւ սպասաւորին՝ Հերվ-Մարքի ուղեկցութեամբ:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Միրէյ Մաթիէօ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.