Ճէյսըն Տերուլօ

Ճէյսըն Ճոէլ Տեսրուլօ (անգլերէն՝ Jason Joel Desrouleaux, ծնած թ.

Սեպտեմբեր 21 1989 թուականին Մայամի, Ֆլորիտա), աւելի յայտնի է որպէս Ճէյսըն Տերուլօ (անգլերէն՝ Jason Derulo), ամերիկացի երգիչ, երգերու հեղինակ եւ պարող: 2009 թուականին իր անհատական երաժշտական ասպարէզը սկսելէն ի վեր ամբողջ աշխարհին մէջ վաճառած է աւելի քան 30 միլիոն մեներգ: Մարտ 2010-ին հրատարակած է իր դեգնածութեան արուեստային ալպումը` «Jason Derulo», որուն կը յաջորդէ «Future History» անուանումը կրող երկրորդ ալպումը Սեպտեմբեր 2011-ին: Անոր երրորդ արուեստային ալպումը, որ «Tattoos» կը կոչուի, հրատարակուծ է Սեպտեմբեր 2013 -ին: Ճէյսընի «Everything Is 4» կոչուող չորրորդ ալպումը հրատարակուած է Մայիս 2015-ին:

Ճէյսըն Տերուլօ

Կեանքը

Ճէյսըն Ճոէլ Տեսրուլօն ծնած է Սեպտեմբեր 21 1989 -ին Մայամիի մէջ, Ֆլորիտա: Անոր ծնողները հայիթացիներ են: Ան ընտանիքի երեք երեխաներէն ամենաերիտասարդն է:

Ասպարէզ

2006-12: «Jason Derulo» եւ «Future History»

Ճէյսըն Տերուլօ 
Ճէյսըն Տերուլօ 2010 թուականին
Ճէյսըն Տերուլօ 
Տերուլօ 2011 թուականին

Ճէյսըն Տերուլօ իր երաժշտական ասպարէզը սկսած է երգեր գրելով այնպիսի կատարողներու համար, ինչպիսիք են`Լիլ Ուէյն, Շոն Քինկսթըն, Ճէսի Վենթուրա եւ այլ երգիչներ: 2006 թուականին ան կը յաղթէ Showtime at the Apollo հեռուստային յայտագրին մէջ, իսկ աւելի ուշ երաժշտական արտադրող Ճէյ Ար Ռոթըմի հետ ծանօթանալէ ետք, ան պայմանագիր կը ստորագրէ Beluga Heights Records եւ Warner Bros. Records ձայնագրման ընկերութիւններու հետ: Ճէյ Ար Ռոթըմը, HitQuarters հրատարակչութեան հետ հարցազրոյցի մէջ խօսելով Ճէյսընի մասին, ըսած է․ «Ճէյսըն Տերուլօ ունի ամենատպաւորիչ աշխատանքային բարոյագիտութիւններէն մէկը, որ ես հանդիպած եմ»:

Օգոստոս 4 2009 -ին կը հրատարակուի Ճէյսընի դեգնածութեան` «Whatcha Say» մեներգը, որ կը գլխաւորէ Billboard Hot 100 հիթ շքերթը:  Դեկտեմբեր 8 2009-ին ան կը հրատարակէ «In My Head» երգը, որ Billboard Hot 100-ի մէջ կը գրաւէ 5-րդ հորիզոնականը: Նոյն տարուայ Դեկտեմբերէն մինչեւ Յունուար 2010 ան նաեւ ելոյթներ կ'ունենար երգչուհի Լէյտի Կակաի շրջագայութեան ժամանակ:  Փետրուար 24 2010-ին կը հրատարակուի «Ridin' Solo» երգը, որ Billboard Hot 100-ին մէջ 9-րդ հորիզոնականը կը գրաւէ: 

Փետրուարի 26 2010-ին Ճէյսըն կը հրատարակէ իր դեգնածութեան արուեստային ալպումը` «Jason Derulo»: Այդ Billboard 200 ալպումներու հիթ շքերթին մէջ կը գրաւէ 11-րդ հորիզոնականը: Ալպումը ծանուցելու համար ան նաեւ կը սկսի իր համերգային շրջագայութիւններու շարքը, որ կը սկսի Օգոստոս 2010-ին եւ կ'աւարտի Մարտ2011-ին:

Սեպտեմբեր 16 2011-ին կը հրատարակուի Ճէյսընի երկրորդ` «Future History» կոչուող արուեստային ալպումը: Այդ Billboard 200-ին մէջ կը գրաւէր 29-րդ հորիզոնականը, իսկ ալպումի «Don't Wanna Go Home», «It Girl» եւ «Breathing» երգերը կը գրաւեն հորիզոնականներ միջազգային շարք մը հիթ շքերթներու մէջ։ 2012-ի ամրան Ճէյսըն ամերիկացի երգչուհի Քելլի Ռոուլընտի հետ միասին եղած են աւստրալական «Everybody Dance Now» պարային հեռուստածրագրի դատական կազմի անդամներէն: 

2013-2015: «Tattoos» եւ «Everything Is 4»

