Օտիսէաս Էլիթիս (Οδυσσέας Ελύτης․ աւազանի անունով՝ Օտիսէաս Ալեփուտելիս, 2 Նոյեմբեր 1911, Իրաքլիօ, Կրետէի ինքնավար նահանգ - 18 Մարտ 1996, Աթէնք, Յունաստան)․ Գրականութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր նշանաւոր յոյն բանաստեղծ եւ արձակագիր։ Ձեւաւորեց անձնական իւրայատուկ բանաստեղծական ոճ մը եւ կը սեպուի յունական բանաստեղծութեան փոփոխողներէն մէկը։ Անոր բանաստեղծութիւններուն մեծամասնութիւնը երաժշտաւորուած են, իսկ գործերը բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած են։
Օտիսէաս Էլիթիս յուն․՝ Οδυσσέας Ελύτης | |
---|---|
Օտիսէաս Էլիթիս, 1974 | |
Ծննդեան անուն | յուն․՝ Οδυσσέας Αλεπουδέλης |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Οδυσσέας Ελύτης[1] |
Ծնած է | 2 Նոյեմբեր 1911 |
Ծննդավայր | Իրաքլիօ, Կրետէ, Յունաստան |
Մահացած է | 18 Մարտ 1996 |
Մահուան վայր | Աթէնք, Յունաստան |
Քաղաքացիութիւն | յունական |
Ազգութիւն | Յոյն |
Մայրենի լեզու | Յունարէն |
Ուսումնավայր | Աթէնքի Համալսարան |
Ազդուած է | արդի յունական եւ եւրոպական, մանաւանդ ֆրանսական ժամանակակից արուեստի հոսանքներէն |
Ազդած է | յունական բանաստեղծութեան զարգացման |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | «Աքսիոն Էսթի», «Արեւը՝ առաջինը», «Դիրքորոշումներ», «Փոփոխակներ ճառագայթի մը վրայ» , «Վեց եւ Մէկ մեղքեր Երկինքին համար», «Պատրանքներու պարտէզը», «Փոքրիկ նաւաստին» , ․․․ |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ |
Անդամութիւն | Հույն գրողների միություն? |
Ծնողներ | հայր՝ Փանայոթիս Ալեփուտելիս, մայր՝ Մարիա Վրանա |
Ստորագրութիւն |
Կրետէի ինքնավար նահանգ (1896 – 1913)․Կրետական մեծ ապստամբութեան իբրեւ հետեւանք, կղզին Ինքնավար կը դառնայ՝ Մեծ Ուժերուն ներդրումով։ 1908 թուականին, Կրետէն վերջնականապէս կը ձերբազատուի օսմանեան լուծէն եւ Յունաստանին կը միանայ, իսկ Յունաստանին կողմէ միացումը պաշտօնապէս կը յայտարարուի 1913, 1 Դեկտեմբերին։
Օտիսէաս Էլիթիս ծնած է 2 Նոյեմբեր 1911, Իրաքլիօ, Կրետէ։ Հայրն է Փանայոթիս Ալեփուտելիս՝ օճառաշինութեան գործատէր, մայրը՝ Մարիա Վրանա։ Երկու ծնողքին ծննդավայրը Լեսվոս կղզին է։ Ընտանիքին վեց զաւակներէն կրտսերն է։ 1914-ին ընտանեօք Աթէնք կը փոխադրուին։ Կեանքին առաջին ամառները Կրետէ, Լեսվօ եւ Սփեցես կղզիները կ՛ անցընէ։
1920-ին Էլեֆթերիոս Վենիզելոսի վարչակարգի անկումով, ընտանիքը կը հալածուի եւ հայրը կը ձերբակալուի․Վենիզելոս ընտանեկան բարեկամ է եւ յաճախ անոնց տունը կը հիւրասիրուի։ 1923-ին, ընտանեօք Եւրոպա կը ճամբորդեն։ Կ՛ այցելեն Իտալիա, Զուիցերիա, Գերմանիա եւ Եուկոսլավիա։ Լոզանի մէջ, կը ծանօթանայ աքսորուած Վենիզելոսին։
