Անձնանուն կամ անուն, անձի անուանումը հասարակութեան մէջ, զայն անհատականացնելու նպատակով։ Կը ներառէ ծնունդը արձանագրելու կամ վաղ տարիքին ծնողներու ընտրութեամբ տրուած անունը, ազգանունը։ Ըստ գիտութեան մեջ լայն տարածում գտած տեսակէտի, մարդոց անունները ծագած են մարդու զարգացման վաղ շրջանին եւ ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցած են բոլոր ցեղերու ժողովուրդներու մօտ։
Անձնանունները առաջացած են հասարակ անուններէն եւ քիչ՝ առանձին վանկերու կամ հնչիւններու ու տառերու միացումէն։ Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի, անուններու մեջ արմատական բառեր չկան: Անոնք նշանակութեամբ օժտուած բարդ կամ ածանցուած բառեր են։ Հինէն մարդոց անուանակոչած են նաեւ նկատի ունենալով արտաքինը կամ բնաւորութիւնը բնութագրող յատկանիշները, ինչպէս՝ Լենկ Թեմուր (կաղ Թեմուր), Իվան Ահեղ, Աշոտ Մսակեր, Աշոտ Ողորմած։ Անունները մէկ լեզուէ միւսին անցնելով եւ ենթարկուելով հնչիւնափոխութեան, կորսնցուցած են իրենց նախնական նշանակութիւնը։ Ներկայիս ոչ ոք չի խորհիր այն մասին, որ Թովմաս կը նշանակէ «երկուորեակ» եւ սկզբնապէս տրուած է երկուորեակներէն մէկուն: Պօղոս անուանողները ամենեւին նկատի չեն ունենար, որ այդ կը նշանակէ «փոքրիկ»։ Անուններ ստեղծուած են նաեւ կապուած զանազան դէպքերու հետ։
Զարգացման ցած մակարդակի վրայ գտնուող ժողովուրդներու մօտ, անունները յաճախ ունին թոթեմիստական ծագում։ Սամուայ կղզիի բնակիչները ծննդաբերութեան ժամանակ կը կոչեն զանազան թոթեմներու անուանումներ: Երեխայի ծննդեան պահուն արտասանած անուանումը կը դառնայ անոր անունը։ Թոթեմիստական շրջանէն մնացած առանձին անուններու կարելի է հանդիպիլ այժմ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մօտ, ինչպէս հրեաներու մօտ՝ Ռաշել (գառնուկ), Լէա (կով)։ Հին Արեւելքի մէջ սովորութիւն կար աստուածներու անուններէն կազմուած անձնանուններ ստեղծել օրինակ՝ Նիշուբուր Ամամու (Նիշուբուր աստուածուհին մայրս է)։
Հին Հռոմի մէջ հանրապետութեան ժամանակներէն ի վեր քաղաքացիներու անունները կը կազմէին անձնանունէն (Մարկոս), տոհմի կամ զարմի անուանումէն (Տուլիուս) եւ մականունէն, որ յաճախ կը նշէր՝ ընտանիքի ճիւղը (ինչպէս «Ցիցերոն», որ կը նշանակէ «սիսեռ»)։ Այս երեք բաղադրեալները (լատիներէն՝ tria nomina՝ երեք անուն) երբեմն կը լրացուէին երկրորդ մականունով, որ կը զանազանէր պատրիկներուն միւս քաղաքացիներէն։ Գոյութիւն ունէր աւանդոյթ՝ անձնանունով անուանակոչել ընտանիքի առաջին չորս արու զաւակները։ Մնացածները կ'անուանակոչէին ըստ թուական կարգի (Քինտոս՝ հինգերորդ, Սեքստոս՝ վեցերորդ, եւն.)։
Սեմիտական ժողովուրդները երեխային կ'անուանակոչէին կապելով Աստուծոյ հետ, ինչպէս Յովհաննէս, որ ծագած է «Եհովան ողորմած է» բառերէն։ Սեմիտական անձնանուններուն մէջ կը գործածուէին եւ արաբներու մօտ այժմ ալ կը գործածուին հօր եւ որդիի անունները, ինչպէս՝ Հասան իպն Հիւսէին (Հասան որդի Հիւսէինի) կամ Հասան իպն Հիւսէին ապու Ալի (Հասան որդի Հիւսէինի հայր Ալիի)։
Քրիստոնէութեան տարածումը լայն շրջանառութեան մէջ դրաւ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ յիշատակուած եբրայական անունները, թէեւ անոնք բարձր քաղաքակրթութեան հասած ժողովուրդներու մօտ ամբողջութեամբ չարտամղեցին հին անունները։ Անուանակոչման հարցին մէջ աւանդոյթներու բազմազանութեան փոխարէն առաջ եկան ընդհանուր ուղղութիւններ։ Միջնադարուն գլխաւորը դարձաւ մկրտութեան անունը, որ առաւելապէս որեւէ սուրբի անուն էր, փոխառուած՝ այլ լեզուներէն եւ յաճախ հնչիւնափոխուած։ Վերածնունդի շրջանին լայն տարածում ստացան անթիք քաղաքակրթութենէն եկած անունները։ Յեղափոխութիւններու շրջանին անձնանունները դարձան շատ հասարակ անուններ։
