Պտուղ Մանտարին

Մանտարին (King Orange), հիանալի տիեթիկ պտուղ է, զարմանահրաշհամով: Շատ օգտակար է հիւանդ եւ թոյլ օրկանիզմին համար, քանի որ ան կը պարունակէ կենսաբանօրէն գործօն նիւթեր: Մանտարինի պարունակած հանքային նիւթերու մէջ կը գերակշռէ փոթասիումը: 100կրամ մանտալինի մէջ անոր քանակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 150մլկ., որը կը համարուի կարեւոր սնունդ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու ժամանակ: Մանտարինի կեղեւի բաղադրամասերը կ'ընկճեն սթաֆիլաքոք մանրէներու աճը: Մանտարինի ամէնորեայ պարբերական օգտագործումը կը բարձրացնէ օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը, յատկապէս մրսածութիւնէ յառաջացած հիւանդութիւններու պարագային: Կեղեւի պարունակած եթերային իւղերը ունին լարուածութիւնը չէզոքացնող, ջղային համակարքը հանգստացնող յատկութիւն: Դիւրին իւրացուող օրկանական երկաթի շնորհիւ օգտակար է տարաբնոյթ սակաւարիւնութիւններու ժամանակ: Ան անհրաժեշտ է քրոնիկ փորկապութեամբ տառապողներուն:

Պտուղ Մանտարին
Մանտարին

Մանտարինի հոտէ կը խուսաբին մժեղները: Անոր կեղեւներով պատրաստուած թէյը լաւ միջոց է փորհարութենէ տառապողներու համար: Սնկային հիւանդութիւններու ժամանակ պտղահիւթով շփել մորթի ախտահարուած մասերը: Վահանաձեւ գեղձի, քլիմաքսի (menopause), նորագոյացութիւններու եւ ծանր հիւանդութիւններու ժամանակ, մանտարինի կեղեւը խիւսի վերածել, խառնել մեղրի հետ՝2: 1 յարաբերականութեամբ, փակ ամանի մէջ պահել սառնարանը: Ուտել մէկական ճաշի դգալ ճաշէ առաջ: Մանտարինի չորցուած կեղեւներու եփուկը խմել որպէս խորխաբեր, հազը հանգստացնող, սրտախառնուկը մեղմացնող եւ մարսողութիւնը լաւացնող միջոց:

Աղբիւրներ

  • Առողջութիւնն Ու Սնունդը, Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան, Պէյրութ, 2007։

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Լուսաբեր (քիմիական տարր)Թոմաս Վերմայլըն1933Ճիւան ԳասպարեանՅակոբ ՉոլաքեանԿրետէ95 (թիւ)Յոնիական կղզիներՍալոնիկԼոս Անճելըս ԼէյքըրզՆիզար ԽալիլիՁայնալարերՄոլտովաՍոնա ՍէֆէրեանՍասնոյ ՋարդերըԿապոյտ (գոյն)Գաֆէսճեան Արուեստի ԿեդրոնՌուբէն ՍեւակԼատինական կայսրութիւնՄենք ենք, մեր սարերը (յուշարձան)ԱնգլերէնԳործիական հոլովՍիրոս (կղզի)Աղեքսանտրիոյ հայկական գաղութը (Եգիպտոս)Մեծն ԱղեքսանտրԲեթղեհէմԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաՆիւ ԵորքԱպտու ՏիուֆՆահանջ Տարի1827ԻտալիաՓիրէաՈսկեպտղի, Ժորի (Խարմա)Լեռնային ՂարաբաղԱրման ՄանուկեանՂլարոս, ԼերոսԳրիգոր Պետրոս ԱղաճանեանԾծումբԱրցախի ՀանրապետութիւնԳալկարի111 (թիւ)ԹուաբանութիւնՀռովմէական թուանշաններԱպտ-ուլ Գատէր Կիլանի1825 թուականՍանահինի Վանք4 Մայիս1904ՎիեննաՓօլ Ուոքըր16 ՅունուարՔիշնեւԱրիստակէս ԼաստիվերցիՆիկոլ ՊէզճեանՔարլա ՍուզաՈւքրանիաԱնիԱնժելիք ՔիժօԿարմիր ԿիրակիՄկրտիչ ՊէշիկթաշլեանՀայաստանի Առաջին ՀանրապետութիւնՆերքին հիւանդութիւններՄարաթոնասՀայկական ՏաւրոսԱրքայական ՀրեշտակՄեքսիքաԼոս ԱնճելըսՆեմրութՆապաստակԴեղնախտՉիլէ365 (թիւ)🡆 More