Վարդավառը Յիսուսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնը, որ ընդհանրապէս Յուլիս ամսուան ընթացքին կը կատարուի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ մեծ տօներէն մէկն է։ Հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ընթացքին պատահած դէպքի մը վրայ, երբ Ան իր երեք աշակերտները՝ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը առնելով, Թափօր լեռ կը բարձրանայ ու անոնց դիմաց կը պայծառակերպի։ Իր դէմքը արեգակի նման կը փայլի եւ զգեստները ձիւնի նման կը ճերմկին։
Դէմքը փայլեցաւ ինչպէս արեգակ եւ անոր զգեստները ճերմկեցան ինչպէս լոյսը - Մտթ. 17.2, հմմտ. Մրկ. 9.2, հմմտ. Ղուկ. 9.29 |
Հոն կ'երեւին նաեւ Հին Կտակարանի մարգարէներէն Մովսէսն ու Եղիան։ Այս դէպքը խորհրդանիշ մըն էր Յիսուսի փառաւորուման, որ տեղի պիտի ունենար իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք, որ Ան դարձեալ իր աստուածային փառքին պիտի վերադառնար։
Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ, որ անոնք կը խօսէին Քրիստոսի երկրային կեանքին վերջին օրերուն դէպքերուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենային Երուսաղէմի մէջ (Ղուկաս 9.31): Սքանչելի տեսարանէն հիացած՝ Պետրոս առաքեալ կը բացագանչէ.
Վարդապե՛տ, լաւ է, որ մենք հոս մնանք. երեք վրաններ լարենք, մէկը` Քեզի, մէկը` Մովսէսի եւ միւսը` Եղիային համար: - (Ղուկաս 9.31) |
Մինչ ան կը խօսէր, լուսափայլ ամպ մը հովանի կը դառնայ անոնց, եւ ամպերուն մէջէն եկող ձայնը կ'ըսէ.
Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, Անո՛ր լսեցէք: - (Ղուկաս 9.31) |
Հանգստացնելով ու ոտքի կեցնելով գետնամած առաքեալները` Յիսուս անոնց կը պատուիրէ ոչ մէկուն յայտնել իրենց տեսածին ու լսածին մասին`մինչեւ Աստուծոյ Որդիին փառաւորուիլը:
Քրիստոսի այլակերպութիւնը աշակերտներուն ցոյց կու տայ անոնց խոստացուած արքայութիւնն ու փառքը: Զանոնք լերան գագաթը կը հանէ եւ ցոյց կու տայ, թէ Ինք ինչպէս պիտի գայ վերջին օրը` աստուածութեան փառքով ու մարմնով եւ կ'ըսէ, թէ Ինք ո՛չ Եղիան է, ո՛չ Մովսէսը, ո՛չ ալ մարգարէներէն մին:
Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին նախորդող շաբաթապահքը Հայ Եկեղեցւոյ կը կոչուի Վարդավառի պահք: Պահքի վերջին շաբաթ օրը նաւակատիք է:
Պայծառակերպութեան տօնը մեր նախնիները կոչած են Վարդավառի տօն, որուն արմատները ժողովուրդը կը կապէ ջրհեղեղէն ետք ծիածանով մարդ-Աստուած հաշտութեան հետ։ Այդ ջուրը իրարու վրայ նետելով՝ կարծես մարդիկ իրարու կը յիշեցնեն ջրհեղեղը, նաեւ կը բացատրեն, թէ ինչո՞ւ եղաւ ջրհեղեղը։ Այսինքն, սթափեցման սովորութիւն մըն է եւ մաքրագործուելու իմաստ ունի»։ Ս․Գրիգոր Լուսաւորիչ այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայրերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տօնին մեր հեթանոս հայրերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին։ Մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը։ Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով, որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններէն, տօնը փոխարինուած է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով, ինչ որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի տօնախմբուիլ:
