Երիտասարդութեան միջազգային օր (անգլ.՝ International Youth Day), երիտասարդութեան առնչուող հարցերու վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացմանը միտուած միջազգային օր։ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած ամէնամեայ այս տօնը առաջին անգամ նշուած է 12 Օգոստոս 2000-ին։
Երիտասարդութեան Միջազգային Օր | |
---|---|
| |
Տեսակ | Միջազգային օր |
Ամսաթիւ | 12 Օգոստոս |
Անուանուած է | երիտասարդութիւն |
Հիմնադիր | Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն |
Կայք | un.org/en/observances/yo… |
14 Դեկտեմբեր 1995-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը, հաշուի առնելով հասարակութեան մէջ երիտասարդութեան կարեւորագոյն դերը, կ՚ընդունի ոլորտային հիմնարար փաստաթուղթ մը (A/RES/50/81)՝ Երիտասարդութեան առնչուող գործողութիւններու համաշխարհային ծրագիրը (ԵԳՀԾ (WPAY))։ 8-12 Օգոստոս 1998-ին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդութեան հարցերով նախարարներու համաշխարհային խորհրդաժողովը նոյնպէս, կարեւորելով երիտասարդութեան դերը, իր Երիտասարդական քաղաքականութեան ու ծրագրերու մասին հռչակագրին մէջ (WCMRY/1998/28)՝ ի թիւս այլ միտքերու, կ՚առաջարկէ 12 Օգօստոսը հռչակել երիտասարդութեան միջազգային օր։
Իր աջակցութիւնը յայտնելով Լիզպոնեան հռչակագրի առաջարկին եւ հիմք ընդունելով իր նախորդ որոշումները՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովը 17 Դեկտեմբեր 1999-ին որոշում կը կայացնէ (A/RES/54/120, կէտ 7-րդ) 12 Օգօստոսը հռչակել Երիտասարդութեան միջազգային օր։
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կ՚առաջարկէ Օրուան նշանաւորման եւ Գործողութիւններու ծրագրի վերաբերեալ (յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ) իրազեկութեան բարձրացման նպատակով բոլոր մակարդակներուն կազմակերպել տեղեկատուական-քարոզչական միջոցառումներ։
Կ՚ենթադրուի, որ ամբողջ աշխարհին մէջ կառավարութիւններու, կազմակերպութիւններու համար երիտասարդութեան հիմնախնդիրներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի։
Աւանդաբար տօնի նախօրէին ուղերձով հանդէս կու գայ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը։
Տարբեր երկիրներու մէջ շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս կու գան նաեւ կեդրոնական իշխանութեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները, տարաբնոյթ միջազգային եւ ազգային կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Տեղի կ՚ունենան ոլորտի պատասխանատուներու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու հանդիպումներ, քննարկումներ, երիտասարդական ու մշակութային միջոցառումներ։
Իւրաքանչիւր հերթական օրուան (տարուան) համար կ՚ընտրուի որոշակի թեմատիկ ուղղութիւն, որու շրջանակին մէջ ալ փորձ կ՛ըլլայ համատեղել, կեդրոնացնել շահագրգիռ կողմերու ջանքերը։
Հայաստանի մէջ օրը սկսած են նշել 2000-ականներու կէսէրէն։
Միջոցառումներու շարքին տեղի կ՚ունենան ՀՀ Մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի, փոխնախարարի, վարչութիւններու աշխատակիցներու այցեր, հանդիպումներ, քննարկումներ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ու խումբերու հետ։ Մայրաքաղաքին ու մարզերուն մէջ տեղի կ՛ունենան երիտասարդական փառատօներ, ֆորումներ, սեմինարներ, շնորհանդէսներ, էքսպո-ցուցահանդէսներ, աշխատանքի տօնավաճառներ, մշակութային-ժամանցային միջոցառումներ եւ այլն։ Անոնց գերակշիռ մեծամասնութիւնը հանրային, բաց մասնակցային սկզբունքով, յաճախ ՏԻՄ կառոյցներու հետ համագործակցելով, կը նախապատրաստեն ու կ՚իրականացնեն երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններն ու նախաձեռնող խումբերը։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Երիտասարդութեան Միջազգային Օր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.