Կարէն Տէմիրճեանի Թանգարան

Կարէն Տէմիրճեանի թանգարան, հիմնադրուած է ՀՀ կառավարութեան 9 Յունուար 2001-ի թիւ 9 որոշմամբ։

Կարէն Տէմիրճեանի Թանգարան
Կարէն Տէմիրճեանի Թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր Կարէն Տէմիրճեանի Թանգարան Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հասցէ Ղազար Փարպեցու փողոց?
Հիմնադրուած է 2001
Տնօրէն Վահագն Մամեան
40°11′06″N 44°30′37″E / 40.185119°N 44.510217°E / 40.185119; 44.510217

Պատմութիւն

Թանգարանը հիմնուած է Կարէն Տէմիրճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսումնասիրելու, լուսաբանելու եւ յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով։ Հիմնական ցուցադրութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է 20 Ապրիլ 2007-ին՝ Կարէն Տէմիրճեանի ծննդեան 75-ամեակի առթիւ։ Թանգարանի խնդիրն է նաեւ Կարէն Տէմիրճեանի օրինակով նպաստել մատաղ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան։

Գործունէութիւն

Թանգարանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն են՝

  • մշակութային
  • կրթական
  • գիտական
  • հրատարակչական

Թանգարանը ունի հարուստ փաստավաւերագրական նիւթ՝ թանգարանի առջեւ դրուած խնդիրները իրականացնելու համար։ Անոնք փաստաթուղթեր են, լուսանկարներ, տեսաֆիլմեր, ժամանակակիցներու յուշեր, անձնական իրեր, կառավարական պարգեւներ, տարբեր առիթներով բարեկամներէ, գործընկերներէ, ժողովուրդէ, այլ պետութիւններու ղեկավարներէ եւ քաղաքական գործիչներէ ստացած բազմաթիւ յուշանուէրներ, արուեստի գործեր, ողոմպիական ախոյեաններու մետալներ՝ նուիրած Կարէն Տէմիրճեանին եւ այլն։

Ֆոնտ

Թանգարանի ֆոնտին մէջ կը պահուի Կարէն Տէմիրճեանի անձնական արխիւը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ նրա աշխատանքային օրագրերը, որոնք, գրառուած են, գրեթէ առանց ընդհատումներու, ՀԿԿ Կենտկոմի առաջին քարտուղարի պաշտօնին մէջ աշխատելու տարիներուն եւ բացառիկ պատմական արժէք կը ներկայացնեն այդ շրջանի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Գրառումները լոյս կը սփռեն տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւններու, դէպքերու, քաղաքական, պետական, մշակոյթի գործիչներու հետ կապուած բազմաթիւ ու բազմապիսի հարցերու վրայ, որոնց մեծ մասը ժամանակին գաղտնիութեան քողով շղարշուած էին ։

Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Կարէն Տէմիրճեանի գրառումները՝ «Անաւարտ մտքեր» պայմանական ֆոնտային անուանումով։ Այդ գրառումները բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն մեր պետականութեան, փորձառական վարժութեան 6ու տեսութեան, ազգային շարք մը կնճռոտ հարցերու վերլուծութեան իմաստով։

Հազուագիւտ ցուցանմուշ է նաեւ Կարէն Տէմիրճեանի 50-ամեակի առթիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինի նուիրած արծաթեայ սկիհը եւ մակագրութիւնը, որ կ՚արձանագրէ Կարէն Տէմիրճեանի հայրենաշինական լայնածաւալ գործունէութիւնը։

Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն գիտութեան, գրականութեան ու արուեստի հայ եւ ռուս անուանի գործիչներու՝ Կարէն Տէմիրճեանին նուիրած հեղինակային աշխատանքներու, գիրքերու ընծայագրերը։

Բացառիկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ թանգարանին մէջ պահուող Կարէն Տէմիրճեանի անձնական արխիւը։

Թանգարանի գործունէութեան մշտապէս մասնակից է Տէմիրճեաններու ընտանիքը, յատկապէս թանգարանի խորհրդական, Կարէն Տէմիրճեան բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիրներու խորհուրդի նախագահ Ռիմա Տէմիրճեանը:

Կարէն Տէմիրճեանի աշխատասենեակը

Պատմամշակութային մեծ արժէք ունի ՀԿԿ Կենտկոմի առաջին քարտուղարի աշխատասենեակի կահոյքը, որ ժամանակին (1950) պատրաստուած է ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի նախագիծով։ Յուշասրահին մէջ ցուցադրուած են ՀԿԿ Կենտրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարներու աշխատասենեակի կահոյքը եւ իրեր, որոնք օգտագործած են եւ Կարէն Տէմիրճեանը եւ Կենտկոմի նախորդ առաջին քարտուղարները: Ցուցադրուող աշխատասեղանի մօտ Կարէն Տէմիրճեանը աշխատած է նաեւ այն ժամանակ, երբ ընտրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ:

Գրադարան

Թանգարանը ունի քաղաքական գրականութեան գրադարան, ուր այցելուները եւ ուսանողները կրնան հանգամանալից ծանօթանալ Հայաստանի խորհրդային եւ հետխորհրդային շրջանի պատմութեան:

Միջոցառումներու դահլիճ

Թանգարանը ունի նիստէրի դահլիճ, ուր տեղի կ՚ունենան բազմաբնոյթ միջոցառումներ՝ գիտաժողովներ, բանավէճեր, մամուլի ասուլիսներ, հանդիպումներ գիտութեան, մշակոյթի, արտադրութեան ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ:

Միջոցառումներ

Թանգարանին մէջ յաճախակի կը կազմակերպուին թեմատիկ ցուցահանդէսներ՝ գիւղատնտեսութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ1970-1990-ականներուն, Երեւանի մեթրոպոլիտէնի ստեղծման պատմութիւնը, «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան պատմութիւնը եւ այլն, որոնց նպատակն է դրուագ առ դրուագ ամփոփել Կարէն Տէմիրճեանի գործունէութիւնը։ Ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու եւ այլ մշակութային միջոցառումներու կազմակերպման համար նախատեսուած է թանգարանի ամառնային ցուցասրահը։

Թանգարանը ունի նաեւ նիստերու դահլիճ, ուր տեղի կ՚ունենան բազմաբնոյթ միջոցառումներ՝ գիտաժողովներ, բանավէճեր, մամուլի խորհրդաժողովներ, հանդիպումներ գիտութեան, մշակոյթի, արտադրութեան ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ։ Թանգարանի գործունէութեան մշտապէս մասնակից է Տէմիրճեաններու ընտանիքը, յատկապէս՝ թանգարանի խորհրդական, «Կարէն Տէմիրճեան» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիրներու խորհուրդի նախագահ Ռիմա Տէմիրճեանը։

Ցուցահանդէսներ

  • Երեւանի մեթրոպոլիտէնի պատմութիւնը (2009)
  • Աստղագիտութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ (2009 )
  • Գիւղատնտեսութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ 1960-1990-ականներ (2010 )
  • «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան պատմութիւն (2010 )
  • Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան հիմնադրման 90-ամեակը (2010 )
  • Կարէն Տէմիրճեանը հեղինակներու ընծայագրերուն մէջ (2011 )
  • Գրատպութիւնը Հայաստանի մէջ 1970-1990-ական թթ (2011 )
  • Հայրենասիրութեան եւ հայրենաշինութեան մեծ ճանապարհ (2012 )
  • Կարէն Տէմիրճեանը եւ թանգարանաշինութիւնը (2013 )
  • «Ժառանգութիւն» Խորհրդային Հայաստանի մէջ 1960-1990-ականներու ինքնատիպ կառոյցները, 1960-1990-ականներուն վերականգնուած պատմաճարտարապետական յուշարձանները, անաւարտ նախագիծերն ու չիրականացուած ծրագրերը (2014 )
  • «Վերածնունդ» (նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին) (2015 )
  • Հայկական սպորտը 1970-1990-ական թթ (2016 )
  • Խորհրդային Հայաստանի ժառանգութիւնը երրորդ հանրապետութեան (նուիրուած անկախութեան 25-ամեակին) (2016 )
  • ՍՍՀՄ-ի մասին կը խօսին թանգարանային առարկաները (2017 )
  • «Մուրճի եւ Զնդանի արանքին մէջ» Ղարաբաղեան շարժումը 1988 (2018 )

