Ահաբեկչութիւն

Ահաբեկչութիւն, ահաբեկչութեան համակարգուած օգտագործման վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն։ Այն լայնօրէն կը կիրառուի իբրեւ դիտաւորեալ անհանդուրժող բռնութեան օգտագործման կամ վախի ստեղծման միջոց՝ քաղաքական, կրօնական կամ գաղափարական նպատակներու հասնելու համար։ Հակառակ «ահաբեկչութիւն» եզրին իրաւական ուժին, ներկայիս ահաբեկչութիւնը ամբողջութեամբ նկարագրող որեւէ սահմանում դեռ գոյութիւն չունի։ Միջազգային սահմանումի հասնելու խոչընդոտներէն մէկը ահաբեկչութեան սահմանումն է այնպիսի ձեւով, որ ան չներառէ ազատամարտիկներուն զինեալ գործողութիւնները։ «Ահաբեկչութիւն» (լատ.՝ terror, վախ, սարսափ) բառին հոմանիշներն են «բռնութիւնը», «սարսափեցումը», «ահաբեկութիւնը»։

Ահաբեկչութիւն
Չվերթ 175 United Airlines-ի բախումը Նիւ Եորքի Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոնի շէնքին։ Օդանաւին մէջ գտնուող 65 ճամբորդները արկածին հետեւանքով կը զոհուին։ Հարիւրաւոր մարդիկ կը մահանան աշտարակի պայթումին պատճառով։ Աւելի քան 637 մարդ կը մահանայ ակնթարթօրէն։

Տարբեր երկիրներու օրէնսդրութիւններուն մէջ «ահաբեկչութիւն»-ը կ'ընդունուի իբրեւ յանցանք։ Համաընդհանուր համաձայնութիւն դեռ գոյութիւն չունի այն մասին, թէ արդեօք «ահաբեկչութիւն»-ը որոշ առումներով պէտք է դիտարկել իբրեւ պատերազմական յանցանք։

1960-ականներուն կը ստեղծուի ահաբեկչութիւնը բնութագրող նոր ու յստակ եզր մը՝ միջազգային ահաբեկչութիւն՝ երկիրներու ղեկավարներու եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու առեւանգումն ու սպանութիւնը, դեսպանատուներու, միջազգային կազմակերպութիւններու շէնքերուն, տարբեր երկիրներու օդակայաններուն, կայարաններուն պայթեցումը, եւ այլն։

Մերիլենտի Համալսարանին կողմէ հրապարակուած Համաշխարհային ահաբեկչութեան տուեալներուն համաձայն, 2000-էն 2014 թուականները արձանագրուած է ոչ պետական ահաբեկչութեան աւելի քան 61,000 դէպք, որուն պատճառով արձանագրուած է առնուազն 140,000 մահ։

Եզրաբանութիւն

Ահաբեկչութիւն 
Եակոպիններու խումբի կարգախօսը․ "Եակոպիններու հասարակութիւն, ազատութեան եւ հաւասարութեան ընկերներ"։
Ահաբեկչութիւն 
Կայսր Նափոլէոն Պոնափարտը կը կասեցնէ 5 Հոկտեմոեր 1795-ի Փարիզի արքայական ապստամբութիւնը։

Լատիներէն terrere բայը կը նշանակէ վախցնել։

Անգլերէն "terror" բառը, ինչպէս ֆրանսական terreur-ը, կը բխի լատիներէն այդ բառէն եւ կը նշանակէ վախ, ահազանգ, տառապանք (սարսափելի), խուճապ։

Օքսֆորտի Անգլերէն Բառարանը կը նշէ, որ «ահաբեկիչ» բառը առաջին անգամ յայտնուած է 1794-ին՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ։ Այնուհետեւ, «ահաբեկիչ» բառին առաջին նշանակութիւն ունեցող կիրառումը կը կատարուի Եակոպիններու կողմնակից կամ աջակից իմաստով։ Օքսֆորտի բառարանին մէջ նշուած սահմանումը ցոյց կու տայ, որ «ահաբեկիչ» եզրը իր առաջին օգտագործման մէջ ունեցած է վիրաւորական բնոյթ՝ նկարագրելու համար հասցէատիրոջ քաղաքական կամ պատմական գաղափարները եւ ոչ թէ անոր անձնական գործողութիւնները։

1795-ի Դեկտեմբերին, Էտմունտ Պուրկ կ'օգատգործէ «ահաբեկիչներ» եզրը, նկարագրելու Ֆրանսական նոր՝ Տիրեքտորիա կոչուող կառավարութեան նկարագրութեան նպատակով։