Ճէյսըն Տերուլօ 
Տերուլօ Դեկտեմբեր 2013-ին

Սեպտեմբեր 20 2013-ին հրատարակուած Տերուլօ-ի «Tattoos» անուանումը կրող երրորդ արուեստային ալպումը: Ալպումի «Talk Dirty» մեներգը, որ համագործակցութիւն է Թու Չէյնզի հետ, Billboard Hot 100 հիթ շքերթին մէջ գրաւեց երրորդ հորիզոնականը եւ դարձաւ հիթ: Այդ նաեւ գրաւեց առաջին հորիզոնականը Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ, Իսրայէլի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ քանի մը այլ երկիրներու հիթ շքերթներուն մէջ: Ալպումի «Wiggle» մեներգը, որու մէջ իր մասնակցութիւնը ունի նաեւ Սնուփ Տօկը, գրաւեց հինգերորդ հորիզոնականը Billboard Hot 100 հիթ շքերթ եւ նոյնպէս դարձաւ հիթ: Հիթ շքերթներուն մէջ նաեւ յաջողութիւն ունեցան ալպումի «The Other Side», «Marry Me» եւ «Trumpets» երգերը: Ալպումը ծանուցելու նպատակով Տերուլօն Փետրուար 2014 -էն սկսաւ իր համերգային շրջագայութիւններու շարքը: Նոյն տարուայ ապրիլին «Tattoos» ալպւմը վերահրատարակուեցաւ «Talk Dirty» անուամբ:

Մայիս 29 2015 -ին վաճառքի դրուեցաւ Տերուլօ-ի «Everything Is 4» կոչուող չորրորդ արուեստային ալպումը: Ալպումի «Want to Want Me» երգը Billboard Hot 100-ին մէջ գրաւեց հինգերորդ հորիզոնականը, սակայն գլխաւորեց Աւստրիոյ , Իսրայէլի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ քանի մը այլ երկիրներու հիթ շքերթներ: Յունիս 2015-ին սկսաւ ամերիկեան «պարէ, եթէ կրնաս» (անգլերէն՝ So You Think You Can Dance) նախագիծի 12-րդ եթերաշրջանը, ուր Տերուլօ ընդգրկուած էր ժիւրիի կազմին մէջ: 

Սկաւառակագրութիւն

Արուեստային ալպումներ

  • «Jason Derulo» (2010)
  • «Future History» (2011)
  • «Tattoos» (2013)
  • «Everything Is 4» (2015)

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Ճէյսըն Տերուլօ ԿեանքըՃէյսըն Տերուլօ ԱսպարէզՃէյսըն Տերուլօ ՍկաւառակագրութիւնՃէյսըն Տերուլօ ԾանօթագրութիւններՃէյսըն Տերուլօ Արտաքին յղումներՃէյսըն Տերուլօ19892010201120132015ԱնգլերէնՄայամիՖլորիտա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԳնդաթիԻսիսՄեծն ԱղեքսանտրՍտեփանակերտՋիւանիԱստղագիտութիւնՀին ԿորնթոսԱծանցաւոր բառերՆեմեսիսի ԳործողութիւնԿաղնիԼեռնային ՂարաբաղՍողուններԶուիցերիա102 (թիւ)29 ՅունուարՄետաքսի ՃանապարհՀայաստանի Զինանշան911 Աղամեմնոն աստղակերպՍաքրամենթօ1795 թուականՄայքըլ ՃորտընՍպանիաԹարիրիաԲժշկական գործիքներՏիգրանակերտի ՃակատամարտՍասանեան ՊարսկաստանՏրդատ Ա.Ամալ ՔլունիՊասուց ՏոլմաԹութքԵրեւանԻրաքԱրամ Մանուկեան2001Սան Սթեֆանոյի Պայմանագիր10 ՆոյեմբերՄարտիրոս Սարեան1623 թուականՄոզիլլա ՖայրֆոքսԹէյԱրարատ (Լեռ)ԵրուսաղէմԶլաթան ԻպրահիմովիչՉինական ՎարդՏելհիԶինետին ԶիտանԳիտա-երեւակայութիւն (science fiction)Անգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական Միութենէն1990 թուականՖրանցիսքօ ՖրանքօԺագ ՏանիէլզՀամուրապիի ՕրինագիրքըՄուշGLAMՆիքոլօ ՄաքիավելլիԼուսինՈւոլթ ՏիզնիԵլակՄայր ԹերեզաՎարդգէս Սուրէնեանց1771 թուականԼազարեան Ճեմարան (Մոսկուա)Արամ (անձնանուն)Պելոպոնեսեան ՊատերազմՄարգարեանՏաւուշի մարզԱլեքսանդր Սպեդիարեանի Անուան Օփերայի Եւ Պալէթի Ազգային Ակադեմական ԹատրոնՊիթքոյնՍթոքհոլմԻսլամութիւնՎաղարշապատՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՇուէտԳետառ (գետ)ԱտելՊարթեւաստանՍուրբ Աստուածածին Եկեղեցի (Նիկոսիա)🡆 More