Տումի

Տումի (Դոմը, Դոմի, Դոմմի, Դումի, Թում, Տոմի, Տում, Տումա), գիւղ Արցախի Հադրութի շրջանին մէջ։ Կը գտնուի հանրապետութեան հարաւային մասին մէջ։ Կեդրոնէն 31 քմ, իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ 67 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Համայնքը լեռնային է, ունի 5673,14 հա տարածք, որմէ 1930,56 հա գիւղատնտեսական եւ 3550,05 հա անտառային հողեր։ Տումի համայնքը ունի 746 բնակիչ։ Բնակչութիւնը գլխաւորաբար կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ՝ անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ: Տումի մէջ առկայ են հանքային ջուրերու պաշարներ։ Համայնքը ունի գիւղապետարան, մշակոյթի տուն, դարմանատուն, միջնակարգ դպրոց (111 աշակերտով)։ 2001-էն ի վեր Սերգէյ Աբրահամեանի անունով կոչուած է Տումի միջնակարգ դպրոցը: Գիւղին հարաւային մասին մէջ կը գտնուի Կարմիր եկեղեցին, որ կառուցուած է անմշակ քարերով եւ որու հարաւային պատը փլած է: Ըստ վիմագիր արձանագրութեան` եկեղեցին կառուցուած է 1000 թուականին Մսեհի դստեր` Ոսկիի ջանքերով: Գիւղին գերեզմանոցէն վեր կան վաղեմի շինութեան բեկորներ, զոր բնակիչները կը կոչէին Թագաւորի պալատ, իսկ անկէ հարաւ գտնուող տապանաքարը` Թագաւորի գերեզման: Գիւղին եւ Կարմիր եկեղեցւոյ միջեւ աղբիւր մը կայ` վրան սրբատաշ քարերով կառուցուած փոքրիկ շէնք մը: Աղբիւրը տեղացիները կոչած են Թագաւորի աղբիւր: Նշանաւոր են նաեւ Սահակ, Նադար եւ Աքուտ աղբիւրները, «Թթու ջուր» հանքային աղբիւրը, Իքակ եւ Ալեւորի կամուրջները, Իքակ եւ Շնաքար գետերը: Այս գիւղին մօտակայքը կը գտնուէր Գոռոզ բերդը: Հայրենական մեծ պատերազմին,նահատակներուն յիշատակին յուշարձան մը կանգնած է:

Բնակավայր
Տումի
ազրպ.՝ Binə
Տումի
Երկիր Տումի Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
ԲԾՄ 1102 մեթր
Բնակչութիւն 752 մարդ (2005)
Ժամային գօտի UTC+4։00

Յայտնի տումեցիներ

  • Սերգէյ Աբրահամեան - լեզուաբան
  • Բանաստեղծ Պոկտան Ջանեան (1917)
  • Թեւան Ստեփանեան - Ի. դարասկիզբի Արցախեան ազատագրական պայքարի հերոս:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Արցախի ՀանրապետութիւնՀադրութ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայկական ՎերածնունդՄալաբար Ուղղափառ ԵկեղեցիԾաղկաձորՖրանսերէնը Քանատայի ՄէջՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՍարդարապատի յուշահամալիրըՎարդգէս ՍուրէնեանցՓատուա1776 թուականՀայկ ՆահապետԲժշկական գործիքներԿարմիր Ծով2001ՊարթեւաստանՖութպոլի Աշխարհի ԱխոյեանութիւնըԱւագ ՀինգշաբթիԻսրայէլԳարեգին ՆժդեհԴուինի Եկեղեցական Ժողով (648)Հայկական Կարի ՏեսակներՍերկէյ ՌախմանինովՄուշՎոյնիչի ձեռագիրՀին ՀալէպՓոքր ՀայքՄանասէ ԹագաւորՅովհաննէս ԱռաքեալՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմԹեքսասՊաղտատՍահարա ԱնապատՊալքանեան ԹերակղզիԴանիաԱրմաւԱրմէն ԳարօԵրկուշաբթիՂազար Փարպեցի98 (թիւ)Դանիէլ Վարուժան1799 թուականՃահուկ (Սիւնիք)Մոնաքոյի Ինքնաշարժներու ՄրցաշարքԱլեքսիս ՍանչեզGoogle PlayԺագ ՏանիէլզԾիր ԿաթինԱրամ ՄանուկեանԿոստան ԶարեանԻնսթակրամՀերմէսՕԹԱՆ9 ՀոկտեմբերԱզրպէյճանԱմանոր, Կաղանդ6 ՀոկտեմբերԿաթողիկէութիւնՄեծն ԱղեքսանտրԱրամ (անձնանուն)Էլէն ՍեկարաՀայերէն ՈւիքիփետիաՔրիստոնէութեան Ընդունումը Հայաստանի մէջԴիմակաւոր ԽոլահաւԱրցախեան ԱզատամարտՄսաշոթՀայկական ճարտարապետութիւնն ուսեւմնասիրող հիմնադրամՄանուէլ ՄենենկիչեանԵրեւան1964 թուական10 ՄարտՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՄարտակոչՄխիթար ՀերացիՄհերի ԴուռԻրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային ԳրադարանԷս-400 հրթիռային համակարգՊետրոս Դուրեան🡆 More