Անի Ֆիշենկճեան

Անի Ֆիշենկճեան, արմատներով Սեբաստացի, ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինի աւագ գիտաշխատող պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեան:

Անի Ֆիշենկճեան
Ծննդավայր Հալէպ
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան
Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն Պատմական գիտութիւններու թեկնածու
Աշխատավայր Ուսուցչուհի, Աւագ գիտաշխատող
Ծնողներ Աւետիս Ֆիշենկճեան եւ Եղիսաբէթ Ֆիշենկճեան-Եաղճեան

Կենսագրութիւն

Անի Ֆիշենկճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիլպէնկեան Երկրորդական վարժարանէն: Միջնակարգ եւ երկրորդականը՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն։

Ներկայիս կ’ապրի Երեւան։ Կ'աշխատի որպէս գիտաշխատող՝ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկ (Ինստիտուտ) ՀՀ ԳԱԱ ՊԻ Սփիւռքի եւ գաղթօճաներու բաժինի։

Ուսումնական շրջան՝ Լիբանան եւ Հայաստան

1991-1994 թթ. Անի Ֆիշենկճեան մեկնած է Լիբանան եւ հետեւած Պէյրութի Համազգային Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկի եռամեայ դասընթացքներուն (պատմագիտական բաժանմունք):

1997-1998 թթ. Անի Ֆիշենկճեան ուսումը կատարելագործած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս եւ 1998-ին արժանացած Դիպլոմին (աւարտաճառի նիւթ` «Սուրիահայ մամուլը 1920-էն-1980-ական թուականներուն» անտիպ):

2004 թ. Անի Ֆիշենկճեան արժանացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածուի կոչումին /ատենախօսութեան թեման՝ Սուրիոյ հայ համայնքը 1946-1971 թթ./:

Ուսուցչական ասպարէզ

1981-1991 թթ. Անի Ֆիշենկճեան ուսուցչական պաշտօն վարած է Հալէպի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն /նախակրթարան/ եւ 1994-2014 թթ.՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, որպէս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի /միջնակարգ-երկրորդական/։

1996-2003, 2004-2014 թթ.Անի Ֆիշենկճեան հայոց պատմութեան դասատու Համազգային Հալէպի Հայագիտական ուսումնարանի։

Ներկայիս Անի Ֆիշենկճեան կը պաշտօնավարէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի եւ Սեւանի Վազգէնեան Հոգեւոր դպրանոցի մէջ:

Հրատարակչական

Հեղինակ՝ Անի Ֆիշենկճեանի մենագրութիւն հատորը՝ «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970թթ.» նուիրուած է Սուրիոյ անկախացումէն ետք, 1946-1970 թթ., ինկած ժամանակաշրջանի հայ համայնքի պատմութեան, եւ տուեալ թուականներու Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը ունի գիտական, քաղաքական մեծ կարեւորութիւն եւ այժմէականութիւն։ Մենագրութիւնը նախատեսուած է պատմաբաններու եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար։

«Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970թթ.» Հրատարակութիւն Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի, Երեւան, 2018, 344 էջ (Ա-5) (արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, լուսանկարներ, քարտէսներ, փաստաթուղթեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Տպագրուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդի որոշումով, Ֆիշենկճեան ընտանիքի եւ Հերմինէ Պարսումեանի ու անոր որդիին` Տիգրանի միջոցներով եւ նուիրուած է հեղինակին հօր` Աւետիս Ֆիշենկճեանի յիշատակին:

Անի Ֆիշենկճեան  Գիրքը ունի շարունակութիւն։ 2016 թ․ ՀՀ ԳԱԱ ՊԻ գիտխորհուրդի եւ Սփիւռքի եւ գաղթօճաներու բաժինին կողմէ հաստատուած է Սուրիոյ հայ համայնքի1971-2011 թթ․ ինկած ժամանակահատուածի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը։ Թեման մեծաւ մասամբ ուսումնասիրուած է․շարադրանքը արդէն սկսած ենք, բայց թէ երբ կը հրապարակուի ոչինչ կրնամ ըսել։
- Հեղինակ՝ Անի Ֆիշենկճեան
Անի Ֆիշենկճեան 


«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ 1946-1970 թթ.» գիրքի շնորհահանդէսը Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ

14 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հեղինակ՝ Անի Ֆիշենկճեանի «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970» աշխատութեան շնորհահանդէսը:

18 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Շահան Ս․ Արք․ Սարգիսեանի, Հալէպի Ս․ Աստուածածնայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինի գիտաշխատող պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեանի համանուն գիրքի շնորհահանդէսը:


ԳՈՐԾԵՐ

  • Յուշամատեան սուրիահայ օգնութեան խաչի 1919-2009, Հալէպ, 2010, 440 էջ:
  • Գրական արեւմտահայերէնի պատմութեան ուսումնասիրութիւն /համահեղինակ/ Երեւան, 2016։
  • Արեւմտահայերէնի արդի վիճակը հայկական գաղթօճախներում (Արեւմտեան Եւրոպա), /համահեղինակ/, Երեւան, 2017։
  • «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը (1946-1970 թթ.)», Ա. Ֆիշենկճեան.- Եր.։ Հեղ. հրատ., 2018- 344 էջ (37 նկար, 6 փաստաթուղթ, 2 քարտէս)։
  • ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ (Յետայտնեանական շրջան)/ Ա. Ա. ՖԻՇԵՆԿՃԵԱՆ, Եր.։ Ասողիկ, 2018.- 156 էջ:


  • Յօդուածներ ստորագրած է՝ «Կանթեղ» գիտական յօդուածներու ժողովածու, Երեւան, 2003, թիւ 1; 2003, թիւ 3։
  • Հալէպի հայ Ծերանոց պարբերականի 2003 թ. բացառիկ։
  • «Շաւիղ» Ա. Ք. Ե. Ճեմարանի պարբերաթերթ, Գ. տարի, Հալէպ, 2002; Դ. տարի, 2004; Ե. տարի, 2005։
  • «Երթ» սուրիահայ տարեգիրք, Բ.հատոր,Հալէպ,2006։
  • «Տաթեւ» հայագիտական տարեգիրք, Ա.հատոր,Հալէպ,2008, «Բանբեր Հայաստանի արխիւներու», N 2 (102), Երեւան,2003; N 2 (106), 2005։
  • «Պատմաբանասիրական Հանդես» 2017 թ., «Հանդէս Ամսօրեայ», 2018։
  • «Գանձասար» շաբաթաթերթի եւ բացառիկներուն /2017-ին նաեւ/.
  • Երեւանի “Մոմիկ” Մշակութային միութեան «Հայ Արուեստ»-ին։

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմուըիւնը (1946-1970 թթ.)

Յակոբ եւ Մարիամ Ունճեաններու յիշատակին՝ իր ծոռան՝ Անի Ֆիշենկճեանի կողմէ

Լոյս Տեսաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր (24-27 Մայիս 2015) Հատորը

Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը, 1946-1970 թթ Անի Ֆիշենկճեան

Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութեան Ուսումնասիրութիւնը Սկսած Էի, Երբ Դեռ Ուսանող Էի Լիբանանի Մէջ. Անի Ֆիշենկճեան

Անի Ֆիշենկճեանի «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը՝ 1946-1970թթ.» մենագրութիւնը

Հալէպի Մէջ՝ «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970թթ.» Գիրքին Շնորհահանդէսը Archived 2019-05-26 at the Wayback Machine.

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ 1946-1970 թթ.» գիրքի շնորհահանդէսը Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ

Tags:

Անի Ֆիշենկճեան ԿենսագրութիւնԱնի Ֆիշենկճեան Ուսումնական շրջան՝ Լիբանան եւ ՀայաստանԱնի Ֆիշենկճեան Ուսուցչական ասպարէզԱնի Ֆիշենկճեան ՀրատարակչականԱնի Ֆիշենկճեան ԳՈՐԾԵՐԱնի Ֆիշենկճեան ԾանօթագրութիւններԱնի Ֆիշենկճեան ԱղբիւրներԱնի Ֆիշենկճեան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Մեքսիքայի ծոցՁիթողցոնց տուն-թանգարանԱրեւմտեան ՀայաստանՇիքակօՊսակաձեւ ԺահրԱրաբական ԾովԱրմենիա (Հոնտուրաս)Պարաք ՕպամաՃափոներէնՄուշեղ ԻշխանԿանաչ ԿիրակիԼաստիվերՆերսէս ԼամբրոնացիՑաւԵբրայերէնՊղատոնԱրհեստական ԲանականութիւնՏարածութիւնՀանրապետութիւնՄատթէոս ՈւռհայեցիԱրցախի ՀանրապետութիւնԷտիթ ՓիաֆՆիւ ԵորքՔրիստափոր ՄիքայէլեանՍիմոն ԶաւարեանՋրածինԷլիզապէթ Բ.Մելքոն ԿիւրճեանԱնիՅովհաննէս ՔաջազնունիՍոճիՏրդատ Ա.Վոյնիչի ձեռագիրԳրիգոր Արտեմի ՀարությունյանԾովափի բազկաթոռ (Strandkorb)ԹէյՕԹԱՆՍասանեան Պարսկաստան372 (թիւ)ՆախնադարՅունիսԻսրայէլԿուրՓարիզՎինսընթ Վան ԿոկՏիգրիս (գետ)1790 թուականՎահան ԹէքէեանԳեղարդԱրմէն ԳարօԱստղագիտութիւնԿեանքը Հիանալի էԻգնա Սարըասլան1793 թուականՍարգիս ԶէյթլեանՄըքՏոնըլտզ1746 թուականԶլաթան ԻպրահիմովիչԵղիշէ (անձնանուն)Ղազար ՓարպեցիԻսլամութիւնՄարտակոչԳիւմրիՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԱՄՆ-ի Արտաքին ՔաղաքականութիւնՆիքոլա ԹեսլաՄարսէյլՍերժ ԱւետիքեանՅովհաննէս Ե. ԴրասխտանակերտցիԲնափիլիսոփայութիւնՔրիստոսի ՓորձութիւններըԸնկեր Փանջունի1761 թուական9 ՀոկտեմբերԱրուսեակ (մոլորակ)Սէյլըմ (Մասսաչուսէթս)ՃափոնԼազարեան Ճեմարան (Մոսկուա)🡆 More