Ռէալ Մատրիտ

Ռէալ Մատրիտ ՖԱ (սպ.՝ Real Madrid Club de Fútbol, անգլերէն՝ Madrid Royal Football Club, առաւել յայտնի որպէս Real Madrid, Los Blancos, Los Merengues), սպանական մասնագիտական ֆութպոլային ակումբ Մատրիտ քաղաքէն: Ստեղծուած է 1902 թուականին եւ նոյն տարին խաղերու կը սկսի աւանդական տնային սպիտակ մարզաշապիկով: Ռեալ սպաներէն կը նշանակէ արքայական, եւ այս անուանումը ստացած է Սպանիոյ թագաւոր Ալֆոնզօ XIII-ի կողմէն 1920 թուականին: Կը մասնակցի Լա Լիկային եւ կը համարուի 20-րդ դարու ամենայաջող ակումբը, Լա Լիկայի մէջ ունի մրցանշային 32 յաղթանակ, 19 Գոբա Տէլ Ռէյ (արքայական բաժակ) եւ մրցանշային տասնմէկ ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի բաժակ:

Ակումբը իր տնային խաղերը կը հանդիսաւորէ Մատրիտի մէջ գտնուող Սանտիակօ Պերնապէու մարզադաշտին մէջ 1947 թուականէն: 23 Դեկտեմբեր 2000 թուականին ՖԻՖԱ-ն Ռեալին պարգեւատրած է «20-րդ դարու լաւագոյն ակումբ» մրցանակով: Ռեալը ամենայաջողակ ակումբն է նաեւ ԻՒԵՖԱ-ի ակումբային մրցաշարերու պատմութեան մէջ՝ Յաղթականներու Լիկա տասնմէկ բաժակներով եւ ԻՒԵՖԱ-ի երկու բաժակներով:

Ռեալը տարեկան եկամուտով աշխարհի ամենահարուստ ակումբն է (€ 351 միլիոն), իսկ «Ֆորպզի» տուեալներով՝ երկրորդ ամենաթանկ ակումբը. 2008 թուականին ան 950 միլիոն եւրօ կ՛արժէր:

Պատմութիւն

Կանուխ տարիներ (1897-1945)

Ռէալ Մատրիտ 
Ռեալ Մատրիտի կազմը 1905-ին

1897 թուականին ստեղծուեցաւ Արքայական ֆութպոլային ակումբը՝ դառնալով Մատրիտեան ակումբի հիմքը: Սակայն ակումբի ստեղծման պաշտօնական ամսաթիւը կը համարուի 6 Մարտ 1902 թուականը, երբ Պատրոս եւ Ժուլիան Պալասիոս եղբայրներու կողմէ բացուեցաւ Madrid Football Club ակումբը: Երեք տարի ետք 1905 թուականին, Մատրիտ ՖԱ-ը նուաճեց իր առաջին տիտղոսը՝ յաղթելով Աթլեթիք Պիլպաոյին Սպանիոյ բաժակի եզրափակչին: 29 Յունիս 1920 թուականին Սպանիոյ թագաւոր Ալֆոնզ XIII ակումբին շնորհեց Արքայական տիտղոսը, որ սպաներէն կը հնչուի Ռեալ: Այս տեղէն կու գայ ակումբի անուանումը՝ Ռեալ Մատրիտ:

Առաջին իսկ տարիներէն խումբը առաջատառներու շարքերուն եղած է, եւ արդէն 1903-ին Ռեալը դուրս կու գայ Սպանիոյ բաժակի եզրափակիչ, ուր, սակայն, կը պարտուի Աթլեթիք Պիլպաոյին: Քանի մը տարի ետք հեղինակաւոր այդ մրցանակը երկար տարիներ իր տեղը գտաւ Մատրիտեան ակումբին մէջ։ 1905-1908 թուականներուն Ռեալը չորս տարի անընդմէջ Բաժակի յաղթող ճանչցուեցաւ: Իսկ երկրի առաջնութեան մէջ, որ առաջին անգամ եղաւ 1928 թուականին, խումբը երկու տարի անընդմէջ՝ 1932 եւ 1933 թուականներուն, յաղթեց Բրիմիորի մէջ:

1950-էն 1980-ական Թուականներ

Ռեալի վերելքը կարելի է համարել 1950-ական թուականներուն: 1950-ական թուականներու կէսերուն Եւրոպայի մէջ որոշեցին ստեղծել աշխարհամասի ֆութպոլի ֆետերացիա, որ կը կարգաւորէր ինչպէս ակումբային, այնպէս ալ հաւաքականներու մակարդակով առաջնութիւններ: Եւ երբ Ռեալը դարձաւ Եւրոպայի Յաղթականներու Բաժակի անդրանիկ խաղարկութեան յաղթողը 1954-55 թուականներու մրցաշրջանին:

Այդ ժամանակէն սկսեալ խումբը 5 տարի շարունակ յաղթական ճանչցուեցաւ հեղինակաւոր այդ առաջնութեան մէջ։ Եւրոպական յաջողութիւններուն զուգընթաց՝ ակումբը նաեւ անպարտելի էր Սպանիոյ ներքին առաջնութեան մէջ, 1954-էն մինչեւ 1969 թուականը անոնք 12 անգամ Յաղթական ճանչցուեցան երկրին մէջ։ Ռեալը 15 տարի անընդմէջ իրաւունք ստացաւ հանդէս գալ Յաղթականներու Լիկայի մէջ։ Առաջին անգամ, անոնք չյաջողեցան մասնակցիլ Լիկային, 1970 թուականին: Ռեալի անպարտելի կազմին մէջ այդ ժամանակ հանդէս կու գային Եւրոպայի լաւագոյն խաղցողները՝ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ (Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստը 1957, 1959-ին), ֆրանսացի Ռայմոն Կոպան (1958 թուականի Ոսկէ գնդակի դափնեկիրը), Հունգարացի Ֆերենց Պուշկաշը (1960 թուականի երկրորդ տեղ գրաւող Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ), Ֆրանսիսքօ Հենթօն: 1960-ական թուականներուն խումբը տեղափոխուեցան Ժոզէ Սանդամարիան, Ամանսիոն, Պիրին: Երբ այս հերոս խաղցողները աւարտեցին իրենց գործի ասպարէզը, Ռեալը կամաց-կամաց սկսաւ զիջիլ իր դիրքերը Եւրոպական ասպարէզին մէջ:

1980-1990-ական Թուականներ

Յաջորդ վերելքին ակումբի երկրպագուներուն պահանջուեցաւ սպասել 20 տարի, երբ գլխաւորութեամբ Էմիլիօ Բուտրագենիոյի խումբէն եկան Միչելը, Ուկօ Սանչէզը, Մանոլօ Սանչէզը, Մարտին Վասկեսը եւ Միգել Պարդեսան: Անոնք յաղթեցին անընդմէջ ԻՒԵՖԱ-ի բաժակը (1984-էն 1986 թուական) եւ 5 անգամ դարձան Սպանիոյ յաղթական: Յաղթականներու Լիկայի մէջ 7-րդ յաղթանակի հիմքը դրաւ իտալացի մասնագէտ Ֆապիօ Կապելլօն, որ ակումբ հրաւիրեց Ռոպերթօ Քառլոսին, Զէ Էտորֆին, Միյատովիչին, Շուքերին, Պանուչիին: Այս խաղացողները Ռաուլի, Հիերրոյի, Ֆերնանտօ Ռետոնտոյի, Կանիսարեսի հետ միասին կազմեցին խումբի կորիզը եւ արդէն նոր մարզիչ՝ գերմանացի Յուպ Հայնկէզի գլխաւորութեամբ 1997-1998 թուականներու մրցաշրջանին յաղթական ճանչցուեցան ԻՒԵՖԱ-ի Յաղթականներու Լիկայի մէջ։ Սակայն Բրիմիորի մէջ այդ տարի խումբը գրաւեց 4-րդ հորիզոնականը մրցաշարային աղիւսակին մէջ, եւ Հայնկէզը հրաժարական տուաւ: Անոր փոխարինեց Հոլանտացի Կուս Հիտինկը: Հոլանտացին երկար ժամանակ չմարզեց Արքայական ակումբը, ան Մատրիտի մէջ մնաց մինչեւ 1999 թուական Փետրուար ամիսը:

Լոս Կալակտիկոսը եւ Ռամոն Կալդրունի Նախագահ Դառնալը

Հիդինկի հեռանալէն ետք խումբը սկսաւ մարզել ուելսցի մասնագէտ Ճոն Թոշակը, որուն հեռացուցին ակումբէն այդ տարի Նոյեմբերին: Խումբը յանձնեցին սպանացի Վիսենթէ Տէլ Պոսկէին, որ իր ֆութպոլային գործի ասպարէզին մէջ մեծամասնութիւնը անցուցած էր Ռեալի մէջ։ Տէլ Պոսկէն Սպանիոյ առաջնութեան մէջ այդքան ալ յաջողութիւն չունեցաւ, 8-րդ հորիզոնականէն խումբը բարձրացաւ 5-րդ հորիզոնականը: Սակայն Արքայական ակումբին բերաւ իր թիւով 8-րդ յաղթանակը Յաղթականներու Լիկայի մէջ։ Ակումբի նոր նախագահ ընտրուեցաւ Ֆլորենդինօ Բերեսը, որ որոշեց ակումբ հաւաքել ֆութպոլային «Աստղեր»ը: Առաջին ձեռք բերելը եղաւ փորթուկալացի Լուիս Ֆիկուն, որ խումբին տեղափոխեց Ռեալի դարաւոր մրցակից Պարսելոնայէն, մրցանշային 71 միլիոն եւրոյով: Մէկ տարի ետք ակումբ եկաւ ֆրանսացի Զինետին Զիտանը, աւելի մեծ փոխանցման գումարով՝ 75 միլիոն եւրոյով: Եւս մէկ տարի ետք Մատրիտ եկան Ռոնալտօն, 2003 թուական ամրան Պեքեմը, 2004 թուականին՝ Օուէնը: Այսպէսով 2004-05 թուականներու մրցաշրջանին միեւնոյն ակումբին մէջ կը խաղային միանգամայն 4 ֆութպոլիստներ, որոնք «Ոսկի գնդակ»ի դափնեկիրներ էին՝ Ռոնալտօ (1997 եւ 2002 Աշխարհի լաւագոյ ֆութպոլիստ), Զինետին Զիտան (1998), Լուիս Ֆիկու (2000), Մայքլ Օուէն (2001): «Աստղերու» այդ բոյլը սկսան անուանել «Կալագդիկոս»:

Բերեսի 5 տարի ղեկավարելու ժամանակահատուածին Արքայական ակումբը երկու անգամ յաղթական ճանչցուեցաւ Բրիմիորի մէջ եւ մէկ անգամ Յաղթականներու Լիկայի մէջ։

Ռէալ Մատրիտ 
Ռեալ Մատրիտի խաղացողները կը տօնեն իրենց յաղթանակը 2008 թուականին Սպանիոյ Սուբըրբաժակի Վալենսիոյ դէմ:

Ֆլորենդինօ Բերեսի հեռանալէն ետք ակումբի նոր նախագահ ընտրուեցաւ Ռամոն Կալտերոնը: Նոր ղեկավարի գործելու ոճը կը տարբերէր նախորդէն: Ան խումբ հրաւիրեց Պրեդրագ Միատովիչին, որ նշանակուեցաւ մարզական տնօրէն, ան մնաց մինչեւ 2009 թուականը: Կալտերոնի նպատակը աստղեր հաւաքել չէր ակումբին մէջ, չնայած իր նախընտրական քարոզարշաւին կը խոստանար ձեռք բերել «Մանչեսթըր Իւնայթըտ»ի կիսապաշտպան Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին, որ անոր քով չստացուեցաւ: Սակայն խումբը յաղթեց 2007 թուականին Լա Լիկան: Իսկ 2008-ին Արքայական ակումբը յաղթեց Սպանիոյ Սուբըրբաժակը: Ռամոնի ղեկավարման տարիներուն ակումբէն հեռացան Ռոպերթօ Քառլոսը, Պեքեմը, Ռոպինիոն, Ռոնալտօն: 2009-ին Կալտերոնը հրաժարական տուաւ, մեծ աղմուկ հանեց 2006-ի ընտրութիւններուն կեղծելու կապակցութեամբ։ Անոր 4 տարիներու ղեկավարման ընթացքին Ռեալը երկու անգամ յաղթական դարձաւ Սպանիոյ մէջ:

Բերեսի երկրորդ եւ Մոուրինիոյի ժամանակներ (2009-2013)

Ռէալ Մատրիտ 
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

1 Յունիս 2009-ին Բերեսը նորէն ստանձնեց ակումբի նախագահի պաշտօնը, առանց քուէարկութեան, որովհետեւ անոր բոլոր մրցակիցները հանեցին իրենց թեկնածութիւնը ընտրութիւններէն: Ան սկսաւ նոր «Կալագդիկոս»ի ստեղծումը: Առաջին քայլը, որ ան կատարեց Զինետին Զիտանին՝ զայն խորհրդականի պաշտօն տուաւ:

9 Յունիսին երկար բանակցութիւններէ ետք Բերեսը ձեռք բերաւ իտալական «Միլան»էն պրազիլցի կիսապաշտպան Քաքային 68 միլիոն եւրոյով, իսկ յետոյ գնեց մէկ այլ ոսկէ գնդակի դափնեկիր՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօն Մանչեսթըր Իւնայթըտէն մրցանիշ 80 միլիոն եւրոյով: Պայմանագիրը նախատեսուած էր 6 տարի ժամկէտով: Յետոյ եկան Ռաուլ Ալպիոլը («Վալենսիա»յէն 15 միլիոն եւրօ), Արպելոան եւ Ալոնզօն (երկուքն ալ «Լիւըրբուլ»էն, համապատասխանաբար 4 եւ 30 միլիոն եւրօ), Պենզեման (Լիոնէն 35 միլիոն եւրօ): Չնայած այդ ձեռքբերումներուն՝ ակումբը այդպէս ալ չկրցաւ ոչ մէկ լուրջ մրցանակ նուաճել: 2009-10 մրցաշրջանին խումբը գրաւեց 2-րդ հորիզոնականը՝ առաջ ձգելով «Պարսելոնա»յին, այն դեպքին, երբ Սուբըր Գլասիգոյի երկու հանդիպումներուն ալ անոնք պարտուեցան «Պարսա»յին:

Յաղթականներու Լիկայի մէջ նոյնպէս անյաջող հանդէս եկան եւ 1/8 եզրափակիչէն ստիպուած եղան հրաժեշտ տալ առաջնութեան: Իսկ Սպանիոյ Բաժակին անոնք արդէն իսկ առաջին շրջագայութեան պարտուեցան երկրի 3-րդ բաժանման ներկայացնող «Ալքորիքոն»ին:

Մրցաշրջանի աւարտէն ետք ակումբի գլխաւոր մարզիչ պաշտօնէն հեռացուեցաւ Մանուէլ Պելեկրինին եւ նշանակուեցաւ նոր մարզիչ՝ փորթուկալացի Խոզէ Մոուրինիօն: Նոր սկսած մրցաշրջանէն առաջ Բերեսը իր նախորդ ձեռքբերումներուն համեմատ աւելի համեստ գտնուեցաւ: Ան փոխանցման ժամանակ ծախսեց 70 միլիոն եւրօ եւ խումբին տեղափոխեցին փորձառու փորթուկալացի պաշտպան Ռիքարտօ Կառուալիւն, սպանացիներ Բէտրօ Լեոնը եւ Սերժիօ Կանալէզը, գերմանացիներ Մեսութ Օզիլը եւ Սամի Ժետիրան, արժանթինցի Անժել Տի Մարիան (Սակայն հիմա ուրիշ Ֆութպոլային ակումբի մէջ կը գտնուի): Սակայն ակումբէն հեռացաւ վերջին 20 տարիներու խորհրդանիշ Ռաուլ Կոնզալէզը, որ տեղափոխուեցաւ գերմանական «Շալքէ-04»ի:

Լա Լիկայի 2011-12 մրցաշրջանին Ռեալ Մատրիտ յաղթեց Լիկան՝ 32-րդ անգամ նուաճելով տիտղոսը եւ դառնալով մրցանակիր Լա Լիկայի բոլոր ժամանակներու պատմութեան մէջ՝ մրցաշրջանը աւարտելով մրցանշային 100 միաւորով, հարուածեց մրցանշային 121 կօլ եւ հարուածեց բաց ձգած կօլերով՝ ստացաւ +89 ցուցանիշը, եւ եւս մէկ մրցանիշ 16 անգամ հիւրընկալուելով յաղթանակ եւ ընդհանուր 32 յաղթանակ Լա Լիկայի մէջ: Նոյն մրցաշրջանին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօն անցաւ 100 կօլի սահմանը սպանական Լիկաներուն: Իսկ երբ Ռոնալտօն անցաւ 101 կօլի սահմանները՝ 92 խաղերու մէջ, ան անցաւ հերոս Ֆերենց Պուշկասի արդիւնքը, որ սահմանած էր 100 կօլ 105 խաղերու մէջ։ 2012-2013 խաղաշրջանին խումբին միացած են Մայքլ Էսսիէնը ու Լուքա Մոտրիչը: Լուքա Մոտրիչը Ռեալ տեղափոխուած է Դոդենհեմէն, փոխանցման արժէքը կը կազմէ մօտ 40 միլիոն եւրօ, իսկ Մայքլ Էսսիէնը վարձավճառով տեղափոխուած է Լոնտոնի Չելսիէն: Սակայն այդ ալ չօգնեց, որպէսզի նուաճեն երկրի յաղթական տիտղոսը, բայց կրցան յաղթել Սուբըրբաժակը: Իսկ Սպանիոյ Բաժակին մէջ մէկ քայլով կը բաժնէր Բաժակը նուաճելու, սակայն աւելցած ժամանակին պարտուեցան Աթլեթիքօ Մատրիտին 2-1 հաշիւով (վերջին անգամ Աթլեթները Ռեալին յաղթած էին 14 տարի առաջ), Ֆլորենթինօ Փերեսը յայտարարած էր մրցաշրջանի վերջին Մոուրինիոյի հրաժարականի մասին: Մոուրինիոն վերադարձաւ Անգլիոյ Բրիմիոր Լիկայի Չելսի ակումբ, այդ խումբը մարզած էր նաեւ 2004-էն 2007 թուական:

Անճելոտտիի ժամանակներ (2013-2015)

25 Յունիս 2013 թուականին, Քառլօ Անճելոտտին դարձաւ Ռեալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ՝ փոխարինելով Մոուրինիոյին եւ կնքելով երեք տարուան պայմանագիր: Օրեր ետք ան Ռեալի մէջ առաջին մամլոյ ասուլիսուի մէջ նշեց, որ Զինետին Զիտանը եւ Փոլ Կլեմենտը պէտք է ըլլան իր օգնականները:

Նոյն շրջագայութեան Ռեալը իրականացուց քանի մը կարեւոր փոխանցումներ: Նախ, խումբին միացաւ Թոթենհեմի առաջատար Կարէթ Պէյլը, մրցանշային՝ 100 միլիոն եւրոյի, այնուհետեւ խումբէն հեռացաւ Մեսութ Օզիլը՝ 47 միլիոն եւրոյի տեղափոխուելով Արսենալ: 2014 թուականին խումբէն հեռացան Անժէլ Տի Մարիան (59.7 միլիոն ֆոնտ) եւ Խաւի Ալոնզօն (10.000.000 եւրօ): Անճելոտտին միանգամէն կրցաւ դրականօրէն փոխել խումբին խաղը, որուն արդիւնքը եղան մրցաշրջանի աւարտին նուաճած երկու բաժակները: Չնայած այն բանին, որ 2013-14 մրցաշրջանին խումբը Լա Լիկայի մէջ գրաւեց 3-րդ տեղը, այնուամենայնիւ նախքան այդ կրցած էր դառնալ Սպանիոյ Բաժակակիր՝ եզրափակչին Կարէթ Պէյլի յաղթական կօլի շնորհիւ 2-1 հաշիւով յաղթելով Պարսելոնային: 24 Մայիս 2014 թուականին, ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի եզրափակչին Ռեալը հանդիպեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ եւ աւելցած ժամանակով յաղթեց 4-1 հաշիւով: Շատ անհանգիստ խաղ էր 36-րդ վայրկեանին Տիէկօ Կոտինը առաջ կը մղէ Աթլեթիքօ Մատրիտին:Մինչեւ 94-րդ վայրկեան Մատրիտցիները չկրցան կօլ հարուածել: 94-րդ վայրկեանին Սերժիօ Ռամոսը Լուքա Մոտրիչի անկիւնէ փոխանցումէ ետք գրաւեց Տիպօ Քորթուայի դարպասը: Եւ անկէ ետք կօլի հեղինակ դարձան Մարսելօն, Կարէթ Պէյլը, եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօն:

Այսպիսով, Ռեալ Մատրիտ 12 տարուան ընդմիջումէ ետք կրկին նուաճեց Յաղթականներու Լիկայի Բաժակը, որ իրեն համար տասներորդն էր (La Décima):

Ռաֆայէլ Պենիտես

Քառլօ Անճելոտտին չկրցաւ որեւէ առաջնութեան մէջ յաղթել եւ այդ իսկ պատճառ դարձաւ որ զայն հեռացնեն իր պաշտօնէն: Գլխաւոր մարզիչ նշանակեցին Ռաֆայէլ Պենիտեսին: Այդ ժամանակ խումբէն կը հեռանայ Մատրիտի Սուրբը՝ Իքեր Քասիասը եւ պաշտպան Ֆապիօ Քոնդրաօն: Բայց Պենիտեսը լաւ տարբերակ չէր Ռեալ Մատրիտի համար: Բենիտեսի գլխաւորութեամբ Ռեալ Մատրիտը չկրցաւ յաղթել Լա Լիկայի նորեկ Ժիժոնի Սպորդինկին: Ծանր պարտութիւն կը կրէ գլխաւոր հակառակորդ Պարսելոնայէն (4-0): Չկրցան յաղթել նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտին, Վիառեալին, Վալենսիային եւ Սեւիային: Եւ 4 Յունուար 2016 թուականին Պենիտեսին կ՛ազատեն իր գլխաւորած պաշտօնէն եւ Պենիտեսի փոխարէն որպէս գլխաւոր մարզիչ կը նշանակեն հերոս Զինետին Զիտանին:

Զինետին Զիտան

Զինետին Զիտանը դարձաւ Ռեալի մարզիչ 5 Յունուար 2016 թուականին: Հետաքրքիր պատմական ակնարկ մը կայ Զիտանի մասին: Զիտանը Ռեալի կազմին մէջ որպէս ֆութպոլիստ՝ իր առաջին հանդիպումը ունեցած էր Տեպորտիվոյի դէմ, որպէս մարզիչ նոյնպէս Տեպորտիվոյի դէմ (5-0): Որպէս ֆութպոլիստ Ռեալի կազմին մէջ ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի շրջանակներուն առաջին հանդիպումը եղած է Ռոմայի դէմ, որպէս մարզիչ նոյնպէս:

Իր առաջին Էլ Քլասիքոյի ժամանակ Զիզուն հիանալի մարտավարութիւն ընտրած էր։ Զիտանը ընտրած էր մարտավարութիւն, ոչ թէ աստղային կազմ: Զինետին Զիտանը դարձաւ Պերնդ Շուստերէն ետք առաջին մարզիչը, որ յաջողեցաւ յաղթել իր առաջին Քլասիքօն: Խաղէն առաջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Զիտանը նշած էր, որ ֆութպոլիստներու հետ չէ քննարկած առաջին շրջանին 0-4 հաշիւով կրած խայտառակ պարտութիւնը, իսկ խաղին ժամանակ զգացուեցաւ՝ ֆրանսացին յստակ հետեւութիւններ ըրած էր այդ հանդիպումէն եւ Ռաֆայէլ Պենիտեսի սխալները թոյլ տալու մտադրութիւն չունի:

Թոնի Քրուսի եւ Լուքա Մոտրիչի հետ Զիտանը խաղադաշտ դուրս բերած էր Կազեմիրոյին, որ պաշտպանութենէն առաջ, ըսաւ՝ «վահան ըլլար»: Մէկնարկային վայրկեաններուն հիւրերը կը խաղային սահանկումներով՝ փորձելով քաթալոնացիներուն թոյլ չտալ, որ զգային գրոհային ռիթմը: Մարտավարութիւնը փոխուեցաւ, երբ Քէյլոր Նաւասի դարպասին մօտ առաջին լուրջ կօլային պահը ստեղծեցին Նեյմարը ու Լուիս Սուարէզը, սակայն ուրուկուացին պարզապէս չկրցաւ հարուածել շատ նպաստաւոր դիրքէն: Անկէ ետք «Ռեալի» ֆութպոլիստները մոռցան յարձակումի մասին, պաշտպանեցին ամբողջ խումբով, անգամ Կարէթ Պէյլը ու Քրիսթիանօ Ռոնալտօն սեփական տուգանային մեծ ծաւալի աշխատանք կատարեցին: Ճիշդ է՝ սխալներ եւ անորակ փոխանցումներ եւս եղան, բայց «Ռեալը» յաջողեցաւ առաջին կէսին կօլ բաց չձգել: Եւ այդ խաղին Ռեալը յաղթեց 2-1 հաշիւով::

Ռէալ Մատրիտ 
Մարզադաշտը ներսէն
Ռէալ Մատրիտ 

Մարզադաշտը անուանուած է ի պատիւ 1943-1975 թուականներու Ռեալի նախագահ Սանտիակօ Պերնապէուի, որ եղած է մարզադաշտի կառուցման հիմնական «մեղաւորը»: Շինարարութիւնը տեւած է 3 տարի: Բացման խաղը եղաւ փորթուկալական Պելենենսեշիի դէմ ընկերական խաղին, որ տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբեր 1947 թուականին, որ աւարտեցաւ դաշտի տէրերուն յաղթանակով 3-1 հաշիւով:

1950-ական թուականներուն Եւրոպայի Յաղթականներու Բաժակի մէջ Ռեալի վստահ ելոյթներու շնորհիւ ակումբի շահոյթը մեծցաւ, որ հնարաւորութիւն տուաւ նոր մարզադաշտի նստատեղերու աւելացման, որուն շինութիւնը յայտնի էր սպիտակ աշտարակներով, մինչեւ 125.000 նստատեղ: 1955 թուականին մարզադաշտը վերանուանեցաւ Սանտիակօ Պերնապէու, իսկ 1957-ին Եւրոպայի Յաղթականներու Բաժակի եզրափակչին առաջին անգամ վառեցան լոյսերը:

1978 թուականին մահացած Սանտիակօ Պերնապէուն նոր մարզադաշտի կառուցումը կը յուսար տեղափոխել Մատրիտի հիւսիսը, սակայն իր ծրագիրը չիրականացաւ: 1982 թուականի աշխարհի առաջնութեան ժամանակ մարզադաշտը վերակառուցուեցաւ: Այս ժամանակ արդէն կային 32.000 նստատեղ եւ 60.000 հանդիսականի համար նախատեսուած կանգնելու տեղեր: Ընդհանուր առմամբ խմբային փուլի 3 խաղերուն եւ եզրափակիչ խաղին մարզադաշտը հիւրընկալեց 345.000 հանդիսական: Տասը տարի ետք վերանորոգումը շարունակուեցաւ. կառուցուեցաւ մարզդաշտի տրիբունի երրորդ յառուսը: Նստատեղերուն քանակը 65.000-էն հասաւ 105.000-ի: Հերթական վերակառուցմէ ետք նստատեղերուն քանակը նուազեցաւ հասնելով 74.871-ի:

Մարզադաշտին մէջ կայացած է 1964 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչը, 2010 թուականի Յաղթականներու Լիկայի եզրափակիչը: 14 Նոյեմբեր 2007 թուականին ԻՒԵՖԱ-ն Պերնապէուին շնորհեց էլիտար ֆութպոլային մարզադաշտի կարգավիճակ:

  • Սանտիակօ Պերնապէու
  • Տարողութիւն - 8.454
  • Չափեր - 107 x 72 մեթր
  • Հասցէ - Concha Espina, 1 28036 Madrid

Մարզաշապիկի հովանաւորները եւ արտադրողները

Ժամանակաշրջան Համազգեստը Հովանաւորը
1980-1982 Adidas Չէ եղած
1982-1985 Zanussi
1985-1989 Hummel Parmalat
1989-1991 Reny Picot
1991-1992 Otaysa
1992-1994 Teka
1994-1998 Kelme
1998-2001 Adidas
2001-2002 Realmadrid.com
2002-2005 Siemens mobile
2005-2006 Siemens
2006-2007 Benq Siemens
2007-2011 bwin
2011-2013
2013-2018 Fly Emirates

Համազգեստի փոփոխութիւնները

Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
1902
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
1911
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
1931
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
1955
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
1982
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
1998
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2002
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2007-2008
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2008-2009
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2009-2010
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2010-2011
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2011-2012
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2012-2013
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2013-2014
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2014-2015
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
Ռէալ Մատրիտ 
2015-2016

Ռեալ Մատրիտի աւագներ

Ռէալ Մատրիտ 
Ռեալի հերոսը, Ռաուլ
Ֆութպոլիստ Գործի ասպարէզ Աւագ Համար Խաղեր
Ռէալ Մատրիտ  ՍպանիաՍերժիօ Ռամոս 2005-մ.ժ. 2015-?
4
300 (40)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Իքեր Քասիաս 1999 -2015 2010 -2015
1
591 (-617)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռաուլ 1994 - 2010 2003 - 2010
7
741 (323)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆերնանտօ Հիերրօ 1989 - 2003 2001 - 2003
4
598 (126)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Մանուէլ Սանչիս 1983 - 2001 1988 - 2001
5
710 (49)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Սանտիանա 1971 - 1988 1979 - 1988
9
632 (352)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Փիրրի 1964 - 1979 1976 - 1979
4
595 (210)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ամանսիօ 1962 - 1976 1971 - 1976
7
471 (142)
Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆրանսիսքօ Ժենտօ 1953 - 1971 1961 - 1971
11
428 (126)

Մրցանիշեր

Այս արդիւնքները կը համարուին լաւագոյնները մրցաշարերու մասնակցող բոլոր ակումբներուն մէջ

  • Վերջին Թարմացում՝ 30 Մայիս 2014 թուական
  • Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ
  • 11 յաղթանակ Յաղթականներու Լիկայի մէջ
  • 214 յաղթանակ Յաղթականներու Լիկայի մէջ
  • 32 խաղ անընդմեջ Ռեալը կը գրաւէ մրցակիցներու դարպասները Յաղթականներու Լիկայի մէջ
  • 32 անգամ յաղթած է Լա Լիկայի մէջ
  • 121 կօլ Լա Լիկայի մէկ մրցաշրջանի մէջ

ֆութպոլիստներու Մրցանիշեր

Խաղերու Քանակով

  • Այս խումբին պատմութեան մէջ ամենաշատ հանդիպումներու մասնակցած ֆութպոլիստներու ցանկն է
  • Վերջին Թարմացում՝ 30 Մարտ 2014 թուական
  • Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ
Անուն Ժամանակահատուած Լա Լիկա Արքայական Բաժակ Իւրոբաժակներ Այլ Խաղեր
1 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռաուլ Կոնսալէզ 1994-2010 550 37 135 19 741
2 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Մանուէլ Սանչիս 1983-2001 524 67 100 20 711
3 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Իքեր Քասիաս 1999-2015 477 40 143 16 700
4 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Քառլոս Սանտիանա 1971-1988 461 84 87 13 645
5 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆերնանտօ Հիերրօ 1989-2003 439 43 103 16 601
6 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆրանսիսքօ Ժենտօ 1953-1971 428 74 95 2 599
7 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժոզէ Կամաչօ 1973-1989 414 61 90 12 577
8 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Փիրրի 1964-1979 417 67 75 2 561
9 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժոզէ Միչել 1981-1996 404 53 88 14 559
10 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Կուտի 1995-2010 387 40 101 14 542

