Եուսէֆ Զէյտան Մուհալ

Մուհալ (Արաբերէն՝ محال) Եգիպտացի վիպասան, իմաստասէր (փիլիսոփայ), Արաբագէտ, Իսլամագէտ, հրապարակախօս, յօդուածագիր, ուսուցչապետ (փրոֆէսօր), դասախօս Եուսէֆ Զէյտան-ի եռաբանութեան առաջին վէպն է։

Մուհալ
Եուսէֆ Զէյտան Մուհալ
Հեղինակ Եուսէֆ Զիտան
Երկիր Եգիպտոս
Լեզու Արաբերէն
Հրատարակող Ալ-Շուրուք հրատարակչատուն / دار الشروق
Հրատարակչական թուական
2012
Գիրքի տեսակ Վէպ, վիպասանութիւն
Էջ 244

Այս Վէպին հերոսը անմեղ եւ կրօնասէր Սուտանցի-Եգիպտացի երիտասարդ մըն է, որ զբօսաշրջիկներու ուղեցոյց կ՚աշխատի Ալ-Ուքսոր (Արաբերէն՝ الأُقصر, Անգլերէն՝ Luxor) եւ Ասուան քաղաքներուն մէջ։ Անոր երազներուն ծայրագոյն սահմանը Նուպիացի (Նուպիացիներ՝ Եգիպտոսի հարաւը բնակող Նեղոսա-սահարական ցեղ մը, Անգլերէն՝ Nubian, Արաբերէն՝ النوبيون) գեղեցիկ աղջկայ մը հետ ամուսնանալն ու Վայելուչ եւ զուարթ կեանք մը ապրիլն էր։ Սակայն իր անդորրաւէտ եւ ձանձրալի ապրելակերպը գլխիվայր կը շրջուի, երբ Ի (20-րդ) դարու ինիսունականներուն, Սուտանի մէջ կը հանդիպի «Ուսամա Պին-Լատէն»-ին հետ։

Վէպը գրաւիչ է իր արագընթաց «ամանակ»-ով եւ արշաւասոյր ընթացքով, կարդացողը դէպքերու շարայարութեան ընթացքին հերոսի ճակատագիրին Եգիպտոսի Ալ-Ուքսոր քաղաքէն, Պարսից Ծոցի Արաբական երկիրները, մինչեւ Ուզպեքիստան եւ Աֆղանիստան առյապա (ապա) Կուանթանամո արգելանոցը (կալանաւորները պահելու շէնք)։ «Եուսէֆ Զէյտան»-ի բանաստեղծական լեզուն ընթերցիչին մարդկային իւրայատուկ փորձառութիւն մը ապրիլ կու տայ, ուր իրականութիւնը կը միախառնուի երաւակայութեան հետ, եւ ընթերցողը հերոսին հետ կը սաւառնի աշխարհին եւ վերջինիս (hերոսին) հոգւոյն թաքուն խորշերը բաց յայտնելու ճանապարհորդութեան մէջ։

Եռաբանութիւնը

Եուսէֆ Զիտանը կը խօսի իր եռաբանութեան (Արաբերէն՝ ثلاثيّة), (Անգլերէն՝ Trilogy) մասին, արուեստական եւ գրական պատճառներուն մասին որոնք մղեցին իրեն որ եռաբանութեան ձեւով գրէ այս վէպերը ու կ՚ըսէ․ «Գրական ստեղծագործութեանց ձեւը, այն գործիքներէն մէկն է, զոր կը գործածէ հեղինակը, որպէսզի աւանդէ յարմար բնագիր մը, այն ինչով որ կ՚ուզէ ըսել։ Ոչ միայն վիպական քերթողութեան մէջ, այլ մնացած բոլոր ստեղծագործական ձեւերուն եւ գրական գործերուն մէջ»։ Եուսէֆ Զէյտանի եռաբանութեան մէջ չկան իրար յաջորդող սերունդներ, ոչ ալ ընթարձակ ժամանակաշրջան մը, այլ անոր դէպքերը կը տարածուին ինիսուկաններու սկիզբէն մինչեւ այժմու հազարամեակի (ԻԱ /21-րդ դար) սկիզբները։

Տե՛ս Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

ԱրաբերէնԵուսէֆ ԶիտանՓիլիսոփայ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ճոն Ռոնալտ Ռուէլ ԹոլքինՊուտափեսթԶուիցերիաԱրթուր ԱբրահամԿասպիական ԱրշաւանքԶրադաշտականութիւնՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Աշխադար1896 թուականՃիպէյլԼեւոն Բ.ՄարսէյլՎահէ ՕշականՀայկ ՆահապետԳրիգոր ՆարեկացիՄարօ ՄակարեանԵություպՀացՄնջախաղ1990 թուականՈտնագնդակ (Ֆութպոլ)Հայերէն1746 թուականՀանրագիտարանԽաւիէր ՓասթորէԹուփաք Շաքուր400 (թիւ)ԿորիւնՏիգրան ՉուխաճեանՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԲրինձ1713 թուականԿուր1786 թուական80 (թիւ)Պատմական Հայաստանի ԹագաւորութիւններըԲիւզանդական ԿայսրութիւնՎարդգէս ՍուրէնեանցՄոկքԾովՆիւ ԵորքԹոքատապՄեծ Պահքի ԿիրակիներԿոտօն Սպասելու ԱտենGLAMԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանՀայաստանի ԶինանշանԱրտեմիս (աստուածուհի)1736 թուականԳեղարդ Սուրիահայ ՏարեգիրքՀայկական ԵրաժշտութիւնՄեսրոպ Ծայրագոյն վարդապետ ՃուրեանԿիթառԱնանիա ՇիրակացիՀայկական ՍփիւռքՄայր ԹերեզաՍիա Ֆուրլըր10 ՄարտgtpmpՄեծ ՊահքԻրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային ԳրադարանՍիլվի ՎարդանՀիպոկրատՅակոբ ՕշականՄոնաքոյի Ինքնաշարժներու ՄրցաշարքՊահք120 (թիւ)1735 թուականԼատիներէնՏելհի1921 թուականԲժշկական գործիքներՖրանսայի Նախագահական Ընտրութիւններ (2017)ՆոյՀայկական Կարի Տեսակներ🡆 More