Մենելաոս

Մենելաոս, (յուն․՝ Μενέλαος, անունը հին յունարէնին մէջ կը նշանակէ ժողովուրդին -λαός- ցասումը -μένος-)․ Սփարթիին (կամ Սպարտային) թագաւոր։ Յունական դիցաբանութեան մէջ, եղած է Աղամեմնոնասին եղբայրը եւ էլենիին (գեղեցիկ Հելենին) ամուսինը։ Հոմերոսին Իլիատային մէջ Աթրէոսին եւ Աէրոփիին զաւակն էր, Փելոփասին եւ Իփոտամիային թոռը։

Մենելաոս
հին յուն․՝ Μενέλαος
Մենելաոս
Մենելաոս կը փրկէ Փաթրոքլոսին դիակը․ յուշարձան, գործ Ք․Ա․3-րդ դարուն․ գտնուած է Հռոմ 1570-ին եւ այժմ տեղադրուած է "Լոճա դի Լանծի" հրապարակը, Ֆիրենծէ, Իտալիա
Ազգութիւն յոյն
Գործունէութիւն Զինուորական գործունէութիւն․ Տրոյան պատերազմ
Վարած պաշտօններ Սփարթի քաղաք-պետութեան թագաւոր
Ամուսին Հելեն, ընկերուհի՝ Քնոսիա
Ծնողներ Աթրէաս եւ Աէրոփի
Երեխաներ Էրմիոնի, Քսենոտամոս, Նիքոսթրաթոս, Մեղափենթիս, Փլիսթենիս, Մորաֆիոս, Էթոլաս, Թրոնիոս

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Մենելաոս, եղբօրը՝ Աղամեմնոնասին հետ Միկինեսէն վտառուած ըլլալով, Սփարթի կ՛ապաստանին, Թինտարէոս թագաւորին պալատին մէջ եւ կ՛ամուսնանայ անոր աղջկան՝ գեղեցիկ Հելենին հետ։

Թինտարէոս իր թագաւորութիւնը Հելենին եւ Մենելաոսին կը ձգէ։ Անոնց ընտանիքին խաղաղութիւնը կը խանգարուի երբ Տրոյի գահաժառանգը՝ Փարիս, Սփարթի կը հասնի։ Մենելաոս ժամանակի մը համար պալատէն կը բացակայի Կրետէ, որպէսզի ներկայ գտնուի իր մեծ հօր՝ Քաթրէոսին յուղարկաւորութեան։

Տրոյան պատերազմին մէջ

Մինչ Մենելաոս Կրետէ կը գտնուէր, կ՛իմանայ թէ Փարիս գեղեցիկ Հելենին Տրոյ փախցուցած է։ Անմիջապէս Սփարթի կը վերադառնայ եւ Յունաստանի մնացեալ թագաւորներէն օգնութիւն կը խնդրէ, առաջին հերթին՝ Նեսթորասէն։

Ինք Մենելաոս կը մասնակցի նաւերով, սակայն իր փափուկ նկարագրին համար յոյներուն ընդհանուր ղեկավարը չ՛ըլլար։ Այդ պատճառով ղեկավարութիւնը ցասկոտ եղբայրը՝ Աղամեմնոնաս, կը ստանցնէ։

Երբ յոյները Տրոյ կը հասնին, Մենելաոս եւ Օտիսէաս (Ոդիսեւս) նախ քաղաք կ՛երթան հարցը խաղաղօրէն լուծելու համար եւ կը պահանջեն գեղեցիկ Հելենը, ինչպէս նաեւ Մենելաոսին պալատին գանձերը որ Փարիս կողոպտած էր։ Սակայն տրոյան համագումարին, Փարիս եւ անոր կողմնակիցները կը մերժեն Մենելաոսին առաջարկը։ Մենելաոս եւ Փարիս կը մենամարտին, Փարիս ծանրօրէն կը վիրաւորուի, իսկ Մենելաոս՝ թեթեւօրէն։

Մենելաոս 
Ամֆորէայի վրայ պատկերուած Մենելաոսին եւ Փարիսին միջեւ մենամարտը, Ք․Ա․490-480, կը գտնուի Լուվրի թանգարանը

Յաջորդող երկարատեւ պատերազմին ընթացքին, Մենելաոս բաւական ծանօթ տրոյացիներ կը սպաննէ, կը փրկէ Ահիլէասի սերտ բարեկամին՝ Փաթրոքլոսին դիակը տրոյացիներուն ձեռքէն եւ կը մասնակցի անոր յիշատակին կատարուած դամբանական մրցումներուն։ Յոյն զինեալներուն այդ խումբէն էր որ կը մտնեն «Տրոյան ձի»ուն մէջ։

Տրոյի կործանումին ընթացքին կը գտնէ Հելենը եւ մազերէն բռնելով զայն կը քաշկշէ մինչեւ յունական նաւերը։ Ըստ ուրիշ աւանդութեան մը Հելենը կ՛ապաստանի ընտանեկան բագինին, ուր Մենելաոս կ՛ուզէ զայն սպաննել, սակայն ի վերջոյ կը հաշտուին աստուածներուն օգնութեամբ։