1924-ի աշնան, կը յաճախէ Աթէնքի Գ․ Երկրորդական վարժարանը եւ կը գործակցի «Երեխաներուն ձեւաւորումը» Η Διάπλασις των παίδων (1879-1949) պարբերաթերթին հետ․կը գործածէ զանազան ծածկանունններ։ Հետագային ինք խոստովանած է թէ յունական արդի գրականութեան կը ծանօթանայ՝ գիրքեր եւ պարբերաթերթեր գնելով։ Գրականութեան զուգահեռ, կը զբաղի մարզանքով․ կը մագլցի Ատիկէի լեռները։
1925-ին հայրը կը մահանայ։ 1927-ին առողջութեան պատճառներով մարզական ժամանցներէ հեռու կը մնայ եւ զարկ կու տայ գրականութեան։ 1929-ին, երկրորդականը կ՛աւարտէ եւ նոյն շրջանին կը սերտէ Քոստանտինոս (Կոստանտինոս) Քավաֆիսին եւ Անտրէաս Քալվոսին գործերը, ինչպէս նաեւ հին յունական քնարերգակ գրականութիւնը։ Միաժամանակ կը սերտէ ֆրանսացի Փօլ Էլիւարի եւ գերիրապաշտերուն գործերը, որոնցմէ կ՛ ազդուի։
1930-ին կ՛ արձանագրուի Աթէնքի Իրաւաբանական Համալսարանը։ 1933-ին համալսարանին մէջ կը հիմնուի «Գաղափարախօսական Փիլիսոփայական Խումբը»։ Խումբին կը մասնակցին Քոստանտինոս Ցացոս՝ իրաւաբան, փիլիսոփայ եւ հետագային Յունաստանի նախագահ (1975-1980), Փանայոթիս Քանելոփուլոս՝ փիլիսոփայ, կաճառական եւ հետագային նախագահ 1945 եւ 1967 տակնապալի տարիներու կառավարութիւններուն, Իոանիս Թէոտորաքոփուլոս՝ փիլիսոփայ, համալսարանի դասախօս եւ կաճառական ու Իոանիս Սիքուրթիս՝ փիլիսոփայ։ Օտիսէաս Էլիթիս ուսանողներուն ներկայացուցիչի հանգամանքով կը մասնակցի խումբի շաբաթական հաւաքներուն։ Այս շրջանին է որ ան կը սերտէ յունական արդի բանաստեղծութեան գործեր, միաժամանակ ընկերներու հետ Յունաստանի զանազան շրջանները կը թափառի։
1935-ին կը սկսի հրատարակուիլ «Նոր Գիրեր» Νέα Γράμματα գրական պարբերաթերթը, որ արեւմտեան արուեստի հոսանքները Յունաստան կը բերէ։ Էլիթիս կը յարաբերուի պարբերաթերթի շրջանակին հետ ու կը ծանօթանայ Անտրէաս Էմպիրիքոս Ανδρέας Εμπειρίκος բանաստեղծին։ Երկու բանաստեղծներուն միջեւ սերտ բարեկամութիւն մը կը սկսի որ 25 տարի կը տեւէ։
Նոյեմբեր 1935-ին, «Նոր Գիրեր» պարբերաթերթին մէջ (թիւ 11) կը հրատարակուին Օտիսէասին գործերը «Օտիսէաս Էլիթիս» ծածկանունով։ Նոյն շրջանին կը ծանօթանայ Նիքոս Կացոս բանաստեղծին։ Պարբերաթերթին մէջ կը հրատարակուին Էլիթիսին կողմէն յունարէնի թարգմանուած Փօլ Էլիւարի բանաստեղծութիւնները։
1936-ին «Գերիրապաշտներու Աթէնքի Ա․ Միջազգային Ցուցահանդէս»ին, էլիթիս կը ցուցադրէ սոսնձումով (collage) աշխատուած իր նկարչական գործերը։
1937-ին Էլիթիս զինուորական ծառայութութիւնը կը կատարէ Քերքիրայի «Պահեստային Սպաներու Դպրոցին» մէջ։ Յունական բանակին մէջ իր ծառայութեան ընթացքին կը նամակցի բնաստեղծ Նիքոս Կացոսին եւ Եորղոս Սեֆերիսին (բանաստեղծ եւ դիւանագէտ, դափնեկիր Նոպել Գրականութեան մրցանակին, 1963) հետ։ Զինուորական ծառայութեան աւարտին, «Նոր Գիրեր» պարբերաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Միցոս Փափանիքոլաուին յօդուածը՝ «Բանաստեղծ Օտիսէաս Էլիթիս» որ մտաւորականութեան շրջանակներուն մէջ դրական արձականգ կ՛ ունենայ։