Կօլերու քանակով

  • Այս խումբին պատմութեան մէջ ամենաշատ կօլեր հարուածած ֆութպոլիստներու ցանկն է
  • Վերջին Թարմացում՝ 24 Մարտ 2014 թուական
  • Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ
Անուն Ժամանակահատուած Կօլեր Խաղեր
1 Ռէալ Մատրիտ  Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2009- 304 270
2 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռաուլ Կոնսալէզ 1994-2010 323 741
3 Ռէալ Մատրիտ  ՍպանիաՌէալ Մատրիտ  Արժանթին Տի Սթեֆանօ 1953-1964 307 396
4 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Քառլոս Սանտիանա 1971-1988 289 645
5 Ռէալ Մատրիտ  Փորթուկալ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2009- 304 278
6 Ռէալ Մատրիտ  ՀունգարիաՌէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆերենց Պուշկաս 1958-1966 242 262
7 Կաղապար:Country data Մեքսիկա Ուկօ Սանչէզ 1985-1992 208 282
8 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆրանսիսքօ Ժենտօ 1952-1970 179 599
9 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Փիրրի 1964-1979 171 561
10 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Էմիլիօ Բուտրակենիօ 1983-1995 171 463
12 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ամանսիօ 1962-1976 155 471

Գլխաւոր Մրցակիցներ

Ներկայ Կազմ

Ռէալ Մատրիտ  Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label Կաղապար:Image label

Ռեալ Մատրիտի մէկնարկային կազմը 2015-2016 մրցաշարին

Կաղապար:Ֆթ սկիզբ

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Թիմի ավագ

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ մեջտեղ

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող

Կաղապար:Ֆթ վերջ

Փոխանցումներ 2015/2016

Եկան

Դիրք Խաղացող Նախկին ակումբ
Պ Ռէալ Մատրիտ  Պրազիլ Տանիլօ Ռէալ Մատրիտ  Փորթուկալ Փորթօ
ԿՊ Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Մարքօ Ասենսիօ Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Մայորկա
ԿՊ Ռէալ Մատրիտ  ՊրազիլԿազեմիրօ** Ռէալ Մատրիտ  Փորթուկալ Փորթօ
ԿՊ Ռէալ Մատրիտ  ՍպանիաԼուքաս Վասկես** Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Էսպանիոլ
ԿՊ Ռէալ Մատրիտ  ՌուսաստանՏէնիս Չերիշեւ** Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Վիառեալ

Գացին

Դիրք Խաղացող Նոր ակումբ
ԴՊ Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Իքեր Քասիաս Ռէալ Մատրիտ  Փորթուկալ Փորթօ
ԿՊ Ռէալ Մատրիտ  Գերմանիա Սամի Խետիրա*** Ռէալ Մատրիտ  Իտալիա Ժիւվենդուս
ՀՐ Կաղապար:Country data Մեքսիկա Ժաւիէր Էրնանտէզ** Կաղապար:Country data Անգլիա Մանչեսթըր Իւնայթըտ

* Վարձավճառով
** Վարձավճառէն
*** Ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով

Անձնակազմ

Ներկայիս մարզչական անձնակազմ

Ռէալ Մատրիտ 
Ֆրանսացի Զինետին Զիտանը՝ ակումբի ներկայ մարզիչ
Դիրք
Գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան
Մարզիչի օգնական Սանտիակօ Սոլարի
Դարպասապահներու մարզիչ Ժաւի Վալերօ
Ֆիտնեսի մարզիչ Փակօ Տէ Միկել
Ֆիտնեսի մարզիչ Ֆրանցեսքօ Մաուրի
Խաղի պատուիրակ Չենտօ
  • Վերջին Թարմացում՝ 5 Յունուար 2015 թուական
  • Աղբիւր՝ Ռեալ Մատրիտ

Գլխաւոր մարզիչներ

  • Կաղապար:Country data Անգլիա Արթուր Ճոնսոն (1910-1920)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժուան Տէ Կարսեր (1920-1926)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Փետրօ Լիորենդէ (1926)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Սանտիակօ Պեռնապէու (1926-1927)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժոզէ Պերաոնտօ (1927-1929)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Փոզէ Կիրանտէ (1929-1930)
  • Ռէալ Մատրիտ  Հունգարիա Լիպօ Խերցքա (1930-1932)
  • Կաղապար:Country data Աւստրիա Ռոպերթ Ֆիրստ (1932-1934)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆրանսիսիքօ Պրու (1934-1941)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժուան Արմետ (1941-1943)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռամոն Էնսինաս (1943-1945)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Խասինտօ Կինկոսէզ (1945-1946, 1947-1948)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Պալտասար Ալբենիս (1946-1947, 1950-1951)
  • Կաղապար:Country data Անգլիա Մայքլ Քիպինկ (1948-1950)
  • Կաղապար:Country data Ուրուկուայ Հեքթոր Սկարոնէ (1951-1952)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժուան Անթոնիո Իպինիա (1952-1953)
  • Կաղապար:Country data Ուրուգվայ Էնրիքէ Ֆերնանտէզ (1953-1954)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժոզէ Վիալոնկա (1954-1957)
  • Ռէալ Մատրիտ  Արժանթին Լուիս Կարնիկլիա (1957-1959; 1959)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Միկել Մունիոս (1959; 1960-1974)
  • Կաղապար:Country data Փարակուայ Մանուէլ Ֆկեյտաս (1959-1960)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Լուիս Մոլովնի (1974; 1977-1979; 1982; 1985-1986)
  • Կաղապար:Country data Հարավսլավիա Միլիան Միլիանիչ (1974-1977)
  • Կաղապար:Country data Հարավսլավիա Վոյատին Պոշկով (1979-1982)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռէալ Մատրիտ  Արժանթին Կաղապար:Country data Կոլումբիա Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ (1982-1984; 1990-1991)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ամարօ Ամանսիօ (1984-1985)
  • Կաղապար:Country data Նիտերլանտներ Լէօ Պենհակեր (1986-1989; 1992)
  • Կաղապար:Country data Ուելս Ճոն Թոշակ (1989-1990; 1999)
  • Կաղապար:Country data Հարավսլավիա Կաղապար:Country data Հարավսլավիա Ռատոմիր Անտիչ (1991-1992)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆլորօ Բենիտա (1992-1994)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Վիսենտէ Տէլ Պոսքէ (1994; 1996; 1999-2003)
  • Կաղապար:Country data Արգենտինա Ժորժէ Վալտանօ (1994-1996)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Արսենիօ Իկլեսիաս (1996)
  • Ռէալ Մատրիտ  Իտալիա Ֆապիօ Կապելլօ (1996-1997; 2006-2007)
  • Ռէալ Մատրիտ  Գերմանիա Յուպ Հայնկէզ (1997-1998)
  • Կաղապար:Country data Նիտերլանտներ Գուս Հիտինկ (1998-1999)
  • Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Քարլոս Քէյրուս (2003-2004)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժոզէ Անթոնիա Կամաչօ (2004)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Մարիանօ Կարսի Ռեմոն (2004)
  • Ռէալ Մատրիտ  Պրազիլ Վանտէչլէյ Լիւշեմպուրկու (2004-2005)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժուան Ռամոն Լոպես Կառօ (2005-2006)
  • Ռէալ Մատրիտ  Գերմանիա Պերնդ Շուստեր (2007-2008)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժուան Տէ Ռամոս (2008-2009)
  • Կաղապար:Country data Չիլի Մանուէլ Փելեկրինի (2009-2010)
  • Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Ժոզե Մոուրինիո (2010-2013)
  • Ռէալ Մատրիտ  Իտալիա Քառլօ Անճելոտտի (2013-2015)
  • Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռաֆայէլ Պենիտես (2015-2016)
  • Ռէալ Մատրիտ  Ֆրանսա Զինետին Զիտան (2016-)

