Հոգեբանութիւն

Հոգեբանութիւն, (յունարէն՝ ψυχή՝ հոգի, λόγος՝ միտք, գիտութիւն) գիտական եւ կիրառական գիտութիւն հոգեկանի` որպէս կենսագործունէութեան յատուկ ձեւի զարգացման եւ գործունէութեան մասին:

Գիտական մեկնաբանութեամբ «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը առաջացած է 16–րդ դարուն: Սկզբնապէս այն կը վերաբերէր յատուկ գիտութեան, որ կը զբաղէր հոգեւոր կամ հոգեկան երեւոյթներու ուսումնասիրութեամբ, այսինքն այնպիսի երեւոյթներու, որոնք մարդը հեշտութեամբ իր գիտակցութեան մէջ կրնան գտնել ինքնադիտման արդիւնքին մէջ։ Աւելի ուշ հետազօտութիւններու ոլորտը նշանակալիօրէն ընդլայնուեցաւ՝ իր մէջ ներառելով անգիտակցական հոգեկան գործընթացները եւ մարդու գործունէութիւնը: 20-րդ դարէն սկսած հոգեբանական հետազօտութիւնները յարմարած են այն երեւոյթներու սահմաններէն, որոնց շուրջ դարեր շարունակ կեդրոնացած էին: Ասոր հետ կապուած «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր սկզբնական, բաւական նեղ իմաստը, երբ այն կը վերաբերէր միայն, մարդու կողմը անմիջականօրէն ընկալուող եւ ապրուող գիտակցութեան երեւոյթներով: «Հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը, համաձայն որոշ տուեալներու, 1590 թուականին առաջադրած է Քոգլենիուսը, իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն իմաստին թափանցումը ներմուծած է Քրիսթիան Ուոլֆ 1732 թուականին:

Պատմութիւն

Հոգեբանութեան զարգացման պատմութիւնը պայմանականօրէն կարելի է բաժնել չորս փուլի:

  • Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն հոգիինմասին

Հոգեբանութեան նախապատմութիւնը կը սկսի հին ժամանակներէն, երբ փիլիսոփաները իրենց աշխատութիւններուն մէջ կը փորձէին պարզել հոգւոյ բնոյթը: Հոգեբանութեան ուսումնասիրումը փիլիսոփայական համահատուածին մէջ կու գայ Եգիպտոսի, Յունաստանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն:

  • Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն գիտակցութեան մասին

Կ'առաջանայ 17-րդ դարուն՝ կապուած Բնական Գիտութիւններու զարգացման հետ: Մտածելու, զգալու ունակութիւնները կ'անուանէին գիտակցութիւն: Ուսումնասիրման հիմնական մեթոտը կը համարուի ինքնադիտումը եւ փաստերու նկարագրութիւնը:

  • Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն վարքի մասին

Կ'առաջանայ 20-րդ դարուն: Այս փուլին մէջ կեդրոնական խնդիր կը հանդիսանայ փորձարարական հետազօտութիւններ իրականացնելը եւ այն ամէնուն հետեւիլը, ինչ որ կարելի է դիտել անմիջականօրէն (վարքը, արարքները, մարդոց արտայայտութիւնները):

  • Ժամանակակից փուլ

Հոգեբանութիւնը հանդէս կու գայ որպէս գիտութիւն․ կ'ուսումնասիրէ հոգեկանի առարկայական օրինաչափութիւնները, դրսեւորումները եւ աշխատաձեւերը:

Կամքը Հոգեբանութեան Տեսանկիւնէն

Կամքը գիտակցութեան կենսագործունէութեան աշխոյժ կողմն է եւ կը բնութագրուի իբրեւ մղում, որ կ'ուղղեկցուի ցանկալի նպատակի հասնելու գիտակցմամբ: Կամքի շնորհիւ, անձը կրնայ նպատակներ առաջադրել, վճիռներ կայացնել եւ անոնց իրականացման համար անհրաժէշտ ջանքեր թափել: Այլ կերպով՝ կամքը որեւէ գործողութեան հանդէպ անձի գիտակցուած պատրաստականութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնն է: Այն անմիջականօրէն կապուած է մտածողութեան եւ սրտաշարժ ոլորտի հետ: Կամքի արտաքին անմիջական դրսեւորումները շարժումներն են, որոնք միաւորուելով՝ գործողութիւններ կը դառնան, իսկ գործողութիւններն ալ կը ձեւաւորեն նպատակաուղղուած գործունէութիւն: Կամքի ներքին դրսեւորումները ամփոփուած են զուտ հոգեկան երեւոյթի՝ կամածին ուշադրութեան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Յունարէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՄեթրՇիրակի մարզՃէք ՖալահիԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանԱլպանիա1914 թուականՃոն ՔենետիԼոնտոն320 (թիւ)315 (թիւ)Վահան ՏէրեանԳրագէտԾիր ԿաթինԵրաժշտութիւնՎահէ ՊէրպէրեանԽամսայի Մելիքութիւնները1973 թուականՀամաշխարհային Մաքրութեան Օր1695 թուականՀայկական տպագրութիւնԾաղկաձորՈւոլթ Տիզնի ԸնկերութիւնԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)ԴանիաԷղեսթա4 ՅունուարԱտրուշան (հանդէս)13 ՄայիսՓետրուար1987 թուականՍերօ ԽանզադեանԿայուն Զարգացում9 Ապրիլ11 ՀոկտեմբերՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիՀայր Սահակ ԿոգեանՈդիսականԻտալիաԽորէն ՍինանեանՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմԱղեակ (անձնանուն)ԼաստիվերԽոդեդանԱ․ Համաշխարհային Պատերազմ15 ԴեկտեմբերՅուլիանոս ՈւրացողՔաթարՍտեփանակերտՁայնարկութիւն (խօսքի մաս)Խաչքար1993 թուականՅակոբ ԿոջոյեանՍազՍուրիա14 ԱպրիլԱրմէն ԳարօԵնովք ԵղիսէեանՍ. Թադէի ՎանքԳրիգոր ԱրծրունիՎարդան ՄամիկոնեանԹաւրիզՏաշքենդ31 Մայիս1853 թուականԿցական բարդութիւնՔուէյթՍերպիաՄատակասքար1679 թուական🡆 More