Պատմութիւն

Ահաբեկչութեան արմատներն ու գործածութիւնը կը հասնին մինչեւ Ք.Ե. առաջին դար։ «Ահաբեկչութիւն» եզրը՝ հիմնականը լայնօրէն կ'օգտագործուի Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ։ Եակոպիններու առաջնորդ Մաքսիմիլիէն Ռոպեսփիէր ըսած է. «Ահաբեկչութիւնը ոչ ինչ է, քան արդարութիւն, դրդում, դաժանութիւն, անզիջողութիւն»։

1858-ին իտալացի հայրենասէր Ֆելիչէ Օրսինին Նափոլէոն Գ.-ը սպաննելու փորձ կատարելու համար անոր վրայ կը նետէ երեք ռումբ։ Այս գործողութեան ժամանակ կը մահանայ ութ եւ կը վիրաւորուի 142 հոգի: Այս միջադէպը անկիւնադարձային կը նկատուի ահաբեկչական խումբերուն զարգացման պատմութեան մէջ։

Առաջին ահաբեկչական թեքնիք մեթոտները կ'օգատագործէ Իրլանտայի Հանրապետական Եղբայրութիւնը, որ կը հիմնադրուի 1858-ին իբրեւ իրլանտական ազգայնական յեղափոխական խումբ, եւ որ յարձակումներ կը գործէ Անգլիոյ տարածքին։ Խումբը 1881-ին կը սկսի ֆրենեան շատ բուռն քարոզարշաւ, եւ որ կը նկատուի ժամանակակից առաջին ահաբեկչական արշաւներէն մէկը։ Քաղաքական սպանութիւններու վրայ հիմնուած աւելի վաղ ահաբեկչութեան ձեւերու փոխարէն այս քարոզարշաւը իր քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար կ՛օգտագործէր ժամանակակից պայթուցիկ՝ Մեծ Բրիտանիոյ շոգեկառքի ճամբորդներուն մէջ վախ տարածելու նպատակով։

1878-ին Ռուսաստանի մէջ կը հիմնուի «Նարոտնայա Վոլիա» յեղափոխական ահբեկչական խումբը, որ կ'ոգեշնչուէր Սերգէյ Նեչայեւի եւ ահաբեկիչ Քարլօ Փիսասանի «արարքի քարոզարշաւէն»։

Ահաբեկչութիւն ուսումնասիրողները կ'առանձնացնեն համաշխարհային ահաբեկչութեան չորս գլխաւոր ալիք․ ահաբեկչական, հակագաղութային, Նոր ձախ եւ կրօնական։ Առաջին երեքը ունեցած են 40 տարի տեւողութիւն ու յետոյ մարած են, իսկ չորրորդը ներկայիս կը գտնուի իր երրորդ տասնամեակին մէջ»։

Ահաբեկչութեան ձեւեր

Ահաբեկչութիւնները ըստ բնոյթի կը բաժնուին հետեւեալ տեսակներուն․

  1. Անկազմակերպ կամ անհատական (մէկ անձի կողմէ ահաբեկչութիւն) - այս պարագային ահաբեկչական գործողութիւնը կ'իրականացուի մէկ կամ երկու հոգիի կողմէ, որոնց ետին ոչ մէկ կազմակերպութիւն կանգնած է (Տմիթրի Քարակոզով, Վերա Զազուլիչ, Ռաւեշոլ, Թիմոթի Մքրեւ եւ այլն)։
  2. Կազմակերպուած, խմբային - ահաբեկչական գործունէութիւնը կը նախատեսուի եւ կ'իրականացուի կազմակերպութիւններու կողմէ (Ժողովրդական կամք, ընկերվարական յեղափոխականներ, Ալ-Քայիտա, ՏԱՀԵՇ եւ այլն): Կազմակերպուած ահաբեկչութիւնը աւելի տարածուած է ժամանակակից աշխարհին մէջ։

Ըստ նպատակի, ահաբեկչութիւնները կը բաժնուին հետեւեալ տեսակներուն․

  1. Ազգայնական - կը հետապնդէ անջատողական կամ ազգային ազատագրական նպատակներ։
  2. Կրօնական - կրնայ կապուած ըլլալ տարբեր կրօններու (հինտուներու եւ իսլամներու, իսլամներու եւ հրեաներու) եւ մէկ կրօնի (բողոքական-կաթողիկէներ, սիւնի-շիաներ) դաւանողներու միջեւ, եւ նպատակ կ'ունենայ խարխլել աշխարհիկ իշխանութիւնն ու ստեղծել կրօնական իշխանութիւն։
  3. Գաղափարապէս նշանակուած, ընկերվարական - կ'ուղղուի երկրին տնտեսական կամ քաղաքական համակարգին արմատական կամ մասնակի փոփոխութեան: Երբեմն ահաբեկչութեան այս տեսակը կը կոչուի յեղափոխութիւն: Գաղափարականօրէն ահաբեկչութեան տրուած օրինակ է անարխիստական, ընկերվարական-յեղափոխական, ֆաշիստական, եւրոպական «ձախ», բնապահպանական ահաբեկչութիւն բնորոշումները։

