Ժան Նուվէլ: Ֆրանսացի ճարտարապետ։

Ժան Նուվէլ (12 Օգոստոս 1945(1945-08-12), Fumel), ֆրանսացի ճարտարապետ։

Ժան Նուվէլ
ֆրանսերէն՝ Jean Nouvel
Ժան Նուվէլ: Կենսագրական գիծեր, Գործունէութիւն, Մրցանակներ եւ շքանշաններ
Ծնած է 12 Օգոստոս 1945(1945-08-12)[1][2][3][…] (78 տարեկան)
Ծննդավայր Fumel[4]
Քաղաքացիութիւն Ժան Նուվէլ: Կենսագրական գիծեր, Գործունէութիւն, Մրցանակներ եւ շքանշաններ Ֆրանսա[5]
Ուսումնավայր Փարիզի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոց
Երկեր/Գլխաւոր գործ Galeries Lafayette?, Tour bleue?, Cologne Tower?, Ագբար?, Nouvel Building?, Աբու Դաբիի Լուվր եւ Արաբական աշխարհի ինստիտուտ?
Մասնագիտութիւն ճարտարապետ, ուսուցիչ
Կայքէջ jeannouvel.com

Կենսագրական գիծեր

Ծնած է ուսուցիչներու ընտանիքի մէջ: Ան նախ փափաքած է դառնալ նկարիչ, սակայն ծնողքը որոշած է զաւկին համար աւելի լուրջ կրթութիւն ապահովել, եւ ան ընդունուած է Պորտոյի Գեղարուեստի բարձրագոյն դպրոց։

1966 թուականին Նուվէլ կրթաթոշակ շահած եւ կը շարունակած է ուսումը Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցին մէջ: Ուսումը աւարտելէ առաջ Ժան Նուվէլ Ֆրանսուա Սինիորի հետ բացած է ճարտարապետական սեփական գրասենեակը։

1976 թուականին ան դարձած է «Մարս 1976» եւ «Ճարտարապետական սենտիքա» ուղղութիւններու հիմնադիրներէն մին՝ ճարտարապետութեան մէջ։

Գործունէութիւն

Ճարտարապետութեան ասպարէզին մէջ Նուվէլի ակնառու առաջին գործը Փարիզի մէջ Արաբական աշխարհի հիմնարկի շէնքը եղած է, զոր ան իրականացուցած է «Architecture Studio» ճարտարապետական գրասենեակին հետ։

Յետագային անոր նախագծած նշանաւոր աշխատանքներէն են Լիոնի օփերայի թատրոնը, «Եւրոլիլ» առեւտուրի կեդրոնը՝ Լիլի մէջ, Galeries Lafayette հանրախանութը՝ Պերլինի մէջ, Հասարակական-մշակութային կեդրոնը՝ Լիւցերնի մէջ, ինչպէս նաեւ «Մոնոլիտ» համալիրը, որ «EXPO-2002» ցուցահանդէսի ժամանակ կը լողար Միւրթանս լիճին մէջ։

Աւելի ուշ շրջանի նախագիծերէն են «Ակպար» աշտարակը՝ Պարսելոնա, Ռէյնա Սոֆիա թանգարանի վերակառուցումը, Կուկընհայմի թանգարանը՝ Թոքիօ եւ Ռիօ Տէ Ժանէրօ։

1994 թուականին Ժան Նուվէլ հիմնադրած է «Ժան Նուվէլի գրասենեակ» ընկերութիւնը, որ 2006 թուականին իր 140 աշխատակիցներով Ֆրանսայի ճարտարապետական ամենամեծ ընկերութիւնը կը նկատուէր:

Ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Փարիզ եւ մասնաճիւղեր ունի Լոնտոն, Քոփենհակըն, Մինէապոլիս, Հռոմ, Մատրիտ եւ Պարսելոնա։

Ժան Նուվէլ կը նկատուի բազմակողմանի ճարտարապետ։ Իր գործերուն մէջ ան կը կարենայ միաւորել գոյները, նիւթերը, մակերեւոյթները։ Ան Ֆրանսայի ամենայայտնի ճարտարապետներէն է, որ իրականացուցած է նախագիծեր ամբողջ Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Ասիոյ, Ամերիկայի տարածքին։ Անոր նախագիծերը աչքի կը զարնեն ճարտարապետական ամբողջական լուծումներով՝ լաւագոյն կերպով միաձուլուելով շրջակայքին․