1939-ին, Էլիթիս կը ձգէ իրաւաբանի ուսումը եւ կը հրատարակէ իր բանաստեղծութիւններուն առաջին հաւաքածոն՝ «Դիրքորոշումներ» խորագրով։ Յաջորդ տարին, իր բանաստեղծութիւնները առաջին անգամ ըլլալով օտար լեզուի կը թարգմանուին․ Սամուէլ Պօ Պովի Samuel Baud Bovy զուիցերիական «Formes et Couleurs» պարբերաթերթին մէջ կը հրապարակէ յօդուած մը յունական բանաստեղծութեան շուրջ։
Բ․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Գերմանական գերիշխանութեան շրջանին ուրիշներու հետ կը հիմնեն «Փալամասին շրջանակը» գրական խումբը 30 Մայիս, 1943։ Հոն Էլիթիս կը ներկայացնէ «Իրական Անտրէաս Քալվոս եւ անոր քնարերգական յանդգնութիւնը» գրափորձը։ Նոյեմբեր 1943-ին կը հրատարակուին «Արեւը՝ առաջինը» Ο Ήλιος ο Πρώτος եւ «Փոփոխակներ ճառագայթի մը վրայ» Παραλλαγές πάνω σε μια αχτίδα հաւաքածոները՝ 6․000 օրինակներով։ Այս գործերը բնութեան եւ կեանքի ուրախութեան ձօնն են։
1945-1946 Յունաստանի «Ձայնասփիւռի Ազգային Հիմնարկ»ին Ծրագրումի Տնօրէնութիւնը կը վարէ։ «Յունա-անգլիական Պարբերաթերթ»ին մէջ Αγγλοελληνική Επιθεώρηση կը հրապարակէ քանի մը գրափորձեր եւ մինչեւ 1948-ին կը պահէ արուեստի քննարկումի իր սիւնակը։
1946-ին կը հրատարակէ «Հերոսական եւ սուգի տաղերգ Ալպանիոյ ճակատին կորսուած սպային համար» Άσμα Ηρωικό και Πένθιμο για τον Χαμένο Ανθυπολοχαγό της Αλβανίας բանաստեղծութիւնը։
1948-ին Զուիցերիա կը ճամբորդէ, ապա Փարիզ կը հաստատուի։ Սորպոնի համալասարանին մէջ փիլիսոփայութեան դասերու կը հետեւի։ Էլիթիս «Արուեստի Միջազգային քննաբաններու Միութեան» Association Internationale des Critiques d'Art հիմնադիրներէն կը հանդիսանայ։ Կը ծանօթանայ մտաւորականներու, ինչպէս օրինակ՝ Անտրէ Պրեթոն, Փօլ Էլիւար, Ալպեր Քամիւ Albert Camus, Թրիսթան Ցարա, Փիեռ Ճան Ճուվ, Ճոան Միրօ։ Կը հանդիպի նաեւ համբաւաւոր նկարիչներւ՝ Անրի Մաթիս, Մարք Շակալ, Ալպերթօ Ճիաքոմեթի, Ճորճիօ տէ Քիրիքօ եւ Փապլօ Փիքասօ։ Հետագային, Փիքասոյին կը ձօնէ «Ωδή στον Πικασσό» (Տաղ Փիքասոյին) բանաստեղծութիւնը։ 1950-ին Սպանիա կը ճամբորդէ ապա՝ Լոնտոն, ուր «BBC»ի ձայնասփիւռէն չորս բանախօսութիւններ կը կատարէ։
1952-ին Յունաստան կը վերադառնայ։ Կ՛ անդամակցի «Երկոտասան խումբ»ին (ամէն տարի կը պարգեւէ գրականութեան մրցանակներ), ուրկէ կը հրաժարի Մարտ 1953-ին ու կը վերադառնայ՝ 1955-ին ։ 1953-ին կ՛ անդամագրուի «Մշակոյթի Եւրոպական Ընկերութեան» (Վենետիկ) եւ Քարոլոս Քունի «Արուեստի Թատրոն»ին խորհուրդին անդամ է։
1958-ին «Արուեստի պարբերաթերթ»ին մէջ Επιθεώρηση Τέχνης կը հրապարակէ բաժիններ «Άξιον Εστί» (Axion Esti) գործէն։ Մարտ 1960-ին երկը լոյս կը տեսնէ «Իքարոս» հրատարակչատան կողմէ։ Քանի մը ամիս ետք, կը ստանայ «Բանաստեղծութեան Պետական Մրցանակ»ը։ Նոյն ժամանակաշրջանին կը հրատարակուին «Վեց եւ Մէկ մեղքեր Երկինքին համար» Έξι και Μία Τύψεις για τον Ουρανό, «Μικρόν Ανάλογον για τον Ν. Χατζηκυριάκο-Γκίκα»ի պատիւ յոյն աշխարհահռչակ Ն.(Նիքոս) Խածիքիրիաքոս - Կիքաս նկարիչին, իսկ Գերմանիա՝ «Korper des Sommers» խորագրով բանաստողծութիւններուն հաւաքածոն։
