Քիրինի, Լիպիա

Քիրինի (հին յուն․՝ Κυρήνη, արաբ․՝ شحات - լատինացուած՝ Shaḥāt)․ հիւսիսային Ափրիկէի հին յունական գաղթօճախ։ Հիմնուած է Ք․Ա․630-ին Թիրիացիներէն (Սանթորինիի բնակիչներէն)։ 1982-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Քիրինի
Κυρήνη
Քիրինի, Լիպիա
Քիրինի հնաբանական վայրը
Երկիր Լիպիա
Շրջան հիւսիսային Ափրիկէ
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ630
Տարածութիւն 131,675 հեկտար
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2[1]

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Քիրինի կը գտնուի հիւսիսային Ափրիկէ, Լիպիոյ Ճեպել Աքտար (Jebel Akhdar) հովիտին մէջ եւ իր անունով՝ Քիրինայիքի, կը կոչուի Լիպիոյ արեւելեան շրջանը։

Քաղաքը հիմնած են Սանթորինիի բնակիչները՝ Թիրիացիները, որոնց առաջնորդը եղած է Վաթոս Արիսթոթելիս կամ Վաթոս Ա․։ Իսկ անունը առած է Քիրի աղբիւրէն որ Ափոլոնաս աստուծոյ նուիրուած էր։ Քիրինի արագօրէն կը զարգանայ եւ հիւսիսային Ափրիկէի յունական մշակոյթի կեդրոնը կը դառնայ։ Ք․Ա․3-րդ դարուն Սոկրատին աշակերտներէն Արիսթիփոս կը հիմնէ Քիրինիոյ փիլիսոփայութեան դպրոցը։

Եղած է Էրաթոսթենիսի* ծննդավայրը, իսկ քաղաքին հետ կապ ունեցած են հին Յունաստանի փիլիսոբաներ՝ Արիսթիփոս, Քալիմահոս, Քորնէատիս եւ Սինեսիոս, ինչպէս նաեւ Պտողեմէոս արքեպիսքոպոսը։

Էրաթոսթենիս կամ Էրաթոսթենիս Քիրինեցին (Ք․Ա․276 - Ք․Ա․194)․յոյն թուաբանագէտ, աշխարհագէտ, աստղագէտ, երկրաբաշխիչ, երաժիշտ, բանասէր եւ գրագէտ։

Պատմական ակնարկ

Յունական ժամանակաշրջան

Իրոտոթոս իր «Իսթորիէ» (Պատմութիւն) Դ․ գիրքին մէջ արձանագրած է թէ Քիրինի կը հիմնուի իբրեւ Սանթորինիի գաղթօճախ։

Քիրինի, Լիպիա 
Մաղաս, Քիրինիի թագաւոր

Եղած է հին Լիպիոյ գլխաւոր քաղաքը եւ առեւտրական կապեր պահպանած է յունական քաղաքներու հետ։

Ք․Ա․460-ին Ժողովրդավարական քաղաք-պետութիւն կը դառնայ, իսկ Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետէ մաս կը կազմէ Պտողեմէոսեան Հարստութեան։ Ք․Ա․322-ին Օֆելաս (Մեծն Աղեքսանտրի բանակին զինուորականներէն) քաղաքը Պտողեմէոսէն կը գրաւէ, իսկ անոր մահէն ետք Պտողեմէոսին զաւակը՝ Մաղաս, Ք․Ա․276-ին Քիրինիին կը տիրանայ եւ քաղաքը կ՛անկախացնէ։ Սակայն անոր մահէն ետք, Քիրինի կրկին կը գտնուի Պտողեմէոսեան Հարստութեան հսկողութեան տակ։

Քիրինի, Լիպիա 
Ափոլոնաս կիթառահար, հռոմէական արուեստ 2-րդ դար

Քիրինայիքի Պտողեմէոսեան Կայսրութեան մաս կը կազմէ ունենալով վարչական կեդրոն Աղեքսանտրիան եւ Ք․Ա․74-ին հռոմէական նահանգ կը դառնայ Կրետէի եւ Քիրինիոյ անունով։ Անոր մայրաքաղաքն էր Ղորթինա (Կրետէ

Հռոմէական ժամանակաշրջան

Քիրինիոյ անկումը կը յառաջանայ երբ կը դադրի գլխաւոր առեւտրական կեդրոն ըլլալէ։ Զայն կը մրցակցին Կարթագէնը եւ Աղեքսանտրիան։ 262-ի երկրաշարժը մեծ աւերներ կը գործէ քաղաքի նաւահանգիստին՝ Ափոլոնիա եւ Տիմիթրայի ու Փերսեֆոնիի տաճարներուն։ Քլուտիոս կայրս (Claudius Gothicus) քաղաքը վերաշինել կու տայ սակայն տնտեսական անկումը, իրարայաջորդ բնական աւերներն եւ 365-ի երկրաշարժը չեն օգներ քաղաքի տնտեսութեան վերականգման։ 643-ին արաբները զայն կը գրաւեն։

