Կարապետ Աղաջանեան

Կարապետ Աղաջանեան (1876, Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 15 Դեկտեմբեր 1955(1955-12-15), Փարիզ), հայազգի բժիշկ, մանկավարժ։ Բժշկական գիտութիւններու դոկտոր (1904), փրոֆէսոր (1912)։

Կարապետ Աղաջանեան
Կարապետ Աղաջանեան
Կարապետ Աղաջանեան
Ծնած է 1876[1]
Ծննդավայր Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Դեկտեմբեր 1955(1955-12-15)
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն Կարապետ Աղաջանեան Ռուսական Կայսրութիւն
Կարապետ Աղաջանեան Ֆրանսա
Կրթութիւն Թիֆլիսի Գիմնազիոն
Ս. Մ. Կիրովի անվան ռազմական բժշկական ակադեմիա?
Մասնագիտութիւն հոգեբոյժ
Ուսուցիչ Վլադիմիր Բեխտերև?
Աշխատավայր Վարշաւայի համալսարան
Ռազմական ծառայութիւն Ռուսական կայսերական բանակ?

Կենսագրութիւն

Ծնած է քահանայ հօրմէ։ Աւարտած է ծննդավայրին կիմնազիան յետոյ անցած է Փեթերսպուրկ, ուր 1901-ին զինուորական բժշկական ակադեմիան աւարտելէ եւ մրցանակ շահելէ ետք՝ կը հրաւիրուի Ակադեմիայէն կատարելագործուելու համար: Իբրեւ մասնագիտութիւն՝ ընտրած է ջղային եւ հոգեկան հիւանդութիւնները, եւ աշխատած է աշխարհահռչակ Փրոֆ. Բեխտերեւի տնօրէնութեան ներքեւ, եւ 1904-ին ներկայացնելով Թեզը՝ ուղեղային կեղեւի տեսողութեան կեդրոնը, ստացած է բժշկապետի տիտղոսը: Ակադեմիի եւ ռուս կառավարութեան կողմէ գիտական նպատակով արտասահման կ’ուղարկուի, ուր մասնաւորապէս աշխատած է Պերլինի ջղային եւ հոգեկան հիւանդութեանց քլինիքին մէջ, Փրոֆ. Ցիհինի եւ Օպենհայմի մօտ, Փրոֆ. Սալկովսկիի, Ցունցի եւ Եակոբսոին աշխատանոցներուն մէջ։ Փրոֆ. Սալկովսկիի մօտ կատարած ուսումնասիրութիւնը տպագրուած է Biochemische ZeitSchrift թերթին մէջ, իսկ Փրոֆ. Եակոբսոնի մօտ կատարած ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է Պերլինի գիտութեանց Ակադեմիի կողմէն: 1911-ին ռուս կառավարութիւնը զինքը կրկին արտասահման ղրկեց, ուր ծանօթանալով մասնաւորապէս ուղեղային սիֆիլիզի բժշկութեան վիճակի հետ, իր յայտնի զեկուցումը տուած է Փեթերսպուրկի ջլախտաբաններու ժողովին, որը կանգնելով մեր հայրենակիցին տուած հիմունքներուն վրայ՝ իր գիտական որոշումը տուած է այդ ծանր հիւանդութեան դէմ կռուելու միջոցներու մասին:

1912-ին հրաւիրուած է իբր տեսուչ հոգեջլախտաբանական Էնսդիդիւի քլինիքին մէջ։ Միեւնոյն մասնագիտութեան մասին դասախօսելու հրաւիրուեցաւ 1913-ին Վարշավայի համալսարանին կողմէ: Երբ Վարշավան Գերմանաց ձեռք անցաւ՝ Կ. Աղաջանեան համալսարանի հետ Ռոստով փոխադրուեցաւ եւ Ռուսիոյ Կարմիր Խաչի եւ Զինուորական կառավարութեան կողմէ Կովկասի բանակի ջղային եւ ուղեղային հիւանդութեանց բժշկական կազմակերպութիւնները հիմնաւորելու պաշտօն ստացաւ:

Փրոֆ. Աղաջանեան 1920-ին Ռուսաստանէն Պոլիս անցաւ ուր երկու տարի միայն մնաց: Երբ Դաշնակիցները Պոլիսէն մեկնեցան՝ ինքն ալ Պուլկարիա անցաւ եւ Սօֆիայի համալսարանին մէջ մէկ տարի դասախօսեց եւ անկից ալ Բարիզ մեկնեցաւ, ուր ձեռք բերելով բժշկական բոլոր արտօնութիւնները կ’աշխատի համալսարանին մէջ ջղային եւ հոգեկան հիւանդութեանց շուրջ:

Բարիզի մէջ հրատարակեց իր հետազօտութիւնը՝ ջղային սիստեմի ուռեցքներու վերաբերեալ, որը բժշկական ֆաքիւլդէի կողմէ մեծ ուշադրութեան արժանացած է: Օ. Մարիի հետ հրատարակած է «Լեզուի քայքայումներու եւ պապանձման մասին» իր գրած աշխատութիւնը: Աղաջանեան անձնապէս եւ իր տնօրէնութեան տակ գտնուող բժիշկներու միջոցաւ հրատարակած է բազմաթիւ աշխատութիւններ, ռուսերէն եւ ուրիշ կարեւոր եւրոպականլեզուներով, ուղեղի կազմի գործունէութեան վերաբերեալ, հոգեկան եւ ջղային հիւանդութիւններու շուրջ եւ քրէական պատասխանատուութեանց մասին: Գարագաշ «Պարսկահայ Տարեցոյց» 1903:

Փրոֆ. Աղաջանեան 1937-ին միաձայնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ Ֆրանսայի Ռուս Բժիշկներու Միութեան: Աղաջանեան այնքան հռչակ հանած է՝ որ 1937-ին Միացեալ Նահանգներու բժշկները զինքը Նիւ Եօրք հրաւիրեցին Ամերիկացի հիւանդի մը շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Tags:

15 Դեկտեմբեր1876 թուական1955 թուականd:Q2424466ԹիֆլիսՌուսական ԿայսրութիւնՓարիզ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Թորոս Թորամանեան12 Յունուար1808 թուական1986 թուականՄայրերու ՕրԱսալ լիճԱրծիւ (պաշտօնաթերթ)Մովսէս Խորենացի1951Կոտօն Սպասելու ԱտենՎահան (անձնանուն)ԱրաբերէնՀանրագիտարանՄարկատէԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)Յովհաննէս ՇիրազՆահապետ ՌուսինեանՉեխիաՇուշանիկի Վարք1632 թուականՀին ՌուսիաԻրանը Եւ Արցախեան Ազատագրական ՊատերազմըԼուսիկ Ագուլեցի1684 թուականՇրատա ԳաբուրՀայաստանի Առաջին ՀանրապետութիւնԴրօՄուրացանՍողոմոն Թեհլիրեան1813 թուականԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրՀամՀայկ ԳասպարեանՌանչպարների ԿանչըՆիտըրլենտՍանահինի ՎանքՅովհաննէս ԹորոսեանWindows 10Մարօ ՓարթամեանԻրլանտաՊիթքոյն5 ՆոյեմբերՀանթսուիլԾիրանԼեւ ՏյոմինԾիր ԿաթինՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)Սպիտակ ԱրջՎիքտոր ՀամբարձումեանՍահակ ՊարթեւԹերի ՃորճՅովհաննէս ՔաջազնունիԽամսայի ՄելիքութիւններըԽարբերդՆիքի ՄինաժՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Բարսեղ ԿանաչեանՀոլոքոսթՊաալպէքԱւստրիաԲրինձԼաստիվերԹունուզԳերմանիաՄոնթէ ՄելքոնեանՊուլկարիաՇուշիի Հռիփսիմեան Օրիորդաց Միջնակարգ ԴպրոցՆշենիՅունական Աղցան🡆 More