Ժան Նուվէլ: Կենսագրական գիծեր, Գործունէութիւն, Մրցանակներ եւ շքանշաններ  Ամէն անգամ ես կը փորձեմ գտնել խճանկարին պակսող օղակը՝ անհրաժեշտ շէնքը անհրաժեշտ վայրին մէջ։
- ըսած է ճարտարապետը։
Ժան Նուվէլ: Կենսագրական գիծեր, Գործունէութիւն, Մրցանակներ եւ շքանշաններ 


1991-ին Նուվէլ դարձած է Ֆրանսայի Ճարտարապետութեան հիմնարկի փոխ-տնօրէնը, 1993-ին՝ Ճարտարապետութեան ամերիկեան հիմնարկի պատուաւոր անդամ։

Ան առաջին ամուսնութենէն ունի երկու որդի, իսկ երկրորդ ամուսնութենէն՝ մէկ դուստր։ Նուվէլի երրորդ կինը շուէտացի ճարտարապետ Միա Հակն է։

Մրցանակներ եւ շքանշաններ

Ճարտարապետը Փրիցկքէրի հեղինակաւոր մրցանակին արժանացած է իր նորարարական գաղափարներու համար։ Արդէն Փրիցքէրի մրցանակն ալ միայն նորարարութեան համար է, որ կը շնորհուի ճարտարապետներուն: Ան կը նկատուի Նոպէլեան մրցանակին համազօր մրցանակ մը. քանի որ ճարտարապետութեան ասպարէզին մէջ Նոպէլեան մրցանակ նախատեսուած չէ, ապա «Hyatt Hotels Corporation» բարձրակարգ պանդոկատնային ցանցի սեփականատէր Փրիցքէրներու ընտանիքը իր ընտանիքի անունով 1979 թուականին սահմանած է այս մրցանակը:

Ժան Նուվէլ Փրիցքէրի մրցանակէն զատ արժանացած է նաեւ Ֆրանսայի ճարտարապետութեան կրան փրիին, Բրիտանացի ճարտարապետներու արքայական հիմնարկի ոսկէ շքանշանին, Վոլֆի մրցանակին եւ այլ բազում մրցանակներու:

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

-1'>1,0 1,1 StructuraeRatingen: 1998.
  • 2,0 2,1 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  • 3,0 3,1 Կերպարվեստի արխիվ — 2003.
  • 4,0 4,1 4,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #118979566 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  • Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  • «ԱՆԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ԼՈՒՎՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-07-17 
  • Tags:

    Ժան Նուվէլ Կենսագրական գիծերԺան Նուվէլ ԳործունէութիւնԺան Նուվէլ Մրցանակներ եւ շքանշաններԺան Նուվէլ ՊատկերասրահԺան Նուվէլ ԾանօթագրութիւններԺան Նուվէլ12 Օգոստոս1945 թուականd:Q214317d:Q659721

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Քորթնի ՔոքսԽոդեդանԱնգլիաԵրեւանԷտիթ ՓիաֆՄարաշՍպիտակ ԱրջԾառՈւտիքԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարԲառԾիր Կաթին3 ՆոյեմբերԳառնիի ԱմրոցWindows 10Շահան ՆաթալիԵլեկտրականութիւնՎատիկանԺանն տ'ԱրքԴրօՏիեզերքԱրամ Ա.Ճոնի ՏեփՍկովտիական ՈւիսքիԱմսթերտամՆիկոլ ԱղբալեանԲերատԿիրեսունԳեղանկարչութիւնԶեւսԲրինձԹաւրիզԵրիկամՀայոց Ցեղասպանութեան ԹանգարանՏանիէլ ՍթիլՎարդերես ԳարակէօզեանՎարդան ԱյգեկցիՊուլկարիաՇուշանիկի ՎարքՄանուէլ (անձնանուն)ԱւստրիաBelieve (ալպոմ)Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)ԿովԱշոտ Գ. ՈղորմածԱզրպէյճանՅովհաննէս Գ. ՕձնեցիԶաքինթօՎահէ (անձնանուն)Հրաչ ՓափազեանՀոգիներու ԱճուրդԳերմանիաՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովԼինուքսՅունարէնԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիՖրանսերէնԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)Բիւզանդ ԹոփալեանԲարսեղ Կանաչեան1986 թուականՀայաստանի Պարի Պետական ՀամոյթըՀոլոքոսթՆիւ ԵորքՔաղկեդոնի ԺողովԿարթագէնՍարի ԱղջիկԱրամ Խաչատուրեանի Տուն-ԹանգարանԱստուածաշունչ🡆 More