1960-ին մայրն ու Քոստանտինոս եղբայրը կը մահանան։
1961-ին, կ՛ ընդառաջէ պետական հրաւէրին եւ Մարտ – Յունիս ամիսներուն Ա․Մ․Ն․ կ՛ այցելէ։ Յաջորդ տարին կ՛ այցելէ Հռոմ եւ Խորհրդային Միութիւն՝ Օտիսոս, Մոսկուա եւ Լենինկրատ։
1964-ին, Միքիս Թէոտորաքիս կը սկսի «Άξιον Εστί» երկին նուագակցութեան աշխատանքը։ 19 Հոկտեմբերին գործը կը ներկայացուի Աթէնքի կեդրոնական «Rex» թատրոնի բեմէն, ուր մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ։
1965-ին, Քոստանտինոս թագաւորի ձեռամբ, կը ստանայ «Ֆինիքոս Աւագ Գնդապետ»ի պարգեւը։ Յաջորդող տարիներուն կ՛ աւարտէ «Ανοιχτά Χαρτιά» (Բաց Թուղթեր) գրափորձերու հաւաքածոն, «Εποχές» պարբերաթերթին մէջ կը հրապարակէ «Ψαλμός και ψηφιδωτό για μιαν άνοιξη στην Αθήνα», «Δώδεκα Νήσων Άγγελος» եւ «Της Σελήνης της Μυτιλήνης», «Փոքրիկ Քիքլատես / Դասալիքները» Μικρές Κυκλάδες / Λιποτάκτες բանաստեղծութիւնները, Սոֆիա կը ճամբորդէ ընդառաջելով Պուլկարիոյ հեղինակներու միութեան հրաւէրին, ինչպէս նաեւ Եգիպտոս։
Յունաստանի զինուորական յեղաշրջումէն ետք, կ՛ ինքնամեկուսանայ եւ նկարչութեամբ ու սոսնձումով (collage) կը զբաղի։ 3 Մայիս 1969-ին Յունաստանը կը լքէ ու Փարիզ կը հաստատուի։ Կ՛ աշխատի «Φωτόδεντρο» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին վրայ։ Կիպրոս կը ճամբորդէ եւ 1971-ին Յունաստան կը վերադառնայ, սակայն կը մերժէ ստանալ «Գրականութեան Մեծ Մրցանակ»ը՝ հաստատուած բռնատիրական վարչակարգին կողմէ։
1976-ի ամրան Աթէնքի Իրոտու Ատիքու բացօթեայ երաժշտանոցին մէջ (հռոմէական շրջանի հին թատրոն, Աքրոփոլիին հարաւ-արեւելեան լանջին) բացառիկ յաջողութեամբ կը ներկայացուի «Աքսիոն Էսթի» գործը, Միքիս Թէոտորաքիսի նուագակցութեամբ։ Այնուհետեւ երկը կը մեկնաբանուի բազմաթիւ հանրածանօթ երգիչներէ եւ աշխարհի չորս ծագերուն կը տարածուի։
18 Հոկտեմբեր, 1979-ին «Նոպել Գրականութեան Մրցանակ»ին կ՛արժանանայ։ 10 Դեկտեմբեր, 1979-ին մրցանակը կը ստանայ եւ իր խօսքը ֆրանսերէնով կ՛արտասանէ:
1980-ին, Նոպել մրցանակին ոսկեայ շքանշանն ու անոր կցուած վկայականները «Պենաքի Թանգարան» կը յանձնէ։
Կը յաջորդեն պատիւներ Յունաստանի մէջ եւ արտասահմանի զանազան հաստատութիւններէ, ինչպէս օրինակ․-
1986-ին կը հրապարակէ «Պատկերներով սենեակը»․ սոսնձումով աշխատուած իր գործերուն հաւաքածոն։
Օտիսէաս Էլիթիս յաջողեցաւ անձնական կեանքը հանրութենէն հեռու պահել։ Կեանքի վերջին ընկերուհին Իուլիթա Իլիոփուլուն էր․ անոր ձգեց իր գործերուն իրաւասութիւնները։
Օտիսէաս Էլիթիս 18 Մարտ 1996-ին յանկարծակի՝ սրտի կաթուածէ, կը մահանայ Աթէնք։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Օտիսէաս Էլիթիս, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.