Վերադարձը

Պատերազմի վերջաւորութենէն ետք, վերադարձի ճամբուն Մենելաոս երբ Սունիօ հրուանդանէն (Ատիկէի հարաւային ծայրը) անցնելէ ետք եւ հասնելու ատեն Մալէաս հրուանդանը (Պելոպոնեսի հարաւ-արեւելեան ծայրը) փոթորիկի մը կը հանդիպի որ զայն Կրետէի ժայռոտ քարափի ափերուն կը մոլորէ եւ նաւերուն մեծ մասը կը խորտակուին։ Կրետէէն ետք, Եգիպտոս կը գտնուի, ուր ըստ Օտիսիային, 5 տարի կը մնայ եւ կը հարստանայ։ Սակայն միշտ Սփարթի վերադառնալ կ՛ուզէր։ Վերջապէս աստուածներուն զոհաբերութիւններ ընելով, Մենելաոս Հելենին հետ Սփարթի կը հասնին։

Մենելաոս 
Ամֆորէայի վրայ պատկերուած Մենելաոս եւ Հելեն Տրոյի կործանումէն ետք Ա․, կը գտնուի Պերլինի Պերկամոյի թանգարանը

Կեանքին վերջաւորութենէն ետք, Մենելաոս կը փոխադրուի «Ելիսեան դաշտերը» (անդի աշխարհը հին յունական դիցաբանութեան մէջ)։ Ուրիշ մեկնաբանութեամբ մը Մենելաոս եւ Հելենի Խրիմ կ՛երթան (Թաւրիքի Ταυρική, հին յուն․՝ Ταυρίς) Օրեսթիսը (Աղամեմնոնասին եւ Քլիթեմնիսթրային մանչ զաւակը) փնտռելուն համար, սակայն հոն Արթեմիտա աստուածուհիին բագինին վրայ կը զոհուին Իֆիղենիային կողմէն։

Փաւսանիաս, կը նշէ թէ իր ապրած ժամանակաշրջանին (Բ․ դար՝ 110-180), Սփարթիին մէջ դեռ կանգուն էր Մենելաոսին Տունը (դարապասը)։ Տաճար մը կար Մենելաոսին ի պատիւ՝ Մենելայոն, ուր ըստ տեղական աւանդութեան կնոջ հետ հոն թաղուած էին։

1647 Մենելաոս աստղակերպ

1647 Մենելաոս աստղակերպը յայտնաբերուած է 1957-ին ամերիկացի աստղաբան Սիթ Պարնս Նիքոլսոնին կողմէ եւ անունը առաւ Տրոյան Պատերազմի հերոսներէն, Սփարթիին թագաւոր, Մենելաոսին։

Տե՛ս նաեւ

Նեսթոր

Աղամեմնոնաս

Մենելայոն

Միկինեան քաղաքակրթութիւն

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Մենելաոս Ընդհանուր տեղեկութիւններՄենելաոս Տրոյան պատերազմին մէջՄենելաոս ՎերադարձըՄենելաոս 1647 աստղակերպՄենելաոս Տե՛ս նաեւՄենելաոս ԾանօթագրութիւններՄենելաոսԱղամեմնոնասԻլիականՀին ՅունարէնՀոմերոսՅունարէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Անտոն ՔոչինեանԹատրերգութիւնԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանՄեծն ՏիգրանՄարսէյլՀերմէսԺագ ՏանիէլզԾովՆիքոլա ԹեսլաՍոճիՎրոցլավՃահուկ (Սիւնիք)Եփրեմ ԱսորիԹեսեւսի նաւԻքարիաՉինական ՎարդՔրիստոնէութեան Ընդունումը Հայաստանի մէջԽմորեղէնՄարօ ՄակարեանԱռնոլտ ՇուարցնէյկըրԳոշավանք100 (թիւ)1735 թուականՄանուէլ ՄենենկիչեանՔարլես ՓուճտեմոնՄըքՏոնըլտզԸնկեր ՓանջունիԴրօՊաղտատՔրիստոսի ՓորձութիւններըՍոկրատԹոքիօԱլասքա (նահանգ)Պաշշար ԱսատՄհերի ԴուռԳրիգորիեան ՕրացոյցDr. DreՎահրամ (անձնանուն)ՍամսունկԲաբելոնԽաշԱղաւնոյ ԳիւղԶինետին Զիտան1786 թուականԱնի1 ՄայիսՄոզիլլա Ֆայրֆոքս1964 թուականԼատիներէնԱնդրանիկ ՕզանեանԱրցախեան ԱզատամարտՄեծ Պահքի ԿիրակիներԷտկար Ալլան ՓօԻնքնիշխան պետութիւնՖրանսաԿորիւնՀայ Ազգային ՔոնկրեսԾխախոտՆանագՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՃէյմս ՀարտենՄեռեալ Ծով120 (թիւ)Հին ՀալէպԻտալերէնՖութպոլի Աշխարհի ԱխոյեանութիւնըԲժշկական գործիքներԼոյ Քրաթոնկի փառատօնԹատրոնի Համաշխարհային Օր1780 թուականՄայքըլ ՃորտընՊաալպէքՔուալա ԼամփուրՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Փինք ՖլոիտԳիտա-երեւակայութիւն (science fiction)🡆 More