Կապիկի Ծաղկախտ

Կապիկի Ծաղկախտը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է:

Կապիկի Ծաղկախտ

Անիկա առաջին անգամ կապիկներու մէջ ախտաճանաչուած է 1958-ին, երբ ծաղկախտի որոշ հետազօտութիւն կը կատարուէր անոնց մէջ:

Պատմութիւն

Կապիկի ծաղկախտը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուած է 1970-ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուած է Ափրիկէի կեդրոնական եւ արեւելեան երկիրներու մէջ: Անիկա տեսնուած է նաեւ Ափրիկէէն դուրս շատ մը երկիրներու մէջ` ափրիկեան երկիրներէ դուրս ճամբորդողներու միջոցով եւ կամ այդ երկիրներէն ներածուած վարակուած կապիկներու եւ մուկերու միջոցով:

2003-ին 47 պարագայ տեսնուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2018-ին երեք պարագաներ` Անգլիոյ մէջ եւ մէկ պարագայ` Իսրայէլի մէջ:

Կապիկի Ծաղկախտ 


Կապիկի ծաղկախտի յարուցիչը ժահր մըն է, որ ծաղկախտի ժահրի մէկ տարբերակն է: Այս ժահրին պահեստանոցը (reservoir)  նկատուած է կապիկը եւ ափրիկեան մուկը: Վարակուած մարդոց մեծ մասը կը բժշկուի քանի մը շաբթուան ընթացքին, սակայն երբեմն բարդութիւնները կրնան մահացու ըլլալ:

Ախտանշաններ

Կապիկի ծաղկախտի ախտանշանները կը նմանին ծաղկախտի ախտանշաններուն, սակայն անոր յատկանշական ախտանշանը աւշագեղձերու ծաւալումն է, որ ծաղկախտի պարագային տեղի չ'ունենար: Աւշագեղձերու ծաւալումը կը պատահի մարմինի զանազան բաժիններուն վրայ, յատկապէս` վիզի եւ աճուկի: Անոր թխսաւորումը (incuparion period) կը տեւէ 5-21 օր, այսինքն՝ ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 5-21 օր ետք:

Վարակումէն ետք հիւանդութիւնը կ'ունենայ երկու փուլ: Առաջին փուլը կը սկսի ջերմով, գլխացաւով, մկանային ցաւով եւ յոգնածութեամբ: Երկրորդ փուլը կը սկսի ջերմի յայտնութենէն 3-5 օր ետք: Տեղի կ'ունենայ մորթային տարածուն ցան, որ յատկանշական է իր հեղուկային բշտիկներով: Այս բշտիկները կը թարախոտին, ապա կամաց-կամաց կը սպիանան ու կը չորնան: Բշտիկները կրնան ըլլալ քանի մը հատ եւ կամ հազարներով` մարմինի զանազան մասերուն վրայ: Անոնք կրնան տեսնուիլ բերնին եւ քիթին մէջ, ինչպէս նաեւ` սեռային արտաքին օրկաններուն վրայ:

Ծաղկախտի պատուաստ ստացողներ աւելի նուազ ուժգնութեամբ ախտանշաններ կ'ունենան, քան` պատուաստ չառնողները:

Ամբողջ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-4 շաբաթ: Կապիկի ծաղկախտը  ծաղկախտէն աւելի մեղմ ընթացք կ'ունենայ, սակայն անիկա կրնայ մահացու դառնալ իր բարդութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Ախտաճանաչում

Կապիկի ծաղկախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի տեսնելով ծաւալած աւշագեղձերը եւ մորթային բշտիկներու հեղուկին յատուկ քննութեամբ, որմով  կը փաստուի յարուցիչ ժահրին գոյութիւնը:

Բարդութիւններ

Այս բարդութիւններէն են` թոքատապ, մորթային երկրորդական մանրէական բորբոքում, աչքի բորբոքում եւ ուղեղատապ:

Վարակում

Կապիկի Ծաղկախտ 

Վարակումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ ձեւերով.

