Մշակութային Ժառանգութիւն

Մշակութային ժառանգութիւնը, Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վիճակագրութեան հիմնարկին, կը ներառէ հնագոյն մշակոյթի մնացորդներ, յուշարձաններ, վայրերու եւ շինութիւններու ամբողջութիւններ (շէնքեր, քաղաքներ, ճարտարապետական մնացորդներ), ինչպէս նաեւ թանգարաններ, որոնք ունին խորհրդանշական, պատմական, գեղարուեստական, գեղագիտական, ցեղային-մարդաբանական, գիտական եւ ընկերային արժէքներ:

Մշակութային ժառանգութիւնը կը ներառէ նաեւ շօշափելի (նիւթական) ժառանգութիւնը (շարժական, անշարժ եւ ստորջրեայ), եւ ոչ նիւթական ժառանգութիւնը (intangible cultural heritage, ICH)` մշակութային եւ բնական ժառանգութեան մնացորդներուն, վայրերուն կամ յուշարձաններուն ընդմէջէն: Սահմանումը կը բացառէ այն տեսակները, որոնք կապուած են փառատօններու, տօնակատարութիւններու կամ նման նախաձեռնութիւններու հետ: Կ'ընդգրկէ արդիւնաբերական ժառանգութիւնը եւ քարանձաւային նկարները:

Իրարմէ անքակտելի են մշակութային այս երկու տեսակի ժառանգութիւնները: Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան առանցքը կը կազմեն նաեւ ձայնագրութիւնները, բարբառը, ճաշը, ազգային տարազները, եկեղեցական ու տոհմիկ աւանդութիւնները, կատարողական արուեստը, պատմագրութիւնը, աւանդական արհեստները կամ նորօրեայ արհեստագիտական հմտութիւնները, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ:

Հայկական Մշակութային ժառանգութեան Պահպանման Կազմակերպութիւններ Եւ Կեդրոններ

1970-ական թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու ուսումնասիրութեան եւ վկայագրման  ձեռնարկած է ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեան (1941-2009)(1), որ 1982-ին Գերմանիոյ մէջ հիմնած է Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հասարակական կազմակերպութիւնը (ՀՃՈՒ. Research on Armenian architecture; RAA):

1996-ին Լոս Անճելըսի մէջ կը ստեղծուի կազմակերպութեան ամերիկեան մասնաճիւղը, իսկ հայաստանեան գրասենեակը 1988-89-էն պաշտօնապէս կ'արձանագրուի կազմակերպութեան անդամակցած Արմէն Հախնազարեանի գործակից` յուշարձանագէտ եւ պատմաբան Սամուէլ Կարապետեանի ջանքերով, իսկ 2010-ին Երեւանի մէջ անիկա կը վերափոխուի հիմնադրամի:

Մինչեւ 2020 հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնն էր Սամուէլ Կարապետեանը, որուն մահէն ետք գրասենեակը կը կառավարուի տնօրէն խորհուրդով:

Նորօրեայ Մշակութային Եղեռնը

44-օրեայ պատերազմի պատճառով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայկական յուշարձան եւ եկեղեցի կ'ենթարկուի բռնագրաւման, ուր ազրպէյճանցիները զէնքով կը մտնեն, ազան կ'երգեն, արհամարհական բաներ կ'ընեն ու կը սրբապղծեն:

Այս իրադարձութիւններուն զուգահեռ, Եւրոպական խորհրդարանը 9 Մարտին կ'ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին բանաձեւ մը, ուր խստօրէն կը դատապարտուի Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը` ջնջելու եւ ժխտելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը` զայն նկատելով հայատեացութեան ծաւալող քաղաքականութիւն. նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնուի համամարդկային նշանակութիւն ունեցող մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացման քաղաքականութեան ապագայ հետեւանքներուն մասին` զայն նկատելով կորուստ թէ՛ տուժած կողմին, թէ՛ ալ միջազգային հանրութեան:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին Յղումներ

Tags:

Մշակութային Ժառանգութիւն Հայկական Մշակութային ժառանգութեան Պահպանման Կազմակերպութիւններ Եւ ԿեդրոններՄշակութային Ժառանգութիւն ԾանօթագրութիւններՄշակութային Ժառանգութիւն Արտաքին ՅղումներՄշակութային ԺառանգութիւնԹանգարանՅուշարձան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Վազգէն ՓափազեանՃիմմի Ուէյլզ1 ԱպրիլԼոյսՔաթալոնիաՈւղղաձեւ տասներկուանիստՕմար ՇարիֆՍմբատաբերդ«Խոստումը» (ֆիլմ)Խորէն ԱշըգեանՃեմալ փաշաԿարմիր ԾովԻսիսՓարիզՍայաթ ՆովաԱնիՄանուէլ (անձնանուն)ԱրտահանԿարմիր գլխարկիկըԾովից ծով Հայաստան16 ՀոկտեմբերԵրեւան19 ՅուլիսՄարք ՉէնեանԱլ-Ուլա (Սէուտական Արաբիա)Մեծն ՏիգրանԿենաց ԾառըԿարինԱդդա Գետի ՃակատամարտԱրուսեակ (մոլորակ)Որդան ԿարմիրՀռիփսիմէ ԽուրշուդեանՅակոբ Օշական1951 թուականԱքրոփոլիս (Աթէնք)Զարեհ Արք. ԱզնաւորեանԸնկեր ՓանջունիՄխիթար ՀերացիԿարէն ԳրիգորեանՄալեզիա11 Սեպտեմբերի Ահաբեկչական ՅարձակումներՀայաստանի Եկեղեցական ՃարտարապետութիւնՄիութիւն Եւ ՅառաջադիմութիւնՏիգրիս (գետ)Ածանցաւոր բառերԱստուածաշունչԳէորգ Մարզպետունի (վէպ)Ս. Գէորգ զօրավարԳահիրէԵպիսկոպոսԾխախոտԼուսինՏանըլտ ԹրամփՉինարէնԱրաքս (գետ)Հայկական ՄուֆլոնՎիեննական ՍրճարանՊուրճ Համուտի Սպանդ (1985)Քրիստոսի տասներկու առաքեալներըԾառԱրարատ (Լեռ)1990 թուականՊարսից ԾոցՆոր ՏարիԿիւրեղ Վրդ․ ՔիպարեանԱրեւ (թերթ)ՇիրվանզադէԹովմա Արծրունի19301616 թուականՆիկոլ ԴումանԱշոտ Ա. Բագրատունի11 ՅունուարՌուբէն (անձնանուն)🡆 More