Մանկավարժ, հանրակրթական դպրոցի ուսուցիչ, արդիւնաբերական, յատուկ միջնակարգ կամ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան դասատու, նախադպրոցական հիմնարկի, գիշերօթիկ դպրոցի, մանկատան, դաստիարակչական գաղութի դաստիարակ, արտադպրոցական հիմնարկի եւ այլ աշխատող, ինչպէս նաեւ մանկավարժութեան մէջ իբրեւ գիտութեան հարցեր մշակող գիտաշխատող։
Մանկավարժական հոգեբանութիւնը աւանդաբար կը ներառէ յատուկ բաժին մը՝ «ուսուցիչին հոգեբանութիւն», ուր կ'ընդգծուին ուսուցիչին մասնագիտական դերին կարեւորութիւնը, կը դիտարկուի անոր նշանակութիւնը, ընդունակութիւնները, կարողութիւնները, կը վերլուծուի անոր ներկայացուող պահանջները եւ հասարակութեան կողմէ անոր ներկայացուած ընկերային ակնկալութիւնները։ Ինչպէս կը նշէ Աէլիտա Մարկովան, «մասնագիտութիւնները գործունէութեան՝ պատմականօրէն հաստատուած ձեւեր են, որոնք անհրաժեշտ են հանրութեան, որոնց իրականացման համար մարդը պէտք է օժտուած ըլլայ գիտելիքներու եւ հմտութիւններու համագումարով, ունենայ համապատասխան ընդունակութիւններ եւ մասնագիտական կարեւոր որակներ»։ Ուսուցիչին կամ մանկավարժին մասնագիտութիւնը, ինչպէս եւ բժիշկինը՝ հնագոյններէն է։ Անոր մօտ կուտակուած են սերունդներու հազարամեայ փորձը, ըստ էութեան՝ մանկավարժը սերունդները կապող օղակն է, հասարակական-պատմական փորձի կրողը։ Ժողովուրդին հասարակական-մշակութային ամբողջականութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է Դպրոց-Ուսուցիչ դերով։ Հազարամեակներու ընթացքին ուսուցիչին մասնագիտութիւնը, իբրեւ այդպիսին, մնացած է անփոփոխ, հակառակ անոր, որ բովանդակութիւնը, աշխատանքային պայմանները, քանակական եւ որակական կազմը կը փոխուի։
Իբրեւ մանկավարժական գործունէութեան անհատական անձ՝ մանկավարժը միաժամանակ հասարակական անհատ է՝ հասարակական գիտելիքներ եւ արժէքներ կրող։ Անոր շնորհիւ՝ մանկավարժին անհատական բնութագիրին մէջ միշտ կը միաւորուին արժէքային եւ ճանաչողական տեսակէտերը։ Ընդ որուն, երկրորդը կ'ընդգրկէ երկու յատակագիծ՝ ընդհանուր-մշակութային եւ առարկայական-մասնագիտական գիտելիքներ։ Իբրեւ անհատ՝ մանկավարժը միշտ հադէս կու գայ անհատական-հոգեբանական, վարքային եւ հաղորդակցական որակներու բազմազանութեամբ։
Մասնագիտութիւններու բազմազանութիւնը ըստ Եւգենի Կլիմովին, կարելի է ներկայացնել ըստ բնութեան, շրջապատող մարդոց եւ ճարտարագործութեան հիման վրայ։ Անոր կողմէ առաջադրուած մասնագիտութիւններու վերլուծութեան ձեւը թոյլ կու տայ դասակարգել զանոնք աշխատանքի նիւթին, անոր նպատակներուն, գործողութիւններու բնոյթի, աշխատանքային գործիքներու եւ անոր պայմաններուն համաձայն։
Ըստ աշխատանքի նիւթին՝ բոլոր մասնագիտութիւնները կը բաժնուին.
Մանկավարժութիւնը կը դասուի «Մարդ-Մարդ» մասնագիտութիւններու շարքին։ Այս տեսակի մասնագիտութիւններուն բնորոշ է մարդուն հետեւեալ որակները.