Հրատարակութիւններ

Կարէն Տէմիրճեան բարեգործական հիմնադրամը եւ թանգարանը համատեղ հրատարակած են Կարէն Տէմիրճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը լուսաբանող գիրքեր, բրոշիւրներ, կատալոգներ՝

Գրքեր

  • «Կարէն Տէմիրճեան», եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն), 2000 , Երեւան
  • «Կաթիլներ մեծ ծովից», 2 հատոր, Երեւան, 2002
  • «Յիշատակ», Երեւան, 2012 (հայերէն, ռուսերէն) (վերահրատարակուած է 2018 )
  • "Дни сквозь строчки", 2010 г., Ереван

Գրքոյկներ

  • «Յիշատակի խօսք», քառալեզու, 2002 , Երեւան
  • «Լռութեան րոպէ», 2005 , Երեւան
  • «Կարէն Տէմիրճեան», գրքոյկ֊օրացոյց, 2007 , Երեւան
  • «Կարէն Տէմիրճեանի թանգարան»
  • "Karen Demirchyan Museum"

Ներկայիս հրատարակութեան կը պատրաստուի Խորհրդային Հայաստանի տարեգրութեան շարունակութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ 1980-1990-ականներ:

Հասցէ

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Ղազար Փարպեցիի 7 հասցէով։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Կարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ՊատմութիւնԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ԳործունէութիւնԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ՖոնտԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան Կարէն Տէմիրճեանի աշխատասենեակըԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ԳրադարանԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան Միջոցառումներու դահլիճԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ՄիջոցառումներԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ՑուցահանդէսներԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ՀրատարակութիւններԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ՀասցէԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ՊատկերասրահԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան ԾանօթագրութիւններԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան Արտաքին յղումներԿարէն Տէմիրճեանի Թանգարան2001 թուական9 ՅունուարՀՀ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Շուշիի Ազատագրումը (1992)Արամ Մանուկեան17 ՓետրուարՎահէ Հայկ1974 թուականԿարմիր ԾովԱրտաշէս Բ. ԿարինեանՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրՍարդարապատի Հերոսամարտ3 ՄայիսԱզրպէյճան1999 թուականԽոտաբուժումՆիկոլ ՓաշինեանԿոմիտաս ՎարդապետԶէյթունՈւրֆայի ՀերոսամարտՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)ԱնթիլիասՎազգէն Ա.Քիոլնի ՏաճարԲենիամին ՆուրիկեանՀոգիներու Աճուրդ1964 թուականԵդուարդ ՊօյաճեանՅունիսԱւստրիաՈչխարԼինուքսՀունգարիաՄկրտիչ ԽրիմեանԳործիական հոլովԼիոնել ՄեսսիԺիրայր (անձնանուն)1930Արփիար ԱրփիարեանՃեմալ փաշա11 Սեպտեմբերի Ահաբեկչական ՅարձակումներՏալասԶենոբ ԳլակԳահիրէՎարդանանց ՊատերազմԿովԴրօԱրշակ ՉօպանեանՀայերէնՏոտեքանիսաԱրա Տարզի ԹերզեանՋերմաջուրՄեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան - Գանձասար Գիտամշակութային Կեդրոն1645 թուականՈրդան ԿարմիրՄոլորակներՖրանսերէնԱղթամար կղզիՍահակ ՊարթեւՍերոբ (անձնանուն)Արշաւիր ՇիրակեանՄիութիւն Եւ ՅառաջադիմութիւնԽանասորի ԱրշաւանքԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՎարանդաԱւստրալիաՔլէոփաթրաՀայկական ԴրամԱզատ Բեմ (թերթ)Ս. Գէորգ զօրավարՔոփենհակընԻզապէլ ՍատոյեանԱրցախեան ԱզատամարտՏոհմածառՇարլ ԱզնաւուրՍտեփան ԶօրեանՀռիփսիմէ Խուրշուդեան🡆 More