Վիքթոր Հիւկօ (26 Փետրուար 1802(1802-02-26), Բեզանսոն - 22 Մայիս 1885(1885-05-22), Փարիզ), ֆրանսացի հռչակաւոր գրագէտ, բանաստեղծ, թատերագիր, քաղաքական գործիչ, ֆրանսական վիպերգական շարժումի առաջնորդ եւ տեսաբան:
Վիքթոր Հիւկօ եղած է երեք եղբայրներէն կրտսերը (երէց եղբայրները կը կոչուէին Աբել (1798-1865) եւ Եւկենի (1800-1837)): հայրը՝ Ժոզէֆ Լէոփոլտ Սիկիսպըր Հիւկօ (1773-1828), Նափոլէոնի բանակին մէջ հրամանատար էր, իսկ մայրը՝ Սոֆի Թղէպուշէն (1772-1821), դաշնակահարուհի:
Հիւկօ իր մանկութիւնը կ'ապրի Մարսէյլի, Քորսիքայի, Իտալիոյ (1807) եւ Մատրիտի (1811) մէջ: Ընտանիքը յաճախ կը տեղափոխուի հօրը աշխատանքին պատճառով, առաւելաբար ապրելով նաեւ Փարիզի մէջ: Այս ճամբորդութիւնները գրագէտին հոգիին մէջ կը ձգեն խոր տպաւորութիւններ, որոնք իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն անոր գործերուն մէջ:
1813-ին, Հիւկոյի մայրը՝ Սոֆի Թղէպուշէն, սիրային յարաբերութիւն ունենալով հրամանատար Լակորիին հետ, կ’ամուսնալուծուի եւ զաւկին հետ կը հաստատուի Փարիզ:
1814-1818 Հիւկօ կ’ուսանի Լիւդովիկոսի բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ 14 տարեկանին սկիզբ կ'առնէ անոր գրական գործունէութիւնը։ Կը գրէ «Athelie ou les scandinaves» եւ մօրը նուիրուած «Yrtatine" անտիպ ողբերգութիւնները, ինչպէս նաեւ «Louis de Castro» թատերախաղը: 15 տարեկանին ֆրանսական ակադեմիայի բանաստեղծական գրականութեան մէկ մրցոյթին կ’արժանանայ պատուոյ յիշատակութեան իր «Les avantages des études» բանաստեղծութեան համար, իսկ 1819-ին «Jeux Floraux» մրցանքին կը ստանայ երկու մրցանակ` «Vierges de Verdun» եւ «Rétablissement de la statue de Henri III» բանաստեղծութիւններուն համար:
1822 Հոկտեմբերին Հիւկօ կ’ամուսնանայ Ատել Ֆուսէի հետ (1803 - 1868): Անոնք կ’ունենան հինգ զաւակ՝
1823-ին կը հրատարակուի «Իսլանտացի Հանը» (Han d’Islande) վէպը: Շարլ Նոտիէի հիմնաւորուած քննադատութիւնները հիմք կը դառնան Հիւկոյի եւ Նոտիէի յետագայ բարեկամութեան, որ կը շարունակուի երեք տարի (1827-1830): Այս ժամանակներուն Հիւկօ կը վերահաստատէ կապը իր հօրը հետ եւ կը գրէ «Տաղեր հօրս» (Odes à mon père, 1823), «Երկու կղզի» (1825) եւ «Ճակատամարտէն ետք» (Après la bataille) բանաստեղծութիւնները: Հիւկոյի հայրը կը մահանայ 1828-ին:
Հիւկոյի «Քրոմուել» (Cromwell) թատրերգութիւնը, որ գրուած է Ֆրանսական յեղափոխութեան հռչակաւոր դերասան Ֆրանսուա-ժոզէֆ Տալմայի համար, կը հրատարակուի 1827-ին եւ պատճառ կը դառնայ բուռն վէճերու: Թատերախաղին նախերգանքին մէջ հեղինակը կը ժխտէ դասականութեան պայմանները, յատկապէս` տեղի եւ ժամանակի միասնութիւնը, օգտագործելով վիպերգական թատերախաղի յատկանիշներ:
1829-ին լոյս կը տեսնեն «Մահապարտի վերջին օրը» (Dernier Jour d’un condamné), իսկ 1834-ին` «Քլոտ Կէօ» (Claude Gueux) վիպակները: Այս գործերուն մէջ Հիւկօ կը ներկայացնէ իր բացասական կեցուածքը մահապատիժի նկատմամբ:
«Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» վէպը կը հրատարակուի 1831-ին:
1830-1843 տարիներուն Վիքթոր Հիւկօ կը գրէ միայն թատերական գործեր, սակայն նաեւ կը հրատարակէ բանաստեղծական երկեր, ինչպէս`«Աշնան տերեւներ» (Les Feuilles d’automne, 1831), «Մթնշաղի երգեր» (Les Chants du crépuscule, 1835 ), «Ներքին ձայներ» ( Les Voix intérieures, 1837), «Շողեր եւ ստուերներ» (Les Rayons et les Ombres, 1840):
1828-ին Հիւկօ կը բեմադրէ իր առաջին թատերախաղերէն՝ «Էմի Ղոպսաղ»ը (Amy Robsart): 1829-ին ծնունդ կ'առնէ «Էղնանի» (Hernani) թատերախաղը (առաջին բեմադրութիւնը տեղի կ'ունենայ 1830-ին), որ գրական վէճեր կը ստեղծէ հին եւ նոր արուեստի ներկայացուցիչերուն միջեւ: Այս թատերախաղէն ներշնչուած, Թէոֆիլ Կօթիէ կը դառնայ նոր արուեստի հաւատարիմ պաշտպանը: Այս վէճերը գրականութեան պատմութեան մէջ ծանօթ են իբրեւ «ճակատամարտ` «Էղնանիի» համար»:
1841-ին Հիւկօ կ’ընդունուի ֆրանսական ակադեմիա, իսկ 1845-ին կը ստանայ աւագ ազնուականի տիտղոս (pair de France): 1848-ին կ'ընտրուի Ազգային ժողովի անդամ։ 1850-ական տարիներուն ան դէմ էր պետական յեղաշրջումի։ Երբ Նափոլէոն կը դառնայ Երրորդ իշխանութեան ղեկավար` Հիւկօ կ’արտաքսուի երկրէն: 1870-ին կը վերադառնայ Ֆրանսա, իսկ 1876-ին կ’ընտրուի ծերակոյտի անդամ:
Հիւկօ մահացած է թոքախտի պատճառով, 22 Մայիս 1885-ին, 83 տարեկանին: Թաղման արարողութիւնը տեւած է 10 օր։ Մասնակցած է շուրջ մէկ միլիոն անձ: Թաղուած է ֆրանսական պանթէոնին մէջ:
Վիքթոր Հիւկոյի առաջին գործերը յաջողութիւն եւ հռչակ կ'ապահովեն իր կեանքի առաջին տարիներէն սկսեալ: Առաջին բանաստեղծական երկը՝ «Տաղեր եւ զանազան բանաստեղծութիւններ» (Odes et poésies diverses), կը հրատարակուի 1822-ին, երբ ան 20 տարեկան էր։ Լիւդովիկոս ժԸ. թագաւորը տարեկան գումար մը կը տրամադրէր Հիւկոյի: 1826-ին լոյս կը տեսնէ «Ձօներ եւ գեղօններ» հատորը:
Հիւկոյի առաջին հասուն գործը` «Մահապարտի վերջին օրը» ( Le Dernier Jour d’un condamné) վիպակն է, որ գրուած է 1829-ին: Այս գործը հզօր ներգործութիւն ունեցած է Չարլզ Տիքընզի եւ Տոսթոեւսկիի վրայ։ «Քլօտ Կէօ» (Claude Gueux) կարճ, իրական հիմք ունեցող վաւերագրական պատմութիւնն է մարդասպանի մը, որ մահապատիժի ենթարկուած է Ֆրանսայի մէջ: Լոյս տեսած է 1834-ին: Սակայն Հիւկոյի առաջին լիարժէք վէպը կը նկատուի «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» (Notre-Dame de Paris), որ հրատարակուած է 1831-ին եւ թարգամանուած է շարք մը լեզուներու:
Հիւկօ հեղինակ է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու: Անոր բանաստեղծական երկերը հրատարակուած են քսանմէկ, իսկ յետ մահու՝ ութ հատորով:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Վիքթոր Հիւկօ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.