Մասնագիտական այս կառոյցը ունեցող մարդուն բնորոշ են՝
Եթէ նկատի առնուի, որ «Մարդ-Մարդ» կառուցուածքը կը բնութագրուի տիպական նախընտրութիւններու, հետաքրքրութիւններու, անձնային առանձնայատկութիւններու որոշակի հաւատքով, ապա մարդուն մասնագիտական բնութագիրը կը դառնայ խոր մարմնացուած։
«Մարդ-Մարդ» կառուցուածքով աշխատող մարդու մասնագիտական գործունէութեան կը հակացուցեն՝
Թուարկուած առանձնայատկութիւնները կ'արտացոլեն այս մասնագիտութեան պատկանող անհատի ընդհանուր պատկերը։ Այս կառուցուածքին մէջ մտնող մանկավարժին մասնագիտութիւնը կ'առաջադրէ շարք մը յատուկ պահանջներ, որոնց շարքին հիմնականը մասնագիտական ձեռնհասութեան եւ ուսուցողական մշակոյթը։
Մանկավարժական գործունէութեան մէջ ներառուած են նաեւ յարաբերութիւններու այլ կառոյցներ, եւ առաջին հերթին, «Մարդ-Նշան» կառոյցը։ Նշանային, յատկապէս լեզուական համակարգերը մանկավարժական գործունէութեան մէջ հասարակական-պատմական փորձի փոխանցման հիմնական միջոցներ են, միաժամանակ նշանային համակարգերը իւրացման առարկայ են։ ժամանակակից կրթական գործընթացին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ համակարգչային ճարտարագործութիւնը։ Մանկավարժը զայն կ'օգտագործէ իբրեւ գիտելիքներու փոխանցման միջոց, եւ իբրեւ ուսումնասիրութեան առարկայ, այնուհետեւ իբրեւ ուսումնառութեան առարկայ։
Կլիմով առանձնացուցած է իւրաքանչիւր մասնագիտութեան տեսակին բնորոշ գործողութիւններու չորս խումբեր.
Մանկավարժը՝ իբրեւ գործունէութեան անհատ, կ'իրականացնէ բոլոր այս գործողութիւնները, ինչ որ կը վկայէ անոր մտածող եւ վարքային վարժութեան բազմակողմանիութեան մասին։
Ըստ գործունէութեան անհատին առջեւ դրուած նպատակներու՝ մանկավարժական գործունէութիւնը կ'ենթադրէ իր անձին վերափոխման (զարգացման, փոփոխութեան) հարցեր դնելու եւ լուծելու կարողութիւն, ինչպէս նաեւ այդ հարցերը լուծելու նոր միջոցներու եւ եղանակներու փնտռում։
Նշելով աշխատանքի պարտականութեան գործիքներու մասին՝ պէտք է նշել, որ մանկավարժին խօսքը անոր գործունէութեան կարեւորագոյն բնութագիրներէն մէկն է։
Մանկավարժին անձը ուսուցման մթնոլորտին մէջ առաջնային տեղ կը զբաղեցնէ, անոր այս կամ այն յատկութիւնները կը բարձրացնեն կամ կը նուազեցնեն ուսուցման դաստիարակչական ազդեցութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, կ'առանձնացուին «յատուկ ուսուցչական յատկութիւններ»՝ վերագրելով անոնց «ուսուցիչի գիտական նախապատրաստութիւնը» եւ «անձնական ուսուցչական տաղանդը»։
Առաջին յատկութիւնը անկողմնակալութիւնն է եւ կը բնութագրէ ուսուցիչին կողմէ դասաւանդուող նիւթին իմացութեան աստիճանը, ունեցած գիտական պատրաստութիւնը, կրթութիւնը, այնուհետեւ՝ ընդհանուր ուսուցողական սկզբունքներու հետ իր ծանօթութիւնը եւ երեխային բնաւորութեան իմացութիւնը։
Երկրորդ յատկութիւնը առարկայական է եւ կը ներառէ մանկավարժական ինքնուրոյնութիւնը: Հոն կ'արտացոլայ դասաւանդման արուեստը, անձնական մանկավարժական տաղանդն ու ստեղծագործականութիւնը։
