«Շանել Թիւ 5» Օծանելիք

«Շանել թիւ 5» Օծանելիք»ը աշխարհի ամէնէն շատ վաճառուող օծանելիքն է եւ մինչեւ օրս կը մնայ ամէնէն փնտռուածներէն մէկը:

«Շանել Թիւ 5» Օծանելիք

Պատմութիւն

«Շանել Թիւ 5» Օծանելիք 

1921-ին, երբ Կապրիէլ Շանել արդէն իր ոճը պարտադրած էր Փարիզի նորաձեւութեան աշխարհին, կ'որոշէ ստեղծել իր սեփական օծանելիքը: Ան կը դիմէ ռուս ցարերու արքունիքի նախկին բուրագործ Էրնեսթ Պոյի, որուն առաջարկած բազմաթիւ նմուշներէն ոճաբանը կ'ընտրէ թիւ 5 նմուշը: Երբ հարցը կը հասնի այս նոր օծանելիքին անուն տալու, Կապրիէլ Շանել կ'որոշէ զայն մկրտել «Շանել թիւ 5», քանի որ 5 Մայիսին (հինգերորդ ամիս, հինգերորդ օր) հրապարակ պիտի իջնէր անուշահոտը, եւ այս թիւին մէջ ան կը տեսնէ երջանիկ նախանշան մը:

Համաշխարհային յաջողութեան հասած օծանելիքը նոյնիսկ առասպելի աստիճանի կը հասնի, երբ 1954-ին Մարիլին Մոնրոն հարցազրոյցի մը առիթով կը յայտարարէ, որ քնանալէ առաջ միայն քանի մը կաթիլ «Շանել թիւ 5» կը կրէ:

Ստեղծումէն ի վեր օծանելիքը ներկայացուած է աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կանանց կողմէ, ինչպէս` Քարոլ Պուքէ, Նիքոլ Քիտման եւ Վանեսա Բարատի:

Ինչ կը վերաբերի օծանելիքի սրուակին, ոճաբանը անձամբ կը պատկերացնէ եւ կը ձեւաւորէ զայն:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Նոր ՆախիջեւանԵլեկտրականութիւնՍքոթլանտաՈւիլիըմ ՇէյքսփիրՎանի հերոսամարտՎահէ (անձնանուն)Մեսրոպ Մաշտոց1951Այնթուրայի Հայ ՈրբանոցըՉարլզ ՊիքֆորտՎահրամ (անձնանուն)ԾխախոտՄակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)Արաքս (գետ)ՀոլոքոսթԵգիպտոսՎիքտոր ՀամբարձումեանՈղիմպիական ԽաղերԵրուսաղէմՍեւրի ԴաշնագիրԿարսՊարկապզուկՁիՊարոյր ՍեւակԳագիկ Բ․Անժելա ՍարաֆեանՊաղտասար ԱղբարԿաթողիկէութիւնՏիեզերքԶուիցերիաԿուտինաԱնանիա ՇիրակացիԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԱնգլիոյ «Չաքլըթ Պոքս» պանդոկըԱրամ Խաչատուրեանի Տուն-ԹանգարանԶարթօնք (վէպ)Տանիէլ ՍթիլԳլխաւոր Էջ1850 թուական83 (թիւ)Հորմուզի ՆեղուցՍ. Ղազար կղզիԻրանԼիբանանՎարդան ԱրեւելցիԿոտօն Սպասելու ԱտենՀայաստանի Պարի Պետական ՀամոյթըԱնգլիաՏէր Զօր շրջանԼորիս ՃգնաւորեանՀանրային պարտէզՀայոց ՑեղասպանութիւնԱրածանիի ՃակատամարտԷսայեան ՎարժարանԱրաբական թերակղզիԼինուքսՈդիսեւսՄալեզիաՀայ բուսաշխարհ (բառարան)ԽոդեդանԹերի ՃորճԴարման (ամսագիր)Մայքըլ ԱրլէնՀագուստBelieve (ալպոմ)Իններորդ ԱլիքՏուֆ🡆 More