Պաշտպանական Մեքենականութիւններ

Պաշտպանական Մեքենականութիւններ (Defense Mechanisms), պաշտպանական մեքենականութիւնները անգիտակից ռազմավարութիւններ են, որոնցմով մարդիկ կը պաշտպանուին անհանգստացնող միտքերէ կամ զգացումներէ:

Պաշտպանական Մեքենականութիւններ

Պաշտպանական մեքենականութիւններն իրենց բնոյթով վատ չեն. անոնք կրնան մարդոց օգնել` ցաւալի փորձառութիւններու ժամանակ կողմնորոշուելու կամ աւելի արդիւնաւէտ ուղղելու իրենց ներուժը: Այնուամենայնիւ, անոնք կը դառնան խնդրայարոյց, երբ կը կիրարկուին շատ յաճախ կամ չափազանց երկար ժամանակի վրայ:

Հիմնական տասը պաշտպանական մեքենականութիւնները

Արտաձգութիւն (Projection) – Մէկու մը անընդունելի զգացումները կամ ցանկութիւնները ուրիշին վերագրելը: Օրինակ` եթէ կռուարար մը մշտապէս կը ծաղրէ իր ընկերը` անոր անապահովութիւններուն համար, ապա կռուարարը կրնայ ինքնագնահատականի հետ կապուած իր սեփական պայքարը արտաձգել դիմացինին վրայ:

Հերքում (Denial) – Հրաժարիլ իրական փաստեր կամ փորձառութիւններ ճանչնալէ կամ ընդունելէ, որովհետեւ անոնք անհանգստութիւն կը պատճառեն անձին: Օրինակ` թմրամիջոցներ օգտագործող մէկը կրնայ յստակ չտեսնել իր խնդիրը:

Բռնաճնշում (Repression) – Անհատի գիտակցութեան մէջ վատ ու դժուար միտքերու արգելափակում, ինչպէս, օրինակ, հոգեխոցէ մը (Trauma) ազատողի ողբերգական այդ դէպքին էջը փակելը:

Յետադիմութիւն (Regression) – Վերադարձ` անցեալի օրերու վարքագիծին կամ յոյզերուն, օրինակ` անձը երբ անհանգստանայ կամ վախնայ, իր վարքագիծը յաճախ կը դառնայ աւելի մանկական կամ պարզունակ, օրինակ` կրնայ անգամ մը եւս սկսիլ իր բթամատը ծծել:

Բանականութիւն (Rationalization) – Սխալը կամ խնդրայարոյց զգացումը հիմնաւորել տրամաբանական պատճառներով կամ բացատրութիւններով:

Տեղափոխում (Displacement) – Ուրիշէ մը զգացմունքային արձագանգի վերաուղղում մը այլ անձի: Օրինակ` եթէ տնօրէնը բարկացած պոռայ աշխատողի մը վրայ, ան ետ չի պատասխաներ, բայց կրնայ իր կարգին պոռալ իր կողակիցին վրայ նոյն այդ գիշեր:

Հակազդեցութեան ձեւաւորում (Reaction formation) – Իրական զգացումներու հակառակը վարուիլը կամ արտայայտումը: Օրինակ, տղամարդը, որ ինքզինք անինքնավստահ կը զգայ իր տղամարդկութեան նկատմամբ, կրնայ չափազանց վայրագ վարուիլ, կամ պատանի տղայ մը հեգնանքով կը խօսի աղջկան հետ, որովհետեւ ենթագիտակցական մակարդակի վրայ զայն կը հաւնի:

Վերացում (Sublimation) – Սեռական կամ անընդունելի յորդորներու գործուն ելքի վերածուիլը, օրինակ` աշխատանքի կամ քմահաճոյքի: Օրինակ, մարզանքի եւ կորովի մրցումներու մասնակցիլը երբեմն կրնայ ըլլալ վերացման օրինակ: Այլ մարդոց հետ կռուելու անընդունելի յորդորներու փոխարէն` մարդիկ կրնան մրցունակ մարզանքով զբաղիլ` գերիշխելու եւ յաղթելու համար:

Իմացականութիւն (Intellectualization) –  Կեդրոնանալով իրավիճակի ոչ թէ յուզական, այլ` առարկայական հետեւանքներու վրայ: Օրինակ` եթէ սենեկակիցը անսպասելիօրէն հեռանայ, անձը կրնայ մանրամասն նիւթական վերլուծութիւն կատարել` փոխանակ քննարկելու անոր վիրաւորուած զգացումները:

Բաժանում (Compartmentalization) –  Մարդու կեանքի բաղադրիչներու (գործ, ընտանիք, եկեղեցի, խոհեր) մտովի բաժանում տարբեր հանգամանքներու (category)` հակասական յոյզերը կանխելու համար:

Պաշտպանական մեքենականութիւններու տեսութիւններ

Պաշտպանական մեքենականութիւնները հիմնուած են Ֆրոյտի անհատականութեան տեսութեան վրայ (theory of personality): Ըստ անոր տեսակի, միտքն ունի երեք կռուող ուժ. ինքնութիւն (ID) (սնունդի, յարմարաւէտութեան եւ սեռային յարաբերութեան անգիտակից եւ պարզունակ մղումներ), գեր-եսը (superego) (մասամբ գիտակցուած մղում դէպի բարոյական եւ ընկերային արժէքներ) եւ եսը (ego) (մասամբ գիտակից ուժ, որ կը չափաւորէ ինքնութիւնն ու գեր-եսը):