Բացի «յատուկ ուսուցչական յատկութիւններէ»՝ անհրաժեշտ է նշել նաեւ «բարոյական» յատկութիւնները, որոնց կարգին կը դասուին անկողմնակալութիւնը, բարեսրտութիւնը, ուշադրութիւնը, արդարութիւնը, կայունութիւնը, նրբազգացութիւնը եւ իսկական սէրը երեխաներու հանդէպ։ Մանկավարժին համար շատ կարեւոր է ինքնակատարելագործման եւ ինքնազարգացման փափաքը։
Նինա Քուզմինան մանկավարժի անհատական գործօններու կառուցուածքին մէջ կը ներառէ ուղղուածութեան տեսակը, ընդունակութիւններու մակարդակը եւ ձեռնհասութիւնը, որուն մէջ կը ներառուին յատուկ մանկավարժական, մեթոտական եւ հոգեբանական ձեռնհասութիւնները։ Ակնյայտ են այդ գործօնային կառուցուածքին երեք հիմնական բաղադրիչները՝ անձնական, անհատական եւ մասնագիտական-մանկավարժական՝ համապատասխան գիտելիքներով եւ կարողութիւններով։ Ինքնա-հոգեբանական ձեռնհասութիւնը կը հիմնուի «ընկերային բանականութիւն» հասկացութեան վրայ, որ կ'ենթադրէ ընկերային փորձի կուտակման առանձնայատկութիւն, ինքզինք եւ ուրիշները հասկնալու ընդունակութիւն, միջանձնային իրադարձութիւններու կանխատեսում։ Ինքնա-հոգեբանական գիտակցութիւնը կը յարաբերուի մասնագիտական ինքնաճանաչման, ինքնագիտակցութեան եւ ինքնազարգացման հետ։
Ըստ Սերկէյ Ռուպինշտէյնի, մարդու ընդունակութիւններու զարգացման գործընթացը մարդու զարգացման գործընթաց է։ Տեպլովի կողմէ ընդունակութիւնները կը մեկնաբանուին իբրեւ անձի անհատական յատկութիւններ, որոնք կը հանդիսանան գործունէութեան յաջող իրականացման պայման։ Ընդ որուն ընդունակութիւնները չեն յանգիր հմտութիւններու եւ կարողութիւններու եւ մէկ մարդը միւսէն կը տարբերի ըստ գործունէութեան իրականացման յաջողութեան ձեւին։ Կ'առանձնացուին կարգ մը մանկավարժական ընդունակութիւններ՝
Մանկավարժական ընդունակութիւնները իրենց բովանդակութեան մէջ կը ներառեն անձնական որակներ, որոնք կը բացայայտուին որոշակի գործողութիւններու եւ հմտութիւններու միջոցով։ Ընդ որուն կան հմտութիւններ, որոնք կը ներառուին քանի մը ընդունակութիւններու բովանդակութեան մէջ։ Օրինակ, ուսուցողական ընդունակութիւններու մէջ մտնող ուսանողներու ինքնուրոյն աշխատանքը կազմակերպելու հմտութիւնը ըստ էութեան ուրիշներու աշխատանքը կազմակերպելու հմտութիւնն է, որ կը ներառուի կազմակերպչական ընդունակութիւններու ցանկին մէջ։
Կուզմինայի մօտեցման մէջ կ'ընդգծուի այն գաղափարը, որ մանկավարժական գործունէութեան անհատական ընդունակութիւնները, որոնք կը ձեւաւորուին եւ կը զարգանան մանկավարժական գործունէութեան ընթացքին, մեծապէս կը պայմանաւորուին անոր իրականացման յաջողութիւնը։ Կուզմինայի մեկնաբանման մէջ մանկավարժական համակարգը կը ներառէ հինգ կառուցուածքային տարրեր՝ նպատակներ, ուսումնական տեղեկութիւններ, հաղորդակցման միջոցներ, սորվողներ եւ մանկավարժներ, եւ հինգ գործառական տարրեր՝ հետազօտական, նախագծային, գործնական, հաղորդակցական եւ կազմակերպչական։ Այդ տարրերը կը հանդիսանան անհատական մանկավարժական գործունէութեան գործառական տարրեր, որոնք հնարաւորութիւն կու տան խօսելու անոնց հիմքը կազմող ընդունակութիւններու հինգ մեծ խումբերու մասին։
