Իրապաշտ ուղղութիւն, Գրական սեռի ուղղութիւն։ Իրապաշտութիւնը գրականութեան մէջ իբր դպրոց կը ներկայանայ մօտաւորապէս 19–րդ դարու կիսուն, վիպապաշտական պայթումէն ետք։ Իսկ իբր գրական հոսանք կամ ձգտում, անոր ներկայութիւնը նկատելի է շատ աւելի կանուխէն, պարբերական երեւումներով 16–րդ դարէն, «վերածնունդի եւ դասականութեան» շրջաններուն զուգահեռ։ Սերվանտէս եւ Շէյքսփիր կը ներկայանան՝ իբր իրապաշտութեան այս մնայուն հոսանքի գլխաւոր դէմքերը։ Այլ անուններ Տիտըրօ, Վոլթէռ (Ֆրանսա), Կէօթէ (Գերմանիա)։
Գրականութիւներու պատմագիրներ երբեմն կ՝ երթան աւելի հեռու. ոմանք իբր «իրապաշտ» կը բնորոշեն աւելի հին ժամանակաշրջաններու որոշ գործեր, հասնելով մինչեւ հնադար յունա-հռոմէական գրականութիւններ։ Բայց, ինչպէս վիպականութեան ընդհանրական զգայնութիւնը վիպապաշտութիւն չէ, այնպէս ալ իրականի այս մնայուն զգայնութիւնն ու ճաշակը, ոմանց մօտ աւելի շեշտուած, չի նոյնանար իրապաշտութեան հետ։ Սոփոկլէս կամ Ֆրիկ իրենց ժամանակներու իրականութեան շատ մօտ եղած են, արտայայտած են զայն հարազատօրէն, բայց «իրապաշտ» գրագէտներ չեն։
Իրապաշտութիւնը, մարդկային զգայնութեան եւ մտածողութեան այս հիմնական ձգտումը, իբր «դպրոց» իր ձեւաւորումէն ու անցումէն ետք շարունակուած է. դեռ այսօր շատ գործեր կը բնորոշուին իբր իրապաշտ։
Բուն իրապաշտ դպրոցը, ունի գլխաւոր առաջադրանքներ ու յատկանիշներ․
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Իրապաշտ Ուղղութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.