Ժողովուրդը Քրիստոնէական շրջանին ալ սիրելով այս տօնը, զայն նշանակած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հինգ տաղաւար տօներէն մին, անգամ մը եւս շեշտելու համար անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը:
Վարդավառի տօնակատարութիւնը միշտ ալ Զատկուան տօնէն 98 օր ետք կը նշուի, որ ընդհանրապէս կը զուգադիպի 28 Յունիսէն 1 Օգոստոսի միջեւ:
Նախաքրիստոնէական շրջանին Վարդավառի տօնը կապուած էր հայկական դիցարանի ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան ու գեղեցկութեան Աստուծոյ`Աստղիկին: Այդ օրերէն իսկ Վարդավառը կը տօնախմբուէր մեծ հանդէսներով: Մարդիկ Աստղիկ Աստուածուհիին կը նուիրէին վարդեր ու իրարու վրայ ջուր կը թափէին: Վարդավառը միաժամանակ եղած է ջուրի պաշտամունքի, պտղաբերութեան ու արգասաւորութեան ուժերուն նուիրուած տօն: Տօնը նաեւ առիթ եղած էր անցեալին, որ մեր նախահայրերը անձրեւ խնդրելու աղօթք եւ ծէս կատարէին:
Քրիստոնէական գետնի վրայ եւս անցեալին Վարդավառը տօնուած է աւելի մեծ տարողութեամբ: Մարդիկ Վարդավառի տօնին իրենց տուները կը զարդարէին կանաչ ոստերով, ծաղկեփունջեր կը նուիրէին իրարու, եկեղեցւոյ հասկեր կը նուիրէին, իբրեւ արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն: Անասնապահներ իրենց անասունները ծաղիկներով կը զարդարէին ու ժողովուրդը խնճոյքներ եւ ջրախաղեր կը կազմակերպէր: Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ Վարդավառը կը տօնախմբուի մեծ հանդիսութիւններով ու ջրախաղերով, որոնց համար գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ Վարդավառի միջազգային փառատօն:
Մ.Խորենացիի մեկնութեամբ, «Վարդավառի խորհուրդին մասին» ճառին մէջ կ'իմանանք, որ աստուածային միջամտութեամբ բոլոր ֆիզիքական զեխութիւններն ու սանձարձակութիւնները Այլակերպութեան (կերպարանքի փոփոխութիւն) խորհուրդով կը վերածուին եւ կը փոխակերպուին հոգեւոր աննիւթական վայելքներու եւ պարգեւներու բաշխման հետ:
Խորենացի այլակերպութեան պատկերին ընդմէջէն կ'ուզէ ներկայացնել, թէ ինչպէ՛ս Աստուած իր գիտութեան ողորմութեան անձրեւները կը տեղացնէ բնութեան վրայ: Ինչպէ՛ս մարդ եւ Աստուած կը միանան իրարու` մարդը դարձնելով ստեղծագործ:
Եւ ինչպէս Վարդը բացուելով կը յայտնուի ու կ'երեւի, այնպէս ալ Տէրը այսօր պայծառակերպուելով` կը յայտնէ իր Աստուածութիւնը: - Գրիգոր Տաթեւացի |
Անցեալին սովորութիւն էր Վարդավառը տօնել սարերու վրայ, աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, այդ առիթով կը կազմակերպուէին ուխտագնացութիւններ դէպի սրբավայրերը:
Այդ առիթով տեղի ունեցող քանի մը աւանդութիւններէն են.
Այժմ վարդավառը կը նշուի Զատիկէն 14 շաբաթ ետք։ Այս տօնը սիրուած է յատկապէս փոքրերու կողմէ։
Առասպելի մը համաձայն, օր մը Աստղիկ աստուածուհին կը լսէ, որ իր սիրեցեալ Վահագնը ծանր վիրաւորուած է, բոպիկ կը վազէ անոր քով: Ճամբան, վազելով վարդենիներուն մէջէն, կը վիրաւորէ ոտքերը, եւ անոր արիւնով կը ներկուին վարդերը: Այդ օրէն կարմիր վարդը սիրոյ խորհրդանիշ կը համարուի Հայաստանի մէջ:
Տարի | օր |
---|---|
2024 | 7 Յուլիս |
2023 | 16 Յուլիս |
2022 | 24 Յուլիս |
2021 | 11 Յուլիս |
2020 | 19 Յուլիս |
2019 | 28 Յուլիս |
2018 | 01 Յուլիս |
2017 | 23 Յուլիս |
2016 | 03 Յուլիս |
2015 | 12 Յուլիս |
2014 | 27 Յուլիս |
2013 | 07 Յուլիս |
2012 | 15 Յուլիս |
2011 | 31 Յուլիս |
2010 | 11 Յուլիս |
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Վարդավառ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.