Ահաբեկչութեան այս բաժանումը պայմանական է եւ նմանութիւններ կարելի է գտնել բոլոր ձեւերուն մէջ:

Պատկերազարդ տեղեկութիւններ

Զբօսաշրջութեան հետ կապուած

Ահաբեկչութիւն 
Լուքսորի հոգեհանգիստի տաճար, զանգուածային սպանութեան վայրը։

Ահաբեկչութեան եւ զբօսաշրջութեան միջեւ կապը լայնօրէն կ'ուսումնասիրուի Եգիպտոսի մէջ Լուքսորի ահաչեկչութենէն ետք։ 1970-ականներուն ահաբեկիչներուն թիրախ դարձան քաղաքական գործիչներն ու ոստիկանութեան պետերը, մինչ այսօր միջազգային զբօսաշրջիկներն ու այցելուները կ'ընտրուին իբրեւ յարձակումներու հիմնական թիրախներ: 11 Սեպտեմբեր 2001-ին Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոնի եւ Փենթակոնի վրայ տեղի ունեցած յարձակումները ահաբեկչութեան նոր դարաշրջանի սկիզբ։ Այս իրադարձութենէն սկսեալ, Արեւմուտքի հպարտութիւնը հանդիսացող հանգիստի գօտիները կ'ընկալուէին իբրեւ վտանգաւոր եւ սարսափելի վայրեր։ Մաքսիմիլիանօ Է. Կորստանսէ կը պնդէ, որ ահաբեկչութիւնը կը ներկայացնէ ատելութեան երկխօսութիւն խումբ մը ապստամբներու եւ պետութեան միջեւ, որ չի կրնար կանխատեսել յաջորդ հարուածը: Զբօսաշրջութիւնն ու ահաբեկչութիւնը պատմականօրէն փոխկապակցուած են։ Լիուք Հօուի կը բացատրէ, որ ահաբեկիչներու գործողութիւնները չեն ուղղուիր ամբողջ քաղաքակրթութիւններու վերացման, ինչպէս ԶԼՄ-ները կը պատկերացնեն, այլ անոնք կը տարածեն ծայրահեղ վախի զգացում, որպէսզի իրենց պահանջքները ընդունուին: Ահաբեկիչները սովորաբար հոգեբանօրէն անտարբեր են ուրիշներու տառապանքներուն հանդէպ։ Շատ հաւանական է, որ ահաբեկչութեան հիմնական խնդիրներէն մէկը իր թիրախ լսարանին ուշադրութիւնը գրաւելու անհրաժեշտութիւնը ըլլայ:

Մարտավարութիւն

Ահաբեկչութիւն 
Ուոլ Սթրիթի ռմբակոծումը 16 Դեկտեմբեր 1920-ի կէսօրին, կը մահանայ 38 հոգի եւ կը վիրաւորուին հարիւրաւորներ: Յանցաւորները չեն բռնուիր։

Ահաբեկչական յարձակումները յաճախ նպատակաուղղուած կ'ըլլան առաւելագոյնի հասցնել վախն ու հրապարակայնութիւնը, սովորաբար օգտագործելով պայթուցիկ նիւթեր կամ թոյն։

Ահաբեկչական խումբերը սովորաբար աւելի շուտ կը ծրագրեն յարձակումը եւ կը պատրաստեն մասնակիցներ, որոնց միջեւ կապը կը պահպանուի ժամանակակից հեռահաղորդակցութեան միջոցով եւ կամ հին ձեւերով, ինչպիսիք են, օրինակ, սուրհանդակները։

Ահաբեկչութիւնը պատերազմի տեսակ մըն է եւ աւելի կը տարածուի այն պարագային, երբ ուղղակիօրէն պայմանական պատերազմը կը կորսնցնէ իր արդիւնաւէտութիւնը։

Հակամարտութեան տեսակները լայնօրէն կը տարբերին։ Պատմական օրինակներն են․

  • Տարածաշրջանէն դուրս գալը՝ նոր ինքնիշխան պետութիւն ձեւաւորելու կամ այլ պետութեան մաս դառնալու համար
  • Տարբեր բնիկ խումբերու տարածքներու կամ արտադրութիւններու վրայ իշխելը
  • Բնակչութեան տնտեսական կորուստը
  • Կրօնական ծայրայեղութիւն
  • եւ այլն

