Վերնատուն

20-րդ դարու սկիզբը գոյութիւն ունեցած հայ գրական ակումբ, որ հիմնուած է 1899-ին Յովհաննէս Թումանեանի ջանքերով։ Վերնատան անդամները իրենց հանդիպումները կը կատարէին Թումանեանի բնակարանը, որ կը գտնուէր Թիֆլիսի Բեհրութեան փողոց № 44 վերջին՝ չորրորդ հարկը, ուրկէ եկած է իր անուանումը՝ «Վերնատուն»:

Վերնատուն
Վերնատուն

Վերնատուն

Վերնատան մշտական անդամները շաբաթը մէկ-երկու անգամ (հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը) կը հաւաքուէին Յովհաննէս Թումանեանի տան մէջ զիրար տեսնելու եւ միասին զրուցելու։ Այս հանդիպումներու ընթացքին մեծ գրողները կը կարդային ու կը քննարկէին համաշխարհային գրականութեան դասական եւ նոր հեղինակներու գործերը, ինչպէս նաեւ իրենց գործերը կը ներկայացնէին ընդհանուր քննադատումի։ Վերնատունը գոյութիւն ունեցած է 7-8 տարի, սակայն անդամներու բացակայութեան պատճառով 1908-ի վերջաւորութեան ան դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ «Վերնատունը» դարձած է «Հայ գրողներու կովկասեան ընկերութեան» հիմնաքարը,որ հիմնուած է 1922-ին, նախագահ ունենալով դարձեալ Յովհաննէս Թումանեանը:

Անդամներ

Վերնատան մշտական անդամներն էին՝

Մշտական անդամներուն կողքին, զանազան առիթներով, Վերնատան հանդիպումներուն կը մասնակցէին նաեւ անուանի հայ գրողներ, արուեստագետներ, պատմաբաններ, լեզուաբաններ կամ գրականասէր մարդիկ, ինչպէս՝ Պերճ Պռոշեանը, Մուրացանը, Վրթանէս Փափազեանը, Կոմիտասը, նկարիչներ՝ Գէորգ Բաշինջաղեանը, Փանոս Թերլեմեզեանը։

Հիմնահարցեր

Վերնատան մէջ կը քննարկուէին․

  • Գրողի եւ քննադատութեան կապուած խնդիրներ,
  • Գրականութեան տեսութեան խնդիրներ,
  • Գրական եւ գրողներու կազմակերպութիւն հիմնելու խնդիրներ,
  • Տարբեր ազգերու պատմութեան խնդիրներ,
  • Գրական ընթացիկ կեանքին վերաբերող խնդիրներ։

Ըստ գրականագէտ Արամ Ինճիկեանի՝ Վերնատան մէջ կը քննարկուէր նաեւ՝

  • Գրական նախորդներու վերագնահատութիւն,
  • Հայ դասական գրականութեան արժեքներու գնահատանք եւ լաւագոյն աւանդոյթներու զարգացում,
  • Համաշխարհային դասական գրականութիւնը՝ որպէս ուղենիշ,
  • Ժողովրդական բանահիւսութիւնը՝ որպէս հիմք եւ ներշնչարան,
  • Գրականութեան ժողովրդայնութիւն։

Գրական նախորդներու վերագնահատութեան մասին Թումանեանը անդրադարձած է «Միքայել Նալպանտեանի յիշատակին» յօդուածին մէջ․ «Չէ՞ որ ամեն մի գրող ոչ այն ինչ է, եթե ոչ՝ իրենից առաջ եղածների ազդեցությունների համագումար՝մեկից շատ, մյուսից քիչ, որ ընդունում, հալում է իր ոգեւորության հնոցի մեջ ու ձուլում, ձեւակերպում իր ճաշակով»։

Գրականութիւն «Վերնատան» մասին

  • Դերենիկ Մովսիսեան, Վերնատուն (պատմահայրենասիրական հուշապատում), Երեւան, 2009, 60 էջ

Նկար «Վերնատան» մասին

Տիմիթրի Նալպանտեան գծած է «Վերնատունը» (1974-1976), ուր ներկայ են.

Նկարին մէջ նկարուած որոշ գործիչներ Վերնատան գոյութիւն ունեցած տարիներուն արդէն ողջ չէին։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Վերնատուն Վերնատուն ԱնդամներՎերնատուն ՀիմնահարցերՎերնատուն Գրականութիւն «Վերնատան» մասինՎերնատուն Նկար «Վերնատան» մասինՎերնատուն ԾանօթագրութիւններՎերնատուն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Զեւս20 ՓետրուարԱրփիար ԱրփիարեանԵրիկամՖոլեղանտրոսԱստանաԿատովիցեՄարաթոնի ճակատամարտԱթէնքԱզրպէյճանԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիԸնկեր ՓանջունիԷսթոնիաԻնսթակրամԳետաձիերԱրցախեան ԱզատամարտՓիոթր ՏոսթոյեւսքիՔէյթի ՓերրիԱփրիկէՍաատիՎարդան (անձնանուն)1587 թուականTurkish AirlinesՆաւասարդՀայկական Թավշեայ Յեղափոխութիւն1994 թուականՀայկական Տոմար1993 թուականՀրազդան գետՄինսքՍողոմոն ԹեհլիրեանՍելանիկՍթիվըն ՀոքինկՊուտափեսթՓեքինՊալթեան ԾովԿանանց Միջազգային ՕրԿոմիտաս ՎարդապետMåneskinՕլիվր ՃիրուտԱստուածային ԿատակերգութիւնՄանիշակագոյնՀայաստանեայց Առաքելական Ս. ԵկեղեցիՏիգրանակերտ (Արցախ)Լեռ ԿամսարՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՆշենիԱնդրանիկ ՕզանեանՄայամիՊէրկըն2001Ֆրեզնo4 ՅունուարԿաղնիՀատապտուղԳիտութիւնՊետրոս ԴուրեանԺընեւՕԹԱՆՄիջնադարԵրկուորեակ (համաստեղութիւն)Մուհամմէտ ԱլիՀոկտեմբերԻրաքՀնդկաստանՀրայր Ճէպէճեան1680 թուականՃոմոյ ՔենեաթաԱլպեան լեռներՌուսիաԵոհան Սեպասթիան ՊախԱմարասի վանքԼենկ-ԹիմուրՈսկի1960Վիքթոր Օրպան🡆 More