Եկեղեցական Երաժշտութիւն

Եկեղեցական երաժշտութիւն, քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարերէն երգեցողութիւնը առաջնակարգ դեր ունեցած է եկեղեցական արարողութիւններու մէջ: Սկզբնական շրջանին պաշտամունքը բաղկացած է սաղմոսերգութենէ: Հետագային այդ նախնական երգեցողութիւնը հարստացած է սրբազան հայրերու կողմէ յօրինուած բազմատեսակ հոգեւոր երգերով, որոնք ժամանակի ընթացքին, ենթարկուելով օտար երաժշտութիւններու ազդեցութեան, ստեղծած են ոճական անկազմակերպ վիճակ մը:

6-րդ դարու վերջաւորութեան Հռոմի պապի՝ Գրիգոր Առաջին Մեծի (590-604) կարգադրութեամբ եւ հետապնդումով մեծ աշխատանք կատարուած է եւ ստեղծուած ոճային միասնութիւն ունեցող եկեղեցական երգեցողութիւն, որ հետագային դարձած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօներգութիւնը եւ կոչուած՝ Գիրգորեան երգ (Chant Gregorien):

Գիրգորեան եղանակներու կառոյցին մէջ գերիշխած են հաւասար եւ երկար տեւողութիւն ունեցող հնչիւններ եւ իր հանդարտ, դանդաղ ու սահուն բնոյթին համար անիկա ստացած է նաեւ Cantus Planus անուանումը:

Գիրգորեան երգեցողութիւնը եղած է միաձայն մինչեւ 9-րդ, 10-րդ դարերը եւ կատարուած է արական երգչախումբերով, առանց նուագակցութեան, որովհետեւ եկեղեցիներու մէջ արգիլուած է նուագարաններու գործածութիւնը:

Աղբիւրներ

  • «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն»,Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ։

Tags:

Քրիստոնէութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սանահինի ՎանքNvidiaԱրարատեան տարազՎաղարշ Բ.Ծովային ԽոտերՄիջերկրական ԾովՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնMåneskinԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՃէյմս Թագաւորին ԱստուածաշունչըՈւոլթ Տիզնի ԸնկերութիւնՍարդՄեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութիւնՏէյվիտ ՊոուիՔրիստոնէութիւնՁմերուկԱրայիկ ՅարութիւնեանՈտնագնդակ (Ֆութպոլ)Աշոտ Ա. ԲագրատունիԿատովիցեՎանԷմանուէլ ՄաքրոնՆաւասարդՊրէյլի ԱյբուբենըՀայկ ՆահապետԼիմնոսՎեզուվիօՎարակիչ ԿակղամորթախտԿտանսքԼիթուանիաԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններԼենկ-ԹիմուրԱզատութիւն (թերթ)ՓոլոնիաՄալեզիաԿաթոլիկ եկեղեցիԼիոնել ՄեսսիԱնդրանիկ ՕզանեանՈրկորՄինսքՇերամ (գուսան)Գիւմրի1983 թուականՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմՀնդկաստանԿապադովկիաԳերզգայութիւնՏպաւորապաշտութիւնՊրազիլՍ. Ստեփանոս ՆախավկայՊուլկարիաՀանրագիտարանՄուշՍեխԽոսրովի ԱնտառՃամալ Խաշըքճի8 ՄարտՅակոբ ՄնձուրիՑուլ (կենդանակերպ)Պիլ Կէյթս1960Ոդիսեւս30 ԱպրիլԿալկաթաԷլէն ՍեկարաԳետաձիերՆանթՍամուէլ (անձնանուն)ԵՈՒՆԵՍՔՕՈւուտրօ ՈւիլսընՎրաստանՈւղեղԸնկեր Փանջունի1979 թուականՈսկէ ԵրկրագունդԵւրոպա🡆 More