  • Վարակուած կապիկին կամ մուկին լորձունքի մէջ գտնուող ժահրը առողջ մարդուն կը փոխանցուի, երբ անոնք խածնեն զայն եւ կամ վնասեն ճանկելով:
  • Վարակուած մարդու մը շնչառական օդակաթիլները առողջ մարդուն մարմինէն ներս կը մտնեն անոր քիթի, բերանի եւ կամ աչքի խլնաթաղանթէն:
  • Երբ առողջ անձ մը կը դպչի վարակուած անձին լորձունքին, խլնահեղուկին, մորթի վէրքերուն եւ անոր գործածած անկողինին ու բարձին:
  • Երբ առողջ անձ մը սեռական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ: Սեռական յարաբերութեամբ վարակուած անհատին սեռական օրկաններու վրայ գտնուած վէրքերուն ժահրը կը ներխուժէ առողջ անձին սեռական օրկաններու խլնաթաղանթէն եւ կը յառաջացնէ վարակում:
  • Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր նորածինը` ծննդաբերութեան ընթացքին իր հեշտոցին վրայ գտնուած վէրքերուն միջոցով:
  • Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր սաղմը փառի միջոցով:
  • Նորածին մը կրնայ վարակուիլ իր վարակուած մօրմէն` պարզապէս դպչելով մօրը ունեցած մորթային վէրքերուն:
  • Երեխաները աւելի հակամէտ են վարակուելու այս հիւանդութեամբ:
  • Վարակուած անհատը կրնայ վարակել առողջ անհատ մը` իր վարակումէն մինչեւ չորրորդ շաբթուան վերջը:

Դարմանում

Այս հիւանդութիւնը յատուկ դարմանամիջոց չունի: Կարգ մը երկիրներու մէջ կը գործածուի ծաղկախտի պատուաստը: Վերջին տարիներուն պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ նոր պատուաստ մը, որ Jynneos կը կոչուի եւ կը գործածուի իբրեւ դարմանամիջոց:

Բարդութիւնները կը դարմանուին յատուկ դեղերով եւ ըստ անոնց տարողութեան:

Կանխարգիլում

  • Չայցելել այն երկիրները, ուր այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի տեղաճարակայի-մնայուն (endemic) ձեւով,
  • Հեռու մնալով կապիկներէ եւ մուկերէ,
  • Չդպչելով կասկածելի կապիկներու եւ մուկերու,
  • Չդպչելով կասկածելի եւ մանաւանդ վարակուած անձերու, եւ չգործածել անոնց անկողինը կամ բարձը,
  • Վարակուած անձի մը հետ սեռական յարաբերութիւն չունենալով,
  • Շատ լաւ եփելով միսը ուտելէ առաջ,
  • Վարակուած անձին վէրքերուն դպչիլ միայն յատուկ ձեռնոցներ գործածելով:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Կապիկի Ծաղկախտ ՊատմութիւնԿապիկի Ծաղկախտ ԱխտանշաններԿապիկի Ծաղկախտ ՎարակումԿապիկի Ծաղկախտ ԴարմանումԿապիկի Ծաղկախտ ԿանխարգիլումԿապիկի Ծաղկախտ ԾանօթագրութիւններԿապիկի Ծաղկախտ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Աշոտ Երկաթի Ձիարձան (Իջեւան)ԻսրայէլԿեանքը Հիանալի էԼէոնարտօ տա ՎինչիՃոնի ՏեփԾխախոտԱռած եւ Ասացուածք1954 թուականԱթէնքՈսկիՊարթեւ ԿարեանՆոր Քարէ ԴարՊատուոյ Լեգէոն ՇքանշանՀայկական ՀարցԽաչիկ ՓաստրմաճեանԴիլիջանԳերմանիաԹոքախտ1775 թուական1966 թուականԼիոնել ՄեսսիԲիւզանդական Կայսրութիւն1903 թուականՎրաստանՓինք Ֆլոիտ31 ԴեկտեմբերՔաթարՄայքըլ Շումախըր1786 թուականՍեֆեան ՊարսկաստանՄիհրՁիթողցոնց տուն-թանգարանԱրեւահարութիւնՆեղոս գետՄիսաք ՄեծարենցՔիմոլոսՀելլենականութեան ԴարաշրջանՕսքար ՄրցանակՔուէյթ1922 թուականԼեւոն ՇանթԱրաբական Արշաւանքները Դէպի ՊարսկաստանԼիւքսամպուրկՀունգարերէնՍեդրակ (անձնանուն)1953 թուականՁի1943 թուականԳրիգոր (անձնանուն)Վլատիմիր ԼենինՈւնսուրիՍեբաստիաՍան ՖրանսիսքօՈւռհաՄհեր ՋուլհաճեանՍտամոքսի ԽոցՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԱբաս Ա. ԲագրատունիՀայաստանԼացի ՊատՍթիւ ՃոպզԾէսԾաղիկ18 ՀոկտեմբերԱնասնաբուծութիւնHarry Potter and The Goblet of Fire1988 թուականԱկաթա ՔրիսթիԱկսել ԲակունցՀագուստ1904 թուականՊաքու🡆 More