Ազգագրութիւն (Էթնոգրաֆիա՝ յունարէն «ἔθνος» (ժողովուրդ) եւ «γράφω» (կը գրեմ), պատմագիտական գիտութիւն, որ կ՛ուսումնասիրէ ժողովուրդները , անոնց ծագումնաբանութիւնը, վերաբնակեցման վայրը, նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը, համայնքային առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ են նաեւ կենցաղը, սովորոյթները, տեղաշարժները, ազգային առանձնայատկութիւնները եւ անոնց պատմամշակութային առնչութիւնները։ Ան սերտօրէն կապուած է պատմութեան, հնագիտութեան, ընկերաբանութեան, լեզուաբանութեան, մարդաբանութեան, բնագիտութեան, աշխարհագրութեան, եւ երաժշտութեան հետ,
Ազգագրութեան ուսումնասիրութեան հիմնական առարկան աշխարհի ժողովուրդներու, անոնց հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթի, պատմական զարգացման ուսումնասիրութիւնն է։ Կարեւոր նշանակութիւն ունի ծագումի՝ այս կամ այն ժողովուրդի ծագման պատմութեան, ընկերային հիմնարկներու կայացման ուսումնասիրութիւնը։ Մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ նաեւ միջժողովրդային յարաբերութիւններուն մէջ։
Այս երկու հասկացութիւններու ճակատագիրը հիմնականին մէջ որոշ պատմական պայմաններու տակ ուղղեկցուած է։ Այսպիսով, XVIII-XIX դարերուն, հիմնականին մէջ «ազգագրութիւն»ը կիրարկուած է («Էթնոգրաֆիա») հասկացութիւնը, մինչ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ «Մարդաբանութիւն» («Անթրոպոլոգիա») եւ ազգաբանութիւն («էթնոլոգիա») հասկացութիւնները կը կիրարկուին:
Նիքոլայ Խարուզինը (1865-1900) ազգագրութիւնը որպէս գիտութիւն սահմանած է, «որ կ'ուսումնասիրէ առանձին ցեղերու եւ ժողովուրդներու կենցաղը, կը ձգտի յայտնաբերել այն կանոնները, որոնցմով ընթացած է մարդկութեան զարգացումը՝ մշակոյթի ստորին աստիճաններէն սկսած»: Կոչումը լայնօրէն սկսած է օգտագործուիլ 1920-1930-ական թուականներուն՝ հանդէս գալով որպէս ժողովուրդներու մասին գիտութիւն եւ պատմագիտական օժանդակ գիտակարգ։
Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած
Թերեւս XIX դարուն սկսած են առաջին փորձերը, բացատրելու համար, թէ ինչ կը նշանակեն «ցեղ», «ժողովուրդ» հասկացութիւնները։ Առաջիններէն մէկը փորձեց Ատոլֆ Բաստիանին։ Ան այն եզրակացութեան եկած է, որ ցեղային գոյութեան տեսակներ են ցեղը, ազգը, ցեղային խումբերը՝ որպէս ինքնաբաւ, ինքնաստեղծ կազմաւորումներ՝ ստեղծուած ցեղային ինքնագիտակցութեան վերարտադրման եւ ցեղային միասեռ ամուսնութիւններու ճանապարհով: Այսպիսի բացատրութիւնը չէր կրնար հասկնալի դառնալ հետազօտողներուն կողմէ, քանի որ հաշուի չէին առնուիր տարբեր գործօններ, ինչպէս օրինակ՝ էթնոմշակութային եւ լեզուական նոյնութիւնները։ Էվոլյուցիանիստներու, ինչպէս նաեւ Գառլ Մարքսի եւ Ֆրիդրիխ Էնգելսի ազդեցութեամբ կը սկսի նոր տեսութիւն. էթնոսները՝ որոնք պատմութեան ընթացքին յառաջացած ընկերային խումբեր են։
Խորհրդային Միութեան մէջ նոյնպէս հետազօտութիւններ կատարուած են «ցեղ» հասկացութեան բնոյթի վերաբերեալ։ Տեսական հիմնական դրոյթներէն մէկը առաջադրած է Յուլիան Պրոմլէյը՝ առանձնացնելով «ցեղ» հասկացութիւնը՝ որպէս ցեղային իմաստով եւ ցեղը՝ որպէս ցեղայնական կազմութիւն: Ըստ անոր՝ «ցեղերը եւ ցեղային կազմութիւնները ցեղային հանրոյթներու հիմնական տեսակներն են: Բայց անոր մարդկութեան ցեղային կառուցուածքը չսպառնար: Մեծ թիւով ցեղեր, յատկապէս մեծերը, յաճախ իրենք կազմուած կ՛ըլլան, այսպէս կոչուած ցեղային կամ ազգագրական խումբերէ: Այս հասկացողութիւնները ընդունուած են իբրեւ ցեղ անուանումով այն տարածական մասերը, որոնք խօսակցական լեզուի առնջուած են, մշակոյթի, կենցաղի տեղական առանձնայատկութեամբ, իրենց ինքնաանուանումը ունէին եւ այսպէս կոչուած երկակի ինքնագիտակցութիւնը: Ազգագրական խումբերը երբեմն էթնոսի ընկերային-կրօնական տարբերակման պատճառով ծագած են, ինչպէս նաեւ ցեղական տարածքի լայն ընդլայնման դէպք մը կատարուի, երբ ցեղի գաղթող մասերը բնական տարբեր միջավայր կ՛իյնան, դրացի տարբեր ցեղերու հետ եւ այլն»:
Ժամանակակից ազգաբանութեան եւ ազգագրութեան մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի «ցեղ» հասկացութիւնը՝ որպէս լեզուական, մշակութային եւ յատկանիշերու համագումար, որ մէկ ընկերութիւնը կը տարբերի միւսէն։
Իւրաքանչիւր գիտութիւն, որոնցմէ է՝ ազգագրութիւնը հետազօտութիւն իրականացնելու համար մշակուած հետազօտական միջոցներու, գործիքներու կիրառման կարիք ունի. խօսքը ձեւերու մասին է։ Ճիշդ ընտրուած ձեւը հանդէս կու գայ որպէս ինքնատիպ կողմնացոյց, որուն միջոցով հնարաւոր է ճշմարիտ լուծման հասնիլ՝ խուսափելով հնարաւոր սխալներէն։ Ֆրենսիս Բեկոն մեթոտը կը համեմատէր «ջահի հետ, որ մթութեան մէջ ճամբան կը լուսաւորէ», իսկ օրինակ հոգեբան Լեւ Վիգոտսկին «մեթոտը կենդանի կազմուածքի եղած ոսկորներու հետ կը համեմատէ, որուն վրայ ամբողջ կազմուածքը կը պահուի»:
Հարկ է շեշտել, որ սկզբնական շրջանին գիտնականները դաշտային պատկեր, նկարագրման, քարտէսագրման մեթոտները եւ այլ բաներ կը նկարագրէին։ Ազգագրութիւն՝ գիտութեան ձեւաւորման եւ զարգացման հարցին մէջ կարեւոր ներդրում ունին զարգացման, բաժանմունգային, հանդիսակատարութեան, ամերիկեան մարդաբանական դպրոցները, որոնց շնորհիւ շարք մը մեթոտներ եւ գիտական մօտեցումներ հիմնուեցան։ Այսպէս օրինակ զարգացման եւ բաժանմունքի դպրոցներու կողմէ պատմահամեմատական մեթոտը նշանակուեցաւ, որ չնայած այսօր գրեթէ չի կիրարկուիր։ Մշակոյթի ուսումնասիրութեան մօտեցումներ եւ օրինաչափութիւններ նշանակուեցան, առաջ քաշուեցաւ վերապրման մեթոտը, իսկ աւելի ուշ ի յայտ եկան համալիր հետազօտութեան մեթոտները եւ մշակութային անհատականացման մօտեցումները։ Խորհրդային ազգագրութեան մէջ մեծ տեղ կը յատկացուի դաշտային ազգագրական նիւթերու՝ ԴԱՆ-ի հաւաքմանը եւ նկարագրմանը, որոնք հետեւեալ կերպով կը սահմանուէին. ԴԱՆ-ը իրականութենէն, ճշգրիտ բանասացներու գրառած նիւթերն են, որոնք ազգագրագէտներու մօտ յայտնի է նաեւ «դաշտին մէջ աշխատանք» անունով:
Ժամանակակից ազգագրութեան գիտական վերլուծութեան համար կ՛օգտագործուին հին շրջանի ազգագրագէտներու հետազօտութիւնները, նկարագրութիւնները, ճանապարհորդական նամակները, բանահիւսական եւ գեղարուեստական թեքստերը, զարգացումը եւ հանդիսակատարութեան հետազօտութիւնները, պաշտօնական, պատմա-քաղաքական նշանակութեան փաստաթուղթերը։ Աւելի եւս կարեւոր էին իրականացուած դիտարկումները։ Նման բազմազան նիւթերու մշակումը եւ վերլուծութիւնը տարբեր մեթոտներու կիրառում կը պահանջէ:
Ազգագրութեան հիմնական մեթոտը ժողովուրդներու եւ կեանքի ուղղակի դիտարկումը կը հանդիսանայ, անոնց վերաբնակեցումը, մշակութային եւ պատմական փոխյարաբերութիւնները եւ անոնց հետագայ վերլուծութիւնը։ Քանի որ ազգագրութիւնը կ՛ուսումնասիրէ ոչ միայն ժամանակակից ազգերու գոյութիւն ունենալը, այլեւ անոնց պատմական եւ մշակութային զարգացումը, զարգացման եւ պատմութեան մէջ անոնց սոցիալական հիմնարկ դառնալը, ապա պէտք է ըսել, որ նաեւ գրաւոր եւ նիւթական աղբիւրները կ՛օգտագործուին։ Ազգագրական հետազօտութիւններու կարեւորութիւնը այն է, որ հետազօտական տարածքին մէջ կը հաստատուի եւ կ'անուանուի ազգագրական դաշտային հետազօտութիւններ:
Դաշտային ազգագրութիւն՝ հետազօտութիւն է, որ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ազգերու շրջանին մէջ է՝ նպատակ ունենալով՝ հաւաքագրելու ազգագրական առաջնային տուեալներ աւանդական-կենցաղային մշակոյթի եւ անոր՝ որպէս որոշակի համակարգի, գործառնութեան առանձին կառուցուածքային բաղադրիչներու մասին:
Կ'առանձնանան դաշտային ազգագրական հետազօտութիւններու երկու տեսակներ.