Ակումբի Նախագահներու Ցանկ

Ժամանակահատուած Նախագահ
2009- Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆլորենթինօ Փերես
2006-2009 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռամոն Կալտէրոն
2000-2006 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ֆլորենթինօ Փերես
1995-2000 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Լորենսօ Սանս
1985-1995 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ռամոն Մենտոսա
1978-1985 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Լուիս Տէ Քառլոս
1943-1978 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Սանտիակօ Պեռնապէու
1940-1943 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Անթոնիօ Սանդոս Պերալբա
1936-1940 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ատոլֆօ Մելենտէզ
1930-1935 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Լուիս Ուսերա
1926-1930 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Լուիս Տէ Ուրկիլխօ
1916-1926 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Փետրօ Պարախէզ
1908-1916 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ատոլֆօ Մելենտէզ
1904-1908 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Քառլոս Պատրոս
1902-1904 Ռէալ Մատրիտ  Սպանիա Ժուան Պատրոս

Կալակտիկոս

Ռէալ Մատրիտ 
Կալակտիկոս

Կալակտիկոս

  • Ռաուլ Կոնսալէզ (1994-2010)
  • Ռոպերթօ Քառլոս (1996-2007)
  • Լուիս Ֆիկու (2000-2005)
  • Զինետին Զիտան (2001-2006)
  • Ռոնալտօ (2002-2007)
  • Տէյվիտ Պեքեմ (2003-2007)

Նէօ Կալակթիկոս

  • Քաքա (2009-2013)
  • Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (2009-ից)
  • Քարիմ Պենզեմա (2009-ից)
  • Ժապի Ալոնզօ (2009-ից)
  • Կարէթ Պէյլ (2013-ից)
Ռէալ Մատրիտ 
Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ
Ռէալ Մատրիտ 
Ռաուլ Կոնսալէզ Պլանքօ
Ռէալ Մատրիտ 
Լուիս Ֆիկու
Ռէալ Մատրիտ 
Ռոնալտօ
Ռէալ Մատրիտ 
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

Յայտնի ֆութպոլիստներ

«Ոսկէ Գնդակի» Մրցանակակիրներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, արժանացած են France Football-ի «Ոսկէ Գնդակ» մրցանակին:

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, արժանացած են ՖԻՖԱ-ի «Ոսկէ գնդակ» մրցանակին:

«Ոսկէ խաղակոշիկ» մրցանակակիրներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, արժանացած են «Ոսկէ խաղակոշիկ» մրցանակին:

ԻՒԵՖԱ-ի Վարկածով Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են ԻՒԵՖԱ-ի վարկածով տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ:

Եւրոպայի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ:

Յաղթականներու Լիկայի Լաւագոյն Գնդակ Յանձնողներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Յաղթականներու Լիկայի լաւագոյն գնդակ հանցնողները:

Յաղթականներու Լիկայի Լաւագոյն Ռմբարկուներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Յաղթականներու Լիկայի լաւագոյն ռմբարկուներ:

ՖԻՖԱ-ի վարկածով տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են ՖԻՖԱ-ի վարկածով տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ:

Մոնտիալի Լաւագոյն ֆութպոլիստներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Մոնտիալի լաւագոյն ֆութպոլիստներ:

Աշխարհի ակումբային առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկուներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդէս գալով Ռեալ Մատրիտի կազմին մէջ, դարձած են Աշխարհի ակումբային առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկուներ:

Աշխարհի Յաղթականներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդիսանալով Ռեալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ, դարձած են ֆութպոլի աշխարհի Յաղթականներ:

Եւրոպայի Յաղթականներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդիսանալով Ռեալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ, դարձած են ֆութպոլի Եւրոպայի Յաղթականներ:

Ողիմպիական Յաղթականներ

Հետեւեալ ֆութպոլիստները, հանդիսանալով Ռեալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ, դարձած են ֆութպոլի Ողիմպիական Յաղթականներ:

Առաջնութիւններ

Ազգային

  • Ռէալ Մատրիտ Լա Լիկա:
    • Ռէալ Մատրիտ Յաղթական (32, ռեկորտ): 1931-32; 1932-33; 1953-54; 1954-55; 1956-57; 1957-58; 1960-61; 1961-62; 1962-63; 1963-64; 1964-65; 1966-67; 1967-68; 1968-69; 1971-72; 1974-75; 1975-76; 1977-78; 1978-79; 1979-80; 1985-86; 1986-87; 1987-88; 1988-89; 1989-90; 1994-95; 1996-97; 2000-01; 2002-03 2006-07; 2007-08; 2011-12
    • Ռէալ Մատրիտ Փոխյաղթական (21): 1929; 1933-34; 1934-35; 1935-36; 1941-42; 1944-45; 1958-59; 1959-60; 1965-66; 1980-81; 1982-83; 1983-84; 1991-92; 1992-93; 1998-99; 2004-05; 2005-06; 2008-09, 2009-10, 2010-11, 2012-13
  • Ռէալ Մատրիտ Գոբա Տէլ Ռեյ
    • Ռէալ Մատրիտ Յաղթական (20): 1905; 1906; 1907; 1908; 1917; 1934; 1936; 1946; 1947; 1961-62; 1969-70; 1973-74; 1974-75; 1979-80; 1981-82; 1988-89; 1992-93;2010-11, 2013-14, 2022/23
    • Ռէալ Մատրիտ Փոխյաղթական (20): 1903; 1916; 1918; 1924; 1929; 1930; 1933; 1940; 1943; 1958; 1959-60; 1960-61; 1967-1968; 1978-79; 1982-83; 1989-90; 1991-92; 2001-02; 2003-04;2012-13;
  • Ռէալ Մատրիտ Սուբըրգոբա Տէ Սպանիա
    • Ռէալ Մատրիտ Յաղթական (9): 1988, 1989*, 1990, 1993, 1997, 2001, 2003, 2012
    • Ռէալ Մատրիտ Փոխյաղթական (4): 1982, 1995, 2007, 2011
  • Էվի Դուարտէի Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ Յաղթական (1): 1947
  • Ռէալ Մատրիտ Գոբա Տէ լա Լիկա
    • Ռէալ Մատրիտ Յաղթական (1): 1984-85
    • Ռէալ Մատրիտ Փոխյաղթական (1): 1982-83
  • Կանոնաւոր առաջնութիւն
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (23, մրցանիշ)1904-05, 1905-06, 1906-07, 1907-08, 1909-10, 1912-13, 1915-16, 1916-17, 1917-18, 1919-20, 1921-22, 1922-23, 1923-24, 1925-26, 1926-27, 1928-29, 1929-30, 1930-31, 1931-32, 1932-33, 1933-34, 1934-35, 1935-36