Մանկավարժական ընդունակութիւններու երկու մակարդակ կը զատորոշուի՝ իմացողական-անդրադարձային եւ նախագծային։ Այս ընդունակութիւնները կ'ապահովեն ուսանողներու մասին տեղեկութիւններու կուտակում։ Մանկավարժական ընդունակութիւններու դիտարկման ատեն կարեւոր հարցերէն կը հանդիսանայ անոնց ձեւաւորումը եւ ախտորոշաբանութիւնը։
Մանկավարժական գործունէութեան յաջողութեան նպաստող գործօններէն են ուսուցիչին արժանիքները։ Անհրաժեշտ է այնպիսի որակներու համադրութիւն, ինչպէս՝
Յատուկ կ'ընդգծուի սրամտութեան, հռետորական եւ արուեստագիտական ընդունակութիւններու կարեւորութիւնը։ Մանկավարժին՝ իբրեւ գործունէութեան անհատական ուշադրութիւն, հետազօտողները կ'առանձնացնեն մասնագիտական-մանկավարժական արժանիքներ, որոնք կրնան մօտ ըլլալ ընդունակութիւններուն եւ զուտ անձնական արժանիքներուն։ Անոնց կարգին կը դասուին՝
Անձնական ուղղուածութիւնը կը հանդիսանայ մասնագիտական-մանկավարժական գործունէութեան կատարելութեան ձեռքբերման կարեւորագոյն անհատական գործօններէն մէկը։ Անձին ուղղուածութիւնը գործունէութիւնը կողմնորոշող կայուն դրդապատճառներու համակցութիւն է, որոնք յարաբերականօրէն անկախ են առկայ իրադրութիւններէն։ Անձնական ուղղուածութիւնը կը բնորոշուի հետաքրքրութիւններով, հակումներով, համոզումներով եւ իտէալներով, որոնցմով կ'արտայայտուին մարդուն աշխարհայեացքը։
Մանկավարժական գործունէութեան ոլորտին մէջ այս հասկացութեան սահմանները ընդլայնելով անոր մէջ կարելի է ներառել՝
Գործունէութեան գլխաւոր ռազմավարութիւններու ընտրութիւնը կը պայմանաւորէ ուղղուածութեան երեք ձեւ՝
Միայն ուղղուածութեան առաջին ձեւը կը նպաստէ մանկավարժական գործունէութեան մէջ բարձր արդիւնքներու ձեռքբերման։ Ճշմարիտ մանկավարժական ուղղուածութիւնը կը կայանայ կայուն ոլորտին մէջ՝ ուղղուած սորվողի անձի ձեւաւորման դասաւանդուող նիւթի միջոցով, նիւթի վերակառուցման ուսանողներու գիտելիք ստանալու ելակէտային պահանջքներու հիման վրայ։ Մանկավարժական ուղղուածութեան հիմնական դրդապատճառ կը հանդիսանայ մանկավարժական գործունէութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը։
ԻՄանկավարժական գործունէութիւնը ունի հետեւեալ բնութագիրերը՝
Մանկավարժական գործունէութեան առանձնայատկութիւններէն է անոր արդիւնաւէտութիւնը։ Կ'առանձնանայ վերջինիս հինգ մակարդակներ՝
Իր կառուցուածքային կազմակերպմամբ մանկավարժական գործունէութիւնը կը բնութագրուի գործողութիւններու ամբողջականութեամբ։ Մանկավարժական գործունէութեան առարկայ կը հանդիսանայ ուսանողներու ուսումնական գործունէութեան կազմակերպումը, որ ուղղուած է անոնց կողմէ ընկերամշակութային փորձի։ Մանկավարժական գործունէութեան միջոցներ կը հանդիսանան գիտական (տեսական եւ փորձարական) գիտելիքները։
Ընկերամշակութային փորձի փոխանցման եղանակներն են՝
Մանկավարժական գործունէութեան արդիւնք կը հանդիսանան.
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Մանկավարժ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.