Իսլամութեան տարածման հետեւանքով Ասիոյ եւ Ափրիկէի շատ ժողովուրդներ, ընդունելով արաբներու կրօնը, փոխ առին նաեւ անոնց անունները։ Պուտտայական կրօնին հետեւող ժողովուրդներու մօտ փոխառութիւնները գրեթէ կը բացակային։ Համեմատաբար քիչ են եւ հիմնականին մէջ շատ աւելի ուշ շրջանի արդիւնք նշանակութենէ զուրկ հնչիւններէն, վանկերէն եւ բառերէն յօրինուած անունները։
Շարք մը ժամանակակից մարդաբանական համակարգերու մէջ (հայկական, ռուսական, եւն) ամէն ոք ունի անձնանուն (ընտրուած սահմանափակ ցուցակէ), հայրանուն եւ ազգանուն (վերջիններու հնարաւոր թիւը գործնականօրէն անսահմանափակ է)։ Եղած են եւ կան տարբեր մարդաբանական համակարգեր։ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ, օրինակ՝ անձը սովորաբար ունի քանի մը անուն (կաթոլիկ եկեղեցական ցուցակէն), հայրական եւ մայրական ազգանունները, Իրլանտայի մէջ՝ անձնանուն (սահմանափակ ցուցակէն) ազգանուան փոխարէն՝ հօր անուն-ին ածանցուած անուն։ Չինաստանի, Քորէաի, Վիեթնամի մէջ անունը կը կազմուի միավանկ ազգանունէ (տարբեր ժամանակաշրջաններուն անոնք կը հաշւուէին 100 - 400) եւ անձնանունէ, որ սովորաբար կազմուած կ'ըլլար երկու միավանկ բառերէ, ընդ որուն անձնանուններու թիւը սահմանափակ է։
Անունները ապրած են երկարատեւ զարգացում՝ կորսնցնելով իրենց նախնական ստուգաբանական կամ կրօնական նշանակութիւնը։ Անոնց յետագային սկսած են տրուիլ բարեհնչունութեան համար, տուեալ անունը կրած գործիչի, գրողի, արուեստագէտի հանդէպ ունեցած սէրէն կամ յարգանքէն դրդուած, ծնողի կամ նախնիի յիշատակը յաւերժացնելու նկատառումով, զաւակի մօտ ֆիզիքական եւ հոգեկան լաւ յատկանիշներ տեսնելու ակնկալութեամբ, նորաձեւութեան մոլուցքէն դրդուած։ Անուններու փոխառութիւնները հետեւանք են ո՛չ միայն կրօնական մշակութային շփումներու ու փոխազդեցութիւններու, այլեւ ռազմական արշաւանքներու, գրաւումներու, նուաճուած ժողովուրդներու նկատմամբ կիրառած բռնութիւններու եւ ճնշման։ Այդ պատճառով անուններու փոխառութեան երեւոյթին մէջ միշտ տեսած են ուծացման վտանգ եւ, բնականաբար, ազգային զարթօնքի հետ մէկտեղ վերածնուած մեծ տարածում ստացած են բուն ազգային կամ տուեալ ազգի ու ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի կարեւոր իրադարձութիւններու հետ կապուած անունները։
Անձնանունները, անոնց ծագումը, փոփոխութիւնները, աշխարհագրական տարածումը եւ անթրոպոնիմիկական համակարգերու կառուցուածքն ու զարգացումը ուսումնասիրող լեզուաբանութեան ճիւղը կը կոչուի անթրոպոնիմիկա (հուն.՝ ἄνθρωπος, մարդ և ὄνομα, անուն)։
Հին անուններու զգալի մասը ժամանակին տեղ գտած է ձեռագիր եւ տպագիր տարատեսակ բառարաններու մէջ ու բացատրուած։
Հայկական անձնանունները ուսումնասիրած է նաեւ Հրաչեայ Աճառեանը, որուն «Հայոց անձնանուններու բառարան» հինգհատորեայ աշխատութիւնը եզակի երեւոյթ է իր տեսակին մէջ, ուր հաւաքուած եւ ուսումնասիրուած են 5–10-րդ դարերուն հայ մատենագրութեան մեջ յիշատակուած բոլոր անձնանունները։ Աճառեանը հայկական անձնանունները ըստ ծագման կը բաժնէ 15 խումբի։
Ուիքիպահեստ նախագիծի Անձնանուն ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |
Կաղապար:Վիքիբառարան
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Անձնանուն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.