Արկագունդ Վոլիպոլ

Վոլիպոլը (Արկագունդ), գնդակի մարզախաղ մը, որ կ'ունենայ երկու մրցակից խումբեր, վեցական մարզիկներէ կազմուած։

Արկագունդ Վոլիպոլ
Ալճերիա եւ Ճափոն, աղջկանց ազգային հաւաքականի մրցաշարք, Ողիմպիական խաղեր, 2012

Պատմական Ակնարկ

Սկիզբ առած է 1890-ական թուականներուն՝ ԱՄՆ-ի մէջ։ Հետագային անցած  է Ճափոն, Չինաստան եւ Ֆիլիփին։ Հոլոքէյ, Մասաչուսեցի մէջ, մարզանքի ուսուցիչ Ուիլիըմ  Կ. Մորկըն հնարած է այս խաղը, որովհետեւ ան կողովագնդակի խաղը շատ վայրագ նկատած է:

Սկզբնական շրջանին,  Մորկըն այս խաղը «Mintonette» կոչած է, զորս փակ սրահներու մէջ, իբրեւ ժամանց կը խաղցուէր, սակայն մասնակցող մարզիկներուն թիւը յաճախ կը փոխուէր:

Խաղին սկզբունքները առնուած էին Կողովագնդակէն եւ Թենիսէն:

Արկագունդ Վոլիպոլ 
Ուիլիըմ Մորկըն

Խաղին Օրէնքները

  • Խաղին  բուն օրէնքները գրի կ'առնուին Մորկընի կողմէ, որոնք կը տպուին 1897-ին:
  • Այս խաղին հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն արական թէ իգական սեռերու մարզիկներ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերէն մարզիկներ:
  • 1916-ին խաղին օրէնքները որոշ չափով փոփոխութեան կ'ենթարկուին:
  • 1922-ին ազգային առաջին մրցաշարքը տեղի կ'ունենայ Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
  • 1928-ին կը հիմնուի ԱՄՆ-ի արկագունդի առաջին խումբը:
  • Բացի 1944 եւ 1945 տարիներէն, մինչեւ 1949, արկագունդի մրցումները տեղի կ'ունենան միայն տղոց միջեւ:
  • 1949-ին կը սկսին իգական սեռի մրցաշարքերը, իսկ 30 տարիքը բոլորած աղջիկներունը՝ 1977-ին:
  • Համաշխարհային Ա. պատերազմին, շնորհիւ ամերիկացի զինուորներուն, խաղը մուտք կը գործէ Եւրոպական երկիրներ:
  • 1947-ին Արկագունդի յանձնախումբը կը կազմուի Փարիզի մէջ, ապա կը հաստատուի Զուիցերիոյ մէջ՝ 1984-ին:
  • Միջազգային արկագունդի մրցաշարքերը սկիզբ կ'առնեն 1913-ին, Մանիլայի մէջ:
  • 1900-ի սկիզբէն մինչեւ յետ համաշխարհային երկրորդ պատերազմ, Ասիոյ մէջ, արկագունդի խաղերը տեղի կ'ունենան ներկայ դաշտերէն աւելի ընդարձակ դաշտերու մէջ, բայց աւելի ցած ցանցով եւ իւրաքանչիւր խումբէ՝ ինն մարզիկ:
  • Արկագունդի յանձնախումբը կը կազմակերպէ բազմաթիւ մրցաշարքեր (1949-ին միայն տղոց, 1952-ին՝ աղջիկները եւս մասնակցելու իրաւունք կը ստանան):
  • 1964-ին խաղը կը ներառուի Ողիմպիական խաղերուն մէջ, Թոքիօ:

Ծանօթագրութիւններ

[[Ստորոգութիւն:Մարզաձեւեր] Կաղապար:Stub

Tags:

Գնդակ (մարզական)

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԷրզրումԱնգլիական Այգի (Երեւան)Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողով1972 թուականԻնթըրփօլԹահա ՀուսէյնԱսիաԵՈՒՆԵՍՔՕՍ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի (Հալէպ)Սեն Փեթերսպուրկ1910 թուականՏղմուտ (գետ)Մոխրիկը (ֆիլմ)ԱֆղանիստանԲիւզանդական Կայսրութիւն11 Սեպտեմբերի Ահաբեկչական ՅարձակումներԳենուա1 ՍեպտեմբերՆիկողայոս ԱդոնցՍտամոքսի ԽոցԱրաբական Արշաւանքները Դէպի ՊարսկաստանԿաղնիՀայկ ՆահապետՀարուածային գործիքներՍիամական ԵրկուորեակներԱրշակ Բ.ՕձերԿայուն Զարգացում1941 թուականՄոլտովաՈւիլիըմ ՇէյքսփիրՎարուժան ԽտըշեանԵթովպիաՁիթողցոնց տուն-թանգարանԱնժելա Սարաֆեան1927 թուականԱրցախեան Ազատամարտ1903 թուական1917-ի Փետրուարի Յեղափոխութիւն1995 թուականԳրականութիւնՇաւարշ Քահանայ ՊալըմեանՀայաստանի Զինանշան1894 թուականՆիւթՀայ Ժողովուրդի Մայիսեան ՀերոսամարտերՄեքքաԱրծաթԿեմերէկՄտախտաւորութիւնԵփրատ գետ1892 թուականԼին ՏուրեանՏաշքենդ17 ՄայիսՔրաքով1922 թուականԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՅովհաննէս Բարսեղեան3 ԱպրիլԾէսՅակոբ ՄնձուրիԼինուքսԿցական բարդութիւնՍոնա ԹընկըրեանԵրկվայրկեանՅունաստանՀալէպՖրետերիք ՆիցչէԱբաս Ա. Բագրատունի🡆 More