Իբրեւ օրինակ` անձկութիւնը (anxiety) կը յայտնուի, երբ ինքնութեան կարիքները բախում կ'ունենան գեր-եսի կարիքներուն հետ: Լարուածութիւնը մեղմացնելու համար եւ տհաճութիւններէ խուսափելու համար եսը կը կիրարկէ ինքնախաբէութեան ռազմավարութիւններ: Անընդունելի միտքերը կամ զգացումները կրնան հերքուիլ, բանականութեամբ ընդունուիլ կամ արտաձգուիլ ուրիշին վրայ:

Ֆրոյտի շատ մը գաղափարներ չեն կրցած դիմակայել ժամանակակից գիտական քննութիւնը: Բայց հոգեբանական պաշտպանական մեքենականութիւնները ապացուցուած են, որ գոյատեւող հասկացողութիւններ են, զորս հետազօտողները եւ բժիշկները կը շարունակեն ուսումնասիրել առ այսօր:

Պաշտպանական մեքենականութիւնները առօրեայ կեանքին մէջ

Կեանքը լի է անսպասելի կամ դժուար իրավիճակներով, եւ պաշտպանական մեքենականութիւնները կրնան գործուն ձեւով մեղմել այդ անհանգստութիւնը: Անոնք, օրինակ, կրնան դրսեւորուիլ ժխտական-թշնամական վարքագիծով, երբ երկու ընկերներ չեն կրնար դիմակայել բախում մը, կամ երբ աշխատակից մը երեկոյեան ճաշի ժամանակ իր վարպետին վրայ բարկութիւնը կը փոխանցէ իր դստեր վրայ:

Անհատներու մօտ պաշտպանական մեքենականութիւններու զարգացում

Որոշ հոգեբաններու կարծիքով, կարգ մը մարդոց մօտ մանկութեան ժամանակ անապահովութիւններու պատճառով պաշտպանական մեքենականութիւնները կրնան աւելի խիստ եւ հետեւողականօրէն ի յայտ գալ: Երեխաները թերեւս չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ կամ յաղթահարել որոշակի մարտահրաւէրներ: Բան մը, որ կը ստիպէ զիրենք հարցաքննելու եւ այդ մարտահրաւէրներէն պաշտպանուելու ձեւեր զարգացնելու: Մեծահասակները այդ մարտահրաւէրները լուծելու ունակութիւնը ունին, սակայն անոնց մէջ զարգացած պաշտպանական մեքենականութիւնները երբեմն կրնան անգամ մը եւս յայտնուիլ` սթրեսը մեղմացնելու համար:

Պաշտպանական մեքենականութիւններ, որոնք կրնան վնասել յարաբերութիւնները

Մտերիմ յարաբերութիւնները յաճախ կը յառաջացնեն ամէնէն խոր զգացումները, եւ երբեմն մարդիկ կը դիմեն պաշտպանական միջոցներու` այդ յոյզերը կառավարելու համար: Այնուամենայնիւ, այդ մէկը կրնայ յանգիլ աւելի մեծ անհանգստութեան` պատ մը քաշելով ամոլին միջեւ, ուստի կարեւոր է մտածել այն մասին, եթէ անհատը կամ իր բարեկամը/կողակիցը կ'օգտագործէ որոշակի պաշտպանական միջոցներ, որոնցմէ են.

Արտաձգութիւն Կը մեղադրէ զայն սեփական թերութիւններու համար եւ փոխանակ զանոնք ընդունելու, կը մեղադրէ զուգընկերը խառնաշփոթ կամ անփոյթ ըլլալու համար:

Հերքում Կը ձեւացնէ, որ բացասական պատահարներ չեն եղած: Կը փակէ աչքերը եւ կը կարծէ, որ ամէն ինչ լաւ կ'ըլլայ, նոյնիսկ երբ ձեր զուգընկերը նեղացած է:

Փոխհատուցում Բացասական յոյզերը դիմակայելու փոխարէն` կը դիմէ ալքոհոլային խմիչքին կամ թմրանիւթին,:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Գուրգէն (անձնանուն)ԻսթանպուլՊզուկ1936 թուականՓէյթրիըթ հրթիռային համակարգԽոդեդանՀայ ԳուսաններՎազգէն Սարգսեան Փողոց (Երեւան)ՄանիշակագոյնԼուվր17 Հոկտեմբեր1914 թուականԿլիմայական ՓոփոխութիւններՔանատաՆիկողայոս ԱդոնցԱւարայրի ՃակատամարտԽնձորՄեծ ՀայքՀայոց ՊատմութիւնՌուբէն (անձնանուն)1981 թուականԱնտեան ԼեռնաշղթայՍեւան ՆշանեանԻգնա ՍարըասլանԵրաժշտութիւնՎահան ՄալէզեանԱնժելա ՍարաֆեանԿոստանդնուպոլիսՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՍիֆնոս102 (թիւ)Թերմոփիլեսի ճակատամարտՆշենի1901 թուականՆԱՍԱՎրաստանի Ժողովրդավար ՀանրապետութիւնԼին ՏուրեանԱբիսողոմ աղաՎոլփրամՍնդիկՖրանց Ժօզէֆ IՍիերա ԼէոնԵփրատ գետՊղինձՈւկանտաՂեւոնդ ԱլիշանՀնդկական Ժողովրդական ԱպստամբութիւնԸնձուղտ11 Սեպտեմբերի Ահաբեկչական ՅարձակումներՀաուայՈսկոր14 ՄայիսՍամարաԱռած եւ ԱսացուածքՎլատիմիր ԼենինԿատովիցեՋրածինՓուազօնի ՀաւասարութիւնԲիւզանդական ԿայսրութիւնԹոմն ու Ճերին1885 թուականՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր (Մոնթեպելլօ)Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ1957 թուականԱրագածՀռոմի Պապ7 ՄարտՏրդատ Ա.Սեն ՓեթերսպուրկԿիկերոն🡆 More