Առաքել Պատրիկ

Առաքել Ն.

Պատրիկ (28 Նոյեմբեր 1894 - 15 Նոյեմբեր 1984, Երեւան), նկարիչ, գրող եւ ազգագիր։

Առաքել Նշան Պատրիկ
Առաքել Պատրիկ
Ծնած է 28 Նոյեմբեր 1894
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահացած է 15 Նոյեմբեր 1984
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ

Կենսագրութիւն

Առաքել Նշան Պատրիկ Պատրիարքեան ծնած է Սեբաստիա, 28 Նոյեմբեր 1894-ին: Ան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի Ազգային Արամեան Վարժարանին մէջ, ուր 1903-1913 թուականներուն, բախտը կ՛ունենայ աշակերտելու Դանիէլ Վարուժանի: Հազիւ ուսումնաւարտ, Եւդեկիոյ Առաջնորդ Շաւարշ Ծ. վրդ. յանձնառարութեամբ՝ Սեբաստիոյ եւ Եւդեկիոյ միջեւ գտնուող Արդովայի դաշտի հայաբնակ հինգ գիւղերու պատանիներուն համար կը կազմակերպէ կեդրոնական վարժարան մը: Սակայն վրայ կը հասնի Համաշխարհային Ա. Պատերազմը, ու Առաքել Պատրիկ կը զինուորագրուի:

1915-ին կ'աքսորուի Գոնիա, ուր հրաշքով կը փրկուի գնդակահարութեան ստոյգ որուշումէն: 1918-ին, զինադադարէն ետք կ'անցնի Կ. Պոլիս:

1920-ին կը մեկնի Իտալիա, ուր կը հետեւի Հռոմի եւ Միլանոյի Լէոնարտոյ Տա Վինշիի անուան նկարչական ակադեմիաներու դասընթացքներուն: Ապա կ'անցնի Փարիզ, ուր տարի մը կը նուիրէ մասնագիտանալու նկարչութեան արուեստին:

1925-էն սկսած Ա. Պատրիկ՝ իբրեւեւ գծագրութեան ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Գահիրէի Գալուստեան, Նուպարեան եւ Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ։ 1932-ին կ'անցնի Կիպրոս, ուր մինչեւ 1936 կը պաշտօնավարէ Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ՝ Նկարչական բաժնի վարիչի պաշտօնին զուգահեռ, կը նուիրուի ազգային-հասարակական գործունէութեան:

1947-ին Ա. Պատրիկ կը մեկնի Հայաստան, ուր պաշտօնի կը կոչուի Հայաստանի Պատմութեան Պետական Թանգարանին մէջ։ Մէկ քանի տարի կը մասնակցի Դուինի հնագիտական պեղումներու աշխատանքներուն:

Կ՛ընտրուի Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան անդամ: Ա. Պատրիկի նկարները գլխաւորաբար կը նպատակադրեն վերակենդանացնել Հայ ժողովուրդի պատմական անցեալը:

Կը հանդիսանայ հիմնադիրներէն մէկը «Հայ Գրքի Բարեկամներու Միութիւն»ի, ինչպէս եւ «Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Միութիւն»ի:

Աշխատութիւններ

նկարիչ, Ազգագրագէտ, բանասէր ու պատմաբան, Ա. Պատրիկ յօդուածներ ու նկարներ կը ստորագրէ «Էջմիածին», «Սովետական Հայաստան» եւ «Նոր Սեբաստիա» ամսաթերթերու մէջ:

Հայագիտական թէքումով՝ առանձին հատորներով կը հրատարակէ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ ԱԶԳ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ (Գահիրէ, 1946), ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԸ ԻՄ ՅՈՒՇԵՐՈՒՄ (Երեւան, 1965), ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶ (Երեւան, 1967), ՊԱՏՄԱԳԻՐՔ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ԵՒ ԳԱՒԱՐԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, Ա. ՀՏՐ. (Պէյրութ, 1974), Բ.ՀՏՐ. (ԱՄՆ, 1983) աշխատասիրութիւնները:

Երկեր

Հրատարակելի կը մնան անոր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐԵՐԻ ԱՐՈՒԵՍՏ եւ ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ երկերը:

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Tags:

Առաքել Պատրիկ ԿենսագրութիւնԱռաքել Պատրիկ ԾանօթագրութիւններԱռաքել Պատրիկ ԱղբիւրներԱռաքել Պատրիկ15 Նոյեմբեր1894 թուական1984 թուական28 ՆոյեմբերԵրեւան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Գառնիի Հեթանոսական ՏաճարՀանթսուիլ1961 թուականՆեմեսիսի ԳործողութիւնՀոգիներու ԱճուրդՊելոպոնեսեան ՊատերազմՊօղոս փօլ ԷսապալեանՏիեզերքՅունաստանԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԲերատՀայերը Պաքուի մէջԽաչապուրիՄինի ՄաուսԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)Փիոթր ՏոսթոյեւսքիՎարդան ՄատթէոսեանՎիեննաԿանանց Միջազգային ՕրԲառՄանկական ԱնդամալուծութիւնՀրաչ ՓափազեանՆիկոլ ԴումանՂեւոնդ ԵրէցԿուրԱրծիւ (պաշտօնաթերթ)Սպիտակի ԵրկրաշարժըՄաշկաբորբ (Էկզեմա)Այնթուրայի Հայ ՈրբանոցըՊղինձՍոթքԴրօԱրածանիՈւէյն ՌունիՂասախիստանՌաքքա ՆահանգՉինաստանWindows 10Մոզիլլա ՖայրֆոքսՀռոմԱրա ՇիրազԱղեքսանտրիաԼատինական կայսրութիւնՆաֆթԿողբՔաղաքավարութեան ՎնասներըՔսենոֆոնՌումտիկինԷնիկմա ՄեքենանՎիթորիա ԱղանուրՄիքայէլ ՎարանդեանՊոլիսՁիԼուվր Ապու Տապի1981 թուականՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիԼորիս ՃգնաւորեանԴերասանԿաթողիկէութիւնԱկսել ԲակունցՄեռեալ ԾովԵրեւանԶուիցերիաՀայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի ՆախարարութիւնԳառնիի ԱմրոցՔանատաԱշոտ ԳրաշիՄեհեանՍեւրի դաշնագիր5 ՆոյեմբերԵրկիրՀոլոքոսթ🡆 More