Քրիստոսի Փորձութիւնները (լատ.՝ Vade retro, Satana - «հեռացիր ինձմէ, Սատանա»), Նոր Կտակարանին մէջ նկարագրուած է Սատանայի կողմէ Յիսուս Քրիստոսի փորձութիւնները 40 օր անապատի մէջ ըլլալու ժամանակ, ուր ան հեռացած էր իր մկրտութենէն ետք: Քրիստոնէութեան մէջ Յիսուսի փորձութիւնները կը ներկայացուին իբրեւ Յիսուսի մէջ երկակիութեան ապացոյց, իսկ Սատանայի խոցումը` իբրեւ չար ուժերու դէմ պայքարի օրինակ եւ մկրտութեան բարեբեր պտուղներու արդիւնք:
Յիսուս Քրիստոսի 40 օր անապատի մէջ գտնուելու եւ Սատանայի փորձութիւններու մասին պատմութիւնը առկայ է աւետարանիչներու մօտ, բացի Յովհաննէս աւետարանիչէն: Ընդ որուն Մատթէոսը եւ Ղուկասը մանրամասն կը պատմեն այդ մասին, համընկնելով բոլոր դետալներու մէջ, իսկ Մարկոսը միայն քիչ մը կը յիշատակէ այդ մասին, առանց մանրամասնութիւններու. «Ան քառասուն օր մնաց անապատին մէջ եւ Սատանայի կողմէ փորձութեան ենթարկուեցաւ: Այնտեղ ան գազաններու հետ էր, իսկ հրեշտակները կը ծառայէին անոր: Կաղապար:Աստուածաշունչ:
Աւետարանական պատմութեան համաձայն` իր մկրտութենէն ետք (Մարկոսի աւետարանին մէջ նշուած է, որ ատիկա տեղի ունեցած է մկրտութենէն ետք) Յիսուս Քրիստոսը, հետեւելով Սուրբ Հոգիին, հեռացաւ անապատ, որպէսզի մենութեան մէջ, աղօթքներով եւ ծոմապահութեամբ պատրաստուի իր առաքելութեան, որուն համար ան աշխարհ եկած էր. «Ան քառասուն օր այնտեղ մնաց ու Սատանայի կողմէ փորձութեան ենթարկուեցաւ: Չկերաւ եւ չխմեց այն օրերուն, եւ երբ քառասուն օրերը լրացան, քաղց զգաց: Կաղապար:Աստուածաշունչ: Այդ ժամանակ անոր մօտեցաւ Սատանան եւ երեք փորձութիւններով փորձեց հրապուրել, մեղքի մէջ քաշել, ինչպէս որեւէ մարդու:
Փորձութիւններ | Սատանայի Խօսքը | Քրիստոսի Պատասխանը |
---|---|---|
Սով | Եթէ Աստուծոյ որդին ես, այս քարերուն ըսէ, որ հաց դառնան: Կաղապար:Աստուածաշունչ | Գրուած է. «Մարդ պէտք է ոչ միայն հացով ապրի, այլ Աստուծոյ բերանէն դուրս եկող ամէն խօսքով»: Կաղապար:Աստուածաշունչ |
Հպարտութիւն | Եթէ Աստուծոյ որդին ես, քեզ ցած նետիր, քանի որ գրուած է. «Ան իր հրեշտակներուն պիտի հրամայէ քեզի համար, եւ անոնք իրենց ձեռքերու վրայ պիտի տանին քեզ, որ ոտքդ երբէք քարի չխփես»: Կաղապար:Աստուածաշունչ | Դարձեալ գրուած է. «Մի՛ փորձեր քու Տէր Աստուածը»: Կաղապար:Աստուածաշունչ |
Հաւատք | Այս ամբողջ իշխանութիւնը եւ անոնց փառքը քեզի պիտի տամ, եթէ զիս երկրպագես: Կաղապար:Աստուածաշունչ | Ե՛տ գնա, Սատանայ, որովհետեւ գրուած է. «Քու Տէր Աստուծոյ պէտք է երկրպագես եւ միայն անոր պաշտես»: Կաղապար:Աստուածաշունչ |
Ըստ Մատթէոսի, երրորդ փորձութենէն ետք «այն ժամանակ Սատանան թողեց անոր, եւ ահա հրեշտակները մօտեցան եւ կը ծառայէին անոր»: Կաղապար:Աստուածաշունչ
