Մեխակ, հայերէն Խաղամ, (լատ.՝ Diánthus), մեխակազգիներու ընտանիքի միամեայ կամ բազմամեայ խոտերու, հազուադէպ՝ կիսաթուփերու ցեղ։
Ցօղունը հանգուցաւոր է, բարձրութիւնը՝ մինչեւ 70 սմ։ Տերեւները հակադիր են, ամբողջական, գծաձեւ կամ նշտարաձեւ։ Տեսակներուն մեծ մասին ցօղունը եւ տերեւները գորշ կապտաւուն երանգ ունին։ Ծաղկաբոյլը գագաթնածաղկող է, երբեմն՝ գլխիկով։ Ծաղիկները երկսեռ են (յաճախ՝ մէկական), ծոպաւոր, սպիտակ, վարդագոյն, կարմիր, ծիրանագոյն, դեղնականաչաւուն եւ այլն։ Կը ծաղկի Մայիսէն Օգոստոս ամիսներուն։ Պտուղը երկարաւուն, միաբուն, բազմասերմ տուփիկ մըն է։ Սերմերը սեւ են, մանր, տափակ։
Դաշտային մեխակը եւ մեխակի ծառը նոյնը չեն: Որոշ պարագաներու, բուժումներու մէջ անոնց օգտագործումը կը համընկնի, օրինակ՝ պաղարութեան կամ նեարդային լարուածութեան պարագային, իբրեւ ցաւազրկիչ օգտագործելու պարագային, սակայն կազմութեամբ անոնք տարբեր են: Պէտք է նշել նաեւ, որ դաշտային մեխակը կ'աճի գրեթէ ամէնուր, ինչպէս նաեւ՝ Սիպերիոյ մէջ, իսկ մեխակի ծառը կը սիրէ արեւադարձային կլիմայ:
Մեխակին քիմիական կազմը շատ մեծ է։ Անոր օգտակար յատկութիւնները կը բացատրուին կենսանիւթերու, հանքանիւթերու եւ եթերային իւղերու մեծ պարունակութեամբ։
Մեխակին կոկոնները կը պարունակեն` А, В խումբի (В1, В2, В3 կամ РР, В4, В6, В9), С , Е եւ К կենսանիւթեր։ Մեխակը կը պարունակէ օգտակար հանքանիւթեր` կրածին, նատրոն, փոսփոր, երկաթ, մագնէս, պղինձ եւ զինկ։
Մեխակը կը պարունակէ նաեւ Օմեկա-3 եւ Օմեկա-6 չյագեցած ճարպաթթուներ։
Մեխակը կարելի է օգտագործել իբրեւ դեղամիջոց.
Կարելի է հանդիպիլ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ։ Ծանօթ է շուրջ 300 տեսակ, Հայաստանի մէջ՝ 18։ Տարածուած է Արագածոտնի, Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ այլ մարզերու մէջ։ Կ'աճի չոր, քարքարոտ լանջերուն, աւազոտ վայրերու մէջ, կիսաանապատներու, լեռնատափաստաններու, ալպեան եւ ենթալպեան մարգագետիններու մէջ։ Մշակութեան մէջ տարածուած են շատ գեղազարդիչ տեսակներ (պարտէզային, չինական, հոլանտական), որոնք կը կիրարկուին ծաղկաբուծութեան մէջ։
Մեխակի կարգ մը տեսակներ կ'օգտագործուին իբրեւ դեղաբոյսեր։
Մեխակի բազմաթիւ տեսակներ (պարտէզային կամ հոլանտկան Մեխակ, մօրուքաւոր կամ տաճկական Մեխակ, փետրաձեւ Մեխակ եւ այլն) կը մշակուին հին ժամանակներէ ի վեր․ ծանօթ են բազմաթիւ արժէքաւոր պարտէզային ձեւեր եւ տեսակեր։ Մեխակ կը կոչուի նաեւ մեխակածառի չորցած ծաղկակոկոններէ ստացուող համեմունքը կամ՝ գամերը։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Մեխակ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.