Դաշտային ազգագրական հետազօտութիւններուն մէջ ազգագրական մեթոտներու մէկ ամբողջական համակարգ կ՛օգտագործուի, ինչպէս օրինակ՝ դիտման, հարցազրոյցի, հարցման, հարցաթերթային մեթոտները:
Կարելի է առանձնացնել ազգագրական հետազօտութեան երեք հիմնական բաժիններ.
Ազգագրական հետազօտութիւնը կ՛ընթանայ նախապէս սահմանուած փուլերով։ Առաջին փուլին մէջ հետազօտական խնդիրը կը սահմանուի։ Երկրորդ փուլին մէջ հետազօտական գործիքները եւ մեթոտները կ'որոշուին։ Երրորդ փուլին մէջ արդէն սահմանուած մեթոտներով բուն հետազօտութիւնը կ'իրականացուի։ Ազգագրական հարցազրոյցներու ժամանակ երեք տեսակի հարցեր կը տրուին՝ նկարագրական, կառուցուածքային եւ հակադիր։ Չորրորդ փուլին մէջ հաւաքուած նիւթերը եւ կատարուած դիտարկումները վերլուծութեան կ'ենթարկուին։
Ազգագրական հետազօտութիւններու արդիւնքներու վերլուծութեան համար անհրաժեշտ է մանրամասնուած գրառումներ կամ սղագրութիւններ ունենալ։ Գրառումները որպէս կանոն պէտք է տեղեկութիւններ պարունակեն.
Ըստ Հ. Ուոլքոթի՝ ազգագրական հետազօտութիւնը պէտք է վերլուծութեան երեք մակարդակներէ անցնի.
Թերեւս Հին Եգիպտոսի մէջ գոյութիւն ունէին ազգագրական հետազօտութիւններ, որոնց մէջ դրացի ազգերը կը նկարագրուէին։ Աւելի ուշ դիտարկումներ ի յայտ կու գան Միջագետքէն եւ վաղ աստուածաշնչեան թեքստերու հետազօտութիւններ:
Ազգագրական հարուստ տեղեկութիւններ կը ստանանք Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաշրջանէն. Ստրապոն, Դեմոկրիտ, Հիփոկրատ, որ ազգերու տարբերութիւնները կը նկարագրեն՝ պայմանաւորուած աշխարհագրական տարածքով։
Շատ կարեւոր աշխատանք կատարած է Յուլիոս Կեսարը, ինչպէս օրինակ՝ Գալլական պատերազմի մասին գրառումներու մէջ զօրավարը, դիտարկելով կելտերի ռազմական երկբայականութիւնը, գերմանական ցեղերու հետ կը համեմատէ:
Ազգագրական հարուստ նիւթ հաւաքագրած է հռոմէացի պատմաբան Կոռնելիոս Տացիտը։ Արդէն իր վաղ աշխատանքներուն մէջ ան կը փորձէ համակարգել տեսածը՝ օրինակ՝ ե՞րբ, ուրկէ՞ ծագած են Անգլիոյ ժողովուրդները, ինչո՞վ կը բացատրուի անոնց պատմա-ազգագրական բազմազանութիւնը։ Առաւելապէս կարեւոր է «Գերմանացիներու ծագման եւ Գերմանիոյ տեղադրութեան մասին» աշխատութիւնը:
Հռոմէական կայսրութեան անկումէն (476) ետք Բիւզանդիոնը գիտութեան կեդրոն կը դառնայ։ Այս շրջանը այնպիսի հեղինակներով յայտնի է, որոնցմէ են Պրոկոպիոս Կեսարացին, որ բաւական տեղեկութիւններ հաղորդած է սլաւոններու մասին՝ նկարագրելով անոնց մշակոյթը, արտաքին տեսքը, կենցաղը, Աննա Կոմնինը եւ այլք:
Գիտութեան զարգացման համար մեծ նշանակութիւն ունէին խաչակիրներու նկարագրութիւնները, ինչպէս նաեւ միջնադարեան, արեւմտեան Եւրոպայի ժամանակագրութիւնները։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Ազգագրութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.