Նոր Կտակարանի այլ գիրքերու մէջ փորձութիւններու կամ գայթակղութիւններու մասին կը յիշատակէ Պօղոս Առաքեալը (Թուղթ առ Եբրայեցիս). «Որովհետեւ, ինչպէս որ ինքն իսկ չարչարուեցաւ` փորձության մատնուելով, այնպէս ալ կրնայ օգնել փորձութեան ենթարկուածներուն»: Թուղթ առ Եբրայեցիս 2:18: Այդ նոյն թուղթին վրայ առաքեալը կը գրէ. «Քանզի ոչ թէ ունինք քահանայապետ մը, որ չարչարակից չըլլայ մեր տկարութեան, այլ Քահանայապետ մը, որ մեզի նման փորձուած է ամէն ինչի մէջ, բայց առանց մեղքի է»: Թուղթ առ Եբրայեցիս 4:15:
Ի տարբերութիւն աստուածաշնչային բովանդակութեամբ գիրքերու մէջ իրենց արտացոլումը ստացած աւետարանիչներու պատմութիւններու, որոնք մանրամասնութիւններ են աւելացուցած են, Քրիստոսի փորձութեան պատմութիւնը այդ ապոկրիֆներուն մէջ չի բացայայտուիր: Այդ մասին շատ կարճ կը յիշատակուի Նիկոդեմոսի աւետարանի Սատանայի եւ դժոխքի երկխօսութեան մէջ Քրիստոսի այդտեղ գալէ առաջ. «...կը մտածես եւ կը վախնա՞ս ընդունել Յիսուսը: Ան իմ եւ քու հակառակորդն է: Անոր փորձութիւնը նոյնիսկ հրեաներու աւագանիին ստիպեց զրպարտել եւ դատապարտել Զայն»:
Վերլուծելով աւետարանիչներու պատմութիւնները` աստուածաբանները կ'ենթադրեն, որ Քրիստոս անմիջապէս իր մկրտութենէն ետք «Հոգիի կողմէ ուղարկուեցաւ անապատ` Սատանայի փորձութիւններու համար»: Եփրեմ Ասորին դատողութիւններ կ'ընէ այն պատճառներու մասին, թէ ինչո՞ւ Յիսուս Սուրբ Հոգիի կողմէ ուղարկուեցաւ անապատ:
Յովհան Ոսկեբերանը «Մատթէոս աւետարանիչի զրոյցներու մէջ» կը գրէ այն պատճառներուն մասին, թէ ինչո՞ւ Քրիստոսի փորձութիւնները տեղի ունեցան անմիջապէս մկրտութենէն ետք: Անոր կարծիքով անիկա անոր համար է, որպէսզի «մկրտուողներէն ոչ ոք, եթէ մկրտուելէ ետք հանդիպի փորձութիւններու, չվրդովի, այլ կարենայ տղամարդի մը պէս տանիլ որեւէ փորձութիւն»:
Մեկնիչները համեմատութիւն կ'ընեն հրեաներու անապատ ճամբորդութեան եւ Քրիստոսի փորձութեան իրադարձութիւններու միջեւ:
Քրիստոսի փորձութիւնները անապատին մէջ զուգահեռներ ունին նաեւ Հին Կտակարանի Հոպի պատմութեան հետ, որ նոյնպէս փորձութիւններու ենթարկուած է Սատանային կողմէ: Հոպը կրած է երեք փորձութիւն, եւ վերջինին ժամանակ անոր, ինչպէս եւ Յիսուսին, առաջարկուած է երկրպագել Սատանային:
Իւրաքանչիւր փորձութեան ժամանակ Յիսուս ոչ մէկ գործողութիւն չի կատարեր, միայն երկխօսութեան մէջ կը մտնէ Սատանային հետ: Այդ պատճառով ալ աստուածաբանները կը նշեն, որ «Անոր շրթներէն դուրս եկող խօսքը կանգնեցուց Սատանան»:
Ղուկասի խօսքերով, փորձութիւններէն ետք Սատանան կը ձգէ Յիսուս Քրիստոսը (Կաղապար:Աստուածաշունչ), այնուհետեւ ան դարձեալ կը սկսի գայթակղիլ անոր հրեայ ժողովուրդի միջոցով, նաեւ անոր աշակերտներուն միջոցով` տարբեր դաւեր նիւթ ընելով:
Մարկոս աւետարանիչը կը յայտնէ, որ անապատին մէջ Յիսուս գազաններու հետ էր (Կաղապար:Աստուածաշունչ), ասիկա այն բանին ապացոյցն է, որ Քրիստոս (նոր Ադամ) կը շրջապատէր գազանները, որոնք անոր վնաս չէին պատճառեր, այնպէս ինչպէս Ադամին դրախտի մէջ:
Քրիստոնէական դաւանանքին մէջ կ'ենթադրուի, որ փորձութիւնը ուղղուած էր Քրիստոսի մարդկային բնոյթին դէմ, որուն վրայ ազդելով Սատանան յոյս ունէր Յիսուսը տանիլ սխալ ճամբայ: Յիսուսի աստուածային բնոյթին նկատմամբ այդ փորձութիւնը պայքար էր Սատանայի եւ Աստուծոյ Որդիին միջեւ:
Փորձութիւն սովի միջոցով
Սատանան յոյս ունէր, որ սովէն տանջուող Քրիստոս, գայթակղուելով եւ իրեն համար հրաշք կատարելով, այդպէս պիտի վարուի նաեւ հետագային. պիտի ազատէ զայն թշնամիներէ եւ պիտի շրջապատէ հրեշտակներու գունդերով, պիտի իջնէ խաչէն եւ օգնութիւն պիտի կանչէ Եղիա մարգարէին (Կաղապար:Աստուածաշունչ): Սատանայի այս միտքը ուղղուած էր անոր, որ Յիսուսի չարչարանքներով չիրագործուի մարդկութեան փրկութիւնը: Այդ խորամանկ խորհուրդին Յիսուս պատասխանեց Մովսէսի խօսքերով. «Մարդը միայն հացով չէ, որ կ'ապրի, այլ նաեւ այն ամէն խօսքերով, որոնք կ'ելլեն Աստուծոյ բերանէն» (Երկրորդ Օրէնք 8:3):
Փորձութիւն հպարտութեամբ
Երկրորդ փորձութեան ժամանակ Սատանան առաջարկեց հրաշքով ազդել Մովսէսի գալուստին սպասող մարդոց գիտակցութեան վրայ: Քրիստոս կրնար հեշտութեամբ իր վրայ գրաւել մարդոց ուշադրութիւնը: Յիսուս ցոյց տուաւ, որ կարելի չէ առանց անհրաժեշտութեան վտանգներու ենթարկուիլ` փորձելով Աստուծոյ հրաշագործ ուժը: Սատանան իր խօսքը կը սկսի «եթէ դուն Աստուծոյ որդին ես», որ ըստ մեկնիչներու, Քրիստոսի մօտ կը փորձէ փառամոլութիւն արթնցնել:
Փորձութիւն հաւատքով
Վերջին անգամ փորձելով Յիսուսը, ցոյց տալով անոր աշխարհի թագաւորութիւնները, որոնց վրայ ինք կ'իշխէր եւ առաջարկելով զայն Յիսուսին` յոյս ունէր շփոթեցնելու անոր մարդկային հոգին եւ կասկածներ յառաջացնել Յիսուսի մարդկութիւնը փրկելու կարողութիւններուն: Իրմէ հրաժարելով Քրիստոս ցոյց տուաւ, որ չ'ընդունիր Սատանայի իշխանութիւնը աշխարհի վրայ, անիկա կը պատկանի Աստուծոյ, որուն պէտք է երկրպագել:
Ըստ Յովհան Ոսկեբերանի, Քրիստոսի անապատի մէջ յայտնուիլը, անոր ծոմապահութիւնը, աղօթքը, փորձութիւնները օրինակներ են, թէ ինչպէս պէտք է պայքարիլ չար ուժերու դէմ:
Լեւ Թոլսթոյ իր «Չորս Աւետարանիչներու Միաւորումն Ու Թարգմանութիւնը» տրակտատին մէջ կըւ տայ գայթակղութեան իր մեկնաբանութիւնը: Ըստ Թոլսթոյի, աւետարանիչներու պատմութիւնը կը նմանի երկու անձերու երկխօսութեան` հոգեւոր (Յիսուս) եւ նիւթական (Սատանայ): Ի վերջոյ Յիսուս կը հասկցնէ, որ նիւթականը իրեն համար նշանակութիւն չունի:
Ի յիշատակ Յիսուսի անապատին մէջ 40-օրեայ պահքի քրիստոնէութեան մէջ ամէն տարի կը սահմանուի Մեծ Պահք, որուն առաջին մասը 40 օր է:
Կաթողիէ եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահքի առաջին Կիրակին սահմանուած է Յիսուսի անապատին մէջ փորձութեան յիշատակը: Այդ օրը պատարագի ժամանակ կը կարդացուի Քրիստոսի փորձութեան աւետարանական պատմութիւնը, իսկ զուգահեռ երգեցողութեամբ կ'ըսուին առաջին փորձութեան ժամանակ Յիսուսի պատասխանած բառերը. «Մարդ պէտք չէ միայն հացով ապրի, այլ նաեւ Աստուծոյ բերանէն դուրս եկող ամէն խօսքով»: Կաղապար:Աստուածաշունչ:
Եկեղեցական աւանդութիւնը Յիսուսի 40-օրեայ պահքի եւ Սատանայի կողմէ փորձութեան վայր կը համարէ Իերիխոնայէն ոչ հեռու գտնուող լեռը: Լեռը ունի 380մ բարձրութիւն եւ քրիստոնեաներու կողմէ կը տրուի «Փորձութեան լեռ» անունը, ուր միակ բնակիչը այսօր կը հանդիսանայ յոյն վանականը: Վանքը հիմնադրուած է 4-րդ դարուն, անոր ներքին տարածքը փորուած է ժայռի մէջ, իսկ քարայրին մէջ, ուր ըստ աւանդութեան եղած է Քրիստոս, կառուցուած է զանգակատուն:
Լեռը քրիստոնէական ուխտագնացութեան աւանդական վայր կը հանդիսանայ:
Յիսուսի փորձութիւնների նիւթը կերպարուեստի մէջ լայն տարածում չէ գտած: Անիկա աւելի յաճախ առկայ է Սուրբ Մարկոսի տաճարի եւ Սիքստինեան Քափելլայի Քրիստոսի ամբողջ կեանքը պատկերող գեղանկարներու մէջ: Պատկերուած կ'ըլլան ինչպէս երեք փորձութիւնները (առաջին ծրագիրին մէջ ներկայացուած առաջին փորձութիւնը, իսկ միւս երկուքը ետեւի ծրագիրին մէջ), այնպէս ալ Քրիստոս Սատանայի հետ լերան կատարին:
Ուղղափառ գեղանկարչութեան մէջ երբեմն փորձութեան տեսարանը կը տեղադրեն սրբապատկերներու վրայ: Անիկա կրնայ տեսնել նաեւ արեւմտեան եւրոպական գեղանկարչութեան մէջ, օրինակ Վերոնեզէի «Քրիստոսի մկրտութիւնը եւ փորձութիւնը» նկարին մէջ մէկ կտաւի վրայ պատկերուած են երկու տեսարանները:
Քրիստոսի փորձութիւնները կը պատկերեն երեք պարունակութիւններու մէջ.
Ռոմանական եւ գոթական արուեստներուն մէջ, նաեւ Վերածնունդի դարաշրջանին Սատանան սովորաբար պատկերած են իբրեւ խաւարի ոգի` եղջիւրներով, թեւերով, ինչպէս օրինակ Տուչչոյի մօտ: Իտալիոյ մէջ, Վերածնունդի դարաշրջանին Սատանան ստացած է սիրուն տեսքով պատանիի կերպար` «ինկող հրեշտակ» (օրինակ` Թիցիանի մօտ):
Շարժապատկեր.
Գրականութիւն.
«Our Rabbis related that in the hour when the Messiah shall be revealed he shall come and stand on the roof of the temple»
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Քրիստոսի Փորձութիւնները, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.