Ֆինանսաւորում

Պետական հովանաւորները ֆինանսաւորման հիմնական ձեւերը եղած են։ Պաղեստինի Ազատագրման Կազմակերպութիւնը, Պաղեստինի Ազատագրման Տեմոկրատական Ճակատը եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ նկատուող միւս խումբերը, ֆինանսաւորուած են Խորհրդային Միութեան կողմէ: "Stern Gang"-ը ֆինանսաւորում կը ստանայ Պէյրութի մէջ գտնուող իտալական ֆաշիստական սպաներէ` Բրիտանիոյ պաղեստինեան իշխանութիւնը խաթարելու համար։ Փաքիստանը ստեղծած եւ կազմաւորած է ահաբեկչական խումբեր` իր դրացի երկիրներուն եւ յատկապէս Հնդկաստանի հանդէպ իր մարտավարական նպատակներուն հասնելու համար։

Ֆինանսաւորման այլ հիմնական աղբիւրներ կը ներառեն փախստականներու առեւանգումը, մաքսանենգութիւնը (ինչպէս, վայրի բնութեան անօրինական մաքսանենգութիւնը), խարդախութիւնն ու կողոպուտը։

Ֆինանսական Գործողութիւններու Գծով Յանձնաժողովը միջկառավարական մարմին է, որուն իշխանութիւնը 2001-ի Հոկտեմբերէն կը ներառէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքար։

Երկիրներ

Ստորեւ կը ներկայացուին 2015-ին տասը ամենաշատ ահաբեկչութեան ենթարկուած երկիրները․


Վարկանիշ
Երկիր Ցուցանիշ
1 Իրաք 10
2 Աֆղանիստան 9.233
3 Նիճերիա 9.213
4 Փաքիստան 9.065
5 Սուրիա 8.108
6 Հնդկաստան 7.747
7 Եմէն 7.642
8 Սոմալիա 7.6
9 Լիպիա 7.29
10 Թայլանտ 7.279

Հայաստան

Ահաբեկչութեան տեսակ էր 27 Հոտկեմբեր 1999-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին վրայ կատարուած յարձակումը, որուն հետեւանքով զոհուեցան Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ վեց այլ պետական գործիչներ ու Ազգային ժողովի պատգամաւորներ։

Ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառած վնասները կանխելու եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով ընդունուած են բազմակողմանի համաձայնագրեր եւ օրէնսդրական փաստաթուղթեր, մշակուած են անվտանգութեան զանազան միջոցառումներ։

Ահաբեկչութիւններու թիրախ օդակայաններու մէջ պայթեցնող մեքանիզմներ եւ զէնք յայտնաբերելու նպատակով խստացած է ճամբորդներու ստուգումը. կ'օգտագործուին ռենտկենեան սարքեր, մետաղափնտրիչներ եւ պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերող վարժուած շուներ։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Ահաբեկչութիւն ԵզրաբանութիւնԱհաբեկչութիւն ՊատմութիւնԱհաբեկչութիւն Ահաբեկչութեան ձեւերԱհաբեկչութիւն Պատկերազարդ տեղեկութիւններԱհաբեկչութիւն Զբօսաշրջութեան հետ կապուածԱհաբեկչութիւն ՄարտավարութիւնԱհաբեկչութիւն ՖինանսաւորումԱհաբեկչութիւն ԵրկիրներԱհաբեկչութիւն ՀայաստանԱհաբեկչութիւն ԾանօթագրութիւններԱհաբեկչութիւն Արտաքին յղումներԱհաբեկչութիւնԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Վարդան ՄամիկոնեանՆաթրիոնՀելսինքիԻգնա ՍարըասլանՎանՆիքիթա ԽրուշչովՄարաշ31 ՀոկտեմբերՔեպէգՀալէպՄօրղ-է ՍահարԲեմագրութիւնԳերմանիաՄարին ԼութերՍեդրակ (անձնանուն)Զարուհի ԳալեմքեարեանԶապէլ ԵսայեանՄեքսիքաՊելճիքաՄուշեղ ԻշխանԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԽոդեդանՄեխակԱշոտ ՂուլեանՊրունէթՈւիքիմետիա ՀիմնադրամԱւագ ՇաբաթՄուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք19 Հոկտեմբեր24 ՅուլիսՀռոմի ՊապԿաղամբԳարեջուրՕսքար Մրցանակ1936 թուականՍերժ ԹովմասեանՉիլէՆոր ՏարիՀայաստանի ԶինանշանՖլորանսԻնտոնեզիաԲաղէշԱղթամար կղզի8 ՄարտՈւռհաՀայկական ՏոմարԿարմիր ԾովՇիմոն ՓերեսՍեւանավանքՃոնի ՏեփՖրանց Ժօզէֆ IՄտախտաւորութիւնԱնտեան ԼեռնաշղթայՅուշարձանՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԱբաս Ա. ԲագրատունիԹայմՀայկական Հզօր Խմբակ1903 թուականԷմիլի ԿուրտՄոնրէալԳառզուՊղինձԱրաբական ԹիւերՍպանիոյ ԴրօշըNike17 ՀոկտեմբերԱրեւմտահայերէն🡆 More