Ոսկրաթեքութիւն

Ոսկրաթեքութիւն (անգլերէն՝ Rickets), ոսկորներու հիւանդութիւն է: Ան տեղի կ՚ունենայ, երբ «Տէ» (vit.

D ) կենսանիւթը, կրածինը (calcium) եւ ֆոսֆորը (phophoru ) կը նուազին մարմինին մէջ: Այս երեքը շատ կարեւոր ազդակներ են ոսկորներու առողջ աճման, զօրաւոր կազմաւորման եւ առողջութեան:

Ոսկրաթեքութիւն
Ոսկրաթեքութիւն

Ոսկրաթեքութիւն ունեցող անհատը կ՛ունենայ տկար, կակուղ եւ փխրուն ոսկորներ, աճումի դանդաղում եւ ոսկորներու տձեւութիւններ:

Ոսկրաթեքութիւնը ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն է, բայց կրնայ պատահիլ նաեւ չափահասներու:

Ախտանշանները

Ոսկրաթեքութեան ախտանշաններէն են՝

  1. Մարմինի ընդհանուր աճման դանդաղում եւ ուշացում,
  2. Քալելու, շարժելու եւ վազելու անկարողութիւն,
  3. Ողնայարի, կոնքի եւ սրունքներու ցաւ,
  4. Ոսկրային տձեւութիւններ՝ աղեղաւոր-կոր (bowed) սրունքներ, ներսադարձ ծունկ (knock knee),
  5. Դաստակի եւ կրունկի ծաւալում,
  6. Կրծքոսկրի (breast bone) ցցուածութիւն,
  7. Ոսկորներու կոտրուածք,
  8. Ակռաներու հիւանդութիւններ եւ բոսիկներու յառաջացում,
  9. Մկանային տկարութիւն եւ պրկուածութիւն:

Ախտապատճառները

Ոսկրաթեքութեան ախտապատճառներն են`

  1. «Տէ» կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի քիչ սպառում,
  2. «Տէ» կենսանիւթը առաւելաբար եւ բնականաբար կը ստանանք արեւու ճառագայթներէն ու մեր սպառած սննդանիւթերէն, օրինակ` ձուկ, ձկան իւղ, հաւկիթ, կաթ:

Ոսկրաթեքութիւն ունենալու հաւանականութիւնը աւելի է`

  1. Թուխ-սեւ գոյն մորթ ունեցող անձերուն մօտ, որովհետեւ անոնք աւելի մելանին (melanin) ունին իրենց մորթին մէջ: Մելանինը արգելք կը հանդիսանայ «Տէ» կենսանիւթի ներծծման մորթէն ներս:
  2. Յղի կիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք բաւարար «Տէ» կենսանիւթ չեն սպառեր:
  3. Արեւու ճառագայթներուն նուազ ենթակայ եղողներուն մօտ:
  4. Կանխահաս ծնող մանուկներուն (premature) պարագային:
  5. Կաթնտու մայրերու մօտ, որոնց կաթը բնականէն նուազ «Տէ» կենսանիւթ կը պարունակէ:

Ոսկրաթեքութեան իբրեւ հետեւանք կը պատահին որոշ բարդութիւններ, ինչպէս՝ կոր անբնական ողնայար, ոսկորներու ընդհանուր տկարութիւն, ակռաներու տձեւութիւններ եւ մարմնական ցնցումներ:

Կարելի է արգելք հանդիսանալ ոսկրաթեքութեան. այո՛, հետեւեալ միջոցներով.

1. Օրական, 20-30 վայրկեան, կէսօրէն առաջ կամ ետք ենթակայ ըլլալով արեւու ճառագայթներուն: Սակայն, երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն մատնուիլը ունի նաեւ իր վնասները, որոնցմէ կարեւորագոյնը մորթի քաղցկեղն է: Հետեւաբար, մանաւանդ կէսօրուան ժամերուն պէտք է գործածել յատուկ արեւարգելքներ կամ պաշտպանողական հագուստներ:

2. «Տէ» կենսանիւթով հարուստ սննդեղէններ ուտելով, ինչպէս՝ ձուկ, մասնաւորապէս սոլտի (salmon) եւ որթձուկ (tuna), ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, «Տէ» կենսանիւթով հարստացուած կաթ, մածուն, պանիր եւ կարագ:

Ամէն մանուկ պէտք է ստանայ բաւարար «Տէ» կենսանիւթ: Մօր կաթը բաւարար «Տէ» կենսանիւթ չի պարունակեր, ուստի մանուկներուն ամէն օր յաւելեալ որոշ քանակութեամբ «Տէ» կենսանիւթ պէտք է տալ:

Ոսկրաթեքութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի՝

1. Մանկաբուժին կատարած բժշկական քննութեամբ: Ան կը քննէ մանուկին ոսկորներու իրավիճակը՝ կակուղութիւնը, տձեւութիւնները, գլխու ոսկորներուն միացումը, ոտքերու կորութիւնը, կրծքավանդակի ցցուն ըլլալը, դաստակի եւ կրունկի հաստութիւնը:

2. «Ք» ճառագայթային նկարումներով.

3. Արեան եւ մէզի տարրալուծարանային քննութիւններով:

Ոսկրաթեքութիւնը կը դարմանուի՝

1. «Տէ» կենսանիւթի եւ կրածինի յաւելեալ սպառումով: Բարելաւումը կը սկսի շուտով, նոյնիսկ 15 օր ետք ոսկրային տձեւութիւները կը մեղմանան եւ 3-4 ամսուան դարմանումէ ետք` կ՛անհետանան:

2. Արեւու ճառագայթներէն օգտուելով:

Ոսկրային տձեւութիւնները աճման ընթացքին կը կարօտին յատուկ սարքերու՝ շտկելու համար տձեւութիւնները: Յառաջացած տձեւութիւններուն համար վիրաբուժական գործողութիւնները մեծապէս օգտակար կ՛ըլլան:

Մանուկներու աճման շրջանին, առաջին 6-36 ամիսներուն տեղի կ՛ունենայ արագ աճում, ուստի այս ժամանակաշրջանին մանուկները առաւելագոյն չափով «Տէ» կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի կը կարօտին:

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւր

  • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ, «Ասպարէզ» օրաթերթ, 13 Յունուար 2022։

Tags:

Ոսկրաթեքութիւն ԱխտանշաններըՈսկրաթեքութիւն ԱխտապատճառներըՈսկրաթեքութիւն ԾանօթագրութիւններՈսկրաթեքութիւն ԱղբիւրՈսկրաթեքութիւնԱնգլերէնԿրածինը եւ Մեր ՄարմինըՈսկոր

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Վահէ (անձնանուն)28 ՄայիսԱրտահանԻսթանպուլՀայաստանի ԶինանշանՎահի ԷօզԿլիմայական ՓոփոխութիւններՊէյրութՈւիքիփետիաԱրագածՏարածութիւնԵրեւումն Ս. ԽաչիՄեծ Իշխանասար (Իշխանասար լեռ)Ինկած Բերդի ԻշխանուհինԱծանցաւոր բառերՀայերէնԵղիշէԼուսնթագՉիլէԿրասնոտարԷյմի Ուայնհաուս24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Նիքիթա ԽրուշչովԳառզուՄիսաք ԳօչունեանԽորհրդապաշտութիւնՈւրբաթագիրք1873 թուականՍթոքհոլմԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիԷր ՌիադՆԱՍԱՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՄԱԿԵւրոպական Խորհուրդ1613 թուականՍուրբ ՈնոփրիոսԱշոտ ՂուլեանՍեւան ՆշանեանԹոքատապԳէորգ Յակոբճեան1976 թուականԽաչվառ106 (թիւ)Երիկամներու Քարերը1961 թուականՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Գրիգոր Նարեկացի2002Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներՕսմանեան ԿայսրութիւնԽնձոր4 Յուլիս1964 թուականԵւրոպայի երկիրներու եւ կախեալ տարածքներու ցանկՍ. Թադէոս ԱռաքեալԱզգ․ Սահակեան Վարժարան (Հալէպ)ԼաւաշՈւղղաձեւ քսանանիստՊօղոս Նուպար ՓաշաԳլխաւոր ԷջՄիսաք ԹորլաքեանԱրշակ ԱլպօյաճեանՀայերը Յունաստանի մէջԿորիւնՄուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան7 ՍեպտեմբերՄուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք1983 թուականԼուսինՎանի հերոսամարտՀայաստանԳերմաներէնԼոլա ՍասունիԱրամ Հայկազ🡆 More