Իրաւաբանութիւն

Իրաւաբանութիւն, իրաւունքի մասին գիտութիւնը : Իրաւաբանները կը զբաղին իրաւունքի բնոյթի եւ զարգացման համակարգուած պարզաբանմամբ, կը բացայայտեն այն սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած է կամ պէտք է հիմնուած ըլլայ իրաւունքը` ներառեալ անոր կապը այլ հաստատութիւններու եւ գործելակերպերու, օրինակ` բարոյականութեան հետ, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն անոր ներքին գործելակերպը : «Իրաւունքը» կրնայ ըլլալ գործող եւ բնական (այստեղէն է «բնական իրաւագիտութիւն» կարեւոր աւանդոյթը) կամ նոյնիսկ ներկայացուած որպէս կարգաւորիչ օրէնսգիրք, որ պաշտօնական իրաւական համակարգի բաղկացուցիչ մասը չէ: Կրնայ թուիլ, թէ այս խնդիրներու վերացական բնոյթը կը հեռացնէ իրաւաբանութիւնը իրաւունքի բովանդակութենէն, սակայն սկզբունքները, որոնք իրաւաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ կամ կը նկարագրէ, կը կազմեն (կրնան կազմել) իրաւաբաններու գործելակերպի բաղկացուցիչ մասը կամ կը կիրառեն (կրնան կիրառկել) իրաւական համակարգի շրջանակներուն մէջ: Հետեւաբար, իրաւունքի եւ իրաւագիտութեան կապը կը նմանի քաղաքականութեան եւ քաղաքագիտութեան կապին:

Իրաւագիտական փիլիսոփաները հարց կու տան միշտ, թէ «ի՞նչ է իրաւունքը» եւ «ի՞նչ պէտք է ըլլայ իրաւունքը»:[1]
Իրաւագիտական փիլիսոփաները հարց կու տան միշտ, թէ «ի՞նչ է իրաւունքը» եւ «ի՞նչ պէտք է ըլլայ իրաւունքը»:

Կամքը Իրաւաբանութեան Տեսանկիւնէն

Կամքը կ'իշխէ այն տեսութեան, ըստ որու անհատական կամքը քաղաքացիական իրաւունքի սկզբնաղբիւրն է: Կամքը անհրաժեշտ տարրն է ցանկացած իրաւաբանական գործարքի, որ ինքնին կամքի դրսեւորում է եւ կը յանգեցնէ իրաւաբանական այնպիսի հետեւանքներու, ինչպիսին ցանկացած են կողմերը եւ միայն այն պատճառով, որ անոնք այդ կամեցեր են: Ուստի անվաւեր կը համարուի այն գործարքը, որ իրականացուած է առնութեամբ, խաբէութեամբ կամ սխալմունքով, քանի որ այդպիսի գործարքը չի հանդիսանար մասնակիցներու իրական, գիտակցուած կամքի դրսեւորում: Քրէական իրաւունքի ոլորտին մէջ կամքը կ'ընդգրկէ գործունէութեան դրդապատճառները, գործիչի նպատակները եւ կատարուած գործողութիւններէն անհրաժեշտաբար կամ պատահաբար բխող հետեւանքներու կանխատեսումը:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Քաղաքագիտութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սպիտակ ԱրջԱղթամար կղզիԵրեւանԶաքար (անձնանուն)ՀռոմկլաՊիլ ՎիտըրսՂեւոնդ ԱլիշանՃափոնՏրդատ Ա.ՀայաստանՍ. Սոֆիա տաճար (Կ. Պոլիս)Մխիթար ՀերացիԱրեւմտեան ՀայաստանՖլորանսՔաղաքավարութեան ՎնասներըԿուրՆէսիպ Աբգարիոս7 ՍեպտեմբերԱպահունեաց ՎանքԱրծիւ (պաշտօնաթերթ)Տանըլտ ԹրամփԳագիկ Բ․ՄիլանԿոնստանդին ՕրբէլեանՎարդան ԱրեւելցիՎազգէն Ա.Լատինական կայսրութիւն1981 թուականՄիհր1986 թուականՆաթալի ՂուսելԱրշիլ ԿորքիՇրատա ԳաբուրԱշոտ ԳրաշիՍայքս-Փիքոյի համաձայնագիր (1916)ԱստուածաշունչԱրմենական Կուսակցութիւն1996 թուականՀայկական ՉամանՎահան Մանուէլեան (Տողրամաճեան)Կատուներ3 ՆոյեմբերԶուիցերիաԼուսինՀրայր ԴժոխքՄուրացանԿարինԼորիս ՃգնաւորեանՅովհաննէս Քաջազնունի9 ԱպրիլԶինկԻնտրաԱգաթանգեղոսՆիքոլա ԹեսլաՍկովտիական ՈւիսքիԱրա ՇիրազՅուլիանոս ՈւրացողԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)ՍայտաԶաքինթօԱնգլիաԿարսՄանուէլ (անձնանուն)1767 թուականՍ. Միւռոն1925 թուական«Աշոտ Երկաթ» ՊատմավէպԱրժանթինՀամաստեղ🡆 More