Մրցանակներ

  • ՈՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա
    • Ռէալ Մատրիտ Յաղթական (10, ռեկորտ): 1955-56*, 1956-57, 1957-58, 1958-59, 1959-60, 1965-66, 1997-98, 1999-00, 2001-02, 2013-14, 2015-16
    • Ռէալ Մատրիտ Փոխյաղթական (3): 1961-62, 1963-64, 1980-81
  • ՈՒԵՖԱ Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ Յաղթական (2): 1984-85, 1985-86
  • Բաժակակիրներու Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Փոխյաղթական (2): 1970-71, 1982-83
  • ՈՒԵՖԱ Սուբըրբաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (1): 2002
    • Ռէալ Մատրիտ  Փոխյաղթական (2): 1998, 2000
  • Միջմայրցամաքային Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (3): 1960, 1998, 2002
    • Ռէալ Մատրիտ  Փոխյաղթական (2): 1966, 2000
  • Աշխարհի փոքր Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (2, մրցանիշ): 1952, 1956
    • Ռէալ Մատրիտ  Փոխյաղթական (1): 1963
  • Լատինական Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (2): 1955, 1957
  • Իպերիա-ամերիկական Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (1, մրցանիշ): 1994
  • Իպերիական Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Փոխյաղթական (1): 2000
  • Ֆրանց Պեկենպաուէրի Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (1): 2010
  • Սանտիակօ Պեռնապէուի Բաժակ
    • Ռէալ Մատրիտ  Յաղթական (23, մրցանիշ): 1981, 1983, 1984, 1985, 1987, 1989, 1991, 1994, 1995, 1996, 1997, 1998, 1999, 2000, 2003, 2005, 2006, 2007, 2008, 2009, 2010, 2011, 2012
    • Ռէալ Մատրիտ  Փոխյաղթական (9): 1980, 1986, 1988, 1990, 1992, 1993, 2001, 2002, 2004

Տե՛ս նաեւ

  • Ռեալ Մատրիտ ԲԱ
  • ԻւԵՖԱ
  • ԻւԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա
  • ԻՒԵՖԱ Եւրոպայի Լիկա

Աղբիւրներ

Գիրքեր

  • Dénes, Tamás & Rochy, Zoltán (2002)։ Real Madrid։ Aréna 2000։ ISBN 963-86167-5-X  (սպան․)
  • Ball, Phil (2003 New edition)։ Morbo: The Story of Spanish Football։ WSC Books Limited։ ISBN 0-9540134-6-8 (անգլերէն)
  • Ball, Phil (2003)։ White Storm: The Story of Real Madrid։ Mainstream։ ISBN 1-84018-763-8 (անգլերէն)
  • McManaman, Steve & Edworthy, Sarah (2003)։ El Macca: Four Years with Real Madrid։ Simon & Schuster։ ISBN 0-7434-8920-9 (անգլերէն)
  • Ռեալ Մադրիդ Ակումբի պաշտոնական կայքը (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all
  • Ռեալ Մադրիդ ՈւԵՖԱ (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all
  • Ռեալ Մադրիդ ՈւԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all
  • Ռեալ Մադրիդ Լա Լիկա (անգլերէն) (սպան․) Կաղապար:Ref-all

Tags:

Ռէալ Մատրիտ ՊատմութիւնՌէալ Մատրիտ Մարզաշապիկի հովանաւորները եւ արտադրողներըՌէալ Մատրիտ Ռեալ Մատրիտի աւագներՌէալ Մատրիտ ՄրցանիշերՌէալ Մատրիտ Գլխաւոր ՄրցակիցներՌէալ Մատրիտ Ներկայ ԿազմՌէալ Մատրիտ Փոխանցումներ 20152016Ռէալ Մատրիտ ԱնձնակազմՌէալ Մատրիտ ԿալակտիկոսՌէալ Մատրիտ Յայտնի ֆութպոլիստներՌէալ Մատրիտ ԱռաջնութիւններՌէալ Մատրիտ Տե՛ս նաեւՌէալ Մատրիտ ԱղբիւրներՌէալ Մատրիտ ԳիրքերՌէալ Մատրիտ19021920ԱնգլերէնՄատրիտ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Նիքոլօ ՄաքիավելլիԱկսել ԲակունցՄարիա ՃէյքըպսընԻրաքլիա ՍինտիքիԳաբրիէլ ԹագւորեանՎահան Մանուէլեան (Տողրամաճեան)ԿաթողիկէութիւնWindows 10Վիգէն ՉեթերեանՖրիտիոֆ ՆանսենԼիլիթԴերասան1925 թուական1767 թուականՓիոթր ՏոսթոյեւսքիՍ. Սոֆիա տաճար (Կ. Պոլիս)Եւրոպա1914 թուականԿուկըլ ՔրոմԿոտօն Սպասելու ԱտենԱրամ ԿէօքճեանԿովՏօմինօՍեն ՓեթերսպուրկՊասուց ՏոլմաՀայկական ՉամանԽաչապուրիԲերատՎահրամ Մավեան15 ԱպրիլԴեկտեմբերՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովՄենուայի ջրանցքըԾովից ծով ՀայաստանՀաուըրտ Գարակէօզեան ՀաստատութիւնՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրԱսալ լիճՄեծն ՏիգրանՄհերի ԴուռԼուի ՊուսենարՄիքի ՄաուսԿարսԶեւսՄակար ԵկմալեանԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)Նիւ ԵորքՀայոց ՑեղասպանութիւնՍպիտակ ԱրջՁիՃոնի ՏեփՆիտըրլենտԱրշակ ՖեթվաճեանԱրաբական թերակղզի1947Շահան ՆաթալիՆիկոլ ԴումանԲիւզանդիոն (թերթ)Գագիկ Բ․Էսայեան ՎարժարանԵպիսկոպոսԷնիկմա ՄեքենանԿոստան ԶարեանՖրանսաՄովսէս ԽորենացիՖրանսերէնԿիկերոնՎարդան ԱյգեկցիՄոնաքօՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՊօղոս Ճէլալեան🡆 More