Հնաբանական յայտնաբերումներ

Քաղաքին մէջ յայտնաբերուած ու պահպանուած են բաւական հին յուշարձաններ՝ Ափոլոնասին տաճարը Ք․Ա․7-րդ դար, Տիմիթրային տաճարը, Էքաթիին եւ Տիոսքուրիներուն տաճարը, ինչպէս նաեւ կարեւոր յուշարձաններով եւ դամբանասիւներով հին գերեզմանատունը։ Զեւսին նուիրուած տաճարին մէկ մասը կը կործանուի Մուամար Քատաֆիի հրամանով 1978-ին։

Քիրինիոյ մօտերը յայտնաբերուած է ծովէն դուրս եկող Աֆրոտիթիին արձանը (կը գտնուի Հռոմի Հնաբանական Թանգարանը։ 2005-ին Իտալիոյ Ուրպինօ համալսարանի հնաբաններ 375-ի երկրաշարժէն տաճարի մը փլած պատին տակէն կը յայտնաբերեն 2-րդ դարու հռոմէական 76 անեղծ արձաններ։

Պատկերարահ

Ծանօթագրութիւններ

-1'> http://ar.thetimenow.com/libya
  • Ուիքիդարան, Իրոտոթոս Իսթորիէ
  • Քիրինի, 18-10-2008
  • Վերայանգնուած Լիպիա․ զբօսաշրջիկութիւն(անգլերէն)
  • Քիրիրնի եւ Քիրնինայիքա, Ճոնա Լենդըրինկ (անգլերէն)
  • Քիրինի, հնաբանական պեղումներ, Richard Norton, 1911
  • Tags:

    Քիրինի, Լիպիա Ընդհանուր տեղեկութիւններՔիրինի, Լիպիա Պատմական ակնարկՔիրինի, Լիպիա Հնաբանական յայտնաբերումներՔիրինի, Լիպիա ՊատկերարահՔիրինի, Լիպիա ԾանօթագրութիւններՔիրինի, Լիպիա1982 թուականԱրաբերէնԱփրիկէԵՈՒՆԵՍՔՕՀին ՅունարէնՍանթորինի (Թիրա)

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Էս-400 հրթիռային համակարգՈդիսականՍկովտիական ՈւիսքիԼիւրբուլ ՖԱՍեւ ՄահԹուզԱւարայրի ՃակատամարտՀացԵրիկամ120 (թիւ)Նիքիթա ԽրուշչովԱռած եւ ԱսացուածքԱրեւմտահայերէնԱրիանա ԿրանտէՄեծ ՍէրայՁի2019Պոսնիա եւ ՀերցեկովինաՄարք ՉէնեանԼաստիվերԼուիզա ԱսլանեանՄայր ԹերեզաՍեւ ԾովՊսակաձեւ ԺահրԿատուներՀնդկական ՈվկիանոսԿոստան ԶարեանԽմորեղէնՄիլանոյի Արհեստից Համալսարանը9 ՀոկտեմբերՌուանտայի ցեղասպանութիւնըՀայերէն1709 թուականՎահան Զանոյեան29 ՅունուարՓոքրիկ իշխանըԵլակԲնափիլիսոփայութիւնՌիօ տը ԺաներօԱրհեստական ԲանականութիւնՎրացերէն Այբուբէն1789 թուականԶարեհ Արք. ԱզնաւորեանԵրաժշտութիւնԴիմ ՏանգընԵրկուշաբթիԹատրոնի Համաշխարհային ՕրՍարդարապատի յուշահամալիրըՍարատովԱ․ Համաշխարհային ՊատերազմԱրայիկ ԽանտոյեանՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչԳետառ (գետ)Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսեւմնասիրող հիմնադրամՍերժ ԱւետիքեանՍղերթԹոմաս ՃեֆըրսընՓարիզՈւքրանիաՎարդան (անձնանուն)ՕԹԱՆՆաֆթՏիգրանակերտի ՃակատամարտԻնքնաթիռ1896 թուականՀիպոկրատԹարանթօՏուրմԽաւիէր ՓասթորէՏուտուկԿիթառԿարէն ՔալանթարՄեսրոպ Ծայրագոյն վարդապետ Ճուրեան🡆 More