Կուղբ

Կուղբ, կրծողներու կարգի կաթնասունի՝ կաթով սնող եւ կաթ սնուցող, կենդանի է:

Կուղբերը կ'ապրին անտառային հանդարտ գետերու գետնափոր բուներու մէջ: Անոնց մարմինը ծածկուած կ'ըլլայ մետաքսանման խիտ աղուամազերով․ անոր երկարութիւնը կը հասնի մինչեւ 100 սմ.ի: Պոչը տափակ է եւ կը հաշուէ 30 սմ.: Անոն կրնան ըլլալ շաքանակագոյն, մութ սրճագոյն կամ սեւ:

Կուղբ

Կուղբերը կրնան առուակներու մէջ ամբարտակներ շինել, անտառի մէջ ջրանցքներ բանալ եւ վարպետ փայտահատի նման հաստ ծառերը կտրտել եւ հիւղակ շինել: Այս կենդանիները ճիւղերով եւ գետնի ցեխով կը շինեն ամբարտակներ, որոնք կանգուն կը մնան նոյինսկ երբ առուակներուն ջուրերը յորդին:

Ամբարտակի կեդրոնը, լճակի մէջտեղի մասին մէջ կը գտնուի կուղբի հիւղակը, որ նոյնպէս շինուած կ'ըլլայ ճիւղերով եւ ցեխով: Հիւղակի բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 2 մեթրի, տրամագիծ ունենալով՝ 3 մեթր եւ աւելի:

Այս շինարար կենդանիները իրենց հիւղակին մուտքը կը շինեն այնպիսի ձեւով մը, որ անոր մուտքը միշտ ջուրի տակ ըլլայ եւ ո'չ մէկ օտար չկարողանայ հոն մտնել: Անոնք իրենց հիւղակին մէջ կը հանգստանան ցերեկին եւ երեկոյեան կ'երթան փայտ բերելու:

Կուղբերը ծառը կը կրծեն իր ամէն կողմերէն, ապա կը տապալէ զայն: Ետքը կ'առանձնացնէ ճիւղերը, կրծելով մի քանի մասի կը բաժնէ բունը, կը մտնէ լճակը եւ կ'ուղղուի դէպի իր հիւղակը: Ձմեռը երբ սառի լճակի ջուրը, կուղբերը կը նստին իրենց տաք հիւղակին մէջ եւ կը կրծոտեն ծառի կեղեւները: Կուղբերը շատ աշխատասէր կենդանիներ են, երբ լճակի ափին ծառ չմնայ, անոնք դէպի անտառի խորքը մինչեւ 100 մեթր երկարութեան հասնող ջրանցքներ կը փորեն, ծառերուն հասնելու համար:

Կուղբերը, շատ մը այլ կենդանիներու նման, 3-4 ձագերու ծնունդ կու տան: Ձագերը մէկ կամ երկու օր ետք արդէն կը լողան:

Կուղբերը կ'ապրին մինչեւ 35 տարեկան: Ներկայիս կուղբի որսը արգիլուած է: Կուղբը Գանատայի խորհրդանիշներէն մէկն է. ան հետեւողական աշխատանք կը խորհրդանշէ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՈւէյն ՌունիԼէօԻնտրա1850 թուականՄոսկուա1914 թուականԱնանիա ՇիրակացիՍքիմնոս ՀիոսցինՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՄենուայի ջրանցքըՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՅովսէփ Ազնաւուր11 ԱպրիլՍալբի ԳասպարեանՄիլանԳերմանիաԻրաքլիա ՍինտիքիՆիկողոս ԶօրայեանՊորտասարՇերամ (գուսան)Ծաղիկ (թերթ)Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներըԱսալ լիճՆաֆթԹունուզՄարտՕմար ՇարիֆՏօմինօՆիքոլօ Մաքիավելլի1910Մեռեալ ԾովԵւկենիա ՄետվետեւաԲնութիւնՎիեննաԱշոտ Գրիգորեան (ճարտարապետ)ՁիւնՄոզիլլա ՖայրֆոքսՄիլիոնատէրը Ետնախորշէն2001Նոր ՆախիջեւանՀայկական ՉամանՔորթնի ՔոքսԶապէլ Եսայեանի ՅուշարձանՄետաքսի ՃանապարհՀոգեկան առողջութիւն7 ՍեպտեմբերՀայկ ՆահապետԼորիս ՃգնաւորեանՀոկտեմբերՀայաստանի ԶինանշանԱրեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի ԿառավարութիւնՇուշիի Հռիփսիմեան Օրիորդաց Միջնակարգ ԴպրոցՆշան ՄանուշակեանՀանթսուիլՊօղոս փօլ ԷսապալեանՀրատ մոլորակ (Մարս)Սեպիլի ՊարտէզԼոռի (մարզ)Հայերը Պաքուի մէջՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)Շուշանիկի ՎարքՍուրիական անապատՄանկական ԱնդամալուծութիւնՉարլզ ԲիքֆորտՀայրենիքՏէր Զօր շրջանՊելոպոնեսեան ՊատերազմԱրեւմտեան ՀայաստանԵրկիր1767 թուական🡆 More