Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Ճուրեան

Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Ճուրեան, (1931-2008), հոգեւորական

Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Ճուրեան

Հայ Կաթողիկէ զմմառեան միաբան Հայր Մեսրոպ Ծայրագոյն վարդապետ Ճուրեան ծնած է Քեսապ, սուրիա 1931-ին: 1945-1953՝ ուսանած է Զմմառու Նորընծայարանին մէջ, ապա մեկնած Հռոմ, ուր Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան Համալսարանին մէջ հետեւած է իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բաձրագոյն կրթութեան: Կուսկարօն քահանայ ձեռնադրուած է 1959-ին, ձեռամբ կարդինալ Աղաճանեանի: Աստուածաբանական ուսումը ամբողջացուցած է Յիսուսեան Հայրերու Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ։ Հովուական-Ժողովրդապետական եւ կրթական բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հռոմի մէջ:Տարիներ շարունակ վարած է Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Աւետիք Պատրիարքական պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը, միաժամանակ ստորագրելով տարաբնոյթ յօդուածներ:Ճուրեան Վարդապետի գրական ժառանգութիւնը կը բաղկանայ առաւելաբար հոգեւոր-կրօնական ու եկեղեցական տասնեակ մը գիրքերէ ու հարիւրաւոր յօդուածներէ եւ թարգմանութիւններէ:Մատենագիտական իր աշխատանքին հիմնական վաստակը Ցուցակ Զմմառու Մատենադարանի Հայերէն Հնատիպ Գիրգերուն արժէքաւոր աշխատանքն է (լուսատիպով հրատարակուած 1938-ին), որ կ'ընդգրկէ Զմմառու Մատենադարանին մէջ գտնուող 1512-1800 թուականներուն հրատարակուած 335 Հայերէն գիրքերու ամբողջական ցուցակը, վերստուգուած Զարբհանալեանի Հայկական Մատենագիտութիւն եւ Անասեանի Հայ Հնատիպ Գրգի Մատենագիտական Ցուցակ աշխատութիւններուն տուեալներով ու հետեւելով անոնց մեթոտաբանութեան: Բաց աստի, Աւետիքի էջերուն մէջ ցրուած կը մնան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած իր յօդուածները, որոնք հաւանաբար փոքր մասնիկներն են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը անտիպ հատորին: Իր թուղթերուն մէջ կը մնայ նաեւ Հայ Ծիսագիտութեան Պատմութիւն հատորի ձեռագիրը: Ճուրեան վարդապետի մահով անիրագործելի մնացին նաեւ Ե.-ԺԵ. դարերու Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութիւնը գրելու իր մտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ զանազան աշխատանքներ:

Ճուրեան վարդապետ վախճանեցաւ 16 Նոյեմբեր 2008-ին, Զմմառ:

Աղբիւրներ

  • «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», Հատոր Ի.Թ., Պէյրութ, 2009, էջ 444

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

29 ՅունուարԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանԱւետիս ԱհարոնեանՄարսէյլՍեւ ԾովԱլիշա ՔիզԵղիշէ (անձնանուն)Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին ՄէջՍկովտիական ՈւիսքիՀրայր ԴժոխքՀայկ ՆահապետՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Դանիէլ ՎարուժանՄագաղաթՉարլզ ԵորքսՍուրբ ԾնունդԱնգլերէնԽամսայի ՄելիքութիւններըՊսակաձեւ ԺահրԻվեթա ՄուկուչեանՖրանսաՖինլանտաՄխիթար ՀերացիՀանրագիտարանՏրէյք (ռափր)Նիքիթա ԽրուշչովՏիգրիս (գետ)102 (թիւ)Դեղին (գոյն)Ծովից ծով ՀայաստանԱռնոլտ ՇուարցնէյկըրԹոքախտՍուէյտաԴրօԿուրՕԹԱՆՔէյթի ՓերրիՆերսէս ԼամբրոնացիԵւրոպական ՄիութիւնԻսթանպուլՎլատիմիր ԼենինԿայուն ԶարգացումԹատրերգութիւնՓլովտիւԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՔաթարՎիգէն (անձնանուն)ՋիւանիՄարկրէթ ԹաչըրՀրատ մոլորակ (Մարս)ԱրեւմտահայերէնԿաղամբՏելհիՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՄեսրոպ ՄաշտոցԹարթառ գետՌոզեթայի ՔարSnap (Ռոզա Լին երգ)Հանգստապատառ (լոխում)Ռաս Ուլ ԱյնԳարեգին ՆժդեհՆահապետ ՔուչակՇիքակօԱնտալուսիա1753 թուական1789 թուականԵություպԿորիւնԷյմի Ուայնհաուս400 (թիւ)Պահեստ Գիւղի ԵկեղեցիԳրիգոր Արտեմի ՀարությունյանԱշոտ Բ․ ԵրկաթՍթոքհոլմՎինսընթ Վան ԿոկՍոճիԿոստան Զարեան🡆 More