Տարօրինակ Դէպքեր

Հեռատեսիլի շարակառք, յարավէպերու շարք

Յամառօտ տեղեկութիւններ

«Տարօրինակ դէպքեր» (անգլ.՝ Stranger Things), գերբնական սարսափի առասպել, ամերիկեան արտադրութեամբ, հեռատեսիլի յարավէպերու շարք, ստեղծուած Տաֆեր եղբայրներուն կողմէն եւ հեռասփռուած Նեթֆլիքս կայանէն։ Հեղինակներն են՝ Մեթ և Ռոս Տաֆեր: Գլխաւոր նկարահանողը Շօն Լեւին է:

Այս ստեղծաբանութեան առաջին յարադէպերու շարքը հեռասփռուած է 2016 թուականին  եւ դրական գրախօսութիւններու արժանացած է:  

Դերակատարներ

Գլխաւոր դերակատարներն են՝ Ուինոնա Ռայտըր, Տէյվիթ Հարփոր, Մաթիու Մոտին, Ֆին Ուոլֆհարտ, Միլլի Պոպի  Պրաուն, Կյեթէն Մաթարացօ, Գալէփ Մաքլաֆլին, Նաթալիա Տայեր, Նօա Շնափ, Չարլի  Հիթոն, Գարա Պուօնօ, Տաքրէ Մոնթկոմերի, Շօն Օսթին, Փօլ  Րէիզեր, Սատի Սինգ, Ճօ Գիրի, Մայա Յօուք եւ Փրիա Ֆերկիւսոն :

Պատմութիւնը տեղի կ՝ունենայ Ինտիանա նահանգին Հօքինս քաղաքը՝ 1983 թուականի Նոյեմբեր ամսուն:

Հեռասփռումի եթերաշրջաններ

Յուլիս 15-ին առաջին դրուագը, կը կեդրոնանայ  պզտիկ տղու մը անհայտացման շուրջ եւ հոգեշարժուն- հեռաշարժումի  ձիրքերով աղջկայ մը յայտնութեան, որ կորսուած տղուն բարեկամներուն կ՝օգնէ անոր փնտռտուքին: Միեւնոյն ժամանակ տղուն աւագ եղբայրը եւ քաղաքին ոստիկանապետը իրենց հետաքննութիւնը կը վարեն։

Երկրորդ եթերաշրջանը նկարահանուած է 2017 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին:  Իսկ նոյն տարուան,Դեկտեմբերին, Նեթֆլիքսը կը պատուիրէ երրորդ եթերաշրջանը, որուն առաջին հեռարձակումը  տեղի կ՝ունենայ 2019 թուականին Յունիս 4-ին: Սառա Պուօնօ, որ կը կերտէ Նէնսիի և Մայքի մօր դերը, իր հարցազրոյցներէն մէկու մը մէջ կը նշէ թէ չորրորդ եթերաշրջանի նկարահանումները պիտի սկսին 2019 թուականի Հոկտեմբերէն:

Տաֆեր եղբայրները նշած են, որ այս հեռատեսիլի շարանկարին համար նախատեսուած են չորս կամ հինգ եթերաշրջան:


Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Տարօրինակ Դէպքեր Յամառօտ տեղեկութիւններՏարօրինակ Դէպքեր ԾանօթագրութիւններՏարօրինակ Դէպքեր

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սահմանադրական ՎարժարանՎիեննաԳերմանիաՀագուստՂասախիստանԱմուսնութիւնԿիրեսունՄանկական ԱնդամալուծութիւնԸնդծովեայ թանգարան (Այա Նափա)ՈւղտերՍուրիական անապատ1986 թուականՉարլզ ՊիքֆորտՀայերէն7 ՍեպտեմբերՄխիթար ՀերացիԲրինձՏեսփասիթօԳլխաւոր ԷջԿորնթոսի ՋրանցքըՔարեղէն ՀամանուագՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրՊարոյր ՍեւակՏարածութիւն1991 թուականԷղեսթաՄարտիրոս Սարեան9 ԱպրիլՌաքքա ՆահանգՍմբատ (անձնանուն)ԾիրանԾաղկազարդՀայաստանեայց Առաքելական Ս. ԵկեղեցիՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնԳրիգոր ՆարեկացիՏապլինԲերատՌումտիկինԱպու Պաքր Ալ ՊաղտատիԱրժանթինՎահրամ ՄավեանԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանՀայկական ՏոմարՃոնի ՏեփՄիլանԲաշ Ապարանի Ճակատամարտ12 ՅունուարՄեծն ՏիգրանՆեմեսիսի ԳործողութիւնՀաուըրտ Գարակէօզեան ՀաստատութիւնՀայաստանի Պարի Պետական ՀամոյթըԷլէն ՍեկարաԷրզրումԱրեւմտեան ՀայաստանՀայկական ՍփիւռքԲարսեղ ԿանաչեանԼուսիկ ԱգուլեցիՎիթորիա ԱղանուրԽամսայի ՄելիքութիւններըԹռչնակրիփՈղիմպիական ԽաղերԼաստիվերՍարի ԱղջիկՍկովտիա1813 թուականԳաղատիաԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՄեհեանԳեղանկարչութիւնՄաքս ՄաքսուտեանՆշան ՄանուշակեանՆաթալի Ղուսել🡆 More