Խմիչքներու Տեսակներ

Խմիչք, որպէս սնունդ կամ հաճոյքի համար գործածուող հեղուկ։ Խմիչքները մեծ դեր ունին նաեւ մշակութային, կրօնական եւ ընկերային (օր.

սուրճ խմելը) կեանքի մէջ։

Ջուր

Ջուրը՝ խմիչքներու մեծամասնութեան հիմքը ու աշխարհի վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է։

Կազային խմիչքներ

Կազային խմիչք մը կը պատրաստուի ջուրով, շաքարով, եւ բոյրով, որոնք կը խառնեն մեծ անօթի մը մէջ: Ապա, բնածխային կազ կը ներարկեն խմիչքը պարունակող շիշերուն: Վերջապէս, շիշը կը գոցեն եւ կազը մէջը կը լուծուի: Երբ շիշը բանանք, կազի պղպջակները խմիչքին երեսը կ'ելլեն: Կազային խմիչքներու օրինակներ են՝ քոլա, թոնիքի եւլն․։

Սուրճ

Կը պատրաստուի սրճենիի բոված սերմերէն։ Սուրճը աշխարհի ամենատարածուած ըմպելիքներէն մէկն է։ Պրազիլը թիւ 1 սուրճ արտադրող երկիրն է: Սրճենին 7էն 8 մեթր բարձրութիւն կ'ունենայ՝ ծածկուած կարմիր պտուղներով: Ամէն պտուղ սուրճի երկու հատիկ կը պարունակէ: Պտուղները կը քաղուին եւ գետինը կը փռուին, որպէսզի արեւուն տակ չորնան: Մեքենայ մը զանոնք կը բաժնէ իրենց մորթէն: Սուրճի հատիկները ապա կը խանձուին եւ կ'աղացուին:

Կաթնեղէն

Կաթով շինուած սննդեղէն: Կաթնեղէն կը սեպուի նաեւ՝ թան եւ քէֆիրը։

Գարեջուր

Գարեջուրը կը պատրաստուի գարիի հունտերուն խմորումով: Հատիկները կը թրջեն որպէսզի ծիլ տան: Ծիլ տուած գարին, որ մալտ կը կոչուի, գաղջ ջուրի մէջ կը դրուի: Այս խառնուրդէն կը հանեն անուշ հեղուկ մը քաղցու, որ կ'եռացնեն հմուլի ծաղիկներուն հետ լեղի համ: Բնախմորի ազդեցութեան տակ, քաղցուին շաքարը կը լուծուի ալքոլի եւ բնածխային կազի մէջ: Գարեջուրին համը աւելի զօրացնելու համար՝ երեք ամիս կարասներու մէջ կ'ամբարեն: Վերջապէս, գարեջուրի փրփուրը կը վերցնեն զտումով՝ հեղուկը շիշերու կամ թիթեղէ տուփերու մէջ լեցնելէ առաջ:

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ ԼեւոնԹորոսեան, 2001-2002

Tags:

Խմիչքներու Տեսակներ ՋուրԽմիչքներու Տեսակներ Կազային խմիչքներԽմիչքներու Տեսակներ ՍուրճԽմիչքներու Տեսակներ ԿաթնեղէնԽմիչքներու Տեսակներ ԳարեջուրԽմիչքներու Տեսակներ ԱղբիւրներԽմիչքներու Տեսակներ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՁիՌանչպարների ԿանչըՀաղբատի ՎանքՅովսէփ ԱզնաւուրԽոդեդան1986 թուականԼուվր Ապու ՏապիԿիկերոնՄինաս ԹիւլպէնտճեանՌուբէն ՍեւակՎահրամ ՄավեանՄեհեանՀորմուզի ՆեղուցՔլէոփաթրաԲագին (գրական հանդէս)ԿիրեսունՄարտիրոս ՍարեանԱրամ ԿէօքճեանՍեւրի ԴաշնագիրԵպիսկոպոսՎանԲրինձՄակդիրՔաղկեդոնի Ժողով1632 թուականՀոլոքոսթՔարլես ՓուճտեմոնՈդիսեւսՏաթեւի Վանք1982Վարդերես ԳարակէօզեանԱնգլերէնՆազարէթ ՏաղաւարեանՍքիմնոս ՀիոսցինԱսալ լիճՕլիմպիաքոս ԲՄՄ (ոտնագնդակ)Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)Ենովք ԱրմէնՄիքայէլ ՎարանդեանԼինուքսՎահէ (անձնանուն)Սրբուհի ՏիւսաբՀայերէն1934Վիգէն Չեթերեան1990 թուականՏրդատ Ա.Փայլակ ԱհարոնեանՍպիտակի ԵրկրաշարժըՓաթրիք ՏէվէճեանԲառԻրլանտաՄուրացանԿողբՀունգարիաԱրեան ԽումբՄեծ Հայք«Խոստումը» (ֆիլմ)Մարիա ՃէյքըպսընԵլեկտրականութիւնՑխինվալիի ՀայերըԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանՍարի ԱղջիկԱստուածաշունչՀայաստանՔաթար2015🡆 More