Կոյրերու Յատուկ Ֆութպոլ

Կոյրերու Յատուկ Ֆութպոլը յատուկ է ամբողջովին կոյր կամ թեթեւ լոյս նշմարող խաղացողներու:

Կոյրերու Յատուկ Ֆութպոլ
Կոյրերու Յատուկ Ֆութպոլ

Խաղին օրէնքները

  • Կոյր խաղացողներու ֆութպոլի խաղը ունի իրեն յատուկ օրէնքները: Առաջին հերթին է խաղացողներուն նոյն մակարդակի վրայ գտնուիլը:
  • Բոլոր խաղացողները իրենց աչքերը ծածկող դիմակ մը պէտք է գործածեն` ամբողջական մթութիւն մը ստեղծելով:
  • Անոնց դաշտը աւելի փոքր է, 20×40 մեթր: Ան պատնէշով մը շրջապատուած է, որպէսզի գնդակը դուրս չերթայ:
  • Խումբը կազմուած կ'ըլլայ դաշտի չորս կոյր խաղացողներէ, եւ մէկ տեսնող բերդապահէ մը:
  • Խաղը կը տեւէ 30, 40 կամ 50 վայրկեան:

Ձայնին դերը

Խաղացողները, որոնք վարժ են առանց տեսնելու շրջելու, կը դիմեն նաեւ լսողութեան:

Կոյրերու Յատուկ Ֆութպոլ 

ֆութպոլի գնդակը լեցուած է փոքրիկ զանգակներով, որոնք ձայն կը հանեն գլորուելու ընթացքին:

Խաղացողները մտիկ կ'ընեն հակառակորդ բերդին ետեւը կանգնած զիրենք ուղղորդողը, իրենց մարզիչը կամ բերդապահին տուած տեղեկութիւններն ու հրահանգները:

Դէպի գնդակը վազող խաղացող մը պէտք է լուր տայ միւս խաղացողներուն` կանչելով «վոյ», բախումներէն խուսափելու համար: Որպէսզի խաղացողները կարենան լաւ լսել, հանդիսատեսներէն կը պահանջուի լռութիւն: Սակայն, անոնք իրաւունք ունին պոռալու, երբ «կոլ» կը նշանակուի:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Վահրամ ՓափազեանՀամՅովհաննէս ԹորոսեանՍեւ ԾովԿարօ ՄեհեանՇինզոյ ԱպէԵղիշէՅուլիանոս ՈւրացողԻջեւանԵրիկամՀոլոքոսթՉարլզ ՊիքֆորտՖրանսուա ՀոլլանտԲնութիւնՄիլանԱղթամար կղզիԱծանցաւոր բառերԴանիաԿեդրոնական Հետախուզական ՎարչութիւնՂեւոնդ ԵրէցԳրիգոր ԶօհրապԼիլիթՍմբատ (անձնանուն)ԵւրոպաՀռոմկլաՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնԾովից ծով ՀայաստանԱմուր-ԱւանWindows 10Աշոտ Գ. ՈղորմածՍրբուհի ՇուշանՄարտԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՊոլիս5 ՆոյեմբերՊարսից ԾոցՃոնի ՏեփՎազգէն Ա.Տիգրան ՄանսուրեանԶուիցերիաԱրածանիի ՃակատամարտՏապլինՎասպուրականԱՄՆ1947Արուսեակ (մոլորակ)Զապէլ ԵսայեանՄոսկուաՀոգեկան առողջութիւնՀայկական ՄուֆլոնՎահան Գարտաշեան1910Յովսէփ ԱզնաւուրՂեւոնդ ԱլիշանԱնդրանիկ ՕզանեանՃիմի ՈւէյլզԻրաքՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Պետրոս Տէր ՊօղոսեանԵրուսաղէմՔարլես ՓուճտեմոնԽոդեդան1813 թուականՄուրատ-Ռափայէլեան ՎարժարանՎարդերես ԳարակէօզեանԱնիՈւքրանիաՃոն ՔենետիՅակոբ ՄնձուրիՊելոպոնեսեան Պատերազմ🡆 More